ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 8
Ինչպէ՞ս ուրախ մնալ փորձութիւններու ներքեւ
«Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք» (ՅԱԿ. 1։2)։
ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1-2. Մատթէոս 5։11–ի համաձայն, փորձութիւնները ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
ՅԻՍՈՒՍ խոստացաւ, որ իր հետեւորդները իրապէս ուրախ պիտի ըլլային։ Բայց նաեւ զգուշացուց որ փորձութիւններ պիտի դիմագրաւէին (Մատ. 10։22, 23. Ղուկ. 6։20-23)։ Մենք ուրախ ենք որ Քրիստոսին աշակերտներն ենք։ Բայց ի՞նչ կը զգանք երբ մտածենք, թէ կարելի է որ մեր ընտանիքը մեզի հակառակի, կառավարութիւնը մեզ հալածէ կամ մեր գործընկերները կամ դասընկերները մեզ ճնշեն որ սխալ բան մը ընենք։ Բնական է, որ ասոնք մեզի մտահոգութիւն պատճառեն։
2 Սովորաբար մարդիկ հալածանքը ուրախութեան պատճառ չեն նկատեր։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ճիշդ այդպէս նկատենք։ Օրինակ, Յակոբոս աշակերտը գրեց որ փոխանակ տակնուվրայ ըլլալու, պէտք է ուրախութիւն սեպենք երբ փորձութիւններէ կ’անցնինք (Յակ. 1։2, 12)։ Իսկ Յիսուս ըսաւ, որ պէտք է ուրախ ըլլանք նոյնիսկ երբ կը հալածուինք (կարդա՛ Մատթէոս 5։11)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրախ մնալ հակառակ փորձութիւններուն։ Շատ բան կրնանք սորվիլ նկատի առնելով Յակոբոսին գրած նամակէն կարգ մը կէտեր։ Նախ նկատի առնենք առաջին դարուն քրիստոնեաներուն դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները։
ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԱՆՑԱՆ
3. Յակոբոս Յիսուսի աշակերտ դառնալէ կարճ ժամանակ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։
3 Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս, աշակերտ դառնալէ կարճ ժամանակ ետք, Երուսաղէմի մէջ հակառակութիւն սկսաւ քրիստոնեաներուն դէմ (Գործք 1։14. 5։17, 18)։ Եւ երբ Ստեփանոս աշակերտը սպաննուեցաւ, քրիստոնեաներէն շատեր քաղաքէն փախան եւ ‘ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ’, նոյնիսկ հասնելով Կիպրոս եւ Անտիոք (Գործք 7։57–8։1. 11։19)։ Աշակերտները շատ մը դժուարութիւններու պէտք էր տոկային։ Հակառակ ատոր, ո՛ւր որ գացին՝ բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզեցին, եւ ժողովքներ հաստատուեցան Հռոմէական կայսրութեան տարածքին (Ա. Պետ. 1։1)։ Բայց դեռ աւելի դժուար ժամանակներ կը սպասէին անոնց։
4. Առաջին դարու քրիստոնեաները ուրիշ ի՞նչ փորձութիւններ դիմագրաւեցին։
4 Առաջին դարու քրիստոնեաները ստիպուեցան զանազան փորձութիւններու տոկալ։ Օրինակ, շուրջ Ք.Ե. 50–ին, Կղօդիոս կայսրը հրամայեց որ բոլոր հրեաները Հռոմէն հեռանան։ Ուստի հրեայ քրիստոնեաները ստիպուեցան իրենց տուները լքել եւ ուրիշ տեղ փոխադրուիլ (Գործք 18։1-3)։ Շուրջ Ք.Ե. 61–ին, Պօղոս առաքեալ գրեց որ իր հաւատակիցները հանրապէս նախատուած էին, բանտարկուած էին եւ կողոպտուած էին (Եբ. 10։32-34)։ Եւ ուրիշ մարդոց պէս, կարգ մը քրիստոնեաներ աղքատ եւ հիւանդ էին (Հռով. 15։26. Փլպ. 2։25-27)։
5. Ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանենք։
5 Երբ Յակոբոս իր նամակը գրեց Ք.Ե. 62–էն առաջ, շատ լաւ գիտէր թէ իր եղբայրներն ու քոյրերը ինչերէ՛ կ’անցնէին։ Եհովան զինք ներշնչեց որ իրենց գրէ, նշելով գործնական խրատներ, որոնք իրենց պիտի օգնէին որ ուրախ մնային հակառակ նեղութիւններուն։ Քննենք Յակոբոսի նամակը եւ պատասխանենք հետեւեալ հարցումներուն. Յակոբոս ինչպիսի՞ ուրախութեան մասին գրեց։ Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ քրիստոնեան կորսնցնէ իր ուրախութիւնը։ Եւ ի՛նչ փորձութիւն ալ դիմագրաւենք, ինչպէ՞ս կրնան իմաստութիւնը, հաւատքը եւ քաջութիւնը օգնել, որ մեր ուրախութիւնը պահպանենք։
Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆ Կ’ՈՒՐԱԽԱՑՆԷ
6. Ղուկաս 6։22, 23–ին համաձայն, քրիստոնեան ինչո՞ւ կրնայ ուրախ ըլլալ, երբ փորձութիւններէ կ’անցնի։
6 Թերեւս մարդիկ կը խորհին թէ կրնան ուրախ Գաղ. 5։22)։ Քրիստոնեան կրնայ իսկապէս ուրախ ըլլալ, գիտնալով որ Եհովան կը հաճեցնէ եւ Յիսուսի օրինակին կը հետեւի (կարդա՛ Ղուկաս 6։22, 23. Կող. 1։10, 11)։ Մեր ուրախութիւնը կրնանք նմանցնել լապտերի մէջ եղող բոցին։ Հովէն կամ անձրեւէն պաշտպանուած ըլլալով, բոցը կը շարունակէ վառիլ։ Մենք ալ կրնանք շարունակ ուրախ մնալ ի՛նչ ալ պատահի մեր կեանքին մէջ։ Մեր ուրախութիւնը պիտի չկորսնցնենք, երբ հիւանդ ըլլանք կամ դրամական նեղութիւն ունենանք։ Եւ ուրախ պիտի մնանք նոյնիսկ երբ մարդիկ մեզ ծաղրեն, կամ մեր ընտանիքը կամ ուրիշներ մեզի հակառակին։ Մեր ուրախութիւնը կրնայ աւելնալ, ամէն անգամ որ հակառակորդները փորձեն զայն մարել։ Մեր հաւատքին պատճառաւ դիմագրաւած փորձութիւնները կը փաստեն, որ Քրիստոսին ճշմարիտ աշակերտներն ենք (Մատ. 10։22. 24։9. Յովհ. 15։20)։ Տեղին ըլլալով, Յակոբոս գրեց. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք» (Յակ. 1։2)։
ըլլալ միայն եթէ ունին լաւ առողջութիւն, շատ դրամ եւ ընտանեկան խաղաղ փոխյարաբերութիւններ։ Սակայն Յակոբոսին նկարագրած ուրախութիւնը, Աստուծոյ հոգիին պտուղին մէկ մասն է, եւ կախեալ չէ անհատին պարագաներէն (7-8. Մեր հաւատքը ինչպէ՞ս կը զօրանայ, երբ փորձուի։
7 Յակոբոս յաւելեալ պատճառ կու տայ, թէ ինչո՛ւ քրիստոնեաները պատրաստ են նոյնիսկ խիստ փորձութիւններու տոկալու։ Ան կ’ըսէ. «Ձեր հաւատքին փորձառութիւնը [«փորձուած հաւատքը», ՆԱ] համբերութիւն կը ներգործէ» (Յակ. 1։3)։ Փորձութիւնները կարելի է նմանցնել այն կրակին, որ կը գործածուի պողպատէ սուր մը շինելու։ Երբ սուրը կը տաքցնեն ու յետոյ կը պաղեցնեն, պողպատը աւելի զօրաւոր կը դառնայ։ Նոյնպէս, երբ փորձութիւններու տոկանք, մեր հաւատքը կը զօրանայ։ Անոր համար Յակոբոս գրեց. «Համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք» (Յակ. 1։4)։ Երբ կը տեսնենք որ մեր փորձութիւնները մեր հաւատքը կը զօրացնեն, կրնանք ուրախութեամբ անոնց տոկալ։
8 Յակոբոս իր նամակին մէջ, նաեւ ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը բաներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ, որ մեր ուրախութիւնը կորսնցնենք։ Ի՞նչ են այդ դժուարութիւնները եւ ինչպէ՞ս կրնանք զանոնք յաղթահարել։
ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՄԵՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԽԼԵԼ
9. Ինչո՞ւ իմաստութեան պէտք ունինք։
9 Դժուարութիւն. Երբ չենք գիտեր ի՛նչ ընել։ Երբ փորձութեան մէջ ենք, կը խնդրենք Եհովայի օգնութիւնը, որ առնենք այնպիսի որոշումներ՝ որոնք զինք կը հաճեցնեն, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգտեն եւ կ’օգնեն որ ուղղամիտ մնանք (Եր. 10։23)։ Իմաստութեան պէտք ունինք, որպէսզի գիտնանք ի՛նչ ընթացք բռնենք եւ հակառակորդներուն ինչ ըսենք։ Եթէ չենք գիտեր ի՛նչ ընել, դիւրաւ կրնանք յուսահատիլ եւ շուտով մեր ուրախութիւնը կորսնցնել։
10. Ըստ Յակոբոս 1։5–ի, ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի իմաստութիւն ստանանք։
10 Լուծում. Եհովայէն իմաստութիւն խնդրենք։ Եթէ կ’ուզենք ուրախութեամբ փորձութիւններու տոկալ, նա՛խ պէտք է Եհովայէն խնդրենք որ մեզի պէտք եղած իմաստութիւնը տայ, որպէսզի լաւ որոշումներ առնենք (կարդա՛ Յակոբոս 1։5)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ զգանք որ Եհովան մեր աղօթքին անմիջապէս չի պատասխաներ։ Պէտք է շարունակենք խնդրել։ Եհովան բնա՛ւ չի ձանձրանար, երբ շարունակենք իրմէ իմաստութիւն խնդրել։ Ան մեզ պիտի չնախատէ, հապա առատապէս պիտի տայ իմաստութիւն, որպէսզի մեր փորձութիւններուն տոկանք (Սաղ. 25։12, 13)։ Ան կը տեսնէ թէ ինչերէ կ’անցնինք, մեզի հետ կը զգայ եւ կ’ուզէ օգնել։ Անշուշտ ասիկա մեզ շատ կ’ուրախացնէ։ Սակայն Եհովան ինչպէ՞ս մեզի իմաստութիւն կու տայ։
11. Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի իմաստութիւն ձեռք ձգենք։
11 Եհովան մեզի իմաստութիւն կու տայ Աստուածաշունչին միջոցաւ (Առ. 2։6)։ Այդ իմաստութիւնը ձեռք ձգելու համար, պէտք է սերտենք Աստուածաշունչը եւ սուրբգրային հրատարակութիւնները։ Բայց միայն տեղեկութիւններ առնելը չի բաւեր։ Պէտք է Աստուծոյ իմաստութեան համաձայն ապրինք, իր տուած խրատները գործադրելով։ Յակոբոս գրեց. «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք» (Յակ. 1։22)։ Երբ Աստուծոյ խրատները կը գործադրենք, աւելի խաղաղարար, տրամաբանող եւ գթասիրտ կ’ըլլանք (Յակ. 3։17)։ Այս յատկութիւնները մեզի կ’օգնեն որ որեւէ փորձութեան տոկանք, առանց մեր ուրախութիւնը կորսնցնելու։
12. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուածաշունչը լաւ գիտնանք։
12 Աստուծոյ Խօսքը հայելիի կը նմանի։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ գիտնանք, թէ ի՛նչ բանի վրայ պէտք է աշխատինք եւ ինչպէ՛ս (Յակ. 1։23-25)։ Օրինակ, Աստուածաշունչը սերտելէ ետք, թերեւս անդրադառնանք, որ մեր ջղայնութիւնը պէտք է զսպենք։ Եհովայի օգնութեամբ, կը սորվինք ինչպէ՛ս մեղմ ըլլալ, երբ մարդիկ կամ խնդիրներ մեզ բարկացնեն։ Մեղմ ըլլալով՝ ճնշումներուն հետ աւելի լաւ կերպով գլուխ կ’ելլենք, աւելի յստակ կերպով կը մտածենք ու աւելի լաւ որոշումներ կ’առնենք (Յակ. 3։13)։ Ուրեմն, որքա՜ն կարեւոր է որ Աստուածաշունչը լաւ գիտնանք։
13. Ինչո՞ւ պէտք է սերտենք սուրբգրային անձնաւորութիւններու օրինակները։
13 Երբեմն միայն սխալ մը գործելէ ետք է որ կը գիտնանք ի՛նչ բանէ հեռու կենալ։ Ատիկա սորվելու դժուար կերպն է։ Իմաստութիւն ձեռք ձգելու աւելի լաւ կերպը այն է՝ որ ուրիշին քսակէն սորվինք։ Այս ուղղութեամբ, Յակոբոս մեզ կը քաջալերէ որ նկատի առնենք սուրբգրային անձնաւորութիւններուն օրինակները, ինչպէս՝ Աբրահամ, Ռախաբ, Յոբ եւ Եղիա (Յակ. 2։21-26. 5։10, 11, 17, 18)։ Եհովայի այս հաւատարիմ ծառաները կրցան տոկալ այնպիսի փորձութիւններու, որոնք կրնային իրենց ուրախութիւնը քանդել։ Անոնց օրինակը կը շեշտէ, թէ Եհովայի օգնութեամբ մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։
14-15. Ինչո՞ւ պէտք է մեր կասկածները լուծենք։
14 Դժուարութիւն. Երբ կասկածներ ունինք։ Ատեն–ատեն թերեւս չհասկնանք բան մը, որ Սուրբ Գիրքը կը նշէ։ Կամ թերեւս Եհովան մեր աղօթքներուն չպատասխանէ մեր ուզած կերպով։ Այսպիսի պարագաներ կասկածներ կրնան արթնցնել։ Եթէ անոնք անտեսենք, մեր հաւատքը պիտի տկարացնեն եւ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան պիտի վնասեն (Յակ. 1։7, 8)։ Եւ անոնք նոյնիսկ կրնան պատճառ դառնալ, որ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը կորսնցնենք։
15 Պօղոս առաքեալ ապագային նկատմամբ մեր յոյսը նմանցուց խարիսխի (Եբ. 6։19)։ Խարիսխը նաւը իր տեղը կը պահէ փոթորիկի մը ընթացքին եւ թոյլ չի տար, որ քշուի դէպի ժայռերը։ Բայց խարիսխը օգտակար է միայն եթէ զինք նաւուն կապող շղթան չքակուի։ Ճիշդ ինչպէս որ ժանգը խարիսխին շղթան կը տկարացնէ, նոյնպէս ալ չլուծուած կասկածները մեր հաւատքը կը տկարացնեն։ Եւ ետքը, երբ խնդիրներ ունենանք, կրնանք մեր հաւատքը կորսնցնել, թէ Եհովան իր խոստումները պիտի կատարէ։ Իսկ մեր հաւատքը կորսնցնելով, մեր յոյսն ալ կը կորսնցնենք։ Ինչպէս Յակոբոս կ’ըսէ, կասկածող անհատը «ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է» (Յակ. 1։6)։ Այդպիսի անհատ մը հաւանաբար բնա՛ւ ուրախ պիտի չզգայ։
16. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կասկածներ ունինք։
16 Լուծում. Կասկածներէդ ձերբազատուէ՛ եւ հաւատքդ զօրացուր։ Երկու մտքի վրայ մի՛ ըլլար։ Եղիա մարգարէի օրերուն, այդպէս էր պարագան Եհովայի ժողովուրդին։ Եղիան անոնց ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք» (Գ. Թագ. 18։21)։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք այսօր։ Պէտք է փնտռտուք ընենք, որ մենք մեզի փաստենք՝ թէ Եհովան ճշմարիտ Աստուածն է, թէ Աստուածաշունչը իր Խօսքն է եւ թէ Եհովայի վկաները իր ժողովուրդն են (Ա. Թես. 5։21)։ Այդպէս ընելով մեր կասկածներէն պիտի ձերբազատուինք եւ մեր հաւատքը պիտի զօրացնենք։ Իսկ եթէ օգնութեան պէտք ունինք, կրնանք երէցներուն դիմել։ Եթէ կ’ուզենք Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախ մնալ, պէտք է վճռական քայլեր առնենք։
17. Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ մեր քաջութիւնը կորսնցնենք։
17 Դժուարութիւն. Երբ վհատինք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս [«վհատիս», ՆԱ], ոյժդ քիչ է» (Առ. 24։10)։ «Վհատիլ» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ նշանակել «քաջութիւնը կորսնցնել»։ Եթէ քաջ չըլլաս, ուրախութիւնդ արագօրէն կ’անհետանայ։
18. Ի՞նչ կը նշանակէ տոկալ։
Յակ. 5։11, ՆԱ)։ Յակոբոսի գործածած «տոկալ» բառը կ’ակնարկէ մէկու մը, որ իր տեղը հաստատ կեցած է։ Մեր միտքը կրնայ գալ զինուոր մը, որ քաջաբար իր տեղը կեցած է եւ մէկ քայլ անգամ չի շարժիր, որքան ալ դաժան ըլլայ թշնամիին յարձակումը։
18 Լուծում. Եհովային վստահէ որ քեզի պէտք եղած քաջութիւնը տայ, որպէսզի տոկաս։ Փորձութիւններուն տոկալու համար, քաջութեան պէտք ունինք (19. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պօղոս առաքեալի ձգած օրինակէն։
19 Պօղոս առաքեալ քաջութեան եւ տոկունութեան մէջ հոյակապ օրինակ էր։ Թէեւ ատեններ տկար զգաց, բայց կրցաւ տոկալ, քանի որ Եհովային ապաւինեցաւ որ իրեն պէտք եղած զօրութիւնը տայ (Բ. Կոր. 12։8-10. Փլպ. 4։13)։ Մենք ալ կրնանք այդպիսի զօրութիւն եւ քաջութիւն ունենալ, եթէ խոնարհաբար ընդունինք որ Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք (Յակ. 4։10)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ ԵՒ ՈՒՐԱԽ ՄՆԱ՛
20-21. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
20 Կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր դիմագրաւած փորձութիւնները Եհովայի կողմէ պատիժ չեն։ Յակոբոս մեզ կը վստահեցնէ. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ» (Յակ. 1։13)։ Երբ այս բանէն վստահ ըլլանք, մեր երկնաւոր Հօր կը մօտենանք (Յակ. 4։8)։
21 Եհովան չի փոխուիր (Յակ. 1։17)։ Ան առաջին դարու քրիստոնեաներուն օգնեց իրենց փորձութիւններուն մէջ, եւ մեզի ալ պիտի օգնէ այսօր։ Անկեղծօրէն Եհովայէն խնդրէ որ քեզի իմաստութիւն, հաւատք եւ քաջութիւն տայ։ Եւ ան աղօթքներուդ պիտի պատասխանէ։ Այդպէս ընելով կրնաս վստահ ըլլալ, որ ան քեզի պիտի օգնէ, որ կարենաս ուրախութեա՛մբ տոկալ փորձութիւններուն։
ԵՐԳ 135 Մինչեւ վերջ տոկա՛
^ պարբ. 5 Յակոբոս գիրքը փորձութիւններուն նկատմամբ գործնական խրատներ ունի։ Յօդուածը նկատի կ’առնէ Յակոբոսին տուած կարգ մը խրատները, որոնք կրնան օգնել որ դժուարութիւններու դիմանանք առանց Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը կորսնցնելու։
^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը իր տան մէջ կը ձերբակալուի։ Իր կինն ու աղջիկը կը դիտեն, մինչ ոստիկանները զինք կը տանին։ Մինչ ամուսինը բանտարկուած է, հաւատակիցները քրոջ եւ իր աղջկան քով կու գան, միասին Եհովան պաշտելու։ Մայրն ու աղջիկը յաճախ Եհովայէն զօրութիւն կը խնդրեն, որ փորձութեան դիմանան։ Եհովան իրենց ներքին խաղաղութիւն ու քաջութիւն կու տայ։ Արդիւնքը կ’ըլլայ, որ իրենց հաւատքը կը զօրանայ, եւ այսպէս ուրախութեամբ կը տոկան։