Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մէկ ժպիտը ինչե՜ր կ’ընէ

Մէկ ժպիտը ինչե՜ր կ’ընէ

ՖԻԼԻՓԻՆՆԵՐՈՒՆ մէջ, երկու երիտասարդուհիներ միասին կը քալէին Պակիօ Սիթիի առեւտրական շրջանի մը մէջ։ Նկատեցին վկայելու սայլակ մը, բայց չմօտեցան անոր։ Հելէն, այն քոյրը որ սայլակին քով կեցած էր, ջերմօրէն ժպտաց անոնց։ Երիտասարդուհիները իրենց ճամբան շարունակեցին, Հելէնին ջերմ ժպիտով տպաւորուած։

Ետքը, մինչ երիտասարդուհիները պասով տուն կը վերադառնային, Թագաւորութեան սրահի մը վրայ նկատեցին jw.org նշանը։ Յիշեցին որ նոյն տառերը տեսած էին վկայելու սայլակին վրայ։ Անոնք պասէն իջան եւ աչքէ անցուցին սրահին մէջ տեղի ունեցող ժողովներու ժամերուն ցանկը, որ դրուած էր սրահին մուտքին։ Երիտասարդուհիները ժողովի մը գացին։ Եւ մտած ատեն ո՞վ տեսնեն Թագաւորութեան սրահը։ Հելէնը։ Անմիջապէս գիտցան որ ինքն էր այն կինը, որ իրենց ջերմօրէն ժպտած էր։ Հելէն կ’ըսէ. «Երբ ինծի մօտեցան, քիչ մը ջղագրգիռ եղայ. խորհեցայ որ սխալ բան մը ըրած էի»։ Բայց անոնք իրեն բացատրեցին, որ զինք նախապէս տեսած էին սայլակին քով։

Երիտասարդուհիները ժողովէն եւ ընկերակցութենէն հաճոյք առին։ Երբ տեսան որ ժողովէն ետք եղբայրներ ու քոյրեր սրահը կը մաքրէին, խնդրեցին որ իրենք ալ օգնեն։

Երիտասարդուհիներէն մէկը այլեւս Ֆիլիփիններուն մէջ չ’ապրիր, իսկ միւսը սկսած է ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ Աստուածաշունչը սերտել։ Մէկ ժպիտը ինչե՜ր ըրաւ։