Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Աչքերովս տեսայ հաւատարիմներուն աճիլը

Աչքերովս տեսայ հաւատարիմներուն աճիլը

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ կը յիշես խօսակցութիւններ, որոնք ունեցած ես անցեալին եւ որոնք քեզի համար կարեւոր էին։ Ինծի համար, այսպիսի խօսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ շուրջ 50 տարի առաջ, երբ բարեկամի մը հետ խարոյկի մը շուրջ նստած ատեն կը խօսէինք՝ Քենիայի մէջ։ Ամիսներէ ի վեր արեւուն տակ կը ճամբորդէինք, բայց հիմա նստած՝ միասին կը խօսէինք ֆիլմի մը մասին, որուն նիւթը կրօնական էր, երբ յանկարծ բարեկամս ըսաւ. «Այս ֆիլմը Աստուածաշունչը սխալ կերպով կը ներկայացնէ»։

Ես խնդացի, քանի որ չէի գիտեր որ ընկերս կրօնքով հետաքրքրուած էր։ «Սուրբ Գիրքին մասին ի՞նչ գիտես», հարցուցի իրեն։ Ան շուտով չպատասխանեց։ Բայց վերջաւորութեան ըսաւ որ իր մայրը Եհովայի վկայ էր եւ ինք անկէ բաներ մը լսած էր։ Հետաքրքրութիւնս արթննալով, պնդեցի որ աւելի՛ բաներ պատմէ։

Մեր խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր։ Բարեկամս ինծի ըսաւ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ այս աշխարհին իշխանը Սատանան է (Յովհաննէս 14։30)։ Թերեւս քեզի համար ասիկա նորութիւն մը չէ, բայց ինծի համար այս գաղափարը թէ՛ նոր էր եւ թէ ալ հետաքրքրական։ Միշտ լսած էի, որ բարի Աստուած մը կայ որ աս աշխարհը կը ղեկավարէ։ Բայց ինչ որ տեսած էի կեանքի մէջ համապատասխան չէր իմ լսածիս հետ։ Թէեւ միայն 26 տարեկան էի, բայց արդէն շատ բաներ տեսած էի, որոնք ինծի նեղութիւն կու տային։

Հայրս Միացեալ Նահանգներու օդային ուժին մէջ օդաչու էր։ Անոր համար, պզտիկ տարիքէս գիտէի որ շատ մեծ հաւանականութիւն կար որ հիւլէական պատերազմ ըլլար։ Բանակը պատրաստ էր որեւէ վայրկեան հիւլէական ռումբ նետելու։ Երբ Վիեթնամի պատերազմը եղաւ, ես Քալիֆորնիայի մէջ քոլէճ կ’երթայի։ Սկսայ աշակերտական ցոյցերու մասնակցիլ։ Զինուորութիւնը գաւազաններով մեզ կը հետապնդէր եւ մենք կը փախչէինք՝ արցունքաբեր կազի պատճառով խեղդուելով ու կուրնալով։ Շատ նեղացուցիչ ժամանակներ էին։ Ամէն տեղ մարդիկ կ’ըմբոստանային։ Քաղաքական ահաբեկչութիւններ, ցոյցեր եւ խռովութիւններ կ’ըլլային։ Ամէն մարդ կարծիք մը կու տար, թէ հարցերը ի՛նչ կերպով պէտք էր ձեռք առնուէին։

Լոնտոնէն՝ դէպի Կեդրոնական Ափրիկէ

1970–ին, Ալասքայի հիւսիսային ափին վրայ գործ մը գտայ եւ շատ դրամ շահեցայ։ Յետոյ Լոնտոն ճամբորդեցի, մոթորսիքլեթ մը գնեցի եւ առանց նպատակ մը ունենալու, դէպի հարաւ ուղղուեցայ։ Ամիսներ ետք, Ափրիկէ հասայ։ Բայց ճամբուն վրայ հանդիպեցայ մարդոց, որոնք ինծի պէս կը փափաքէին որ աս վիճակներէն դուրս գան եւ ազատուին։

Ամէն ինչ որ կը տեսնէի ու կը լսէի, ձգեցին որ հաւատամ Աստուածաշունչին ըսածին, որ չար հոգեղէն արարած մը աշխարհի մէջ ամէն բանի վրայ կ’իշխէ։ Բայց կը մտածէի, որ եթէ Աստուած աշխարհի վրայ չ’իշխեր, հապա ի՞նչ կ’ընէ։ Շատ կ’ուզէի ասիկա գիտնալ։

Յաջորդող ամիսներուն պատասխանը գտայ։ Եւ ժամանակի ընթացքին, ծանօթացայ եւ սիրեցի ուրիշ անհատներ ալ, որոնք ամէն պարագայի տակ միակ ճշմարիտ Աստուծոյն հաւատարիմ մնացած են։

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԼԱՆՏԱ. «ՌՈՒՄԲԻ ԵՒ ՓԱՄՓՈՒՇՏԻ ԵՐԿԻՐ»

Երբ Լոնտոն վերադարձայ, ընկերոջս մայրը ինծի Աստուածաշունչ մը տուաւ։ Ետքը Ամսթերտամ գացի (Հոլանտա)։ Հոն, եղբայր մը տեսաւ որ փողոցը նստած Աստուածաշունչը կը կարդամ եւ ինծի օգնեց որ աւելի՛ն գիտնամ։ Ետքը գացի Տապլին (Իրլանտա), եւ փնտռեցի ու գտայ Եհովայի վկաներու մասնաճիւղը։ Դուռը զարկի եւ հոն էր որ ծանօթացայ Արթըր Մէթիուզին՝ իմաստուն եւ փորձառու եղբօր մը։ Իրմէ խնդրեցի որ Աստուածաշունչը սերտէ հետս եւ ան համաձայնեցաւ։

Վկաներուն հրատարակած գիրքերը եւ հատորները լափեցի եւ ժամանակս տուի ուսումնասիրութեան։ Անշուշտ, նա՛խ Աստուածաշունչը կարդացի։ Շա՛տ խանդավառուած էի։ Ժողովներուն տեսայ որ նոյնիսկ պզտիկները գիտէին զարգացած մարդոց դարերէ ի վեր հարց տուած հարցումներուն պատասխանները. ‘Ինչո՞ւ չարութիւն կայ։ Ո՞վ է Աստուած։ Ի՞նչ կը պատահի երբ մեռնինք’։ Միմիայն Եհովայի վկաներուն ընկերակցեցայ։ Ասիկա դիւրին էր, քանի որ երկրին մէջ ուրիշ մէկը չէի ճանչնար։ Անոնք ինծի օգնեցին որ Եհովան սիրեմ եւ ուզեմ իր կամքը ընել։

Նիժէլը, Տէնիսը եւ ես

1972–ին մկրտուեցայ։ Մէկ տարի ետք, սկսայ ռահվիրայութիւն ընել եւ միացայ պզտիկ ժողովքի մը Նիւրիի մէջ՝ Հիւսիսային Իրլանտա։ Հեռաւոր լեռնային շրջանի մը մէջ, պզտիկ տուն մը վարձեցի։ Տունին փակած դաշտին մէջ կովեր կային։ Եւ ես սկսայ դասախօսութիւններս իրենց առջեւ փորձ ընել։ Այնպէս կ’երեւէր որ անոնք ինծի ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէին խոտը ծամած ատեն։ Անոնք չէին կրնար ինծի խրատ տալ, բայց ինծի օգնեցին որ աչքի հաղորդակցութիւն ունենամ։ 1974–ին, նշանակուեցայ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ եւ ինծի միացաւ Նիժէլ Փիթը, որ իմ մտերիմ ընկերս եղաւ։

«Խռովութիւններ» կոչուած ժամանակաշրջանն էր Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ։ Ոմանք տեղին ըլլալով այդ շրջանը՝ Հիւսիսը՝ կը կոչէին «ռումբի եւ փամփուշտներու երկիր»։ Փողոցներու մէջ կռիւները, զինեալ բախումները, կրակոցները եւ ինքնաշարժի պայթումները սովորական բաներ էին։ Խնդիրները շատ անգամ թէ՛ քաղաքական եւ թէ կրօնական էին։ Բայց եւ այնպէս, թէ՛ բողոքականները եւ թէ կաթողիկէները գիտէին որ Վկաները քաղաքականութեան մէջ կողմ չեն բռներ։ Ատոր համար, կրցանք ազատ եւ ապահով կերպով քարոզել։ Տանտէրերը շատ անգամ գիտէին ե՛րբ եւ ո՛ւր վտանգաւոր է, եւ մեզ կը զգուշացնէին որ այդ թաղը չերթանք։

Բայց եւ այնպէս, կային վտանգաւոր պարագաներ։ Օրինակ օր մը, ես եւ ուրիշ ռահվիրայ մը՝ Տէնիս Քերիկընը՝ կը քարոզէինք մօտակայ գիւղի մը մէջ, ուր Վկաներ չկային եւ ուր ասկէ առաջ միայն մէկ անգամ գացած էինք։ Կին մը մեզ ամբաստանեց, ըսելով որ բրիտանացի գաղտնի զինուորներ ենք,– թերեւս քանի որ երկուքս ալ իրլանտական բարբառով չէինք խօսեր։ Մենք իր ըսածէն շա՛տ վախցանք, քանի որ բրիտանացի զինուորներուն հետ նոյնիսկ բարեկամական կերպով վարուիլը պատճառ կ’ըլլար որ մէկը մեռցուէր կամ անոր ծունկերուն կրակէին։ Մենք ցուրտ օդին առանձին դուրսը կեցած կը սպասէինք որ պասը գար։ Մէյ մըն ալ տեսանք որ ինքնաշարժ մը կեցաւ այն սրճարանին առջեւ, ուր այդ կինը մեզ ամբաստանած էր։ Կինը դուրս ելաւ եւ ինքնաշարժին մէջի երկու տղամարդոց հետ խօսեցաւ՝ մատով մեզի ցոյց տալով։ Անկէ ետք, այդ մարդիկը մեզի մօտեցան եւ քանի մը հարցումներ հարցուցին պասին ժամերուն մասին։ Իսկ երբ պասը եկաւ, վարորդին հետ խօսեցան։ Մենք չլսեցինք անոնց խօսակցութիւնը եւ քանի՛ որ ուրիշ յաճախորդներ չկային պասին մէջ, մենք համոզուած էինք որ անոնք իրարու հետ կը խօսէին որ գիւղէն դուրս մեզի վնաս հասցնէին։ Բայց այդպէս չեղաւ։ Երբ ես պասէն դուրս ելայ, վարորդին հարցուցի. «Այդ մարդիկը մե՞ր մասին կը հարցնէին»։ Ան պատասխանեց. «Ես գիտեմ դուք ո՛վ էք եւ իրենց ըսի։ Մի՛ մտահոգուիք։ Դուք ապահով էք»։

Մեր ամուսնութեան օրը՝ մարտ 1977

1976–ին, Տապլինի մէջ տեղի ունեցող նահանգային համաժողովի մը մէջ a, ծանօթացայ Փոլին Լոմաքսին՝ որ Անգլիայի մէջ կը ծառայէր որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։ Ան հոգեւոր, խոնարհ եւ սիրուն քոյր մըն էր։ Ինքն ու իր եղբայրը՝ Ռէյը՝ ճշմարտութեան մէջ մեծցած էին։ Տարի մը ետք, ես եւ Փոլինը ամուսնացանք եւ շարունակեցինք մասնաւոր ռահվիրայութիւն ընել Պալիմենայի մէջ (Հիւսիսային Իրլանտա)։

Ժամանակ մը, շրջանային գործ կ’ընէինք՝ մեր եղբայրներուն ծառայելով Պելֆասթի, Լոնտոնտերիի եւ ուրիշ վտանգաւոր շրջաններու մէջ։ Շա՛տ քաջալերուեցանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքով, որոնք ձերբազատուեցան արմատացած կրօնական հաւատալիքներէ, նախապաշարումներէ եւ ատելութիւններէ, որպէսզի Եհովային ծառայեն։ Ան զիրենք շա՜տ օրհնեց եւ պաշտպանեց։

Ես տասը տարի մնացի Իրլանտայի մէջ։ Ետքը, 1981–ին, մենք հրաւիրուեցանք յաճախելու Գաղաադի 72–րդ դասարանը։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, նշանակուեցանք Սիերա Լէոնէ (Արեւմտեան Ափրիկէ)։

ՍԻԵՐԱ ԼԷՈՆԷ. ՀԱՒԱՏՔ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ

Ապրեցանք միսիոնարական տան մը մէջ, եւ մեզի հետ կային 11 հոյակապ անձեր։ Ունէինք մէկ խոհանոց, երեք հատ պէտքարան, երկու բաղնիք, մէկ հեռաձայն, մէկ լուացքի մեքենայ եւ մէկ հատ ալ հագուստները չորցնող մեքենայ։ Ելեկտրականութիւնը միշտ կը կտրէին եւ յայտնի չէր ատիկա երբ պիտի գար։ Տունին տանիքը մեծ մուկեր կը վխտային եւ տունին տակն ալ՝ մեծ օձեր։

Կուինիայի մէջ, համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար, գետէ մը կ’անցնինք

Ճիշդ է որ լաւ պայմաններու մէջ չէինք ապրեր, բայց ծառայութիւնը մեզի շատ ուրախութիւն կը բերէր։ Մարդիկ Սուրբ Գիրքը կը յարգէին եւ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընէին։ Շատեր ճշմարտութիւնը սերտեցին եւ ընդունեցին։ Շրջանի մարդիկը ինծի «Պարոն Ռապըրթ» կ’ըսէին, Փոլինին ալ՝ «Տիկին Ռապըրթ»։ Բայց ժամանակ մը ետք, երբ սկսայ մասնաճիւղին մէջ աւելի ծառայել եւ դաշտի ծառայութեան աւելի քիչ ժամանակ տալ, մարդիկ սկսան Փոլինին «Տիկին Փոլին» ըսել, իսկ ինծի՝ «Պարոն Փոլին»։ Փոլինը ասիկա լսելով շա՛տ կ’ուրախանար։

Սիերա Լէոնէի մէջ քարոզելու համար, ճամբայ ելած ենք

Եղբայրներուն մեծ մասը աղքատ էր, բայց Եհովան միշտ հոգ կը տանէր անոնց պէտքերուն, եւ երբեմն՝ տարօրինակ կերպերով (Մատ. 6։33)։ Կը յիշեմ քոյր մը որ հազիւ դրամ ունէր որ իրեն եւ իր զաւակներուն համար մէկ օրուան ճաշ գնէր, բայց ան այդ դրամը տուաւ հիւանդ եղբօր մը, որ դրամ չունէր մալարիայի դեղեր գնելու։ Նոյն օրը, կին մը մեր քրոջը դրամ տուաւ որ իր մազերը շինէ։ Ասոր պէս շատ պարագաներ կը յիշեմ։

ՆԻԿԵՐԻԱ. ՆՈՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԸ ՎԱՐԺՈՒԻԼ

Սիերա Լէոնէի մէջ ինը տարի մնացինք։ Յետոյ փոխադրուեցանք Նիկերիոյ Բեթէլը։ Հիմա կը գտնուէինք մեծ մասնաճիւղի մէջ։ Ես շարունակեցի ընել նոյն գրասենեակի աշխատանքը, որ կ’ընէի Սիերա Լէոնէի մէջ։ Բայց Փոլինին համար ասիկա մեծ եւ դժուար փոփոխութիւն մըն էր։ Ան դաշտի ծառայութեան մէջ 130 ժամ կ’անցընէր եւ արդիւնաբեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ունէր։ Բայց հիմա իր նշանակումն էր դերձակութեան սենեակին մէջ հագուստ կարճցնել–երկնցնել։ Ժամանակ առաւ որ վարժուի, բայց անդրադարձաւ որ ուրիշներ իրապէս կ’արժեւորէին իր ըրածը եւ առիթներ փնտռեց որ ուրիշ բեթէլականներ քաջալերէ։

Նիկերիական մշակոյթը մեզի համար նորութիւն էր եւ շա՛տ բաներ պէտք էր սորվէինք։ Առիթով մը, եղբայր մը գրասենեակս բերաւ քոյր մը՝ մեզ իրար ծանօթացնելու համար։ Ան Բեթէլի մէջ նոր անդամ էր։ Երբ ձեռքս երկարեցի որ ձեռնուիմ, ան ոտքերուս առջեւ ծունկի եկաւ։ Բերանս բաց մնաց։ Անմիջապէս միտքս եկաւ Գործք 10։25, 26–ը եւ Յայտնութիւն 19։10–ը։ Ես ինծի ըսի. ‘Պէ՞տք է իրեն ըսեմ որ ասանկ չ’ընէ’։ Բայց միեւնոյն ժամանակ անդրադարձայ որ ան Բեթէ՛լ ընդունուած է, այսինքն՝ գիտէ՛ Աստուածաշունչը ինչ կը սորվեցնէ։

Խօսակցութեան ընթացքին, շա՛տ անհանգիստ զգացի։ Անոր համար, ետքը պրպտում ըրի։ Գիտցայ որ մեր քոյրը վարուեցաւ ճիշդ ինչպէս որ աւանդականօրէն կը վարուէին Նիկերիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ։ Ոչ միայն կիները, հապա տղամարդիկ ալ նոյն կերպով ծունկի կու գային։ Ասիկա կերպ մըն էր յարգանք ցոյց տալու։ Պաշտամունք չէր։ Եւ Սուրբ Գիրքին մէջ օրինակներ ունինք (Ա. Թագ. 24։9)։ Ուրախացայ որ տգիտութեամբ բան մը չըսի որ կրնար քոյրը վիրաւորել։

Ծանօթացանք շատ մը նիկերիացիներու, որոնք տարիներու ընթացքին աչքառու հաւատարմութիւն ցոյց տուած էին։ Նկատի առնենք Այզէյա Ատակպոնան b։ Ան ճշմարտութիւնը սորվեցաւ, երբ երիտասարդ էր, բայց ետքը բորոտ եղաւ եւ ղրկուեցաւ բորոտներու կեդրոն, ուր միակ Վկան էր։ Հակառակ հալածանքին, ան օգնեց աւելի քան 30 բորոտներու որ ճշմարտութիւնը ընդունին, եւ այդ կեդրոնին մէջ ժողովք մը կազմուեցաւ։

ՔԵՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԻՆԾԻ ՀԵՏ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ԷԻՆ

Քենիայի մէջ, որբ ռնգեղջիւրի մը կը հանդիպինք

1996–ին, նշանակուեցանք Քենիայի մասնաճիւղին մէջ։ Ասիկա կենսագրութեանս սկիզբը յիշած այցելութենէս ետք առաջին անգամն էր որ կը վերադառնայի Քենիա։ Ապրեցանք Բեթէլին մէջ։ Երբեմն մեր Բեթէլը կ’այցելէին կապիկներ։ Անոնք քոյրերուն ձեռքէն պտուղներ կը գողնային։ Օր մը, Բեթէլի քոյրերէն մէկը իր սենեակին պատուհանը բաց մոռցաւ։ Երբ վերադարձաւ, տեսաւ որ կապիկներու ընտանիք մը իր սենեակին մէջի ուտելիքները կ’ուտէր։ Ան բարձրաձայն պոռաց եւ սենեակէն դուրս փախաւ։ Կապիկներն ալ պոռացին եւ պատուհանէն դուրս ցատկեցին։

Փոլինը եւ ես սուահիլի լեզուն խօսող ժողովքի մը միացանք։ Կարճ ժամանակ մը ետք, զիս նշանակեցին որ Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութիւնը վարեմ (հիմա կը կոչուի՝ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն)։ Այս լեզուն կը հասկնայի, ա՛յնքան՝ որքան պզտիկ մը կը հասկնար։ Անոր համար, նիւթը նախապէս կ’ուսումնասիրէի որ կարենայի հարցումները կարդալ, բայց եթէ ներկաներուն պատասխանները քիչ մը տարբեր էին գրուածէն, չէի հասկնար։ Ա՛յդչափ նեղ կացութեան կը մատնուէի։ Եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար շատ գէշ կը զգայի։ Բայց շատ տպաւորուեցայ, քանի որ անոնք հանդարտութեամբ, համբերութեամբ եւ խոնարհութեամբ ընդունեցին այս կարգադրութիւնը։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏՔ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒԹԵԱՆ

Քենիայի մէջ մնացինք մէկ տարիէն պակաս։ Ետքը, 1997–ին, հրաւիրուեցանք Պրուքլինի Բեթէլը՝ Նիւ Եորքի մէջ։ Հիմա կը գտնուէինք երկրի մը մէջ, ուր նիւթական բարգաւաճութիւն կար եւ ասիկա իր խնդիրները ունի (Առ. 30։8, 9)։ Նոյնիսկ այս երկրին մէջ, առատ հոգեւորութիւն կայ։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը իրենց ժամանակը եւ նիւթականը կը գործածեն ոչ թէ հարստանալու համար, հապա Եհովայի կազմակերպութեան օգտակար գործին թիկունք կանգնելու համար։

Տարիներու ընթացքին, մեր հաւատակիցներուն հաւատքը տեսած ենք տարբեր–տարբեր պարագաներու տակ։ Իրլանտայի մէջ, անոնց հաւատքը տեսանք քաղաքացիական պատերազմին մէջ։ Ափրիկէի մէջ, անոնց հաւատքը տեսանք աղքատութեան եւ մեկուսացման մէջ։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, անոնց հաւատքը տեսանք բարգաւաճութեան մէջ։ Եհովան որքա՜ն ուրախ կ’ըլլայ, երբ երկինքէն վար կը նայի եւ կը տեսնէ ժողովուրդ մը, որ իրեն հանդէպ սէր ցոյց կու տայ ամէն պարագայի տակ։

Փոլինին հետ՝ Ուորուիքի Բեթէլին մէջ

Տարիները անցան «ոստայնանկին կկոցէն» աւելի արագ (Յոբ 7։6)։ Ներկայիս, ուրիշներու հետ կը ծառայենք Ուորուիքի կեդրոնատեղիին մէջ, Նիւ Եորք։ Եւ ուրախ ենք որ կը շարունակենք ծառայել անձերու հետ, որոնք իրար սրտանց կը սիրեն։ Նաեւ ուրախ ենք որ մեր կարելին կ’ընենք թիկունք կանգնելու համար մեր Թագաւորին՝ Քրիստոս Յիսուսին՝ որ շուտով պիտի վարձատրէ իր միլիոնաւոր հաւատարիմները (Մատ. 25։34

a Տարեկան համաժողովները այդ ժամանակ կը կոչուէին նահանգային համաժողովներ։

b Այզէյա Ատակպոնային կենսագրութիւնը հրատարակուած է Դիտարան–ի 1 ապրիլ 1998 թիւին մէջ, էջ 22-27 (արաբ.)։ Ան մեռաւ 2010–ին։