Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 9

Աստուծոյ տուած նուէրը՝ կեանքը արժեւորենք

Աստուծոյ տուած նուէրը՝ կեանքը արժեւորենք

«Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (ԳՈՐԾՔ 17։28

ԵՐԳ 130 Կեանքը հրաշք է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Մեր կեանքը որքա՞ն արժէքաւոր է Եհովային համար։

 ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ ընկերներէդ մէկը քեզի կը նուիրէ շատ հին բայց արժէքաւոր գլուխ գործոց գծագրութիւն մը։ Ճիշդ է որ անոր գոյնը տեղ–տեղ գացած է եւ հինցած է, բայց անիկա միլիոնաւոր տոլարներ կ’արժէ։ Անշուշտ, այդ գծագրութիւնը կ’ուզես արժեւորել եւ պաշտպանել։ Նոյնպէս, Եհովան մեզի տուած է արժէքաւոր նուէր մը՝ կեանքը։ Իրականութեան մէջ, Եհովան ցոյց կու տայ որ մեր կեանքը շա՜տ կ’արժեւորէ՝ իր Որդին որպէս փրկանք տալով մեզի համար (Յովհ. 3։16

2. Ինչպէս որ Բ. Կորնթացիս 7։1–ը ցոյց կու տայ, Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։

2 Եհովան կեանքի Աղբիւրն է (Սաղ. 36։9)։ Պօղոս առաքեալն ալ այս ճշմարտութեան կը հաւատար, քանի որ ըսաւ. «Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (Գործք 17։25, 28)։ Ուրեմն, կրնա՛նք ըսել որ մեր կեանքը Աստուծոյ կողմէ նուէր է։ Ան մեզի պէտք եղած ամէն բան կու տայ, որպէսզի շարունակենք ապրիլ (Գործք 14։15-17)։ Բայց Եհովան մեր կեանքը հրաշքով չի պահպաներ։ Հապա մեզմէ կ’ակնկալէ որ կարելի եղածին չափ հոգ տանինք մեր ֆիզիքական եւ հոգեւոր առողջութեան (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Լաւ, ինչո՞ւ պէտք է պաշտպանենք մեր առողջութիւնն ու կեանքը, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ատիկա ընել։

ԿԵԱՆՔԻ ՆՈՒԷՐԸ ԱՐԺԵՒՈՐԷ

3. Ի՞նչ է պատճառներէն մէկը, որուն համար պէտք է ջանանք առողջ մնալ։

3 Պատճառներէն մէկը թէ ինչո՛ւ պէտք է ջանանք առողջ մնալ, այն է որ կարենանք Եհովային ծառայել լաւագոյն կերպով (Մար. 12։30)։ Մենք կ’ուզենք ‘մեր մարմինները ընծայել կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի’. անոր համար, չենք ըներ բաներ, որոնք գիտենք որ մեր առողջութեան վնաս պիտի հասցնեն (Հռով. 12։1)։ Անշուշտ, ինչ ալ ընենք, անկարելի է որ հիւանդ չ’ըլլանք։ Բայց մեր ամէն կարելին կ’ընենք, քանի որ կ’ուզենք մեր երկնաւոր Հօր ցոյց տալ որ մենք կը գնահատենք իր տուած նուէրը՝ կեանքը։

4. Դաւիթ թագաւոր ի՞նչ կ’ուզէր ընել։

4 Դաւիթ թագաւոր բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ տուած կեանքի նուէրը կ’արժեւորէր, երբ գրեց. «Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ եթէ ես գուբը իջնեմ։ Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞, կամ անիկա պիտի պատմէ՞ քու ճշմարտութիւնդ» (Սաղ. 30։9)։ Դաւիթ թերեւս այս խօսքերը գրեց իր կեանքին վերջաւորութեան։ Բայց ան իր միտքը դրած էր որ երկար ժամանակ ողջ եւ առողջ մնայ, որպէսզի Եհովան փառաբանէ։ Անկասկած, բոլորս վճռած ենք նոյն բանը ընել։

5. Նոյնիսկ եթէ տարիքով մեծ կամ հիւանդ ենք, ի՞նչ կրնանք ընել։

5 Հիւանդութիւնը եւ ծերութիւնը կրնան չի ձգել, որ ընենք շատ մը բաներ՝ որոնք անցեալին կ’ընէինք։ Անոր համար, թերեւս իրար անցնինք եւ նեղուինք։ Բայց բնա՛ւ պէտք չէ յանձնուինք եւ մեր առողջութիւնը անտեսենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ որքա՛ն ալ տարիքով մեծ եւ հիւանդ ըլլանք, տակաւին կրնանք Եհովան փառաբանել՝ Դաւիթ թագաւորին պէս։ Մեր սիրտը կը լեցուի, երբ կը նկատենք որ Աստուած մեզ որքա՜ն կ’արժեւորէ, հակառակ անոր որ անկատար ենք (Մատ. 10։29-31)։ Եւ նոյնիսկ եթէ մեռնինք, ան շա՛տ կը փափաքի մեզի յարութիւն տալ (Յոբ 14։14, 15)։ Ուրեմն, այնքան ատեն որ ողջ ենք, կ’ուզենք մեր կարելին ընել որ մեր առողջութիւնն ու կեանքը պաշտպանենք։

ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԵՏ ԿԵՑԻՐ

6. Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ մեր ուտելու եւ խմելու սովորութիւններուն նկատմամբ։

6 Թէեւ Աստուածաշունչը առողջութեան կամ սնունդի մասին տեղեկութիւններ տուող գիրք մը չէ, բայց անիկա այս հարցերուն շուրջ Եհովային տեսակէտը կը յայտնէ։ Օրինակի համար, Եհովան մեզի կ’ըսէ որ մեր մարմինին վնաս հասցնող ‘չարութիւնը հեռացնենք’ (Ժող. 11։10)։ Չափէն աւելի ուտելը եւ չափէն աւելի խմելը, որոնք երկուքն ալ մեր կեանքին վնաս կը հասցնեն, Աստուածաշունչին մէջ դատապարտուած են (Առ. 23։20, ԱԾ)։ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ինքնազսպում ունենանք, երբ պիտի որոշենք ի՛նչ եւ որքա՛ն պիտի ուտենք եւ խմենք (Ա. Կոր. 6։12. 9։25

7. Առակաց 2։11–ին մէջ եղող խրատը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ մեր առողջութեան վերաբերեալ լաւ որոշումներ առնենք։

7 Կրնանք առնել որոշումներ, որոնք ցոյց կու տան որ Աստուծոյ տուած նուէրը՝ կեանքը կը գնահատենք, երբ մեր մտածելու կարողութիւնը կը գործածենք (Սաղ. 119։99, 100. կարդա՛ Առակաց 2։11)։ Օրինակ, մեր ուտելիքը ընտրելու ատեն, լաւ դատողութիւն կը գործածենք։ Եթէ որոշ ուտելիք մը կը սիրենք, բայց գիտենք որ ատիկա մեզ պիտի անհանգստացնէ, մեր տրամաբանութիւնը մեզ կը մղէ որ անիկա չուտենք։ Ասկէ զատ, ցոյց կու տանք որ խելացի ենք, երբ բաւարար չափով կը քնանանք, կանոնաւորաբար մարզանք կ’ընենք եւ միշտ մենք մեզ եւ մեր տունը մաքուր կը պահենք։

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆԴ ՈՒՇԱԴԻՐ ԵՂԻՐ

8. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ ապահովութեան շուրջ Աստուծոյ մտածելակերպին մասին։

8 Իսրայէլ ազգին տրուած Եհովային Օրէնքին մէջ կային ուղղութիւններ, որոնք պիտի օգնէին որ տան մէջ կամ գործի մէջ լուրջ արկածներ տեղի չունենային (Ել. 21։28, 29. Բ. Օր. 22։8)։ Այն անձը, որ առանց ուզելու մէկը մեռցնէր, լուրջ հետեւանքներ կը կրէր (Բ. Օր. 19։4, 5)։ Օրէնքը կը պահանջէր որ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք առանց ուզելու չծնած մանուկի մը վնաս հասցնէին, պատժուէին (Ել. 21։22, 23)։ Սուրբ Գրութիւնները յստակ կը դարձնեն, որ Եհովան կ’ուզէ որ մենք ուշադիր ըլլանք ապահովութեան նկատմամբ։

Ինչպէ՞ս կրնանք այս պարագաներուն կեանքի հանդէպ յարգանք ցոյց տալ (տե՛ս պարբ. 9)

9. Արկածներու չհանդիպելու համար, ի՞նչ բաներէ կը զգուշանանք (տե՛ս նաեւ նկարները)։

9 Տան մէջ եւ գործի մէջ ապահովութեան ուշադիր ըլլալով ցոյց կու տանք, որ մենք Աստուծոյ տուած թանկագին նուէրը կը գնահատենք։ Օրինակի համար, մէջտեղերը չենք ձգեր սուր առարկաներ, թունաւոր նիւթեր կամ դեղեր։ Հապա ասոնք տեղ մը կը դնենք, ուր պզտիկները չեն կրնար հասնիլ։ Նաեւ զգոյշ ենք, երբ գործ կ’ունենանք կրակի հետ, տաք հեղուկներու հետ ու վտանգաւոր գործիքներու հետ։ Եւ ատոնք մէջտեղերը չենք ձգեր։ Երբ դեղ առած ենք, խմիչք խմած ենք կամ լաւ չենք պառկած, ինքնաշարժ չենք քշեր, ոչ ալ քշած ժամանակ հեռաձայնով կը զբաղինք։

ԵՐԲ ՓՈՐՁԱՆՔՆԵՐ ՊԱՏԱՀԻՆ

10. Ի՞նչ կրնանք ընել աղէտէ մը առաջ եւ անոր ընթացքին։

10 Ատեններ չենք կրնար փորձանքներու արգելք ըլլալ, մանաւանդ՝ երբ բնական աղէտներ, համաճարակներ եւ վայրագ կռիւներ ըլլան։ Բայց այսպիսի պարագաներէ ազատելու հաւանականութիւնը կ’աւելնայ, եթէ հնազանդինք կառավարութեան տուած ուղղութիւններուն, ինչպէս՝ շրջանէն հեռանալ (Հռով. 13։1, 5-7)։ Կարգ մը վտանգներ թերեւս առաջուընէ գիտնանք, անոր համար լաւ կ’ըլլայ որ հետեւինք կառավարութեան տուած ուղղութիւններուն, որպէսզի աղէտի մը պատրաստուինք։ Օրինակ, կրնանք մեր տան մէջ աւելորդ ջուր եւ տուփեղէններ պահել, ինչպէս նաեւ շտապ օգնութեան պայուսակ ունենալ։

11. Երբ վարակիչ հիւանդութիւն մը տարածուի, ի՞նչ պէտք է պատրաստ ըլլանք ընելու։

11 Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ մեր ապրած շրջանին մէջ համաճարակ մը տարածուի։ Պէտք է հնազանդինք օրէնքներուն, ինչպէս՝ մեր ձեռքերը լաւ լուալ, հեռաւորութիւն պահել, դիմակ դնել եւ վարակուելու պարագային տունէն դուրս չելլել։ Այս մարզերուն մէջ մեր հնազանդութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեծապէս կը գնահատենք Աստուծոյ տուած կեանքի նուէրը։

12. Առակաց 14։15–ին մէջ եղող սկզբունքը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ ընտրենք թէ ո՛ր տեղեկութիւններուն պիտի հաւատանք՝ երբ փորձանքներ պատահին։

12 Անակնկալ դէպքերու պարագային, սխալ տեղեկութիւններ կրնան տարածուիլ բարեկամներու, դրացիներու եւ լրատուամիջոցներու միջոցաւ։ Փոխանակ մեր լսած «ամէն խօսքի» հաւատալու, լաւ կ’ըլլայ որ կառավարական եւ բժշկական ամենավստահելի աղբիւրներուն դիմենք (կարդա՛ Առակաց 14։15)։ Կառավարիչ մարմինը եւ մասնաճիւղերը շա՛տ ջանք կը թափեն, որ ճիշդ տեղեկութիւններ գիտնան, առա՛ջ որ ժողովներու եւ քարոզչութեան նկատմամբ ուղղութիւններ տան (Եբ. 13։17)։ Անոնց հետ համագործակցելով՝ թէ՛ մենք մեզ կը պաշտպանենք եւ թէ ուրիշները։ Նաեւ շրջանին մէջ ժողովքին համբաւը լաւ կերպով կ’ազդուի (Ա. Պետ. 2։12

ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԻՐ ԱՐԻՒՆԷ ԵՏ ԿԵՆԱԼՈՒ

13. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, որ Աստուծոյ տուած կեանքի նուէրը կը գնահատենք՝ երբ հարցը կը վերաբերի արեան։

13 Եհովայի վկաները ճանչցուած են որ արիւնը սուրբ կը նկատեն։ Մենք արիւնի նկատմամբ Եհովայի օրէնքին կը հնազանդինք՝ մերժելով արեան ներարկումը, նոյնիսկ երբ բժշկական անակնկալ պարագայի մէջ ըլլանք (Գործք 15։28, 29)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ կ’ուզենք մեռնիլ։ Ո՛չ, ընդհակառակը։ Մենք Աստուծոյ տուած կեանքի նուէրը կը գնահատենք։ Մենք կը դիմենք բժշկական այն մասնագէտներուն, որոնք պատրաստ են մեզի լաւ որակի հոգատարութիւն տալու՝ առանց արեան ներարկումի։

14. Ինչպէ՞ս կրնանք բժշկական լուրջ պարագայի մը առջեւ գտնուելու հաւանականութիւնը նուազեցնել։

14 Այս յօդուածին մէջ նախապէս ըսուած առողջապահական թելադրութիւններուն հետեւելով, բժշկական լուրջ պարագայի մը առջեւ գտնուելու հաւանականութիւնը կը նուազեցնենք։ Ո՛րքան աւելի առողջ ըլլանք, ա՛յնքան աւելի պիտի տոկանք գործողութեան ընթացքին եւ անկէ վերջ։ Ասկէ զատ, անակնկալ գործողութիւններու առաջքը կրնանք առնել, մեր տան եւ գործին մէջ վտանգ պատճառող բաները վերցնելով եւ երթեւեկի օրէնքներուն լման կերպով հնազանդելով։

Քանի՛ որ կեանքի նուէրը կ’արժեւորենք, Մնայուն փոխանորդագիր մը կը լեցնենք եւ անիկա ամէն ժամանակ մեր հետը կ’առնենք (տե՛ս պարբ. 15) c

15. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ բժշկական Մնայուն փոխանորդագիր կրենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Ինչպէս որ վիտէոն ցոյց կու տայ, ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել արեան բժշկական գործածութեան նկատմամբ։

15 Նաեւ, քանի՛ որ կեանքի նուէրը կը գնահատենք, կը լեցնենք բժշկական Մնայուն փոխանորդագիր մը (բժշկական կանխայայտ ցուցմունք), եւ անիկա ամէն ժամանակ մեզի հետ կը ձգենք։ Այս փաստաթուղթին միջոցաւ, արեան ներարկումի եւ ուրիշ բժշկական դարմանումներու մասին մեր փափաքը կը բացատրենք։ Արեան քարտը կամ Մնայուն փոխանորդագիրը լեցուցա՞ծ ես։ Եթէ պէտք ունիս որ նոր քարտ մը լեցնես կամ նորոգես, շատ արագ գործի անցիր։ Մեր փափաքները գրի առնելով, պիտի օգնենք որ մեզի տրուելիք դարմանումը չուշանայ։ Նաեւ, օգնած պիտի ըլլանք բժիշկներուն, որպէսզի անհասկացողութիւններ չըլլան եւ մեզի վնաս չգայ b։

16. Եթէ վստահ չենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Մնայուն փոխանորդագիր մը լեցնել, ի՞նչ կրնանք ընել։

16 Որքա՛ն ալ երիտասարդ կամ առողջ ըլլանք, բոլորս ալ կրնանք արկածներու հանդիպիլ կամ հիւանդանալ (Ժող. 9։11)։ Անոր համար իմաստութիւն պիտի ըլլայ, որ Մնայուն փոխանորդագիր մը լեցնենք։ Եթէ վստահ չես թէ ինչպէ՛ս կրնաս լեցնել այս փաստաթուղթը, ժողովքիդ երէցներուն օգնութիւնը խնդրէ։ Անոնք քեզի պիտի օգնեն որ գիտնաս ինչպէ՛ս լեցնել այս փաստաթուղթը, բայց քու տեղդ որոշումներ պիտի չառնեն։ Անիկա քու պատասխանատուութիւնդ է (Գաղ. 6։4, 5)։ Բայց անոնք կրնան քեզի օգնել որ հասկնաս, թէ ի՛նչ ընտրութիւններ ունիս եւ քու փափաքներդ գրի առնես։

ԽՈՀԵՄ ԵՂԻՐ

17. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ առողջապահական հարցերու մէջ խոհեմութեամբ կը վարուինք։

17 Առողջութեան եւ բժշկական դարմանումներու հետ կապուած մեր շատ մը որոշումները հիմնուած են Աստուածաշունչով մարզուած մեր խիղճին վրայ (Գործք 24։16. Ա. Տիմ. 3։9)։ Երբ որոշումներ կ’առնենք եւ անոնց մասին կը խօսինք ուրիշներու հետ, լաւ կ’ըլլայ Փիլիպպեցիս 4։5–ին մէջ եղող սկզբունքը նկատի առնենք. «Ձեր խոհեմութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ» (ՆԱ)։ Երբ խոհեմութեամբ կը վարուինք, չափէ դուրս չենք մտահոգուիր մեր առողջութեամբ, ոչ ալ ուրիշները կը ճնշենք որ մեր տեսակէտը ունենան։ Մենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք ու կը յարգենք, նոյնիսկ եթէ իրենց առած որոշումները մերիններէն տարբեր են (Հռով. 14։10-12

18. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ կեանքի նուէրը կը գնահատենք։

18 Եհովային՝ կեանքի Աղբիւրին՝ հանդէպ մեր գնահատանքը ցոյց կու տանք, երբ մեր կեանքին ուշադրութիւն կ’ընենք եւ իրեն մեր լաւագոյնը կու տանք (Յայտ. 4։10բ)։ Հիմակուհիմա, պիտի ըլլա՛ն հիւանդութիւններ եւ փորձանքներ։ Բայց ասիկա այն կեանքը չէ որ մեր Ստեղծիչը մեզի համար կ’ուզէր։ Ան շատ մօտ ատենէն մեզի պիտի տայ յաւիտենական կեանք, ուր ցաւ ու մահ չկան (Յայտ. 21։4)։ Մինչ այդ, ի՜նչ աղուոր բան է ողջ ըլլալ եւ մեր հոգատար Հօր՝ Եհովային՝ ծառայել։

ԵՐԳ 55 Վե՛րջապէս կեանքն անվերջ

a Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ տուած նուէրին՝ կեանքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը շատնայ։ Պիտի տեսնենք կարգ մը քայլեր, որոնք կրնանք առնել՝ պաշտպանելու համար մեր առողջութիւնը եւ կեանքը՝ երբ աղէտ մը հարուածէ, ինչպէս նաեւ արկածներուն հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի բժշկական անակնկալ պարագայի մը պատրաստ ըլլանք։

c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երիտասարդ եղբայր մը իր Մնայուն փոխանորդագիրը կը լեցնէ եւ վստահ կ’ըլլայ որ անիկա հետը առնէ։