Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 8

«Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք»

«Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք»

«Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք» (Ա. ՊԵՏ. 5։8

ԵՐԳ 24 Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Աշխարհիս վերջը ե՛րբ գալու նկատմամբ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ ըսաւ, եւ ի՞նչ զգուշացում տուաւ։

 ՅԻՍՈՒՍԻ մահէն մի քանի օր առաջ իր չորս աշակերտները իրեն հարցուցին. «Աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։3)։ Հաւանաբար այս աշակերտները հարց կու տային, որ ինչպէ՛ս պիտի գիտնային հրէական դրութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէր։ Իր պատասխանին մէջ Յիսուս ոչ միայն խօսեցաւ հրէական դրութեան վերջին մասին, հապա նաեւ խօսեցաւ հիմա մեր ապրած ‘աշխարհին վերջին’ մասին։ Խօսելով թէ վերջը ե՛րբ պիտի ըլլայ, Յիսուս ըսաւ. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը»։ Ետքը, իր բոլոր աշակերտները զգուշացուց որ ‘արթուն մնան’ եւ ‘արթուն կենան’ (Մար. 13։32-37

2. Ինչու՞ կարեւոր էր որ հրէական դրութեան մէջ ապրողները արթուն մնային։

2 Առաջին դարու հրեայ քրիստոնեաները պէտք էր արթուն մնային, որովհետեւ իրենց կեանքը անկէ կախեալ էր։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, թէ ի՛նչ բանի պէտք էր ուշադիր ըլլային՝ գիտնալու համար որ հրէական դրութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէր։ Ան ըսաւ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է»։ Այն ատեն, անոնք պէտք էր ընէին Յիսուսին ըսածը, որ էր ‘լեռները փախչիլ’ (Ղուկ. 21։20, 21)։ Անոնք որոնք իր խօսքը մտիկ ըրին ազատեցան, երբ հռոմայեցիները Երուսաղէմը կործանեցին։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Այսօր մենք կ’ապրինք այս չար աշխարհի վերջին ժամանակին մէջ։ Ուրեմն պէտք է արթուն մնանք եւ հսկենք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հաւասարակշռուած ըլլալ՝ մինչ ուշի–ուշով կը հետեւինք աշխարհի դէպքերուն, ինչպէ՛ս կրնանք մենք մեզի ուշադիր ըլլալ, եւ ինչպէ՛ս կրնանք մնացեալ ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել։

ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԵՂԻՐ ԵՐԲ ԱՇԽԱՐՀԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՍ

4. Ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք, թէ ներկայ աշխարհի դէպքերը ինչպէ՛ս կը կատարեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները։

4 Լաւ պատճառներ ունինք հետաքրքրուելու, թէ ներկայ աշխարհի դէպքերը ինչպէ՛ս կը կատարեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը։ Օրինակ, Յիսուս ետեւ–ետեւի նշեց մասնաւոր դէպքեր, որոնք մեզի կ’օգնեն գիտնալու որ Սատանայի աշխարհին վերջը կը մօտենայ (Մատ. 24։3-14)։ Պետրոս առաքեալ մեզ քաջալերեց որ մարգարէութեան կատարումին ուշադրութիւն ընենք, որպէսզի մեր հաւատքը զօրաւոր մնայ (Բ. Պետ. 1։19-21)։ Իսկ Աստուածաշունչին վերջին գիրքը կը սկսի այս խօսքերով. «Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (Յայտ. 1։1)։ Անոր համար մենք այսօր շատ հետաքրքրուած ենք գիտնալու, թէ ներկայիս աշխարհին մէջ ի՛նչ դէպքեր կը պատահին եւ թէ անոնք թերեւս ինչպէ՛ս կը կատարեն աստուածաշնչական մարգարէութիւնները։ Եւ թերեւս ուզենք այս դէպքերուն մասին խօսիլ ուրիշներուն հետ։

Երբ աստուածաշնչական մարգարէութիւններուն մասին կը խօսինք, ի՞նչ բան պէտք չէ ընենք եւ ի՞նչ բան պէտք է ընենք (տե՛ս պարբ. 5) b

5. Ի՞նչ բան պէտք չէ ընենք, եւ ի՞նչ բան պէտք է ընենք (տե՛ս նաեւ նկարները)։

5 Երբ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն մասին կը խօսինք, պէտք չէ ենթադրութիւններ ընենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չենք ուզեր ըսել բան մը, որ կրնայ ժողովքին միութիւնը խանգարել։ Օրինակի համար, թերեւս լսենք որ աշխարհի առաջնորդները կը խօսին թէ ինչպէ՛ս որոշ խնդիր մը պիտի լուծեն եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն բերեն։ Փոխանակ ենթադրելու որ այս խօսքը կը կատարէ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի մարգարէութիւնը, պէտք է որ հրատարակուած վերջին տեղեկութիւններուն հետ քայլ պահենք։ Երբ մեր խօսակցութիւնները հիմնուին Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ հրատարակուած նիւթերուն վրայ, ժողովքին կ’օգնենք որ միացած մնայ ‘մէկ մտքի վրայ’ (Ա. Կոր. 1։10. 4։6

6. Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ Բ. Պետրոս 3։11-13–էն։

6 Կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։11-13։ Պետրոս առաքեալ մեզի կ’օգնէ որ հաւասարակշռուած մնանք, երբ որ աստուածաշնչական մարգարէութիւններուն մասին կը մտածենք։ Ան կը քաջալերէ որ մեր մտքին մէջ ‘Աստուծոյ օրուան գալը’ արագացնենք։ Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ քանի որ կ’ուզենք գիտնալ թէ ո՛ր ‘օրը եւ ժամուն’ Եհովան Արմագեդոնը պիտի բերէ, հապա քանի որ կ’ուզենք մնացած ժամանակը գործածել «սուրբ վարմունք ու բարեպաշտութիւն» ցոյց տալու (Մատ. 24։36. Ղուկ. 12։40)։ Ուրիշ խօսքով, մենք կ’ուզենք ճիշդ կերպով վարուիլ եւ վստահ ըլլալ որ ամէն ինչ որ կ’ընենք Եհովայի ծառայութեան մէջ, կ’ընենք քանի որ զինք կը սիրենք։ Բայց ատոր վրայ կեդրոնացած մնալու համար, պէտք է որ մենք մեզի ուշադիր ըլլանք։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵՆՔ ՄԵԶԻ ՈՒՇԱԴԻՐ ԸԼԼԱԼ

7. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք որ մենք մեզի ուշադիր ենք (Ղուկաս 21։34

7 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ ուշադիր ըլլան՝ ոչ միայն աշխարհի դէպքերուն, հապա նաեւ իրենք իրենց։ Այս կէտը յստակ կը դառնայ այն զգուշացումին մէջ, որ կը գտնենք Ղուկաս 21։34ին մէջ (կարդա՛)։ Հոն Յիսուս ըսաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն»։ Այն անհատը որ կը զգուշանայ իր անձին՝ կամ ինքնիրեն ուշադիր կ’ըլլայ, կը տեսնէ այն վտանգները, որոնք Եհովային հետ իր ունեցած փոխյարաբերութեան գէշ կերպով կ’ազդեն, եւ պէտք եղած քայլերը կ’առնէ, որ անոնցմէ հեռու մնայ։ Այսպիսով, ան Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը մնայ (Առ. 22։3. Յդ. 20, 21

8. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ տուաւ քրիստոնեաներուն։

8 Պօղոս առաքեալն ալ քրիստոնեաներուն խրատ տուաւ, որ իրենք իրենց անձերուն ուշադիր ըլլան։ Օրինակի համար, ան Եփեսացի քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս» (Եփ. 5։15, 16)։ Մեր հոգեւորութիւնը միշտ վտանգի տակ է, ատոր համար Աստուածաշունչը մեզի խրատ կու տայ, որ ‘իմանանք թէ ի՛նչ է Տէրոջը կամքը’, որպէսզի կրնանք որեւէ մէկ տեսակ վտանգի հետ գլուխ ելլել (Եփ. 5։17

9. Ինչպէ՞ս կը հասկնանք որ մեզի համար Եհովայի կամքը ինչ է։

9 Սուրբ Գիրքը չի յիշեր ամէն մէկ վտանգ, որ կրնայ Եհովային հետ մեր բարեկամութեան գէշ կերպով ազդել։ Շատ անգամ մենք պէտք է առնենք որոշումներ, որոնց մասին Սուրբ Գիրքը ուղղակիօրէն չի խօսիր։ Իմաստուն որոշումներ առնելու համար, պէտք է որ գիտնանք թէ ի՛նչ է «Տէրոջը կամքը»։ Ասիկա կրնանք ընել կանոնաւորաբար Աստուծոյ խօսքը սերտելով եւ անոր վրայ խոկալով։ Ո՛րքան աւելի Եհովային կամքը հասկնանք եւ «Քրիստոսին միտքը» ունենանք, ա՛յնքան աւելի «իմաստուններու պէս» պիտի քալենք, նոյնիսկ երբ մասնաւոր օրէնքներ չկան թէ ի՛նչ կերպով պէտք է վարուինք (Ա. Կոր. 2։14-16)։ Կարգ մը վտանգներ դիւրին է տեսնել, իսկ ուրիշ վտանգներ՝ դժուար։

10. Ի՞նչ կարգ մը վտանգներէ զգոյշ պէտք է ըլլանք։

10 Կարգ մը վտանգներ, որոնցմէ ուշադիր պէտք է ըլլանք, ասոնք են. անլուրջ սիրախօսութիւն, չափէն աւելի խմել, չափէն աւելի ուտել, վիրաւորական խօսքեր ըսել, ինչպէս նաեւ՝ վայրագ ժամանց, պոռնկագրութիւն եւ ասոնց պէս բաներ (Սաղ. 101։3)։ Մեր թշնամին՝ Բանսարկուն, միշտ առիթներ կը փնտռէ որ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս հասցնէ (Ա. Պետ. 5։8)։ Եթէ արթուն չենք, Սատանան կրնայ մեր սրտին եւ մտքին մէջ ցանել նախանձի, անպարկեշտութեան, ագահութեան, ատելութեան, հպարտութեան եւ ոխակալութեան սերմեր (Գաղ. 5։19-21)։ Սկիզբը ասոնք կրնան զօրաւոր չըլլալ, բայց եթէ շուտով քայլեր չառնենք որ ասոնք մեր սրտէն դուրս հանենք, անոնք պիտի շարունակեն աճիլ թունաւոր բոյսի մը պէս եւ խնդիրներ պիտի հանեն (Յակ. 1։14, 15

11. Ի՞նչ խորամանկ վտանգ մը կայ, որմէ պէտք է հեռու մնանք, եւ ինչո՞ւ։

11 Խորամանկ վտանգ մըն է՝ չար ընկերակցութիւնը։ Նկատի առ այս պարագան։ Դուն կ’աշխատիս մէկու մը հետ, որ քու հաւատալիքներդ չունի։ Կ’ուզես որ ան լաւ տպաւորութիւն կազմէ Եհովայի վկաներուն մասին, անոր համար իրեն հետ ազնիւ կերպով կը վարուիս եւ իրեն կ’օգնես։ Ատեն–ատեն իրեն հետ կը ճաշես։ Քիչ ժամանակ ետք, կը սկսիս ասիկա միշտ ընել։ Ասկէ զատ, սկիզբը խօսակցութեան մէջ ատեն–ատեն անբարոյ նիւթեր կը դառնան եւ դուն կը փորձես անոնք անտեսել։ Ժամանակի ընթացքին, այդ խօսակցութեան այնքա՛ն կը վարժուիս, որ այլեւս ատիկա քեզ չի նեղացներ։ Եւ օր մըն ալ, գործընկերդ քեզ կը հրաւիրէ որ գործէն ետք իրեն հետ գաւաթ մը առնես, եւ դուն կ’ընդունիս։ Շատ չանցած, կը սկսիս իրեն պէս մտածել։ Եւ այլեւս քեզի համար շատ դիւրին է որ իրեն պէս վարուիս։ Անշուշտ մենք բոլորին հետ ազնիւ կերպով եւ յարգանքով կը վարուինք, բայց պէտք է յիշենք որ անոնք, որոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք, շատ զօրաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր վրայ (Ա. Կոր. 15։33)։ Եթէ մենք մեզի ուշադիր ըլլանք, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ որ ընենք, պիտի չընկերակցինք անոնց, որոնք Եհովայի չափանիշներուն համաձայն չեն ապրիր (Բ. Կոր. 6։15)։ Մենք վտանգը պիտի տեսնենք եւ անկէ հեռու պիտի մնանք։

ԺԱՄԱՆԱԿԴ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿԵՐՊՈՎ ԳՈՐԾԱԾԷ

12. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ պէտք էր ընէին, մինչ կը սպասէին այս աշխարհին վերջը։

12 Յիսուսի աշակերտները պէտք չէր ձեռքերնին ծալած նստէին, մինչ կը սպասէին այս աշխարհին վերջը։ Ան իրենց պատուէր տուաւ որ բարի լուրը քարոզեն «Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։6-8)։ Յիսուսի հետեւորդները ի՜նչ մեծ նշանակում մը ստացան։ Եւ ատոր հոգ տանելով, անոնք իրենց ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածեցին։

13. Ինչո՞ւ պէտք է մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածենք (Կողոսացիս 4։5

13 Կարդա՛ Կողոսացիս 4։5։ Մենք մեզի ուշադիր ըլլալու համար, պէտք է որ տեսնենք թէ մեր ժամանակը ինչպէ՛ս կը գործածենք։ «Ժամանակ ու դիպուած» բոլորիս կը պատահին (Ժող. 9։11)։ Մեր կեանքը կրնայ անակնկալօրէն վերջ գտնել։

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել (տե՛ս պարբ. 14-15)

14-15. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել (Եբրայեցիս 6։11, 12) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով կը գործածենք՝ Եհովային կամքը ընելով եւ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնելով (Յովհ. 14։21)։ Պէտք է ‘հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կենանք եւ ամէն ատեն աւելնանք Տէրոջը գործին մէջ’ (Ա. Կոր. 15։58)։ Այն ատեն, երբ վերջը գայ,– ըլլա՛յ ատիկա մեր կեանքին վերջը կամ այս չար աշխարհին վերջը,– պիտի չզղջանք (Մատ. 24։13. Հռով. 14։8

15 Ներկայիս, Յիսուս կը շարունակէ իր աշակերտները առաջնորդել, մինչ անոնք ամբողջ աշխարհի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը քարոզեն։ Յիսուս իր բաժինը ըրած է։ Եհովայի կազմակերպութեան միջոցաւ, ան մեզ կը մարզէ որ քարոզենք եւ մեզի կու տայ գործիքներ, որոնց պէտք ունինք բարի լուրը քարոզելու համար (Մատ. 28։18-20)։ Իսկ մենք մեր բաժինը կ’ընենք՝ քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ ժրաջան ըլլալով, ինչպէս նաեւ արթուն մնալով՝ մինչ կը սպասենք որ Եհովան այս աշխարհին վերջը բերէ։ Եբրայեցիս 6։11, 12ի խրատը գործադրելով մեր յոյսը հաստատ պիտի բռնենք մինչեւ վերջ (կարդա՛

16. Ի՞նչ վճռած ենք ընել։

16 Եհովան որոշած է այն օրն ու ժամը՝ երբ Սատանայի աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Երբ այդ օրը գայ, Եհովան անպայման պիտի կատարէ իր Խօսքին մէջ յիշուած մարգարէութիւնները։ Մինչ այդ, ատեններ թերեւս այնպէս մը երեւնայ, որ այս աշխարհին վերջը գալու կ’ուշանայ, բայց եւ այնպէս Եհովային օրը «պիտի չուշանայ» (Ամբ. 2։3, ԱԾ)։ Ուրեմն, վճռենք ‘Տէրոջը սպասել’ եւ ‘մեր փրկութեան Աստուծոյն յուսալ’ (Միք. 7։7

ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ

a Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հոգեւորապէս հաւասարակշռուած ըլլալ եւ արթուն մնալ։ Ասկէ զատ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մենք մեզի ուշադիր ըլլալ եւ մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել։

b ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. (Վերը) Զոյգ մը լուրերը կը դիտէ, եւ ետքը ժողովքային հանդիպումէ մը ետք, իրենց դիտած լուրերուն իմաստին մասին զօրաւոր կարծիքներ կը յայտնեն։ (Վարը) Զոյգ մը Կառավարիչ մարմինին տեղեկագիրը կը դիտէ, որպէսզի քայլ պահեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն վերջին հասկացողութեան հետ։ Անոնք հաւատարիմ ծառային կողմէ պատրաստուած աստուածաշնչական հրատարակութիւնները կը ներկայացնեն։