Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Գտի՛ր հոգեւոր գոհարներ, որոնք կրնաս գործադրել

Գտի՛ր հոգեւոր գոհարներ, որոնք կրնաս գործադրել

Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք, կրնանք պրպտում ընելով հոգեւոր գոհարներ փնտռել։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք աւելի օգտուիլ մեր պրպտումէն։

Աւելի՛ պրպտէ Սուրբ Գիրքի դէպքերուն մանրամասնութիւնները։ Օրինակ, տե՛ս թէ որոշ հատուած մը ո՛վ գրեց, որո՛ւ ուղղեց եւ ե՛րբ գրեց։ Ատիկա ի՞նչ պայմաններու տակ գրուեցաւ, այդ դէպքէն առաջ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ատկէ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։

Մտածէ թէ ի՛նչ դասեր կրնաս սորվիլ՝ պրպտում ընելով այսպիսի հարցումներու մասին. ‘Դէպքին մէջի անձերը ի՞նչ զգացին։ Անոնք ի՞նչ յատկութիւններ ունէին։ Ինչո՞ւ պէտք չէ կամ պէտք է այդ յատկութիւնները ունենամ’։

Սորված դասերդ գործադրէ ծառայութեան մէջ կամ երբ մարդոց հետ գործ կ’ունենաս։ Այսպիսով իմաստուն պիտի ըլլաս, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ» (Սաղ. 107։43

  • Առաջարկ. Նկատէ թէ միջշաբաթային ժողովին «Աստուծոյ խօսքէն գանձեր» բաժինը մեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ մտածելու, որ գիտնանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր սորվածները գործադրել։ Այս բաժինին մէջ միշտ կան հարցումներ՝ որոնք մենք մեզի կրնանք հարցնել, կէտեր՝ որոնց վրայ կրնանք խոկալ, եւ նկարներ՝ որոնց մասին կրնանք մտածել։