Կառավարիչ մարմինի երկու նոր անդամներ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 18 յունուար 2023–ին, յայտարարութիւն մը երեւցաւ jw.org կայքին վրայ, ուր ըսուեցաւ որ եղբայր Կէյճ Ֆլիկըլը եւ եղբայր Ճէֆրի Ուայնտըրը նշանակուեցան որպէս Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի անդամներ։ Այս երկու եղբայրները երկա՜ր տարիներէ ի վեր հաւատարմօրէն կը ծառայեն Եհովային։
Եղբայր Ֆլիկըլը մեծցաւ արեւմտեան Փէնսիլվանիոյ մէջ (ԱՄՆ), Եհովայի վկայ ընտանիքի մը մէջ։ Երբ պատանի էր, իր ընտանիքը փոխադրուեցաւ պզտիկ գիւղաքաղաք մը, ուր քարոզիչներու աւելի պէտքը կար։ Անկէ քիչ ետք ան մկրտուեցաւ՝ 20 նոյեմբեր, 1988–ին։
Եղբայր Ֆլիկըլին ծնողքը միշտ զինք կը քաջալերէր, որ լիաժամ ծառայութեան սկսի։ Շատ անգամ, անոնք իրենց տունը կը հրաւիրէին շրջանային տեսուչներ եւ բեթէլականներ, եւ եղբայր Ֆլիկըլը կը տեսնէր, որ անոնք որքա՜ն ուրախ էին։ Իր մկրտութենէն ժամանակ մը ետք՝ 1 սեպտեմբեր 1989–ին, ան կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Երկու տարի ետք, ան հասաւ իր նպատակին, որ դրած էր երբ 12 տարեկան էր. Բեթէլին մէջ ծառայել։ Հոկտեմբեր 1991–ին, ան սկսաւ Պրուքլինի Բեթէլին մէջ ծառայել։
Բեթէլին մէջ, եղբայր Ֆլիկըլը ութ տարի ծառայեց կազմատան մէջ, որմէ ետք ան նշանակուեցաւ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ։ Այդ միջոցին, ան քանի մը տարի ծառայեց ռուսախօս ժողովքի մը մէջ։ 2006–ին, ան ամուսնացաւ Նատիային հետ, որ իրեն միացաւ Բեթէլի ծառայութեան մէջ։ Անոնք միասնաբար ծառայեցին փորթուգալական դաշտին մէջ եւ աւելի քան տասը տարի ալ սպանական դաշտին մէջ։ Երկար տարիներ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ ծառայելէ ետք, եղբայր Ֆլիկըլը նշանակուեցաւ որ ծառայէ Ուսուցումի յանձնախումբի գրասենեակին մէջ, իսկ ետքը՝ Ծառայութեան յանձնախումբի գրասենեակին մէջ։ Մարտ 2022–ին, ան որպէս օգնական նշանակուեցաւ Կառավարիչ մարմինի Ծառայութեան յանձնախումբին մէջ։
Եղբայր Ուայնտըրը մեծցած է Մուրիէթայի մէջ, Քալիֆորնիա (ԱՄՆ)։ Իր ծնողքը զինք ճշմարտութեան մէջ մեծցուց, եւ ան 29 մարտ 1986–ին մկրտուեցաւ։ Յաջորդ ամիսը, ան որոշեց օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ, եւ այդ ծառայութիւնը այնքա՛ն սիրեց որ ուզեց շարունակել։ Քանի մը ամիս օժանդակ ռահվիրայ ըլլալէ ետք, ան 1 հոկտեմբեր 1986–ին կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։
Երբ պատանի էր, եղբայր Ուայնտըր այցելեց իր երկու եղբայրներուն, որոնք այդ ժամանակ Բեթէլին մէջ կը ծառայէին։ Այս այցելութիւնը իր մէջ փափաք արթնցուց, որ երբ մեծնայ՝ ինքն ալ Բեթէլին մէջ ծառայէ։ Մայիս 1990–ին, ան հրաւիրուեցաւ որ ծառայէ Բեթէլին մէջ (Ուոլգիլ)։
Բեթէլին մէջ, եղբայր Ուայնտըրը տարբեր–տարբեր բաժանմունքներու մէջ ծառայեց. օրինակ՝ Մաքրութեան բաժանմունքը, Ագարակի բաժանմունքը եւ Բեթէլի Գրասենեակը։ 1997–ին, ան Էնճըլային հետ ամուսնացաւ, եւ այդ թուականէն ի վեր անոնք միասին կը ծառայեն Բեթէլին մէջ։ 2014–ին, անոնք փոխադրուեցան Ուորուիք, ուր եղբայր Ուայնտըրը մասնակցեցաւ կեդրոնատեղիի շինարարութեան։ 2016–ին, անոնք փոխադրուեցան Դիտարանի կրթական կեդրոնը՝ Փէթըրսընի մէջ, ուր եղբայր Ուայնտըրը ծառայեց Լսատեսողական ծառայութիւններու բաժանմունքին մէջ։ Չորս տարի ետք, անոնք ետ Ուորուիք վերադարձան, ուր եղբայր Ուայնտըրը նշանակուեցաւ որ ծառայէ Անձնակազմի յանձնախումբին մէջ։ Մարտ 2022–ին, ան որպէս օգնական նշանակուեցաւ Կառավարիչ մարմինի Անձնակազմի յանձնախումբին մէջ։
Կ’աղօթենք որ Եհովան առատապէս օրհնէ այս տղամարդիկը, որոնք «պարգեւներ» են, մինչ անոնք կը շարունակեն ծանր աշխատիլ, որ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանին (Եփ. 4։8)։