Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այս աշխարհին մարդոց պէս անձնասէր մի՛ ըլլար

Այս աշխարհին մարդոց պէս անձնասէր մի՛ ըլլար

ՆԿԱՏԱ՞Ծ ես որ այսօր շատեր կը կարծեն, որ ուրիշներ պէտք է յատուկ կերպով վարուին իրենց հետ կամ ալ յատուկ իրաւունքներ կամ առանձնաշնորհումներ տան իրենց։ Անոնք որքա՛ն ալ առնեն, կը զգան որ աւելիին արժանի են։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մարդիկ իրապէս ալ «անձնասէր» եւ «ապերախտ» են, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը մարգարէացած է այս վերջին օրերուն մասին (Բ. Տիմ. 3։2

Անշուշտ, միշտ եղած են անձնասէր մարդիկ։ Օրինակ, Ադամն ու Եւան ուզեցին որ իրե՛նք իրաւունքը ունենան որոշելու թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ, եւ մենք բոլորս իրենց պատճառով կը չարչարուինք։ Դարեր ետք, Յուդայի Ոզիա թագաւորը կարծեց, որ ինք իրաւունքը ունէր տաճարին մէջ խունկ վառելու, բայց շատ կը սխալէր (Բ. Մն. 26։18, 19)։ Փարիսեցիներն ու սադուկեցիներն ալ կը կարծէին, որ Աստուած պէտք է ուրիշներէն աւելի յատուկ կերպով վարուի իրենց հետ, պարզապէս քանի որ Աբրահամին սերունդն են (Մատ. 3։9

Մեր շուրջը շատ անձնասէր մարդիկ կան, եւ մենք կրնանք անոնցմէ ազդուիլ (Գաղ. 5։26)։ Թերեւս սկսինք մտածել, թէ իրաւունքը ունինք որոշ առանձնաշնորհում մը ստանալու, կամ թէ պէտք է որ մարդիկ յատուկ կերպով վարուին մեզի հետ։ Լաւ, ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ այս մարդոց պէս չըլլանք։ Նախ, պէտք է որ Եհովային կարծիքը առնենք ասոր շուրջ։ Սուրբ Գիրքի երկու սկզբունքներ մեզի պիտի օգնեն։

Եհովային կ’իյնայ որոշելը որ ի՛նչ բան պէտք է ստանանք։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

  • Ընտանիքին մէջ, ամուսինը կ’ուզէ զգալ որ իր կինը զինք կը յարգէ, իսկ կինը կ’ուզէ զգալ որ իր ամուսինը զինք կը սիրէ (Եփ. 5։33)։ Ամուսնացածները իրաւունքը ունին որ միա՛յն իրարմէ ռոմանթիկ սէր ստանան (Ա. Կոր. 7։3)։ Ծնողները իրաւունքը ունին ակնկալելու, որ իրենց զաւակները իրենց հնազանդին, իսկ զաւակները իրաւունքը ունին սէր ու հոգատարութիւն ստանալու իրենց ծնողքէն (Բ. Կոր. 12։14. Եփ. 6։2

  • Ժողովքին մէջ, ծանր աշխատող երէցները արժանի են մեր յարգանքին (Ա. Թես. 5։12)։ Բայց անոնք իրաւունք չունին իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ իշխելու (Ա. Պետ. 5։2, 3

  • Աստուած մարդկային կառավարութիւններուն իրաւունք տուած է տուրքեր պահանջելու եւ ժողովուրդին յարգանքը ստանալու (Հռով. 13։1, 6, 7

Եհովան սէրէ մղուած մեր արժածէն աւելի կու տայ մեզի։ Մենք արժանի ենք միայն մեռնելու, քանի որ մեղաւոր ենք (Հռով. 6։23)։ Բայց քանի որ Եհովան հաւատարիմ է եւ մեզ կը սիրէ, շատ մը օրհնութիւններ կու տայ մեզի (Սաղ. 103։10, 11)։ Մենք այդ օրհնութիւնները չենք արժեր, բայց Եհովան շատ ազնիւ ու սիրալիր կը գտնուի մեզի հանդէպ (Հռով. 12։6-8. Եփ. 2։8

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՆՁՆԱՍԷՐ ՉԸԼԼԱԼ

Ուշադիր եղիր որ աշխարհի մարդոց պէս չմտածես։ Առանց անդրադառնալու, կրնանք սկսիլ մտածել որ ուրիշներէն աւելի բաներ կ’արժենք։ Յիսուս առակ մը պատմելով ցոյց տուաւ, որ մենք շատ դիւրութեամբ կրնանք այս փոսին մէջ իյնալ։ Ան պատմեց որ կարգ մը աշխատաւորներ առտու կանուխ սկսան աշխատիլ եւ լման օրը արեւուն տակ աշխատեցան։ Ուրիշներ միայն մէկ ժամ աշխատեցան՝ օրուան վերջը։ Բոլորը նոյն օրականը առին՝ մէկ դահեկան։ Առտու կանուխէն սկսող աշխատաւորները մտածեցին, որ իրենք աւելի դրամ պէտք է ստանան, քանի որ աւելի աշխատեցան (Մատ. 20։1-16)։ Յիսուս այս առակով սորվեցուց իր հետեւորդներուն, որ պէտք է գոհ ըլլան այն բաներով որ Աստուած իրենց կու տայ։

Այն մարդիկը որ լման օրը աշխատած էին, մտածեցին որ աւելի դրամ պէտք է առնեն

Շնորհակալ եղիր եւ բաներ մի՛ ակնկալեր ուրիշներէն (Ա. Թես. 5։18)։ Պօղոս առաքեալին նմանի՛ր, որ Կորնթոսի եղբայրներէն չակնկալեց որ դրամական օգնութիւն տան իրեն, հակառակ անոր որ ասոր իրաւունքը ունէր (Ա. Կոր. 9։11-14)։ Մենք պէտք է ուրիշներուն մեզի տուած ամէն մէկ բանը գնահատենք եւ իրենցմէ բաներ չակնկալենք։

Պօղոս առաքեալը դրամական օգնութիւն չուզեց

Խոնարհ եղիր։ Երբ որ մէկը ինքզինքը բան մը կարծէ, կը զգայ որ շատ մը բաներ ստանալու արժանի է։ Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ այս թունաւոր մտածելակերպը չունենանք։

Դանիէլ շատ արժէք ունէր Եհովային աչքին, քանի որ խոնարհ էր

Դանիէլ մարգարէէն կրնանք խոնարհութիւն սորվիլ։ Ան կրնար զգալ որ ուրիշները պէտք է յատուկ կերպով վարուին իրեն հետ կամ յատուկ առանձնաշնորհումներ տան իրեն, քանի որ ինք յայտնի ընտանիքէ մըն էր, գեղեցիկ էր, իմաստուն էր եւ յատուկ կարողութիւններ ունէր (Դան. 1։3, 4, 19, 20)։ Բայց Դանիէլ խոնարհ մնաց, եւ ասոր համար շատ արժէք ունէր Եհովային աչքին (Դան. 2։30. 10։11, 12

Ուրեմն, այս աշխարհի մարդոց պէս անձնասէր չըլլանք եւ ուրախանանք այն ամէն մէկ օրհնութիւնով որ Եհովան մեզի կու տայ, հակառակ անոր որ ատոր արժանի չենք։