ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 7
ԵՐԳ 109 Ողջունե՛նք Եահի անդրանիկ Որդին
Եհովային ներողամտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի
«Դուն իսկապէս կը ներես» (ՍԱՂ. 130։4, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Սուրբ Գիրքին գործածած կարգ մը օրինակները մեզի պիտի օգնեն, որ աւելի գնահատենք թէ Եհովան ի՛նչ յատուկ կերպով կը ներէ ամէն մէկուս։
1. Ինչո՞ւ դժուար է գիտնալ, որ անձ մը ճիշդ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ. «Քեզի ներեցի»։
«ՔԵԶԻ ՆԵՐԵՑԻ»։ Այս խօսքը որքա՜ն կը հանգստացնէ քեզ, մանաւանդ եթէ ըսած կամ ըրած ես բան մը, որ դիմացինը վիրաւորած է։ Բայց շատ անգամ դժուար է գիտնալ, որ անձ մը ճիշդ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ. «Քեզի ներեցի»։ Արդեօք ան ըսել կ’ուզէ որ դեռ լաւ ընկերնե՞ր էք։ Թէ ոչ պարզապէս ըսել կ’ուզէ որ չ’ուզեր այլեւս այդ նիւթին մասին խօսիլ, բայց առաջուան պէս ընկերներ չէք կրնար ըլլալ։ Մարդիկ տարբեր–տարբեր բաներ ըսել կ’ուզեն, երբ կ’ըսեն. «Քեզի ներեցի»։
2. Եհովային ներողամտութիւնը ինչպէ՞ս նկարագրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
2 Այն կերպը որ Եհովան անկատար մարդոց կը ներէ շատ տարբեր է այն կերպէն որ մարդիկ իրարու կը ներեն։ Եհովային ներած կերպը շատ յատուկ է։ Սաղմոս գրող մը ըսաւ. «Դուն իսկապէս կը ներես, որպէսզի քեզմէ վախնան» (Սաղ. 130։4, ՆԱ) a։ Այո, Եհովան ‘իսկապէս կը ներէ’։ Ինքն է որ մեզի կ’ըսէ թէ ներել ճիշդ ինչ կը նշանակէ։ Եբրայերէն Գրութիւններուն կարգ մը համարներուն մէջ, Աստուածաշունչը գրողները Եհովային ներած կերպը նկարագրելու համար գործածեցին բառ մը, որ բնա՛ւ չէ գործածուած նկարագրելու համար այն կերպը, որով մարդիկ իրարու կը ներեն։
3. Եհովային ներած կերպը ինչպէ՞ս կը տարբերի մարդոց ներած կերպէն։
3 Երբ Եհովան մեզի ներէ, մեր մեղքը կը ջնջէ։ Ան կ’ընդունի որ նորէն իր մտերիմ բարեկամները ըլլանք։ Ան մեզի լման կերպով կը ներէ եւ մէկէ աւելի անգամներ (կարդա՛ Եսայի 55։6, 7)։
4. Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ հասկնալու, թէ ներելը իրապէս ի՛նչ կը նշանակէ։
4 Եթէ Եհովային ներելու կերպը մերինէն տարբեր է, լաւ ինչպէ՞ս մեզի պէս անկատար մարդիկ կրնան հասկնալ, թէ ներելը իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովան գեղեցիկ օրինակներ գործածելով մեզի կը բացատրէ իր ներելու կերպը։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք ատոնցմէ ոմանք եւ պիտի տեսնենք որ Եհովան ինչպէ՛ս մեր մեղքերը կը վերցնէ եւ միեւնոյն ատեն կ’ընդունի, որ նորէն իրեն հետ մօտիկ բարեկամներ ըլլանք։ Մինչ այս օրինակները աչքէ կ’անցընենք, աւելի պիտի գնահատենք մեր ազնիւ եւ ողորմած Հայրը, որ տարբեր–տարբեր կերպերով կը ներէ մեզի։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՂՔԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐՑՆԷ
5. Ի՞նչ կը պատահի երբ Եհովան կը ներէ մեր մեղքերը։
5 Սուրբ Գիրքին մէջ, շատ անգամ մեղքերը նմանցուած են ծանր բեռներու։ Դաւիթ թագաւորը իր մեղքերը հետեւեալ կերպով նկարագրեց. «Անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան» (Սաղ. 38։4)։ Բայց Եհովան կը ներէ զղջացող մեղաւորներուն մեղքերը (Սաղ. 25։18. 32։5)։ ‘Ներել’ թարգմանուած եբրայերէն բառը կը նշանակէ «վերցնել» կամ «շալկել»։ Կրնանք երեւակայել որ Եհովան զօրաւոր մարդու մը պէս է, որ կարծես թէ բեռի նմանող մեր մեղքերը իր ուսերուն վրայ կը շալկէ եւ մեզմէ կը հեռացնէ։
6. Եհովան մեր մեղքերը որքա՞ն մեզմէ կը հեռացնէ։
6 Ուրիշ օրինակ մը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան որքա՛ն հեռու կը տանի մեր մեղքերը։ Սաղմոս 103։12–ը կ’ըսէ. «Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները»։ Արեւելքը արեւմուտքէն ծայր աստիճան հեռու է։ Այս երկու կէտերը բնա՛ւ իրարու չեն հանդիպիր։ Ուրիշ խօսքով, Եհովան մեր մեղքերը ծայր աստիճան կը հեռացնէ մեզմէ։ Եհովային այս կերպով ներելը որքա՜ն կը հանգչեցնէ մեզ։
7. Սուրբ Գիրքին համաձայն, Եհովան մեր մեղքերը ի՞նչ կ’ընէ (Միքիա 7։18, 19)։
7 Հակառակ անոր որ Եհովան մեր մեղքերը ծայր աստիճան կը հեռացնէ մեզմէ, արդեօք ան զանոնք իր միտքը կը պահէ՞։ Ո՛չ։ Եզեկիա թագաւորը Եհովային մասին գրեց. «Բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր» (Եսա. 38։9, 17)։ Այս օրինակը ցոյց կու տայ, որ Եհովան զղջացող մեղաւորներուն մեղքերը կ’առնէ եւ իր աչքին առջեւէն կը հանէ։ Այս խօսքը հետեւեալ կերպով ալ կրնայ թարգմանուիլ. «Դուն իմ մեղքերս այնպէս մը մէջտեղէն վերցուցիր, որ կարծես թէ զանոնք բնա՛ւ չեմ գործած»։ Սուրբ Գիրքը այս կէտը կը յստակացնէ ուրիշ օրինակով մըն ալ, որ գրուած է Միքիա 7։18, 19–ին մէջ (կարդա՛ )։ Հոն Եհովային մասին կ’ըսուի, որ մեր մեղքերը ծովուն խորերը կը նետէ։ Հին օրերուն, եթէ բան մը ծովուն խորերը իյնար, անկարելի էր որ ետ գտնուէր։
8. Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք։
8 Այս օրինակներով սորվեցանք, որ երբ Եհովան մեզի ներէ՝ մեր մեղքերուն բեռը մեր վրայէն կը վերցնէ։ Դաւիթ ասիկա յստակացուց, երբ ըսաւ. «Երանի՜ անոնց. . . որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան։ Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը» (Հռով. 4։6-8)։ Ասիկա՛ է իսկական ներողամտութիւնը։
ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՋՆՋԷ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ
9. Ո՞ր օրինակը մեզի կ’օգնէ ըմբռնելու, թէ Եհովան ո՛ր աստիճան կը ներէ մեզի։
9 Եհովան ուրիշ օրինակներով կը նկարագրէ, որ ինչպէ՛ս փրկանքին միջոցաւ կը ջնջէ զղջացող մեղաւորներուն մեղքերը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովան կը լուայ եւ կը սրբէ այդ մեղքերը։ Այսպիսով, մեղաւորը կը մաքրուի (Սաղ. 51։7. Եսա. 4։4. Եր. 33։8)։ Եհովան կը նկարագրէ թէ ասոր արդիւնքը ի՛նչ կ’ըլլայ. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (Եսա. 1։18)։ Վերջին ծայր դժուար է կրկնակի կարմիր կամ որդան կարմիր գոյնով աղտ մը հանել հագուստի մը վրայէն։ Բայց Եհովան այս օրինակով մեզ կը վստահեցնէ, որ մեր մեղքերը կրնան այն աստիճան մաքրուիլ, որ այլեւս չեն երեւիր։
10. Եհովան ո՞ր օրինակով կը բացատրէ, թէ որքա՛ն առատաձեռնութեամբ կը ներէ մեզի։
10 Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ յիշեցինք, մեղքերը նաեւ նմանցուած են «պարտքեր»ու (Մատ. 6։12. Ղուկ. 11։4)։ Ամէն անգամ որ Եհովային դէմ մեղք կը գործենք, իրեն աւելի պարտական կ’ըլլանք։ Մենք շատ մեծ գումար մը պարտական ենք իրեն։ Բայց երբ Եհովան կը ներէ մեզի, ան կարծես թէ չեղեալ կը սեպէ իրեն ունեցած մեր պարտքը։ Ան հաշիւ չի պահանջեր այն մեղքերուն համար որ ներած է։ Ուրեմն, որքա՜ն կ’ուրախանանք երբ Եհովան մեզի կը ներէ։
11. Ի՞նչ ըսել է Սուրբ Գիրքին այն խօսքը, թէ մեր մեղքերը ‘կը ջնջուին’ (Գործք 3։19)։
11 Եհովան ոչ թէ պարզապէս չեղեալ կը սեպէ մեր պարտքերը, կամ՝ մեղքերը, հապա՝ զանոնք լման կը ջնջէ (կարդա՛ Գործք 3։19)։ Երբ անձ մը մէկու մը պարտքը չեղեալ սեպէ, կարծես թէ ատոր վրայէն գիծ կը քաշէ։ Բայց տակի թիւերը դեռ կ’երեւին։ Բան մը չեղեալ սեպելը բան մըն է՝ իսկ ատիկա ջնջելը ուրիշ բան մըն է։ Այս օրինակը հասկնալու համար պէտք է յիշենք որ հին ժամանակներուն, գրելու համար մարդիկ կը գործածէին բնածուխէ, խէժէ եւ ջուրէ կազմուած հեղուկ մը։ Մէկը բան մը գրելէ ետք, կրնար թաց սպունգով մը գրութիւնը ջնջել։ Ուրեմն, երբ որ մէկու մը պարտքը ջնջուէր, ատոր արձանագրութիւնը լման կ’անհետանար եւ հետքը չէր մնար, այնպէս մը, որ կարծես թէ այդ պարտքը բնա՛ւ գոյութիւն չէր ունեցած։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովային, որ ո՛չ միայն չեղեալ կը սեպէ մեր մեղքերը, հապա նաեւ զանոնք լման կը ջնջէ (Սաղ. 51։9)։
12. Ամպին օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
12 Եհովան նման օրինակով մըն ալ կը յստակացնէ, թէ ինչպէ՛ս մեր մեղքերը կը ջնջէ։ Ան կ’ըսէ. «Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի» (Եսա. 44։22)։ Երբ Եհովան մեզի կը ներէ, կարծես թէ թանձր ամպով մը կը ծածկէ մեր մեղքերը, որպէսզի ատոնք բնա՛ւ չերեւին։
13. Ի՞նչ կը զգանք երբ Եհովան մեր մեղքերը ներէ։
13 Այս օրինակները ի՞նչ կը սորվեցնեն մեզի։ Երբ Եհովան մեր մեղքերը ներէ, պէտք չէ զգանք որ ատոնց հետքերը մեր վրայ պիտի կրենք մինչեւ մեր կեանքին վերջը։ Մեր մեղքերը Յիսուս Քրիստոսին արիւնին միջոցաւ լման ջնջուած են, այնպէս մը, որ կարծես թէ ատոնք բնա՛ւ չենք գործած։ Եհովան ա՛յս ձեւով է որ կը ներէ մեզի, երբ մեր մեղքերուն համար զղջանք։
ԵՀՈՎԱՆ ՆՈՐԷՆ ՄԵԶ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ ՈՐՊԷՍ ԻՐ ՄՕՏԻԿ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ
14. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի լման պիտի ներէ (տե՛ս նաեւ նկարները)։
14 Իսկական ներողամտութիւնը որ Եհովան ցոյց կու տայ կը ձգէ որ նորէն իր հետը մօտիկ բարեկամներ ըլլանք։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ այլեւս յանցաւոր չզգանք։ Պէտք չունինք վախնալու որ Եհովան գաղտնաբար մեզի դէմ ոխ կը պահէ եւ առիթը կը սպասէ որ մեզ պատժէ։ Մենք ասկէ վստահ ենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան Երեմիա մարգարէին ըսաւ. ‘Անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու անոնց մեղքը ա՛լ պիտի չյիշեմ’ (Եր. 31։34)։ Պօղոս առաքեալ նոյն խօսքը մէջբերեց, երբ ըսաւ. «Անոնց մեղքերն ու անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ» (Եբ. 8։12)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
15. Եհովան ի՞նչ իմաստով այլեւս մեր մեղքերը չի յիշեր։
15 Սուրբ Գիրքին մէջ, «յիշել» բառը միշտ չ’ակնարկեր բան մը վերյիշելու կամ բանի մը մասին մտածելու։ Ատեններ, ատիկա կ’ակնարկէ գործի լծուելու։ Օրինակ, Յիսուսին քով ցիցի վրայ կախուած չարագործը Յիսուսէն խնդրեց. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս» (Ղուկ. 23։42, 43)։ Ան չէր խնդրեր որ Յիսուս պարզապէս իր մասին մտածէր, հապա՝ որ իրեն համար բան մը ընէր։ Եւ Յիսուսին պատասխանը ցոյց տուաւ, որ ան չարագործին յարութիւն պիտի տար։ Ուրեմն, երբ Եհովան կ’ըսէ, որ այլեւս մեր մեղքերը չի յիշեր, ան ըսել կ’ուզէ որ ատոնց դէմ գործի պիտի չլծուի։ Ան ապագային մեզ պիտի չպատժէ այն մեղքերուն համար, որոնք ինք ներած է։
16. Սուրբ Գիրքը մեզ ինչի՞ կը նմանցնէ։
16 Երբ Եհովան մեզի ներէ, մենք ազատ արձակուած մէկու մը պէս կը զգանք։ Սուրբ Գիրքը այս կէտը կը յստակացնէ ուրիշ օրինակով մը։ Ատիկա կ’ըսէ թէ որովհետեւ մեղաւոր եւ անկատար ենք, մենք «մեղքի ծառայ» ենք (Հռով. 6։17, 18. Յայտ. 1։5)։ Բայց երբ Եհովան մեզի ներէ, մենք ‘մեղքէ ազատուած’ ծառաներու պէս կ’ըլլանք (Հռով. 6։17, 18. Յայտ. 1։5)։ Երբ ըմբռնենք որ Եհովան մեզի իսկապէս ներած է, կրնանք ազատ արձակուած ծառայի մը պէս ուրախ զգալ։
17. Եհովային ներողամտութիւնը ինչպէ՞ս մեզ կը բժշկէ (Եսայի 53։5)։
17 Կարդա՛ Եսայի 53։5։ Վերջին օրինակը որ պիտի քննարկենք մեզ կը նմանցնէ մահացու հիւանդութիւն ունեցող անձերու։ Եհովան իր Որդիին տուած փրկանքին միջոցաւ մեզ հոգեւորապէս բժշկած է (Ա. Պետ. 2։24)։ Երբ մեղք գործենք, հոգեւորապէս կը հիւանդանանք եւ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը վնասուի։ Բայց փրկանքը կարելի կը դարձնէ, որ ատիկա նորոգուի։ Ճիշդ ինչպէս որ լուրջ հիւանդութենէ մը բժշկուած մէկը շատ ուրախ կը զգայ, մենք ալ շատ կ’ուրախանանք, երբ Եհովային ներողամտութեան շնորհիւ հոգեւորապէս բժշկուինք եւ նորէն իր հաճութիւնը վայելենք։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵԶԻ Կ’ԱԶԴԷ
18. Եհովային ներողամտութեան մասին օրինակներէն ի՞նչ սորվեցանք (տե՛ս նաեւ «Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կը ներէ» տուփը)։
18 Եհովային ներողամտութեան մասին Սուրբ Գիրքին օրինակներէն ի՞նչ սորվեցանք։ Երբ Եհովան մեզի ներէ, ասիկա լման եւ մնայուն կերպով կ’ընէ։ Ասիկա կը ձգէ որ մեր երկնաւոր Հօր հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Բայց միեւնոյն ատեն, մենք չենք մոռնար որ Եհովային ներողամտութիւնը նուէր է, որ մեզի կու տայ քանի որ մեզ կը սիրէ եւ առատաձեռն է, եւ ոչ թէ քանի որ ատոր արժանի ենք կամ ատիկա մեր իրաւունքն է (Հռով. 3։24)։
19. ա) Ի՞նչ բանի համար պէտք է շնորհակալ ըլլանք (Հռովմայեցիս 4։8)։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
19 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 4։8։ Եհովային որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ մեզի ‘իսկապէս կը ներէ’ (Սաղ. 130։4, ՆԱ)։ Բայց եթէ կ’ուզենք որ ան մեզի ներէ, կարեւոր բան մը պէտք է ընենք։ Յիսուս ասիկա բացատրեց. «Եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները» (Մատ. 6։14, 15)։ Ուրեմն, յստակ է թէ կարեւոր է որ ուրիշներուն ներենք, ինչպէս Եհովա՛ն կը ներէ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Յաջորդ յօդուածը ասիկա ցոյց պիտի տայ։
ԵՐԳ 2 Շնորհակալ ենք, Տէ՛ր Եհովա
a Հոս, եբրայերէն բնագիրը կը գործածէ բառեր, որոնք այն տպաւորութիւնը կու տան, թէ Եհովան միակն է որ կրնայ իսկապէս ներել մեր մեղքերը։ Շատ մը ուրիշ թարգմանութիւններ այս կարեւոր կէտը յստակ չեն դարձներ այս համարին մէջ։