Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Ես բնա՛ւ մինակ չէի»

«Ես բնա՛ւ մինակ չէի»

ԿԵԱՆՔԻ մէջ շատ բաներ կան, որոնք մինակ կը զգացնեն մեզ։ Օրինակ՝ երբ սիրելի մը մեռնի, երբ նոր շրջան մը փոխադրուինք եւ երբ առանձին ըլլանք։ Այս երեքն ալ հետս պատահեցան։ Բայց երբ ետեւ կը նայիմ, կ’անդրադառնամ որ ես բնա՛ւ մինակ չէի։ Ձեզի պատմեմ թէ ինչո՛ւ այս եզրակացութեան հասած եմ։

ԾՆՈՂՔԻՍ ՕՐԻՆԱԿԸ

Հայրս ու մայրս թունդ կաթողիկէներ էին։ Բայց երբ Սուրբ Գիրքէն գիտցան որ Աստուծոյ անունը Եհովա է, երկուքն ալ նախանձախնդիր Եհովայի վկաներ դարձան։ Հայրս դադրեցաւ Յիսուսի արձաններ շինելէ եւ իբրեւ ատաղձագործ իր արհեստը գործածեց մեր տունին վարի յարկը Թագաւորութեան սրահի մը վերածելու համար։ Ատիկա Ֆիլիփիններու մայրաքաղաքին՝ Մանիլայի՝ Սան Խուան տէլ Մոնթէ շրջանին մէջ առաջին սրահն էր։

Ծնողքիս, ընտանիքի անդամներուս եւ ազգականներուս հետ

Ծնած եմ 1952–ին։ Ծնողքս սկսան ինծի Եհովային մասին սորվեցնել, ինչպէս որ արդէն կը սորվեցնէին իմ չորս մեծ եղբայրներուս ու երեք մեծ քոյրերուս։ Մինչ կը մեծնայի, հայրս զիս քաջալերեց, որ ամէն օր Սուրբ Գիրքէն մէկ գլուխ կարդամ։ Ան նաեւ ինծի հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէր գործածելով մեր հրատարակութիւններէն շատերը։ Երբեմն, ծնողքս կը հրաւիրէին շրջանային տեսուչներ ու մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ մեր տունը մնալու համար։ Անոնց փորձառութիւնները մեզ այնքա՛ն կ’ուրախացնէին եւ կը քաջալերէին, որ բոլորս մղուեցանք քարոզչութիւնը առաջին տեղը դնելու։

Ծնողքիս հաւատարիմ օրինակէն շատ բաներ սորվեցայ։ Մայրս հիւանդանալէն ու մահանալէն ետք, հայրս ու ես միասնաբար ռահվիրայութեան սկսանք՝ 1971–ին։ Բայց 1973–ին, երբ 20 տարեկան էի, հայրս ալ մահացաւ։ Ծնողքս կորսնցնելը պարապութիւն մը ստեղծեց մէջս եւ մինակ կը զգայի։ Բայց Աստուածաշունչին մէջի «հաստատ ու անշարժ» յոյսը ինծի օգնեց, որ զգացականօրէն դրական մնամ եւ հոգեւորապէս՝ զօրաւոր (Եբ. 6։19)։ Հօրս մահուան վրայ շատ չանցած, մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցայ Գօրոն կոչուած կղզիին վրայ, Փալաուան նահանգին մէջ։

ՄԻՆԱԿ ԶԳԱՑԻ ԵՐԲ ԴԺՈՒԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՅ

Երբ Գօրոն հասայ 21 տարեկան էի, եւ որովհետեւ քաղաքի մէջ մեծցած էի, անակնկալի եկայ երբ գիտցայ որ կղզիին մէջ միշտ չէ որ ելեկտրականութիւն կայ, միշտ չէ որ ծորակէն ջուր կու գայ եւ շատ քիչ ինքնաշարժներ ու մոթորսիքլեթներ կային։ Թէեւ կղզիին վրայ քանի մը եղբայրներ կ’ապրէին, բայց քանի որ ռահվիրայ ընկերակից մը չունէի, երբեմն ծառայութեան մինակ կ’երթայի։ Առաջին ամիսը ընտանիքս ու բարեկամներս շա՛տ կարօտցայ։ Գիշերները աստղազարդ երկինքը դիտելով կու լայի։ Ուզեցի տուն վերադառնալ։

Մենակութեան այդ պահերուն, սիրտս Եհովային կը պարպէի։ Միտքս կը բերէի քաջալերական գաղափարներ, որոնք կարդացած էի Սուրբ Գիրքին ու մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Շատ անգամ կը մտածէի Սաղմոս 19։14–ին մասին։ Անդրադարձայ որ Եհովան կրնայ «իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս» ըլլալ, եթէ զինք հաճեցնող բաներու վրայ խոկայի, օրինակ՝ իր գործերուն ու յատկութիւններուն վրայ։ Դիտարան–ին մէջ կար «Բնաւ մինակ չես» յօդուածը a, որ ինծի շատ օգնեց։ Յօդուածը քանի մը անգամ կարդացի։ Ձեւով մը, ասանկ ատեններ Եհովային հետ առանձին էի, եւ ասիկա ինծի առիթ տուաւ որ ժամանակս անցընեմ՝ աղօթելով, սերտելով ու խոկալով։

Գօրոն հասնելէս կարճ ժամանակ մը ետք՝ երէց նշանակուեցայ։ Հոն միակ երէցը ըլլալով, սկսայ վարել՝ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը, Ծառայութեան ժողովը, Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութիւնը եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը։ Ասոնցմէ զատ, ամէն շաբաթ հանրային դասախօսութիւնն ալ կը ներկայացնէի։ Այլեւս ժամանակ չունէի որ մինակ զգամ։

Գօրոնի մէջ քարոզչութիւնս արդիւնաբեր էր։ Դասերէս ոմանք մկրտուեցան։ Բայց դժուարութիւններ ալ կային։ Երբեմն կէս օր պէտք էր քալէի որ թաղամասս հասնէի, եւ գաղափար չէի ունենար որ գիշերը ուր պիտի անցընէի։ Մեր թաղամասին մէջ կային նաեւ շատ մը պզտիկ կղզիներ։ Անոնց հասնելու համար, երբեմն ալեկոծ ծովուն վրայ նաւով կը ճամբորդէի՝ թէեւ լողալ չէի գիտեր։ Այս բոլորին ընթացքին, Եհովան զիս պաշտպանեց եւ ինծի հոգ տարաւ։ Ետքը անդրադարձայ, որ Եհովան զիս կը պատրաստէր աւելի մեծ դժուարութիւններուն յաջորդ նշանակումիս մէջ։

ԲԱԲՈՒԱ ՆՈՐ ԿՈՒԻՆԻԱ

1978–ին՝ նշանակուեցայ որ ծառայեմ Բաբուա Նոր Կուինիայի մէջ, Աւստրալիայի հիւսիսը։ Բաբուա Նոր Կուինիան լեռնային երկիր մըն է եւ մօտաւորապէս Սպանիոյ չափ է։ Զարմացայ, երբ գիտցայ որ ատոր երեք միլիոն բնակիչները կը խօսէին աւելի քան 800 լեզուներ։ Լա՛ւ որ մարդոց մեծամասնութիւնը կրնար խօսիլ մելանեզիական փիճին, որ ընդհանրապէս կը կոչուի՝ թոք փիսին։

Ժամանակաւորապէս նշանակուեցայ անգլիախօս ժողովքի մը մէջ, որ կը գտնուէր մայրաքաղաքը՝ Փորթ Մօրզպիի մէջ։ Ետքը, փոխադրուեցայ թոք փիսին լեզուն խօսող ժողովքի մը, եւ այդ լեզուն սորվելու համար դասեր առի։ Սորվածս քարոզչութեան մէջ գործածեցի եւ ասիկա ինծի օգնեց, որ լեզուն արագօրէն սորվիմ։ Շատ չանցած, կրցայ թոք փիսին լեզուով հանրային դասախօսութիւն մը տալ։ Երեւակայեցէք թէ որքա՜ն զարմացայ, երբ Բաբուա Նոր Կուինիա փոխադրուելուս վրայ մէկ տարի չէր անցած՝ նշանակուեցայ որ ծառայեմ իբրեւ շրջանային տեսուչ՝ թոք փիսին խօսող ժողովքներուն մէջ, որոնք քանի մը շատ մեծ նահանգներու մէջ կը գտնուէին։

Քանի որ ժողովքները իրարմէ շատ հեռու էին, պէտք էր շատ շրջանային համաժողովներ կազմակերպէի, եւ ասիկա շատ ճամբորդել կը պահանջէր։ Սկիզբը, օտարութեան մէջ շատ մինակ զգացի։ Ամէն բան նոր էր. նոր երկիր, նոր լեզու եւ նոր սովորութիւններ։ Չէի կրնար ցամաքի վրայ ճամբորդել ժողովքէ–ժողովք, քանի որ լեռներ ու ձորեր կային։ Ատոր համար, ստիպուած էի գրեթէ ամէն շաբաթ օդանաւով ճամբորդել։ Երբեմն, միակ ճամբորդը կ’ըլլայի պզտիկ ու խախուտ օդանաւի մը մէջ։ Զգացի որ օդանաւով ճամբորդելը զիս նո՛յնքան կը մտահոգէր, ո՛րքան նաւով ճամբորդելը։

Այդ օրերուն քիչեր հեռաձայն ունէին։ Ատոր համար, ժողովքներուն հետ նամակով կը հաղորդակցէի։ Երբեմն, ես ղրկած նամակէս առաջ կը հասնէի, եւ մարդոց կը հարցնէի թէ տեղացի Վկաները ո՛ւր կ’ապրին։ Ամէն անգամ որ եղբայրները գտնէի, կը տեսնէի թէ անոնք որքա՜ն կը գնահատէին այցելութիւնս։ Ասիկա ինծի կ’օգնէր որ միտքս պահեմ, թէ թափած ջանքերս պարապի չեն։ Եհովային օգնութիւնը տարբեր–տարբեր կերպով կը զգայի եւ ասիկա ձգեց որ իրեն ա՛լ աւելի մօտենամ։

Պուկանվիլ կոչուած կղզիին վրայ իմ ներկայ եղած առաջին ժողովիս, ժպտադէմ զոյգ մը ինծի մօտենալով հարցուցին. «Մեզ կը յիշե՞ս»։ Յիշեցի որ երբ նոր հասած էի Փորթ Մօրզպի, անոնց վկայեցի։ Անոնց հետ Աստուածաշունչը սերտելու սկսայ եւ ետքը տեղացի եղբօր մը յանձնեցի դասը։ Հիմա, երկո՛ւքն ալ մկրտուած էին։ Ասիկա Բաբուա Նոր Կուինիայի մէջ իմ երեք տարուան կեցութեանս ընթացքին իմ ունեցած օրհնութիւններէս մէկն էր։

ԶԲԱՂԱԾ ՈՒ ՊԶՏԻԿ ԸՆՏԱՆԻՔ ՄԸ

Ատելին հետ

1978–ին՝ առաջ որ Բաբուա Նոր Կուինիա երթամ, Գօրոնի մէջ ծանօթացայ սիրուն ու անձնազոհ քրոջ մը, որուն անունը Ատել էր։ Ան կանոնաւոր ռահվիրայութիւն կ’ընէր, մինչ կը մեծցնէր իր երկու զաւակները՝ Սամուէլը ու Շըրլին։ Միեւնոյն ատեն, ան հոգ կը տանէր իր տարեց մօրը։ Մայիս 1981–ին, Ատելին հետ ամուսնանալու համար Ֆիլիփիններ վերադարձայ։ Մեր ամուսնութենէն ետք, միասնաբար կանոնաւոր ռահվիրայութիւն ըրինք եւ մեր ընտանիքին հոգ տարինք։

Ատելին, Սամուէլին ու Շըրլիին հետ կը ծառայենք Փալաուանի մէջ

Թէեւ ընտանիք ունէի, բայց 1983–ին՝ անգամ մը եւս մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցայ Լինաբաքան կոչուած կղզիին վրայ, Փալաուան նահանգին մէջ։ Ընտանեօք փոխադրուեցանք այս հեռաւոր շրջանը, ուր Վկաներ չկային։ Շուրջ տարի մը ետք, Ատելին մայրը մահացաւ։ Բայց քանի որ ծառայութեան մէջ զբաղած մնացինք, ասիկա մեզի օգնեց որ մեր կորուստին տոկանք։ Լինաբաքանի մէջ այնքա՛ն Սուրբ Գիրքի յառաջդիմող դասեր սկսանք, որ շատ չանցած պզտիկ Թագաւորութեան սրահի մը պէտքը ունեցանք։ Ատոր համար, մե՛նք շինեցինք սրահ մը։ Մեր գալէն միայն 3 տարի ետք, ուրախացանք տեսնելով որ 110 անձեր ներկայ եղան Յիշատակատօնին, որոնցմէ շատեր յառաջդիմեցին եւ մեր երթալէն ետքն ալ մկրտուեցան։

1986–ին, նշանակում ստացայ ծառայելու Գուլիոն անունով կղզիին վրայ, ուր կար բորոտներու համայնք մը։ Անկէ ետք, Ատելն ալ նշանակուեցաւ մասնաւոր ռահվիրայ։ Սկիզբը ջղագրգիռ էինք քարոզելու մարդոց, որոնք բորոտ էին։ Բայց տեղացի եղբայրները մեզ վստահեցուցին, թէ հոն գտնուող բորոտները դարման ստացած էին եւ թէ շատ վտանգ չկար որ անոնք ուրիշները վարակեն։ Անոնցմէ ոմանք ժողովներու ներկայ կ’ըլլային մեր քոյրերէն մէկուն տունը։ Շատ չանցած, սկսանք հանգիստ զգալ բորոտներուն քարոզելու եւ Աստուածաշունչին յոյսը տալու իրենց պէս մարդոց, որոնք կը զգային որ մերժուած են թէ՛ Աստուծոյ կողմէ եւ թէ՛ մարդոց կողմէ։ Շատ հաճելի բան էր տեսնել այս հիւանդ մարդոց ուրախութիւնը, երբ կը լսէին թէ օրին մէկը պիտի կարենային կատարեալ առողջութիւն վայելել (Ղուկ. 5։12, 13

Մեր զաւակները ինչպէ՞ս կրցան Գուլիոնի կեանքին վարժուիլ։ Ատելն ու ես երկու պատանուհի քոյրեր հրաւիրեցինք որ Գօրոնէն գան եւ մեզի հետ մնան, որպէսզի մեր զաւակները լաւ ընկերակցութիւն վայելեն։ Մեր զաւակներն ու անոնք միասնաբար արդիւնաբեր ծառայութիւն մը վայելեցին։ Անոնք սերտեցին պզտիկներու հետ, որոնց ծնողքին հետ Ատելն ու ես կը սերտէինք։ Ատեն մը, մեր ընտանիքը կը սերտէր 11 ընտանիքներու հետ։ Մեր դասերէն շատեր ա՛յնքան յառաջդիմեցին, որ կրցանք նոր ժողովք մը հիմնել։

Սկիզբը, շրջանին մէջ միակ երէցն էի։ Ատոր համար, մասնաճիւղը ինձմէ խնդրեց որ Գուլիոնի մէջ եղող ութը հրատարակիչներուն համար ժողովը վարեմ, ետքը նոյն բանը ընեմ՝ Մարիլի կոչուած գիւղին մէջ, ուր ինը հրատարակիչներ կային։ Մարիլին երթալու համար, նաւով երեք ժամ կը ճամբորդէինք։ Հոն, ժողովներէն ետք, ընտանիքիս հետ միասին լեռներուն մէջէն ժամերով կը քալէինք դէպի Հալսի կոչուած գիւղը եւ հոն Աստուածաշունչի դասեր կը վարէինք։

Ի վերջոյ, Մարիլինի ու Հալսիի մէջ ա՛յնքան շատ մարդիկ ճշմարտութեան եկան, որ երկու գիւղերուն մէջ ալ Թագաւորութեան սրահներ շինեցինք։ Եւ ինչպէս որ Լինաբաքանին մէջ եղաւ, հոս ալ եղբայրներն ու քոյրերը եւ հետաքրքրուած մարդիկ պէտք եղած ապրանքներուն մեծ մասը բերին եւ շինարարութիւնը գրեթէ իրենք ըրին։ Մարիլինի մէջ կառուցուած սրահին մէջ 200–է աւելի մարդ կրնար բաւել, եւ քանի որ կարելի էր զայն ընդարձակել, հոն համաժողովներ ալ կրցանք ընել։

ՑԱՒ, ՄԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

1993–ին, երբ մեր զաւակները արդէն չափահաս էին, Ատելին հետ սկսայ շրջանային գործին Ֆիլիփիններուն մէջ։ Ետքը՝ 2000–ին, Ծառաներու մարզումի դպրոցը յաճախեցի, որպէսզի մարզուիմ այդ դպրոցին մէջ իբրեւ ուսուցիչ ծառայելու։ Զգացի որ այս նշանակումին համար որակեալ չեմ, բայց Ատելը միշտ զիս կը քաջալերէր։ Ան զիս կը յիշեցնէր, թէ Եհովան ինծի պիտի զօրացնէ որ այս նոր նշանակումը կատարեմ (Փլպ. 4։13)։ Ատելը իր փորձառութենէն կը խօսէր, քանի որ իր նշանակումը կատարած ատեն կը տառապէր նաեւ առողջապահական խնդիրներէ։

2006–ին, մինչ Ծառաներու մարզումի դպրոցին մէջ կը դասաւանդէի, մէջտեղ ելաւ որ Ատելը Փարքինսըն հիւանդութիւնը ունի։ Սկիզբը ցնցուեցանք։ Երբ առաջարկեցի որ մեր նշանակումէն վազ անցնինք, որպէսզի իրեն հոգ տանիմ, Ատելը ըսաւ. «Հաճիս, բժիշկ մը գտիր որ ինծի կրնայ օգնել։ Ես գիտեմ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ, որ շարունակենք մեր նշանակումը»։ Յաջորդ վեց տարիներուն ընթացքին, Ատելը շարունակեց առանց գանգատելու Եհովային ծառայել։ Երբ տեղ մը հասաւ որ այլեւս չէր կրնար քալել, ան հաշմակառքով կը քարոզէր։ Երբ այլեւս շատ չէր կրնար խօսիլ, մէկ–երկու բառով պատասխան կու տար ժողովներուն։ Մինչեւ իր մահը՝ 2013–ին, Ատելը միշտ գնահատութիւն արտայայտող մէսըճներ կը ստանար՝ իր ցուցաբերած համբերութեան համար։ Աւելի քան 30 տարի անցուցած էի հաւատարիմ ու սիրալիր ընկերակիցիս՝ Ատելին՝ հետ, բայց երբ մահացաւ, անգամ մը եւս սկսայ վերջին ծայր տխուր ու մինակ զգալ։

Ատելը ուզած էր որ շարունակեմ իմ նշանակումս եւ ես ճիշդ ատիկա ըրի։ Ինքզինքս զբաղած պահեցի, ինչ որ օգնեց որ մենակութեան հետ գլուխ ելլեմ։ 2014-2017–ն նշանակումս էր այցելել թակալերէն լեզուով ժողովքները, այն երկիրներուն մէջ՝ ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած էր։ Անկէ ետք, այցելեցի թակալերէն լեզուով այն ժողովքները, որոնք կը գտնուէին Թայուանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ։ 2019–ին, Հնդկաստանի ու Թայլանտի մէջ՝ անգլերէն լեզուով դասաւանդեցի Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցներու մէջ։ Այս բոլոր նշանակումները ինծի շատ ուրախութիւն տուին։ Ուրախութիւնս միշտ իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ լման կեդրոնացումս Եհովային ծառայութեան վրայ կ’ըլլայ։

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ Է

Ամէն մէկ նշանակումիս մէջ երթալէն աւելի մօտեցայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, անոնց հանդէպ սէրս աճեցաւ եւ զանոնք ձգել–երթալը շատ դժուար եղաւ։ Ասանկ պարագաներուն, սորվեցայ Եհովային լման վստահիլ։ Միշտ զգացած եմ իր օգնութիւնը, եւ ասիկա օգնած է որ ամբողջ սրտով ընդունիմ որեւէ դժուարութիւն որ կը ծագի կեանքիս մէջ։ Ներկայիս Ֆիլիփիններուն մէջ կը ծառայեմ իբրեւ մասնաւոր ռահվիրայ։ Նոր ժողովքիս մէջ հաստատուելէս ի վեր կը զգամ որ հոգատար ընտանիքի մը կը պատկանիմ։ Նաեւ հպարտ եմ տեսնելով որ Սամուէլը ու Շըրլին իրենց մօր հաւատքը կ’ընդօրինակեն (Գ. Յովհ. 4

Ժողովքը իմ հոգատար ընտանիքս եղած է

Այո, կեանքիս մէջ շատ մը դժուարութիւններ ունեցայ, մէջը ըլլալով՝ իմ սիրելի կնոջս տառապանքն ու ցաւալի մահը տեսնել։ Նաեւ ստիպուեցայ շատ մը նոր պարագաներու յարմարիլ։ Բայց եւ այնպէս, տեսայ որ Եհովան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Եհովային ձեռքը «կարճցած չէ» եւ ան իր ծառաներուն կ’օգնէ ու կը զօրացնէ, նոյնիսկ հեռաւոր շրջաններու մէջ (Եսա. 59։1, ԱԾ) Իմ Վէմս՝ Եհովան, ինծի հետ եղած է ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եւ ես շատ շնորհակալ եմ իրեն։ Ես բնա՛ւ մինակ չէի։

a Տե՛ս Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 1972 թիւը, էջ 521-527 (անգլ.)։