Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 8

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային ներողամտութիւնը ընդօրինակել

Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային ներողամտութիւնը ընդօրինակել

«Ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք» (ԿՈՂ. 3։13

ՆԻՒԹ

Այս յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ի՛նչ գործնական քայլեր կրնանք առնել, որ ներենք մէկու մը որ մեզ վիրաւորած է։

1-2. ա) Մանաւանդ ե՞րբ մեզի համար դժուար կ’ըլլայ ներելը։ բ) Տէնիս ինչպէ՞ս ներողամտութիւն ցոյց տուաւ։

 ՔԵԶԻ համար դժուա՞ր է ուրիշներուն ներելը։ Շատերուս համար դժուար է։ Մանաւանդ եթէ մէկը բան մը ըսէ կամ ընէ, որ մեզ խորապէս կը վիրաւորէ։ Բայց կրնա՛նք մեր զգացումները զսպել եւ դիմացինին ներել։ Օրինակ, նկատի առ Տէնիս a անունով քրոջ մը փորձառութիւնը, որ անսովոր ներողամտութիւն ցոյց տուաւ։ 2017–ին, Տէնիսը եւ իր ընտանիքը այցելեցին Եհովայի վկաներուն նոր բացուած կեդրոնատեղին։ Երբ տուն կը վերադառնային, ինքնաշարժի արկած մը ունեցան։ Դիմացի քշողը չկրցաւ իր ինքնաշարժը զսպել եւ իրենց ինքնաշարժին զարկաւ։ Տէնիսը մարեցաւ։ Երբ արթնցաւ, գիտցաւ որ իր զաւակները շատ գէշ կերպով վիրաւորուած էին, իսկ ամուսինը՝ Պրայընը՝ մահացած էր։ Այդ վայրկեաններուն մասին խօսելով՝ Տէնիսը կ’ըսէ. «Շատ ընկճուած ու շուարած էի»։ Ետքը, ան գիտցաւ որ արկածին ժամանակ դիմացի քշողը ո՛չ գինով էր, ո՛չ թմրեցուցիչ գործածած էր, ո՛չ ալ իր հեռաձայնով կամ ուրիշ բանով մը տարուած էր։ Անոր համար, ան Եհովայէն խնդրեց որ իրեն խաղաղութիւն տայ, որ իր զգացումները զսպէ։

2 Իրենց ինքնաշարժին զարնողը որպէս մարդասպան ամբաստանուեցաւ։ Եթէ դատարանը որոշէր անոր յանցաւոր ըլլալը, ան կրնար բանտարկուէր։ Բայց դատարանը Տէնիսին ըսաւ, որ մարդուն պատիժը կախեալ էր Տէնիսին վկայութենէն։ Տէնիս կ’ըսէ. «Զգացի որ կարծես թէ մէկը աղ կը ցանէր բաց վէրքիս վրայ, քանի որ ետ պիտի ապրէի կեանքիս ամէնէն գէշ վայրկեանները»։ Միայն քանի մը շաբաթ ետք, Տէնիսը դատարանին մէջ նստած կը պատրաստուէր իր վկայութիւնը տալու այն մարդուն առջեւ, որ ա՛յսքան շատ ցաւ պատճառած էր իր ընտանիքին։ Լաւ, ան ի՞նչ ըսաւ։ Տէնիսը դատաւորէն խնդրեց որ ողորմութիւն ցոյց տայ մարդուն b։ Երբ իր ըսելիքը վերջացուց, դատաւորը սկսաւ լալ։ Ան ըսաւ. «Ես 25 տարիէ ի վեր դատաւոր եմ եւ օր մը օրանց ասանկ բան մը չէ պատահած հետս։ Բնա՛ւ չեմ լսեր որ անմեղ կողմը ողորմութիւն կը խնդրէ յանցաւորին համար։ Բնա՛ւ չեմ լսեր սէր եւ ներողամտութիւն արտայայտող խօսքեր»։

3. Ի՞նչ բան Տէնիսին օգնեց որ ներէ։

3 Ի՞նչ բան Տէնիսին օգնեց որ ներող ըլլայ։ Ան խոկաց թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կը ներէ (Միք. 7։18)։ Երբ խորապէս գնահատենք թէ Եհովան մեզի որքա՜ն ներած է, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ ուզենք ուրիշներուն ներել։

4. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք (Եփեսացիս 4։32

4 Եհովան կ’ուզէ որ ուրիշներուն ներենք, ինչպէս որ ինք մեզի կը ներէ (կարդա՛ Եփեսացիս 4։32)։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ պատրաստ ըլլանք ներելու մեզ վիրաւորողներուն (Սաղ. 86։5. Ղուկ. 17։4)։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք բաներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ աւելի՛ ներենք ուրիշներուն։

ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԴ ՄԻ՛ ԱՆՏԵՍԵՐ

5. Առակաց 12։18–ի համաձայն, ի՞նչ կրնանք զգալ երբ մէկը մեզ վիրաւորէ։

5 Թերեւս շատ վիրաւորուած զգանք, երբ մէկը մեզի բան մը ըսէ կամ ընէ, մանաւանդ եթէ ան մեր մօտիկ բարեկամը կամ ընտանիքի անդամն է (Սաղ. 55։12-14)։ Երբեմն, կրնանք այնպէս մը զգալ թէ դիմացինը մեր սրտին դանակ մտցուց (կարդա՛ Առակաց 12։18)։ Երբ ասիկա պատահի, թերեւս փորձենք անտեսել մեր վիրաւորուած զգացումները։ Բայց այսպիսով պիտի նմանինք մէկու մը, որ դանակով հարուած մը կը ստանայ եւ ետքը դանակը վէրքին մէջ կը ձգէ։ Նոյնպէս, չենք կրնար ակնկալել որ մեր վիրաւորուած զգացումները բուժուին, եթէ պարզապէս անտեսենք ատոնք։

6. Երբ մէկը մեզ վիրաւորէ, թերեւս ի՞նչ ընենք։

6 Երբ մէկը մեզ վիրաւորէ, թերեւս առաջին բանը որ կ’ընենք բարկանալն է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ատեններ թերեւս բարկանանք, բայց նաեւ մեզ կը զգուշացնէ թէ պէտք չէ ձգենք որ այս զգացումը մեր վրայ իշխէ (Սաղ. 4։4. Եփ. 4։26)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ անգամ մեր զգացումները պատճառ կ’ըլլան, որ ատոնց հիման վրայ քայլ մը առնենք (Յակ. 1։20)։ Յիշէ որ բարկանալը ձեռքդ չէ, բայց բարկացած մնա՛լը ձեռքդ է։

Բարկանալը ձեռքդ չէ, բայց բարկացած մնա՛լը ձեռքդ է

7. Ուրիշ ի՞նչ զգացումներ կրնանք զգալ, երբ մէկը մեզ վիրաւորէ։

7 Երբ մէկը մեզի հետ գէշ կերպով վարուած է, կրնայ ըլլալ որ ուրիշ զգացումներ ալ զգանք։ Օրինակ, Էն անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ պզտիկ էի, պապաս մօրս ձգեց եւ մեզի հոգ տանողին հետ ամուսնացաւ։ Երեսի վրայ ձգուած զգացի։ Երբ անոնք զաւակներ ունեցան, զգացի որ պապայիս քով այլեւս տեղ չունիմ։ Անկէ ետք մերժուած զգացի»։ Ճորճէթ անունով քոյր մը կը բացատրէ, թէ ի՛նչ զգաց երբ իր ամուսինը իրեն դաւաճանեց. «Սիրտս արիւն լացաւ։ Մենք պզտիկուց բարեկամներ էինք եւ միասին ռահվիրայութիւն ըրած էինք»։ Իսկ Նէյոմի անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Բնա՛ւ չէի երեւակայեր որ օր մը օրանց ամուսինս ասանկ բան մը կրնայ ընել։ Անոր համար, երբ ան խոստովանեցաւ որ գաղտնի–գաղտնի պոռնկագրութիւն կը դիտէր, խաբուած եւ դաւաճանուած զգացի»։

8. ա) Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով պէտք է ուրիշներուն ներենք։ բ) Երբ ներենք, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (տե՛ս « Ի՞նչ կրնաս ընել երբ մէկու մը պատճառով հոգեկանդ վնասուած է» տուփը)։

8 Մենք չենք կրնար դիմացինին ըսածը կամ ըրածը զսպել, բայց կրնանք մե՛ր ըսածը եւ ըրածը զսպել։ Եւ շատ անգամ լաւագոյն բանը որ կրնանք ընել՝ ներելն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք Եհովան կը սիրենք, եւ ան կ’ուզէ որ ներենք ուրիշներուն։ Եթէ բարկացած մնանք եւ չներենք, շատ հաւանաբար անխելք բան մը ընենք եւ թերեւս մեր առողջութեան վնասենք (Առ. 14։17, 29, 30)։ Նկատի առ Քրիսթին անունով քոյր մը ի՛նչ կ’ըսէ. «Երբ որ շատ ջղայնացած ըլլամ, դիւրին–դիւրին չեմ ժպտար։ Կը սկսիմ առողջապահական չեղող ուտելիքներ ուտել։ Չեմ կրնար պառկիլ եւ դժուարութիւն կ’ունենամ զգացումներս զսպելու։ Ասիկա կը ձգէ որ լաւ կերպով չվարուիմ ամուսինիս եւ ուրիշներու հետ»։

9. Ինչո՞ւ պէտք չէ ոխ պահենք։

9 Նոյնիսկ եթէ դիմացինը մեզմէ բնա՛ւ ներողութիւն չխնդրէ իր ըրածին համար, մենք կրնանք բան մը ընել որ անոր ըրածէն աւելի քիչ վնասուինք։ Ինչպէ՞ս։ Նախապէս նշուած Ճորճէթը կ’ըսէ. «Ես կրցա՛յ առաջուան ամուսինիս հանդէպ ոխս մէջէս հանել, հակառակ անոր որ ասիկա հետս ժամանակ առաւ։ Անկէ ետք շա՜տ խաղաղ զգացի»։ Երբ ոխը մեր մէջէն հանենք, մեր սիրտը չի կարծրանար ուրիշներուն հանդէպ։ Ասկէ զատ, մենք մեզի ալ լաւութիւն ըրած կ’ըլլանք, քանի որ եղածը մեր կռնակին ետեւը նետելով կը շարունակենք մեր կեանքը վայելել (Առ. 11։17)։ Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընես եթէ տակաւին պատրաստ չես զգար դիմացինին ներելու, հակառակ անոր որ զգացումներդ ընդունեցիր եւ չանտեսեցիր։

ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒԴ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼ

10. Ինչո՞ւ մենք մեզի ժամանակ պէտք է տանք որ զգացականօրէն բուժուինք (տե՛ս նաեւ նկարները)։

10 Ինչպէ՞ս կրնաս վիրաւորուած զգացումներուդ հետ գլուխ ելլել։ Կերպերէն մէկն է՝ դուն քեզի ժամանակ տաս որ բուժուիս։ Օրինակ մը տանք։ Ֆիզիքապէս շատ վիրաւորուած մէկը, բժշկական խնամք ստանալէ ետք, տակաւին ժամանակ կ’ուզէ որ բուժուի։ Նոյնպէս, ժամանակ կ’առնէ որ զգացականօրէն բուժուինք եւ պատրաստ ըլլանք վիրաւորողին սրտանց ներելու (Ժող. 3։3. Ա. Պետ. 1։22

Զգացական վէրքը, ֆիզիքական վէրքին պէս խնամք եւ ժամանակ կ’ուզէ բուժուելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 10)


11. Աղօթքը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ ներես։

11 Աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ ուրիշներուն ներելու c։ Նախապէս նշուած Էնը կը բացատրէ, թէ աղօթքը իրեն ինչպէ՛ս օգնեց։ Ան կ’ըսէ. «Եհովայէն խնդրեցի որ ընտանիքիս ամէն մէկ անդամին ներէ իրենց ըրած սխալներուն համար։ Ետքը, նամակ մը գրեցի պապայիս եւ իր նոր կնոջ եւ անոնց ըսի որ իրենց ներած եմ»։ Էնը կը խոստովանի որ ասիկա ընելը իրեն համար դիւրին չէր։ Բայց ան կ’ըսէ. «Կը յուսամ որ քանի որ փորձեցի Եհովային ներողամտութիւնը ընդօրինակել, պապաս եւ իր կինը ասկէ քաջալերուելով ուզեն Եհովային մասին աւելի գիտնալ»։

12. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովայի՛ն վստահինք, քան՝ մեր զգացումներուն (Առակաց 3։5, 6

12 Եհովայի՛ն վստահէ եւ ոչ թէ՝ զգացումներուդ (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6)։ Եհովան մի՛շտ գիտէ թէ ինչն է լաւագոյնը մեզի համար (Եսա. 55։8, 9)։ Ան երբեք մեզմէ պիտի չխնդրէ որ ընենք բան մը, որ մեզի վնաս կը հասցնէ։ Ասոր համար, երբ ան մեզ կը քաջալերէ որ ներենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ասիկա մեզի օգտակար պիտի ըլլայ (Սաղ. 40։4. Եսա. 48։17, 18)։ Միւս կողմէ, եթէ մեր զգացումներուն վստահինք, թերեւս երբեք չկարենանք ներել (Առ. 14։12. Եր. 17։9)։ Նախապէս նշուած Նէյոմին կ’ըսէ. «Սկիզբը, կը զգայի թէ իրաւունք ունիմ ամուսինիս չներելու իր ըրածին համար։ Կը վախնայի որ ան անգամ մը եւս զիս վիրաւորէ կամ ալ մոռնայ թէ իր ըրածը որքա՛ն ցաւցուցած է զիս։ Նաեւ մտածեցի որ Եհովան կը հասկնայ զգացումներս։ Բայց ետքը անդրադարձայ որ եթէ Եհովան զգացումներս կը հասկնայ, ասիկա ըսել չէ որ ան այդ զգացումներուս հետ համաձայն է։ Ան գիտէ թէ ես ինչպէ՛ս կը զգամ եւ թէ ժամանակ կ’առնէ որ լաւանամ։ Բայց ան նաեւ կ’ուզէ որ ներող ըլլամ» d։

ԴՐԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՐ

13. Հռովմայեցիս 12։18-21–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք։

13 Երբ ներենք մէկու մը որ մեզի շատ վիրաւորած է, չի բաւեր որ այլեւս իր ըրածին նիւթը չբանանք։ Մեր նպատակն է խաղաղութիւն ընել մեզ վիրաւորողին հետ, մանաւանդ եթէ ան մեր քրիստոնեայ եղբայրը կամ քոյրն է (Մատ. 5։23, 24)։ Բարկանալու տեղ՝ ողորմութիւն ցոյց տուր, եւ ոխ պահելու տեղ՝ ներէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։18-21. Ա. Պետ.3։9)։ Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ ասոր մէջ։

14. Ի՞նչ պէտք է ջանանք ընել, եւ ինչո՞ւ։

14 Պէտք է ջանանք մեզ վիրաւորողին նայիլ ինչպէս Եհովան իրեն կը նայի։ Եհովան մարդոց մէջ լաւ յատկութիւններ կը փնտռէ եւ մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք (Բ. Մն. 16։9. Սաղ. 130։3)։ Ընդհանրապէս, եթէ մարդոց մէջ գէշ յատկութիւններ փնտռենք, գէշ յատկութիւններ պիտի գտնենք։ Եւ եթէ լաւ յատկութիւններ փնտռենք, լաւ յատկութիւններ պիտի գտնենք, եւ ասիկա պիտի դիւրացնէ որ անոնց ներենք։ Օրինակ, Ճէռըտ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Ինծի համար աւելի դիւրին է եղբօր մը ներել, երբ մտածեմ իր շատ մը լաւ բաներուն մասին, փոխանակ մտածելու իր սխալին մասին»։

15. Ինչո՞ւ օգտակար է որ քեզ վիրաւորողին ըսես որ իրեն ներած ես։

15 Ուրիշ բան մըն ալ կրնաս ընել։ Կրնաս քեզ վիրաւորողին ըսել որ իրեն ներած ես։ Ինչո՞ւ։ Նախապէս նշուած Նէյոմին կ’ըսէ. «Ամուսինս ինծի հարցուց. ‘Ինծի ներեցի՞ր’։ Երբ բերանս բացի որ պատասխանեմ, բառերը բերնէս չելան։ Անդրադարձայ որ սրտանց չէի ներած իրեն։ Ժամանակի ընթացքին կրցայ իրեն այս երկու զօրաւոր բառերը ըսել. ‘Ներեցի քեզի’։ Երբ ըսի, ամուսինիս աչքերը լեցուեցան։ Շատ զարմացայ որ երկուքս ալ որքա՜ն հանգչեցանք։ Անկէ ի վեր, իրեն հանդէպ վստահութիւնս աւելցած է եւ մենք նորէն մտերիմ բարեկամներ ենք»։

16. Ներելու մասին ի՞նչ սորվեցար։

16 Եհովան կ’ուզէ որ ներող ըլլանք (Կող. 3։13)։ Ասով հանդերձ, ասիկա ընելը մեզի համար կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց կրնա՛նք յաջողիլ, եթէ մեր զգացումները չանտեսենք, ջանանք անոնց հետ գլուխ ելլել եւ անկէ ետք դրական զգացումներ զարգացնենք (տե՛ս « Ներելու երեք քայլերը»)։

ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ ՆԵՐԵԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

17. Ներելը ի՞նչ օգուտներ ունի։

17 Ներելու շատ մը պատճառներ ունինք։ Նկատի առ ատոնցմէ ոմանք։ Առաջին, երբ ներենք, կ’ընդօրինակենք մեր «գթած» Հայրը՝ Եհովան, եւ իր սիրտը կ’ուրախացնենք (Ղուկ. 6։36)։ Երկրորդ, ցոյց կու տանք որ իրապէս կը գնահատենք որ Ան միշտ կը ներէ մեզի (Մատ. 6։12)։ Եւ երրորդ, մեր առողջութիւնը աւելի լաւ կ’ըլլայ եւ ուրիշներուն հետ մեր բարեկամութիւնները աւելի զօրաւոր կ’ըլլան։

18-19. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ երբ ներենք։

18 Երբ ուրիշներուն ներենք, անակնկալ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչ պատահեցաւ նախապէս նշուած Տէնիսին հետ։ Թէեւ ան լուր չունէր, բայց ինքնաշարժի արկած պատճառող անձը որոշած էր դատավարութենէն ետք անձնասպան ըլլալ։ Բայց Տէնիսին ներողամտութիւնը իրեն ա՛յնքան ազդեց, որ ան սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել Եհովայի վկաներուն հետ։

19 Թերեւս զգանք որ մէկու մը ներելը ամէնէն դժուար բաներէն է։ Բայց վստահ ենք, որ ատիկա ամէնէն շատ օրհնութիւններ բերող բաներէն մէկը կրնայ ըլլալ (Մատ. 5։7)։ Ուրեմն, մեր լաւագոյնը ընենք որ Եհովային պէս ներող ըլլանք։

ԵՐԳ 21 Ողորմածները երջանի՛կ են

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

b Այսպիսի պարագայի մը, ամէն մէկ քրիստոնեայ ի՛նք պէտք է որոշէ ի՛նչ ընել։

c jw.org կայքին վրայ դիտէ այս երգերուն վիտէօները՝ «Իրարու ներենք» (արաբ.) եւ «Նոր էջ բանանք» (արաբ.)։

d Թէեւ պոռնկագրութիւն դիտելը մեղք է եւ վնաս կը հասցնէ, բայց Սուրբ Գիրքին համաձայն՝ ատիկա անմեղ կողակիցին իրաւունք չի տար որ ամուսնալուծուի։