Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնաս իսկական բարեկամ ըլլալ

Ինչպէ՞ս կրնաս իսկական բարեկամ ըլլալ

ԵՂԱ՞Ծ է որ մինակ զգացած ես, երբ դժուարութիւն մը ունեցած ես։ Մենք կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ, եւ ասոր համար ատեններ տխուր ու մինակ կը զգանք (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց կան անձեր, որոնք կրնան մեզի օգնել երբ խնդիրներ ունենանք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ իսկական բարեկամները կրնան մեզի շատ օգնել, երբ «նեղութեան» մէջ ըլլանք (Առ. 17։17

ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼ

Պօղոս առաքեալ կրցաւ իր հաւատարիմ բարեկամներուն օգնութեամբ շարունակել ժողովքները քաջալերել, հակառակ անոր որ տունը բանտարկուած էր

Իր ճամբորդութիւններու ընթացքին, Պօղոսին ընկերակցողները իրեն շատ օգնեցին (Կող. 4։7-11)։ Երբ Պօղոս Հռոմի մէջ բանտարկուած էր, իր բարեկամները ի՛ր տեղը ըրին այն բաները, որոնք ինք անձամբ չէր կրնար ընել։ Օրինակ, Եպափրոդիտոսը Պօղոսին բերաւ Փիլիպպէի եղբայրներուն ու քոյրերուն ղրկած ապրանքները (Փլպ. 4։18)։ Տիւքիկոսը, Պօղոսին նամակները հասցուց ժողովքներուն (Կող. 4։7)։ Պօղոսին բարեկամները իրեն օգնեցին որ իր ծառայութիւնը ընէ, նոյնիսկ երբ իր տան մէջ արգելափակուած էր կամ բանտն էր։ Լաւ, դո՛ւն ինչպէ՞ս կրնաս իսկական բարեկամ մը ըլլալ։

Մեր օրերուն, կան եղբայրներ ու քոյրեր, որոնց օրինակը կը ցուցնէ որ բարեկամները ինչպէ՛ս կրնան իրարու օգնել։ Սպանիայէն՝ Էլիսապէթ անունով ռահվիրայ քոյր մը կը բացատրէ, թէ քոյր մը ինչպէ՛ս իրեն օգնեց իր նեղ պարագաներուն։ Երբ Էլիսապէթին մայրը մահացու քաղցկեղ ունեցաւ, այդ քոյրը Սուրբ Գիրքէն խօսքեր յիշելով քաջալերական մէսըճներ ղրկեց իրեն։ Էլիսապէթը կ’ըսէ. «Այդ մէսըճները զիս զօրացուցին, ոտքի պահեցին եւ զգացուցին որ մինակ չեմ» (Առ. 18։24

Երբ եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք հոգեւոր բաներ ընելու մէջ, իրենց հետ մեր բարեկամութիւնները կը զօրացնենք։ Օրինակ, կրնաս առաջարկել որ տարիքով մեծ եղբայր մը կամ քոյր մը հասցնես ժողովի կամ ծառայութեան։ Այսպիսով, թէ՛ դուն կը քաջալերուիս, թէ՝ իրենք (Հռով. 1։12)։ Բայց ոմանք չեն կրնար տունէն դուրս ելլել։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։

ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄ ԵՂԻՐ ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԻՐԵՆՑ ՏՈՒՆԷՆ ԵԼԼԵԼ

Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր ունին առողջապահական խնդիրներ կամ ուրիշ պարագաներ, որոնց պատճառով չեն կրնար անձամբ ժողովի երթալ։ Նկատի առ Տէյվիտին օրինակը, որ արեան քաղցկեղ ունեցաւ։ Ան աւելի քան վեց ամիս քիմիաբուժում ստացաւ։ Այդ բուժումին ընթացքին, Տէյվիտը ու իր կինը՝ Լիտիան՝ տունէն դիտեցին ժողովները։

Ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս օգնեցին իրենց։ Ամէն անգամ որ ժողովը վերջանար, ոմանք վիտէոյով կը խօսէին Տէյվիտին եւ Լիտիային հետ։ Ասկէ զատ, երբ Տէյվիտը ու Լիտիան պատասխան կու տային, եղբայրներն ու քոյրերը ժողովէն ետք քաջալերական մէսըճներ կը ղրկէին իրենց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Տէյվիտը եւ Լիտիան զգացին, որ լման մինակ չեն։

Ծառայութեան ել այն եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ, որոնք տունէն դուրս չեն կրնար ելլել

Կրնա՞նք մեզի հետ ծառայութեան հանել անոնք, որոնք չեն կրնար տունէն դուրս ելլել։ Եթէ մեր ռութինին մէջ քիչ մը փոփոխութիւններ մտցնենք, կրնանք իրենց ցուցնել որ զիրենք չենք մոռցած (Առ. 3։27)։ Կրնա՞ս անոնց հետ քարոզել՝ նամակ գրելով կամ հեռաձայնով։ Թերեւս անոնք կրնան վիտէոյով կապուիլ դաշտի ծառայութեան ժողովներուն։ Տէյվիտը եւ Լիտիան շատ ուրախ են, որ իրենց ժողովքը այս կարգադրութիւնը ըրաւ։ Տէյվիտը կը բացատրէ. «Եղբայրներուն հետ քարոզչութեան մասին քիչ մը քննարկելը եւ աղօթելը, բաւարար էր որ ոյժ առնէինք»։ Ասկէ զատ, կրնա՞ս երբեմն աշակերտդ տանիլ մէկու մը տունը, որ չի կրնար տունէն դուրս ելլել, որպէսզի դասը իր քովը ընես՝ եթէ ինքը կ’ընդունի։

Երբ ժամանակ կ’անցընենք անոնց հետ, որոնք տունէն դուրս չեն կրնար ելլել, անոնց աղուոր յատկութիւնները կը տեսնենք եւ անոնց աւելի կը մօտենանք։ Օրինակ, երբ կը նկատես թէ անոնք ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքը վարպետութեամբ կը գործածեն, որ մէկու մը սրտին հասնին, աւելի մօտիկ կը զգաս անոնց։ Երբ հոգեւոր բաներու մէջ կ’օգնես հաւատակիցներուդ, կը սկսիս նոր բարեկամներ ունենալ (Բ. Կոր. 6։13

Երբ Պօղոս դժուարութիւններէ կ’անցնէր, իր բարեկամը՝ Տիտոսը՝ եկաւ, զինք տեսնելու եւ տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար (Բ. Կոր. 7։5-7)։ Ճիշդ է որ մեր խօսքերով կրնանք քաջալերել մեր եղբայրներն ու քոյրերը, բայց Տիտոսին օրինակէն կը սորվինք, որ մենք նաեւ կրնանք զանոնք մխիթարել, երբ անոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք եւ գործնական կերպերով անոնց կ’օգնենք (Ա. Յովհ. 3։18

ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄ ԵՂԻՐ ՀԱԼԱԾՈՒՈՂՆԵՐՈՒՆ

Ռուսիոյ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ալ կը սորվինք ինչպէ՛ս իրարու օգնել։ Նկատի առ Սերկէյին եւ իր կնոջ՝ Թաթիանային՝ փորձառութիւնը։ Ոստիկանները եկան, իրենց տունը փնտռտեցին, զայն տակնուվրայ ըրին եւ ետքը զանոնք հարցուփորձի համար ոստիկանատուն տարին։ Նախ Թաթիանան ազատ արձակեցին որ տուն երթայ։ Սերկէյը կը պատմէ. «Հազիւ որ [Թաթիանան] տուն մտաւ, քաջ քոյր մը իր քովը եկաւ։ Ետքը, ուրիշ քոյրեր ու եղբայրներ ալ եկան, որ մեզի օգնեն տունը շտկռտելու»։

Սերկէյը կ’աւելցնէ. «Օրէն ի վեր կը սիրէի Առակաց 17։17–ն, որ կ’ըսէ. ‘Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է’։ Այս խօսքը ինծի համար աւելի իմաստ ունի հիմա՝ հալածանքի ժամանակ, քանի որ չեմ կրնար մինակս դիմանալ եղածներուն։ Եհովան մեզի ղրկեց բարեկամներ, որոնք քաջութեամբ մեր քովը կեցան» a։

Ո՛րքան աւելի դժուար պարագաներ ունենանք, ա՛յնքան աւելի պէտք պիտի ունենանք ընկերներու։ Անոնց ա՛լ աւելի պէտք պիտի ունենանք մեծ նեղութեան ատեն։ Ուրեմն, ամէն ջանք թափենք որ հիմա՛ իսկական բարեկամ ըլլանք ուրիշներուն (Ա. Պետ. 4։7, 8