Պարզ հարցում մը կրնաս հարցնել
Մերին եւ իր ամուսինը՝ Ճոնը a կ’ապրին երկրի մը մէջ, ուր Ֆիլիփիններէն շատ մարդիկ կու գան աշխատելու եւ ապրելու, եւ ուր կարելի է բարի լուրին մասին քարոզել անոնց։ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ժամանակ, Մերին կրցաւ սերտելու սկսիլ ոչ միայն իր երկրին մէջ ապրող անձերու հետ, հապա՝ ուրիշ երկիրներու մէջ ապրողներու հետ։ Ինչպէ՞ս։
Մերին իր դասերուն կը հարցնէր. «Գիտե՞ս մէկը որ կը փափաքի Սուրբ Գիրքը սերտել»։ Եթէ այո՛ ըսէին, անոնց կը հարցնէր եթէ կարելի է անոնց ծանօթանալ։ Շատ անգամ, այս պարզ հարցումը լաւ արդիւնքներ կ’ունենայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ընդհանրապէս, անոնք որոնք կը սիրեն Սուրբ Գիրքէն իրենց սորվածները, կ’ուզեն իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն ալ պատմել ատոնց մասին։ Լաւ, ի՞նչ կը պատահէր երբ Մերին այս հարցումը կը հարցնէր։
Մերիին դասը՝ Ժասմինը՝ զինք ծանօթացուց չորս անձերու, որոնք սկսան Սուրբ Գիրքը սերտել։ Անոնցմէ մէկը՝ Քրիսթինը՝ այնքա՛ն սիրեց սերտելը, որ Մերիէն խնդրեց շաբաթը երկու անգամ սերտել։ Երբ Մերին իրեն հարցուց, թէ արդեօք գիտէ՞ մէկը որ կը փափաքի Սուրբ Գիրքը սերտել, Քրիսթինը ըսաւ. «Այո՛, քեզ պիտի ծանօթացնեմ ընկերուհիներուս»։ Քանի մը շաբթուան մէջ, Քրիսթինը զինք ծանօթացուց չորս ընկերուհիներու։ Ետքը, զինք ուրիշ ընկերուհիներու ալ ծանօթացուց, եւ ատոնցմէ ոմանք ալ ուրիշներու ծանօթացուցին զինք։
Քրիսթինը նաեւ ուզեց որ Ֆիլիփիններու մէջ իր ընտանիքն ալ Սուրբ Գիրքին մասին սորվի։ Ասոր համար, ան խօսեցաւ իր աղջիկին՝ Էնտրիային հետ։ Սկիզբը, Էնտրիան մտածեց. ‘Վկաները աղանդ մըն են։ Անոնք Յիսոսին չեն հաւատար եւ միայն Հին Կտակարանը կը գործածեն’։ Բայց միայն մէկ անգամ սերտելէ ետք, տեսաւ թէ ինք սխալ կարծիք առած էր։ Ամէն անգամ որ սերտելու ժամանակ նոր բան մը սորվէր, կ’ըսէր. «Այնքա՛ն ատեն որ Սուրբ Գիրքն է ասիկա ըսողը, պէտք է որ ճիշդ ըլլայ»։
Ժամանակի ընթացքին, Էնտրիան Մերիին ծանօթացուց իր երկու ընկերուհիներուն եւ իր հետը աշխատող աղջիկի մը։ Ասկէ զատ, Մերին չէր գիտեր որ Էնտրիային կոյր հօրաքոյրը՝ Էնճըլան՝ ամէն անգամ իրենց մտիկ կ’ընէր դասի ժամանակ։ Օր մը, Էնճըլան Էնտրիայէն խնդրեց, որ զինք Մերիին ծանօթացնէ եւ իրմէ խնդրէ որ իր հետն ալ սերտէ։ Էնճըլան հաւնեցաւ իր սորվածները եւ մէկ ամսուան մէջ շատ մը համարներ գոց սորվեցաւ եւ ուզեց շաբաթը չորս անգամ սերտել։ Ան Էնտրիային օգնութեամբ սկսաւ միշտ ժողովները դիտել վիտէոյով։
Երբ Մերին գիտցաւ որ Քրիսթինին ամուսինը՝ Ճոշուան՝ միշտ Քրիսթինին շուրջը կ’ըլլայ դասի ժամանակ, Մերին իրեն հարցուց եթէ ինքն ալ կ’ուզէ սերտողութեան միանալ։ Ճոշուան ըսաւ. «Միայն մտիկ պիտի ընեմ։ Ինծի հարցում մի՛ հարցներ։ Եթէ հարցնես, գլուխս կ’առնեմ–կ’երթամ»։ Ան առաջին հինգ վայրկեանուան մէջ Քրիսթինէն աւելի հարցումներ հարցուց եւ ուզեց ինքն ալ Սուրբ Գիրքը սերտել։
Մերիին հարցուցած այս պարզ հարցումը ձգեց, որ ան շատ մը նոր դասեր ունենայ։ Կարգ մը դասերու պարագային, ան ուրիշ Վկաներու հետ կարգադրութիւն ըրաւ, որ անոնց հետ սերտեն։ Այսպիսով, Մերին սկսաւ չորս տարբեր երկիրներէ եղող 28 անձերու հետ սերտել։
Այս փորձառութեան մէջ յիշուած առաջին դասը՝ Ժասմինը՝ մկրտուեցաւ ապրիլ 2021–ին։ Քրիսթինը մկրտուեցաւ մայիս 2022–ին եւ Ֆիլիփիններ վերադարձաւ։ Քրիսթինին միջոցաւ Մերիին ծանօթացած անձերէն երկու հոգի ալ մկրտուեցան։ Քանի մը ամիս ետք, Էնճըլան մկրտուեցաւ եւ հիմա կանոնաւոր ռահվիրայ է։ Քրիսթինին ամուսինը՝ Ճոշուան, իրենց աղջիկը՝ Էնտրիան եւ ուրիշ քանի մը դասեր կը շարունակեն սերտել ու յառաջդիմել։
Առաջին դարուն, շատեր իրենց ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն պատմեցին բարի լուրին մասին (Յովհ. 1։41, 42ա. Գործք 10։24, 27, 48. 16։25-33)։ Դուն ալ կրնա՞ս դասերուդ եւ հետաքրքրուած անձերու հարցնել. «Գիտե՞ս մէկը որ կը փափաքի Սուրբ Գիրքը սերտել»։ Չես գիտեր թէ քանի՛ հոգիներու հետ թերեւս սկսիս սերտել՝ այս պարզ հարցումը հարցնելով։
a Անունները փոխուած են։