Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը. . . ամէն մտքէ վեր է»

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը. . . ամէն մտքէ վեր է»

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը. . . պիտի պահպանէ» (ՓԼՊ. 4։7

ԵՐԳԵՐ. 76, 141

1, 2. Փիլիպպէի մէջ ի՞նչ պատահեցաւ Պօղոսին ու Շիղային (տե՛ս բացման նկարը)։

ԳՐԵԹԷ կէս գիշեր է։ Փիլիպպէ քաղաքին մէջ, երկու միսիոնարներ՝ Պօղոս եւ Շիղա, բանտին ամէնէն խոր եւ մութ տեղն են։ Իրենց ոտքերը ամրացուած են կոճղի մէջ, իսկ իրենց կռնակը տակաւին կը ցաւի, քանի որ քիչ առաջ ծանր ծեծ կերան (Գործք 16։23, 24)։ Ի՜նչ արագ պատահած էր ամէն բան։ Խումբ մը մարդիկ զանոնք բռնելով հրապարակ տարած էին եւ շուտով դատերնին տեսած էին։ Ետքը, անոնց հագուստները պատռած էին եւ մտրակով ծեծած (Գործք 16։16-22)։ Իսկ ամէնէն անարդար բանը այն էր, թէ Պօղոս հռոմէական քաղաքացիութիւն ունէր եւ պէտք էր որ իր դատը աւելի յարմար կերպով տեսնուէր *։

2 Մինչ Պօղոս բանտն է, կը մտածէ այդ օրուան անցուդարձին մասին եւ Փիլիպպէի մէջ ապրողներուն մասին։ Անոնք նոյնիսկ հրէական ժողովարան մը չունին իրենց քաղաքին մէջ, ինչ որ տարբեր է Պօղոսին այցելած ուրիշ շատ մը քաղաքներէ։ Հրեաները պաշտամունքի համար քաղաքէն դուրս գետեզերքը կ’երթան (Գործք 16։13, 14)։ Պատճառը ի՞նչ է։ Արդեօք քանի որ նոյնիսկ տասը հրեայ տղամարդ չկա՞յ քաղաքին մէջ, ինչ որ պահանջուած է որպէսզի ժողովարան մը հաստատուի։ Փիլիպպէի բնակիչները շատ հպարտ կը զգան որ հռոմէական քաղաքացիութիւն ունին, նոյնիսկ եթէ իրենց քաղաքացիութիւնը մասնակի կամ երկրորդական է (Գործք 16։21)։ Թերեւս ասոր համար է որ անոնց միտքէն չ’անցնիր որ հրեայ Պօղոսն ու Շիղան հռոմէական քաղաքացիութիւն կրնան ունենալ։ Ամէն պարագայի, մէկ բան յստակ է թէ անոնք անարդարօրէն բանտ դրուեցան։

3. Պօղոս թերեւս ինչո՞ւ զարմացաւ երբ բանտ դրուեցաւ, բայց ան ի՞նչ կեցուածք ունէր։

3 Թերեւս Պօղոս նաեւ կը մտածէ անցեալ ամիսներուն պատահածներուն մասին։ Ան Եգէական ծովուն միւս կողմն էր, Փոքր Ասիոյ մէջ։ Մինչ Պօղոս հոն էր, սուրբ հոգին քանի մը անգամ արգելք դարձաւ որ որոշ շրջաններու մէջ քարոզէ։ Կարծես թէ սուրբ հոգին զինք ուրիշ տեղ մը կը հրէր (Գործք 16։6, 7)։ Բայց ո՞ւր։ Պօղոս ասոր պատասխանը առաւ տեսիլքի մը մէջ, մինչ Տրովադայի մէջ էր։ Իրեն ըսուեցաւ. «Մակեդոնիա՛ անցիր»։ Պօղոս անմիջապէս Մակեդոնիա գնաց, քանի որ շատ յստակ էր որ ասիկա Եհովային կամքն էր (կարդա՛ Գործք 16։8-10)։ Բայց ետքը ի՞նչ պատահեցաւ։ Ան Մակեդոնիա հասնելէն քիչ ետք բա՛նտ դրուեցաւ։ Եհովան ինչո՞ւ ձգեց որ ասիկա Պօղոսին պատահի։ Ան որքա՞ն պիտի մնար բանտը։ Նոյնիսկ եթէ այս հարցումները Պօղոսին միտքէն կ’անցնէին, ան չձգեց որ ատոնք իր ուրախութիւնը եւ հաւատքը տկարացնեն։ Ինք եւ Շիղա սկսան ‘աղօթք ընել եւ Աստուած օրհնել’ (Գործք 16։25)։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը հանգստացուց իրենց միտքն ու սիրտը։

4, 5. ա) Մեր պարագան ինչպէ՞ս կրնայ նմանիլ Պօղոսին պարագային։ բ) Պօղոսին պարագան ինչպէ՞ս յանկարծ փոխուեցաւ։

4 Երբեք Պօղոսին վիճակին մէջ եղա՞ծ ես։ Թերեւս եղած են ժամանակներ, երբ Աստուծմէ խնդրեցիր որ քեզի օգնէ որոշում մը առնելու, եւ ըստ քեզի՝ հետեւեցար սուրբ հոգիին առաջնորդութեան, բայց ետքը ակնկալածէդ տարբեր բան մը պատահեցաւ։ Դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցար, կամ ալ ստիպուեցար մեծ փոփոխութիւններ ընել կեանքիդ մէջ (Ժող. 9։11)։ Հիմա որ ետեւ կը նայիս, թերեւս հարցնես որ Եհովան ինչո՛ւ թոյլ տուաւ որ կարգ մը բաներ պատահին։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ շարունակես տոկալ՝ լման վստահելով Եհովային։ Պատասխանը գտնելու համար վերադառնանք Պօղոսին եւ Շիղային պատմութեան։

5 Մինչ Պօղոսն ու Շիղան օրհնութեան երգեր կ’երգեն, ետեւ–ետեւի չակնկալուած բաներ կը պատահին։ Նախ, զօրաւոր երկրաշարժ մը կ’ըլլայ։ Բանտին դռները կը բացուին։ Բոլոր բանտարկեալներուն կապերը կը քակուին։ Պօղոս բանտապետին կ’ըսէ որ անձնասպան չըլլայ։ Բանտապետը եւ իր ամբողջ ընտանիքը կը մկրտուին։ Առտուն, քաղաքին զօրագլուխները սպասաւորներ կը ղրկեն, որ Պօղոսն ու Շիղան ազատ արձակեն ու ըսեն որ խաղաղութեամբ քաղաքը ձգեն–երթան։ Ետքը, երբ զօրագլուխները կ’իմանան որ Պօղոսն ու Շիղան հռոմէական քաղաքացիութիւն ունին, կ’անդրադառնան որ մեծ սխալ մը ըրած են։ Այսպիսով, անո՛նք կու գան ու զիրենք բանտէն կը հանեն։ Բայց Պօղոսն ու Շիղան կը պնդեն որ քաղաքը ձգելէ առաջ մնաք բարով ըսեն իրենց նոր մկրտուած քրոջ՝ Լիդիային։ Անոնք նաեւ առիթը կ’օգտագործեն որ եղբայրները զօրացնեն (Գործք 16։26-40)։ Ամէն բան ի՜նչ արագ փոխուեցաւ։

«ԱՄԷՆ ՄՏՔԷ ՎԵՐ Է»

6. Հիմա միասին ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

6 Այս դէպքերէն ի՞նչ կը սորվինք։ Եհովան կրնայ չակնկալուած բան մը ընել, եւ ասոր համար՝ պէտք չունինք մտահոգուելու երբ նեղութիւն ունենանք։ Պօղոս շատ լաւ սորվեցաւ այս դասը, ինչպէս որ յայտնի է փիլիպպեցի եղբայրներուն ղրկած իր նամակին մէջ, ուր գրեց մտահոգութեան եւ Աստուծոյ խաղաղութեան մասին։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք Պօղոսին խօսքը Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ին մէջ (կարդա՛)։ Նաեւ վերաքաղ պիտի ընենք Աստուածաշունչէն ուրիշ պատմութիւններ, ուր Եհովան չակնկալուած բաներ ըրաւ։ Ի վերջոյ, պիտի տեսնենք թէ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ինչպէ՛ս կ’օգնէ մեզի որ տոկանք, լման վստահելով Եհովային։

7. Պօղոս ի՞նչ դաս սորվեցուց երբ Փիլիպպէի եղբայրներուն նամակ գրեց, եւ մենք ի՞նչ կը սորվինք։

7 Երբ Փիլիպպէի եղբայրները կարդացին Պօղոսին նամակը, անկասկած յիշեցին թէ ի՛նչ պատահած էր իրեն եւ Եհովան ինչպէս իրենց չակնկալած կերպով օգնած էր։ Պօղոս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէր անոնց։ Դասը այս էր. Հոգ մի՛ ընէք, աղօթեցէք եւ պիտի ստանաք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կարգ մը թարգմանիչներ «ամէն մտքէ վեր է» արտայայտութիւնը կը թարգմանեն՝ «մեր երազներէն վեր է» կամ «բոլոր մարդկային ծրագիրները կը գերազանցէ»։ Պօղոս կարծես թէ կ’ըսէր, թէ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» մեր երեւակայածէն աւելի հոյակապ է։ Ճիշդ է որ ատեններ չենք կրնար մեր խնդիրներուն լուծումը գիտնալ, բայց Եհովան գիտէ՛ եւ կրնայ մեր չակնկալածը ընել (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։9

8, 9. ա) Պօղոսին կրած անարդարութեան պատճառով ի՞նչ լաւ բան մը պատահեցաւ։ բ) Փիլիպպէի եղբայրները ինչո՞ւ կրնային լման վստահիլ Պօղոսին ըսածին։

8 Շատ հաւանաբար, Պօղոսին նամակը զօրացուց Փիլիպպէի եղբայրները, մինչ անոնք վերյիշեցին թէ Եհովան ինչե՜ր ըրած էր իրենց համար անցեալ տասը տարիներուն։ Թէեւ Եհովան թոյլ տուած էր որ Պօղոսն ու Շիղան անարդարութեան զոհ երթան, բայց այդ դէպքերը ձգեցին որ բարի լուրը պաշտպանուի եւ օրինապէս հաստատուի (Փլպ. 1։7)։ Այլեւս զօրագլուխները պիտի չհամարձակէին այդ նոր քրիստոնէական ժողովքը հալածել։ Թերեւս քանի որ Պօղոս նշեց իր հռոմէական քաղաքացիութիւնը, իր ճամբորդակիցը՝ Ղուկաս բժիշկը կրցաւ Փիլիպպէ մնալ, Պօղոսին ու Շիղային երթալէն ետք։ Այսպիսով, Ղուկաս կրնար աւելի օգնել այդ նոր քրիստոնեաներուն։

9 Երբ Փիլիպպէի եղբայրները Պօղոսին նամակը կարդացին, գիտէին թէ ան պարզապէս իր անձնական կարծիքը չէր գրած։ Պօղոս իր փորձառութենէն կը խօսէր։ Ան մեծ դժուարութիւններ ունեցած էր եւ նոյնիսկ երբ այս նամակը կը գրէր, Հռոմի իր տան մէջ բանտարկուած էր։ Բայց ան տակաւին ցուցուց թէ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ունէր (Փլպ. 1։12-14. 4։7, 11, 23

«ԲԱՆԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳ ՄԻ՛ ԸՆԷՔ»

10, 11. Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ շատ մտահոգուինք խնդիրի մը մասին, եւ ի՞նչ կրնանք ակնկալել։

10 Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ բանի մը համար չմտահոգուինք եւ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» վայելենք։ Պօղոսին խօսքը կը ցուցնէ թէ մեր մտահոգութիւններուն ճարը աղօթքն է։ Ուրեմն, երբ մտահոգ ըլլանք, պէտք է մեր մտահոգութեան մասին աղօթենք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։6, 7)։ Լման հաւատքով աղօթէ Եհովային, վստահ ըլլալով որ քեզմով հետաքրքրուած է։ Միշտ իրեն շնորհակալութիւն յայտնէ ամէն մէկ օրհնութեան համար որ կը վայելես։ Եւ բնաւ մի՛ մոռնար որ ան «կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք» (Եփ. 3։20

11 Թերեւս զարմանանք տեսնելով որ Եհովան ինչ կ’ընէ մեզի օգնելու համար, ինչպէս որ Պօղոսին եւ Շիղային պատահեցաւ։ Ան թերեւս անսովոր բան մը չընէ, բայց միշտ մեզի պէտք եղածը պիտի ընէ (Ա. Կոր. 10։13)։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր որ կրնանք ձեռքերնիս ծալել նստիլ, եւ պարզապէս Եհովային սպասել որ հարցը շտկէ կամ խնդիրը լուծէ։ Պէտք է մեր աղօթքներուն համաձայն բան մը ընենք (Հռով. 12։11)։ Այսպիսով, մեր գործերը պիտի փաստեն թէ անկեղծ ենք, եւ Եհովային առիթ պիտի տանք որ մեզ օրհնէ։ Բայց միեւնոյն ատեն պէտք է մտքերնիս պահենք, որ Եհովան կրնայ մեր խնդրանքէն, ծրագիրէն եւ ակնկալածէն աւելի ընել։ Ատեններ, ան մեր չակնկալածը կ’ընէ ու մեր բերանը բաց կը մնայ։ Հիմա նկատի առնենք Սուրբ Գիրքէն կարգ մը օրինակներ, որոնք պիտի ձգեն որ աւելի վստահինք Եհովային կարողութեան որ մեր չակնկալածը ընէ։

ԵՀՈՎԱՆ ՉԱԿՆԿԱԼՈՒԱԾ ԲԱՆԵՐ Կ’ԸՆԷ

12. ա) Եզեկիան ի՞նչ ըրաւ երբ Սենեքերիմ թագաւորը ուզեց յարձակիլ Երուսաղէմին վրայ։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս լուծեց խնդիրը, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

12 Սուրբ Գիրքին մէջ կը գտնենք շատ մը օրինակներ, թէ Եհովան ինչպէս չակնկալուած բաներ ըրած է։ Օրինակ, երբ Եզեկիան Յուդային թագաւորն էր, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը յարձակեցաւ Յուդային վրայ եւ բոլոր քաղաքները գրաւեց, բացի Երուսաղէմէն (Դ. Թագ. 18։1-3, 13)։ Ետքը, Սենեքերիմ եկաւ որ Երուսաղէմը գրաւէ։ Իսկ Եզեկիան ի՞նչ ըրաւ։ Նախ, ան Եհովային աղօթեց եւ Եսայի մարգարէէն խրատ խնդրեց (Դ. Թագ. 19։5, 15-20)։ Ետքը, Եզեկիան վճարեց Սենեքերիմին պահանջած տուրքը, եւ այսպիսով ցուցուց թէ լաւ դատողութիւն ունէր (Դ. Թագ. 18։14, 15)։ Ան նաեւ քաղաքը պատրաստեց երկար պաշարումի համար (Բ. Մն. 32։2-4)։ Բայց հարցը ինչպէ՞ս լուծուեցաւ։ Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց, որպէսզի Սենեքերիմի բանակէն 185,000 զինուոր մեռցնէ մէկ գիշերուան մէջ։ Իրականութեան մէջ, ասիկա նոյնիսկ Եզեկիային միտքին ծայրէն չէր անցներ (Դ. Թագ. 19։35

Յովսէփին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք (Ծն. 41։42) (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. ա) Ի՞նչ կը սորվինք Յովսէփին փորձառութենէն։ բ) Ի՞նչ չակնկալուած բան մը պատահեցաւ Սառային։

13 Նկատի առ Յակոբին տղան՝ Յովսէփը։ Մինչ ան բանտն էր, ո՛չ մէկ գաղափար ունէր որ Եգիպտոսի ամէնէն կարեւոր երկրորդ անձը պիտի դառնար եւ Եհովան զինք պիտի գործածէր որ իր ընտանիքը սովամահութենէ ազատէ (Ծն. 40։15. 41։39-43. 50։20)։ Անկասկած, ի՛նչ որ Եհովան ըրաւ՝ Յովսէփին ակնկալածէն շա՜տ աւելի էր։ Նաեւ մտածէ Յովսէփին մեծ–հօր մօր՝ Սառային մասին։ Սառան կ’ակնկալէ՞ր որ Եհովան թոյլ տայ որ ինք յղանայ ու տղայ մը ունենայ, փոխանակ պարզապէս իր աղախինին զաւակը ստանալու։ Իսահակին ծնունդը Սառային միտքին ծայրէն չէր անցներ (Ծն. 21։1-3, 6, 7

14. Ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։

14 Չենք ակնկալեր որ Եհովան հրաշքով մը վերցնէ մեր բոլոր խնդիրները նոր աշխարհէն առաջ։ Ոչ ալ կը խնդրենք որ անսովոր բաներ պատահին մեր կեանքին մէջ։ Բայց գիտենք որ մեր Աստուածը՝ Եհովան այն Աստուածն է, որ անցեալին զարմանալի կերպերով օգնեց իր ծառաներուն։ Ան չէ փոխուած (կարդա՛ Եսայի 43։10-13)։ Ասիկա կը ձգէ որ իրեն վստահինք։ Գիտենք թէ ան մեզի պէտք եղած ուժը պիտի տայ, որպէսզի լման կերպով կատարենք իր կամքը (Բ. Կոր. 4։7-9)։ Ի՞նչ կը սորվինք Եզեկիային, Յովսէփին եւ Սառային օրինակներէն։ Եթէ Եհովային հաւատարիմ մնանք, մեզի պիտի օգնէ որ գլուխ ելլենք մեր աչքին լեռ երեւցող հոգերու հետ։

Եթէ Եհովային հաւատարիմ մնանք, մեզի պիտի օգնէ որ գլուխ ելլենք մեր աչքին լեռ երեւցող հոգերու հետ

15. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» վայելենք, եւ ի՞նչ բան ասիկա կարելի կը դարձնէ։

15 Ինչպէ՞ս կրնանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» վայելել, նոյնիսկ երբ խնդիրներ ունենանք։ Պէտք է Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պահենք։ Այս փոխյարաբերութիւնը կարելի է միայն «Յիսուս Քրիստոսով», որ իր կեանքը զոհեց իբրեւ փրկանք։ Այս փրկանքն ալ Եհովային զարմանալի գործերէն մէկն է։ Փրկանքին միջոցաւ ան մեր մեղքերը կը ներէ, եւ կրնանք մաքուր խիղճ ունենալ ու իրեն մօտենալ (Յովհ. 14։6. Յակ. 4։8. Ա. Պետ. 3։21

ՄԵՐ ՍՐՏԵՐԸ ՈՒ ՄՏՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՀՊԱՆԷ

16. Ի՞նչ կը պատահի երբ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ունենանք. օրինակ մը տուր։

16 Ի՞նչ պիտի պատահի երբ ստանանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ատիկա ‘մեր սրտերն ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ’ (Փլպ. 4։7)։ Այն բառը որ «պահպանել» թարգմանուած է, բնագրին մէջ զինուորական արտայայտութիւն մըն էր, որ կ’ակնարկէր խումբ մը զինուորներու, որոնց նշանակումն էր քաղաքը պաշտպանել։ Այսպիսի խումբ մը կը պաշտպանէր Փիլիպպէ քաղաքը։ Անոր բնակիչները գլուխնին հանգիստ բարձին կը դնէին իրիկունը, գիտնալով որ իրենց քաղաքը պաշտպանուած է։ Նմանապէս, երբ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» կ’ունենանք, մեր սիրտն ու միտքը հանգիստ կ’ըլլան, գիտնալով որ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ որ յաջողինք (Ա. Պետ. 5։10)։ Ասիկա մեզ կը պաշտպանէ, չձգելով որ մտահոգութիւններուն կամ յուսահատութեան մէջ թաղուինք։

17. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովային վստահինք մեծ նեղութեան ատեն։

17 Մօտ ատենէն, մեծ նեղութիւնը պիտի գայ բոլոր մարդոց վրայ (Մատ. 24։21, 22)։ Չենք գիտեր թէ այդ ժամանակ ճիշդ ի՛նչ պիտի պատահի ամէն մէկուս, բայց պէտք չունինք չափէ դուրս մտահոգուելու։ Ճիշդ է որ չենք գիտեր ամէն ինչ որ Եհովան պիտի ընէ, բայց մեր Աստուծոյն ով ըլլալը գիտենք։ Անցեալին իր ըրածներէն գիտենք որ ինք միշտ իր նպատակը պիտի իրագործէ ի՛նչ ալ պատահի։ Եւ ան ատեններ ասիկա չակնկալուած կերպով կ’ընէ։ Ամէն անգամ որ Եհովան այսպէս վարուի, առիթը կ’ունենանք որ նոր կերպով զգանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։

^ պարբ. 1 Ըստ երեւոյթին, Շիղան ալ հռոմէական քաղաքացիութիւն ունէր (Գործք 16։37