Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Ինչո՞ւ Յիսուսի մանկութեան մասին Մատթէոսի եւ Ղուկասի արձանագրութիւնները տարբեր են։
Յիսուսի ծննդեան եւ մանկութեան մասին Մատթէոսի արձանագրութիւնը քիչ մը կը տարբերի Ղուկասին արձանագրութենէն, քանի որ աւետարանագիրները պատմեցին դէպքերը տարբեր տեսանկիւնէ դիտուած։
Մատթէոսի Աւետարանը կը կեդրոնանայ Յովսէփին առնչուող դէպքերուն վրայ։ Ան կը խօսի թէ ինչպէ՛ս Յովսէփ հակազդեց երբ, առաջին անգամ ըլլալով, լսեց Մարիամին յղութեան մասին, թէ ինչպէս հրեշտակ մը երազի մէջ եկաւ իրեն եւ բացատրեց պարագան, եւ թէ ինչպէս Յովսէփ ատիկա ընդունեց (Մատ. 1։19-25)։ Ետքը Մատթէոս կը պատմէ թէ ինչպէս Յովսէփ ուրիշ երազ մը ունեցաւ, որուն մէջ հրեշտակը ըսաւ որ Եգիպտոս փախչի, նաեւ ինչպէս ան իր ընտանիքին հետ փախաւ, ետքը հրեշտակին խօսքին վրայ Իսրայէլ վերադարձաւ ու որոշեց Նազարէթի մէջ բնակիլ (Մատ. 2։13, 14, 19-23)։ Իր Աւետարանին առաջին երկու գլուխներուն մէջ, Մատթէոս Յովսէփին անունը 7 անգամ կը նշէ, իսկ Մարիամին անունը՝ միայն 4 անգամ։
Անդին, Ղուկասի Աւետարանը աւելի կը կեդրոնանայ Մարիամին վրայ։ Օրինակ, ան կը պատմէ թէ Գաբրիէլ հրեշտակը այցելեց Մարիամին, Մարիամ գնաց իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին քով եւ ինչ խօսքերով Եհովան փառաբանեց (Ղուկ. 1։26-56)։ Ղուկաս նաեւ կը նշէ Մարիամին ուղղուած Սիմէոնի խօսքերը՝ Յիսուսին ապագայ տառապանքներուն մասին։ Նոյնիսկ երբ Ղուկաս կը պատմէ դէպի Երուսաղէմ ընտանիքին կատարած ճամբորդութեան մասին, երբ Յիսուս 12 տարեկան էր, ան կը մէջբերէ Մարիամին խօսքերը, եւ ո՛չ թէ Յովսէփին խօսքերը։ Ան նաեւ կ’ըսէ որ Մարիամ բոլոր այդ դէպքերէն շատ ազդուեցաւ (Ղուկ. 2։19, 34, 35, 48, 51)։ Ղուկասի Աւետարանին առաջին երկու գլուխներուն մէջ, Մարիամին անունը 13 անգամ նշուած է, իսկ Յովսէփին անունը՝ միայն 5 անգամ։ Ուրեմն, Մատթէոս աւելի շատ կը նկարագրէ Յովսէփին մտահոգութիւններն ու գործերը, իսկ Ղուկաս կը կեդրոնանայ Մարիամին դերին եւ փորձառութիւններուն վրայ։
Ասկէ զատ, երկու Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի ծննդաբանութիւնները իրարմէ տարբեր են։ Մատթէոս կը թուէ Յովսէփի նախահայրերը եւ ցոյց կու տայ թէ Յիսուս, որպէս Յովսէփի որդեգիր, Դաւիթին թագաւորական իշխանութեան օրինաւոր ժառանգորդն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յովսէփ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն էր, անոր որդիին՝ Սողոմոնին միջոցաւ (Մատ. 1։6, 16)։ Սակայն, Ղուկաս կը թուէ Մարիամին նախահայրերը եւ ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս Դաւիթին թագաւորական իշխանութեան բնական ժառանգորդն է՝ «մարմնի կողմանէ» (Հռով. 1։3)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Մարիամ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն էր, անոր որդիին՝ Նաթանին միջոցաւ (Ղուկ. 3։31)։ Ղուկաս ինչո՞ւ ծննդաբանութեան արձանագրութեան մէջ չէ նշած Մարիամը որպէս իր հօր՝ Հեղիին աղջիկը։ Որովհետեւ պաշտօնական ծննդաբանութիւններուն մէջ ընտանիքներուն միայն տղամարդիկը կը նշուէին։ Ուստի, երբ Ղուկաս Յովսէփը նշեց որպէս Հեղիի որդին, յստակ էր որ ըսել կ’ուզէր՝ Հեղիի փեսան (Ղուկ. 3։23)։
Մատթէոս եւ Ղուկաս Աւետարաններու բովանդակած ծննդաբանութիւնները կը փաստեն, որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր։ Իրականութեան մէջ, այնքան լաւ ճանչցուած էր թէ Յիսուս Դաւիթին սերունդէն է, որ նոյնիսկ փարիսեցիներն ու սադուկեցիները չկրցան ժխտել զայն։ Յիսուսի ծննդաբանութեան մասին Մատթէոսի եւ Ղուկասի արձանագրութիւնները մեր հաւատքը կը զօրացնեն եւ մեզի վստահութիւն կու տան, որ Աստուծոյ մնացեալ խոստումները պիտի կատարուին։