Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 32

Թող սէրդ շատնայ

Թող սէրդ շատնայ

«Կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ» (ՓԼՊ. 1։9

ԵՐԳ 72 Սիրոյ յատկութիւնը մշակենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Որո՞նց օգնութեամբ Փիլիպպէի ժողովքը կազմուեցաւ։

ԵՐԲ Պօղոս առաքեալ, Շիղա, Ղուկաս եւ Տիմոթէոս Փիլիպպէ հասան, որ հռոմէական գաղութ էր, գտան շա՜տ մարդիկ, որոնք Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուած էին։ Այս չորս նախանձախնդիր եղբայրներուն օգնութեամբ ժողովք մը կազմուեցաւ եւ բոլոր աշակերտները սկսան իրարու հետ հաւաքուիլ, հաւանաբար Լիդիա անունով հիւրասէր հաւատացեալ կնոջ մը տան մէջ (Գործք 16։40

2. Փիլիպպէի ժողովքը շուտով ի՞նչ դժուարութենէ անցաւ։

2 Շատ չանցած, նորակազմ ժողովքը դժուար պարագայէ մը անցաւ։ Սատանան ճշմարտութեան թշնամիները դրդեց որ այս հաւատարիմ քրիստոնեաներուն քարոզչութեան բրտօրէն հակառակին։ Պօղոսն ու Շիղան ձերբակալուեցան, գաւազանով ծեծուեցան եւ բանտարկուեցան։ Ազատ արձակուելէ ետք, անոնք նոր աշակերտներուն այցելեցին եւ քաջալերեցին։ Ետքը, Պօղոս, Շիղա եւ Տիմոթէոս քաղաքէն հեռացան, իսկ Ղուկաս, ըստ երեւոյթին, հոն մնաց։ Նոր եղբայրներն ու քոյրերը հիմա ի՞նչ պիտի ընէին։ Եհովան սուրբ հոգիով իրենց օգնեց որ շարունակեն նախանձախնդրաբար իրեն ծառայել (Փլպ. 2։12)։ Իրապէս, Պօղոս ամէն պատճառ ունէր իրենցմով հպարտ զգալու։

3. Փիլիպպեցիս 1։9-11–ի համաձայն, Պօղոս ի՞նչ բաներու մասին աղօթեց։

3 Շուրջ տասը տարի ետք, Պօղոս Փիլիպպէի ժողովքին նամակ մը գրեց։ Երբ նամակը կարդաս, կրնաս դիւրաւ նշմարել Պօղոսի խոր սէրը իր եղբայրներուն հանդէպ։ Ան գրեց. «Շատ փափաքներ ունիմ ձեր ամենուն համար Քրիստոս Յիսուսին գութովը» (Փլպ. 1։8)։ Ան նշեց թէ իրենց համար կ’աղօթէր՝ Եհովայէն խնդրելով որ իրենց օգնէ սիրոյ մէջ աւելնալու, աւելի կարեւոր բաները ընտրելու, անթերի ըլլալու, ուրիշները չգայթակղեցնելու եւ արդարութեան պտուղով լեցուելու։ Մենք ալ կրնանք շա՜տ բան սորվիլ Պօղոսի սրտագին խօսքերէն (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։9-11)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք իր նշած կէտերը եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք իւրաքանչիւր կէտ գործադրել։

ՍԷՐԸ ԱՒԵԼՑՆԵԼ

4. ա) Ա. Յովհաննէս 4։9, 10–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս յայտնած է իր խոր սէրը մեզի հանդէպ։ բ) Աստուած ո՞րքան շատ պէտք է սիրենք։

4 Եհովան մեզի հանդէպ իր խոր սէրը յայտնեց՝ իր Որդին երկիր ղրկելով, որ մեր մեղքերուն համար մեռնի (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։ Աստուծոյ անձնուրաց սէրը մեզ կը մղէ զինք սիրելու (Հռով. 5։8, 9)։ Աստուած որքա՞ն պէտք է սիրենք։ Յիսուս այս հարցումին պատասխանեց, երբ փարիսեցիի մը ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատ. 22։36, 37)։ Մենք չենք ուզեր որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կիսասիրտ ըլլայ, հապա կ’ուզենք որ օրէ օր աւելի զօրանայ։ Պօղոս փիլիպպեցիներուն ըսաւ, որ պէտք է իրենց «սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ»։ Ի՞նչ կրնանք ընել Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը զօրացնելու համար։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը զօրացնել։

5 Աստուած սիրելու համար, պէտք է զինք ճանչնանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ա՛լ աւելի կը զօրանայ, մինչ «գիտութիւն ու իմաստութիւն» ձեռք կը ձգենք (Փլպ. 1։9)։ Երբ սկսանք Աստուածաշունչը սերտել, սկսանք Եհովան սիրել, հակառակ անոր որ իր յատկութիւններուն մասին սահմանափակ գիտութիւն ունէինք։ Ետքը, Եհովային մասին ո՛րքան աւելի սորվեցանք, ա՛յնքան աւելի զինք սիրեցինք։ Ատոր համար Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտելը եւ անոր վրայ խոկալը մեր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բաներէն են (Փլպ. 2։16

6. Ա. Յովհաննէս 4։11, 20, 21–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք մեր սէրը աւելցնել։

6 Մեզի հանդէպ Աստուծոյ խոր սէրը պիտի մղէ մեզ որ մեր եղբայրները սիրենք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։11, 20, 21)։ Թերեւս կարծենք, թէ դիւրին է որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք, քանի որ Եհովան կը պաշտենք ու կը ջանանք իր յատկութիւնները ընդօրինակել եւ կը հետեւինք Յիսուսի օրինակին, որ մեզ ա՛յնքան սիրեց որ իր կեանքը մեզի համար տուաւ։ Բայց եւ այնպէս, երբեմն դժուար կ’ըլլայ որ իրար սիրելու պատուէրին հնազանդինք։ Առնենք օրինակ մը Փիլիպպէի ժողովքէն։

7. Ի՞նչ կը սորվինք Եւոդիային եւ Սիւնտիքին ուղղուած Պօղոսի խրատէն։

7 Եւոդիա եւ Սիւնտիք նախանձախնդիր քոյրեր էին, որոնք Պօղոս առաքեալի հետ բարի լուրը քարոզեցին։ Սակայն, թերեւս իրարու միջեւ անհամաձայնութիւն մը ունէին եւ այլեւս բարեկամներ չէին։ Փիլիպպէի ժողովքին ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս այս երկու քոյրերուն անունները տալով՝ զիրենք ուղղակի խրատեց, որ «միեւնոյն խորհուրդը ունենան» (Փլպ. 4։2, 3)։ Ան նաեւ անհրաժեշտ սեպեց ամբողջ ժողովքին ըսել. «Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք» (Փլպ. 2։14)։ Անկասկած, Պօղոսի յստակ խրատը օգնեց ոչ միայն այդ հաւատարիմ քոյրերուն, հապա նաեւ ամբողջ ժողովքին, որ իրարու հանդէպ իրենց սէրը զօրացնեն։

Ինչո՞ւ պէտք է մեր եղբայրներուն նկատմամբ դրական տեսակէտ պահպանենք (տե՛ս պարբերութիւն 8) *

8. Ինչո՞ւ երբեմն շատ դժուար կ’ըլլայ որ մեր եղբայրները սիրենք, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այս դժուարութիւնը յաղթահարել։

8 Եւոդիային եւ Սիւնտիքին պէս, երբեմն դժուար կ’ըլլայ եղբայրները սիրել, քանի որ կը կեդրոնանանք անկատարութիւններու վրայ։ Բոլորս ամէն օր սխալներ կ’ընենք։ Եթէ ուրիշներու սխալներուն վրայ կեդրոնանանք, իրենց հանդէպ մեր սէրը պիտի պաղի։ Օրինակ, եթէ եղբայր մը մոռնայ մեզի օգնելու, որ Թագաւորութեան սրահը մաքրենք, թերեւս ջղայնանանք։ Եթէ այն ատեն սկսինք մեր մտքին մէջ հաշուել անոր բոլոր միւս սխալները, ա՛լ աւելի պիտի ջղայնանանք եւ իրեն հանդէպ մեր սէրը պիտի նուազի։ Եթէ ժողովքիդ մէկ անդամին հետ այսպիսի խնդիր մը ունիս, այս իրողութեան մասին մտածէ. Եհովան կը տեսնէ թէ՛ սխալներդ եւ թէ եղբօրդ սխալները։ Ասով հանդերձ, ան կը շարունակէ քեզ եւ եղբայրդ սիրել։ Ատոր համար, պէտք է Եհովային սէրը ընդօրինակենք եւ մեր եղբայրներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք։ Երբ շատ ջանք կը թափենք մեր եղբայրները սիրելու, իրենց հետ մեր միութեան կապը կը զօրացնենք (Փլպ. 2։1, 2

«ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԵՐԸ»

9. «Աւելի կարեւոր բաները» ի՞նչ կը պարփակեն։

9 Սուրբ հոգիէն ներշնչուելով, Պօղոս փիլիպպեցիները եւ բոլոր քրիստոնեաները խրատեց, որ «աւելի կարեւոր բաները» ընտրեն (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Այս կարեւոր բաներուն մէջ կան՝ Եհովայի անուան սրբացումը, իր նպատակներուն իրագործումը եւ ժողովքին խաղաղութիւնն ու միութիւնը (Մատ. 6։9, 10. Յովհ. 13։35)։ Երբ մեր կեանքը այս կարեւոր բաներուն շուրջ կը դառնայ, ցոյց կու տանք թէ Եհովան կը սիրենք։

10. Անթերի նկատուելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

10 Պօղոս նաեւ ըսաւ որ պէտք է «անթերի» (ՆԱ) ըլլանք։ Ասիկա չի նշանակեր որ պէտք է կատարեալ ըլլանք։ Մենք չենք կրնար Եհովա Աստուծոյ պէս անթերի ըլլալ։ Բայց Եհովան մեզ անթերի պիտի նկատէ, եթէ մեր լաւագոյնը ընենք մեր սէրը խորացնելու եւ աւելի կարեւոր բաները ընտրելու։ Իսկ մեր սէրը ցոյց տալու կերպ մըն է՝ մեր ամէն կարելին ընել, որ ուրիշները չգայթակղեցնենք։

11. Ինչո՞ւ պէտք է ուրիշները չգայթակղեցնենք։

11 Ուրիշները չգայթակղեցնելու խրատը լուրջ զգուշացում մըն է։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ մէկը գայթակղեցնենք։ Թերեւս ժամանցի ընտրութեամբ, մեր հագուելակերպով կամ նոյնիսկ գործի ընտրութեամբ։ Մեր ըրածը թերեւս ինքնին սխալ չըլլայ։ Բայց լուրջ հարց է, եթէ մեր ընտրութիւնները ուրիշի մը խիղճին վնասեն եւ ան գայթակղի։ Յիսուս ըսաւ որ եթէ իր ոչխարներէն մէկը գայթակղեցնենք, մեզի աւելի լաւ պիտի ըլլայ որ ծանր քար մը մեր վիզէն կախուի եւ ծովուն անդունդը ընկղմինք (Մատ. 18։6

12. Ռահվիրայ զոյգի մը օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Նկատէ թէ ռահվիրայ զոյգ մը Յիսուսին խօսքերը ինչպէ՛ս գործադրեցին։ Իրենց ժողովքին մէջ մկրտուեցաւ զոյգ մը, որոնք խիստ ընտանիքներու մէջ մեծցած էին, ուր շատ մը բաներ արգիլուած էին։ Այս զոյգը կը հաւատար որ քրիստոնեաները պէտք չէ սինեմա երթան ու դիտեն նոյնիսկ բարոյապէս մաքուր ֆիլմեր։ Անոնք ցնցուեցան, երբ իմացան որ ռահվիրայ զոյգը ֆիլմ մը դիտած էր։ Անկէ ետք, ռահվիրայ զոյգը բնա՛ւ սինեմա չգնաց, մինչեւ որ նոր մկրտուածները իրենց խիղճը մարզեցին եւ աւելի լաւ ըմբռնեցին թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը սխալ (Եբ. 5։14)։ Ռահվիրաները իրենց անձնուրաց արարքով ցոյց տուին, որ իրենց նոր եղբայրն ու քոյրը կը սիրեն ոչ միայն խօսքով, հապա նաեւ գործով (Հռով. 14։19-21. Ա. Յովհ. 3։18

13. Ինչպէ՞ս կարելի է որ անհատ մը մեղք գործելու մղենք։

13 Ուրիշ կերպ մը, որով կարելի է որ ուրիշը գայթակղեցնենք, այն է՝ որ զինք մեղք գործելու մղենք։ Ինչպէ՞ս։ Երեւակայէ հետեւեալ պարագան։ Երկար ու դժուար պայքարէ ետք, Աստուածաշունչի աշակերտ մը վերջապէս կը յաջողի ալքոլամոլութիւնը յաղթահարել։ Ան կը գիտակցի թէ այլեւս բնա՛ւ պէտք չէ ալքոլ խմէ։ Ան կը յառաջդիմէ ու կը մկրտուի։ Ետքը, եղբայր մը, որ հաւաքոյթ մը կազմակերպած է, նոր եղբօր խմիչք կը հրամցնէ եւ կ’ըսէ. «Դուն հիմա քրիստոնեայ ես. Եհովային հոգին ունիս։ Եւ սուրբ հոգիի պտուղին երեսակներէն մէկն է՝ ժուժկալութիւնը կամ ինքնազսպումը։ Ուրեմն ինքնազսպում գործադրելով, պէտք է կարենաս չափաւոր կերպով խմել»։ Որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ, եթէ նոր եղբայրը այս սխալ խրատը մտիկ ընէ եւ ալքոլամոլութեան վերադառնայ։

14. Քրիստոնէական ժողովները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն, որ Փիլիպպեցիս 1։10–ի խրատը գործադրենք։

14 Քրիստոնէական ժողովները մեզի կ’օգնեն, որ Փիլիպպեցիս 1։10–ի խրատը զանազան կերպերով գործադրենք։ Առաջին, առատ հոգեւոր սնունդի յայտագիրը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան ի՛նչ բաներ աւելի կարեւոր կը նկատէ։ Երկրորդ, կը գիտնանք մեր սորվածը ինչպէ՛ս գործադրել, որպէսզի անթերի ըլլանք։ Եւ երրորդ, կը մղուինք «սիրոյ եւ բարեգործութեան» (Եբ. 10։24, 25)։ Ո՛րքան աւելի մեր եղբայրները մեզ քաջալերեն, ա՛յնքան աւելի մեր սէրը պիտի աճի Աստուծոյ եւ անոնց հանդէպ։ Երբ մեր սիրտը այսպիսի սիրով լեցուի, ամէն ջանք պիտի ընենք որ մեր եղբայրները չգայթակղեցնենք։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ «ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՎ» ԼԵՑՈՒԻԼ

15. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘արդարութեան պտուղներով լեցուիլ’։

15 Պօղոս սրտանց աղօթեց որ փիլիպպեցիները «արդարութեան պտուղներով լեցու[ին]» (Փլպ. 1։11)։ Անկասկած «արդարութեան պտուղ»ին մէջ պարփակուած էին՝ անոնց սէրը Եհովային ու իր ժողովուրդին հանդէպ, եւ ուրիշներուն խօսիլ Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքին մասին ու իրենց հոյակապ յոյսին մասին։ Փիլիպպեցիս 2։15–ը ուրիշ արտայայտութիւն մը կը գործածէ՝ «դուք լուսաւորներու պէս կը փայլիք աշխարհի մէջ»։ Ասիկա տեղին է, քանի որ Յիսուս իր աշակերտները կոչեց՝ «աշխարհի լոյսը» (Մատ. 5։14-16)։ Ան նաեւ իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ ‘աշակերտեն’ ու ‘վկաներ ըլլան մինչեւ երկրին ծայրերը’ (Մատ. 28։18-20. Գործք 1։8)։ Մենք «արդարութեան պտուղ» կու տանք, երբ այս շատ կարեւոր գործին լիովին կը մասնակցինք։

Հռոմի մէջ, երբ Պօղոս տան մը մէջ բանտարկուած է, Փիլիպպէի ժողովքին նամակ կը գրէ։ Ան նաեւ առիթը կ’օգտագործէ պահակներու եւ այցելուներու քարոզելու (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16. Փիլիպպեցիս 1։12-14–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ կրնանք լուսաւորներու պէս փայլիլ, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ (տե՛ս կողքին նկարը)։

16 Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, կրնանք լուսաւորներու պէս փայլիլ։ Երբեմն, այն բանը որ կը թուի արգելք ըլլալ քարոզչութեան, կրնայ պատեհութիւն տալ որ քարոզենք։ Օրինակ, Հռոմի մէջ Պօղոս առաքեալ տան մը մէջ բանտարկուած էր, երբ փիլիպպեցիներուն նամակ գրեց։ Բայց շղթաները արգելք չեղան որ պահակներուն եւ այցելուներուն քարոզէ։ Ան այս պարագաներուն ներքեւ նախանձախնդրաբար քարոզեց, ինչ որ եղբայրներուն վստահութիւն տուաւ եւ անոնք սիրտ առին «Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի» (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։12-14. 4։23

Միշտ կերպեր փնտռէ ծառայութեան մէջ լիովին բաժին բերելու (տե՛ս պարբերութիւն 17) *

17. Եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք ինչպէ՞ս կը շարունակեն քարոզել դժուար պարագաներու ներքեւ։

17 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր Պօղոսին պէս քաջ կեցուածք կը բռնեն։ Անոնք կ’ապրին երկիրներու մէջ, ուր չեն կրնար քարոզել բացէ ի բաց կամ դռնէ դուռ, ուստի բարի լուրը քարոզելու ուրիշ կերպեր կը փնտռեն (Մատ. 10։16-20)։ Այսպիսի երկրի մը մէջ, շրջանային տեսուչ մը թելադրեց որ իւրաքանչիւր հրատարակիչ ի՛ր «թաղամասը» ծածկէ. այսինքն՝ վկայէ իր ազգականներուն, դրացիներուն, դպրոցակիցներուն, գործակիցներուն եւ ճանչուորներուն։ Երկու տարուան ընթացքին, այդ շրջանին մէջ ժողովքներու թիւը ուշագրաւ կերպով աւելցաւ։ Թերեւս մեր ապրած երկրին մէջ քարոզելու ազատութիւն ունինք։ Սակայն, հնարամիտ եղբայրներէն ու քոյրերէն արժէքաւոր դաս մը կը սորվինք. միշտ կերպեր փնտռէ ծառայութեան լիովին մասնակցելու, վստահ ըլլալով որ Եհովան քեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի որեւէ դժուարութիւն յաղթահարես (Փլպ. 2։13

18. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

18 Այս շատ կարեւոր ժամանակին մէջ, թող որ վճռենք փիլիպպեցիներուն ուղղուած Պօղոսի խրատը գործադրել։ Թող որ աւելի կարեւոր բաները ընտրենք, անթերի ըլլանք, ուրիշները չգայթակղեցնենք եւ արդարութեան պտուղ տանք։ Այսպէս, մեր սէրը պիտի աւելնայ եւ Եհովային փառք պիտի բերենք։

ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»

^ պարբ. 5 Որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա՛ պէտք է մեր եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը զօրացնենք։ Փիլիպպեցիներուն ուղղուած նամակը մեզի կ’օգնէ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր սէրը աւելցնել, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ սէր ցոյց տալ։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Թագաւորութեան սրահը մաքրելու ատեն, Սէմ մաքրութիւնը կը կեցնէ, որպէսզի եղբօր մը եւ անոր տղուն հետ խօսի։ Ասիկա կը ջղայնացնէ Մայքը, որ ելեկտրական փոշեծծիչով կը մաքրէ։ Ան կը մտածէ. ‘Սէմ պէտք է աշխատի, ո՛չ թէ խօսի’։ Ետքը, Մայքը կը նկատէ թէ Սէմ ինչպէ՛ս ազնուօրէն տարեց քրոջ մը կ’օգնէ։ Այս արարքը Մայքին կը յիշեցնէ, որ ա՛լ աւելի մտածէ Սէմին լաւ յատկութիւններուն մասին։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երկրի մը մէջ, ուր Վկաները չեն կրնար ուղղակիօրէն քարոզել, եղբայր մը զգուշօրէն Թագաւորութեան պատգամը կու տայ ճանչուորի մը։ Ետքը, գործի դադարին, եղբայրը իր գործակիցին կը վկայէ։