Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 33

‘Քեզի մտիկ ընողները’ պիտի փրկուին

‘Քեզի մտիկ ընողները’ պիտի փրկուին

«Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն» (Ա. ՏԻՄ. 4։16

ԵՐԳ 92 «Խօսքը քարոզէ՛»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մեր ընտանիքի անդամներուն համար բոլորիս փափաքը ի՞նչ է։

ՓՈԼԻՆ * անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ճշմարտութիւնը գիտնալէս ի վեր, ուզած եմ որ ընտանիքիս բոլոր անդամները ինծի հետ Դրախտին մէջ ըլլան։ Մանաւանդ կ’ուզէի որ ամուսինս՝ Ուէյնը եւ մեր պզտիկ տղան ինծի հետ Եհովային ծառայեն»։ Ունի՞ս ընտանիքի անդամներ, որոնք տակաւին Եհովան չեն ճանչնար եւ չեն սիրեր։ Փոլինին պէս, շատ հաւանաբար կ’ուզես որ անոնք քեզի հետ Եհովային ծառայեն։

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Չենք կրնար մեր ընտանիքի անդամները ստիպել, որ բարի լուրը ընդունին, բայց կրնանք քաջալերել, որ իրենց միտքն ու սիրտը բանան Աստուածաշունչի պատգամին (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Քննարկենք հետեւեալ հարցումները. Ինչո՞ւ պէտք է տնեցիներուն վկայենք։ Ինչո՞ւ հարկ կայ որ կարեկցութիւն ցոյց տանք։ Ի՞նչ պէտք է ընենք անոնց օգնելու որ մեզի պէս Եհովան սիրեն։ Եւ ինչպէ՞ս կրնան ժողովքի բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը մեզի օգնել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՏՆԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎԿԱՅԵՆՔ

3. Բ. Պետրոս 3։9–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է տնեցիներուն վկայենք։

3 Մօտ ատենէն, Եհովան այս չար աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Միայն անոնք՝ որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են, պիտի փրկուին (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Մենք շատ ժամանակ ու կորով կը տրամադրենք անծանօթներու քարոզելու, ուստի բնական է որ ուզենք որ մեր ընտանիքի անդամներն ալ մեզի հետ Եհովային ծառայեն։ Մեր սիրալիր Հայրը «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9

4. Մեր ընտանիքի անդամներուն վկայելու ատեն ի՞նչ սխալ թերեւս ընենք։

4 Պէտք է ի մտի ունենանք, որ փրկութեան պատգամը տալու ճիշդ կերպ եւ սխալ կերպ կան։ Օրինակ, անծանօթի մը վկայելու ատեն կրնանք փափկանկատ ըլլալ, մինչդեռ ընտանիքի անդամին հետ խօսելու ատեն թերեւս կոշտ կամ կտրուկ ըլլանք։

5. Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք, նախքան ընտանիքի անդամներուն հետ ճշմարտութեան մասին խօսիլը։

5 Մեզմէ շատեր թերեւս գէշ կը զգան վերյիշելով տնեցիներուն վկայելու իրենց առաջին փորձերը, քանի որ կրնային աւելի լաւ կերպով վկայել։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները խրատեց. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ» (Կող. 4։5, 6)։ Տնեցիներուն հետ խօսելու ատեն, լաւ է որ այս խրատը յիշենք։ Այլապէս, կրնանք զիրենք վիրաւորել եւ հեռացնել փոխանակ համոզելու։

ՏՆԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ

Կարեկցութեամբդ եւ վարուելակերպովդ կրնաս լաւագոյն վկայութիւնը տալ (տե՛ս պարբերութիւն 6-8) *

6-7. Տուր օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ Վկայ չեղող կողակիցի հետ կարեկից ըլլալու կարեւորութիւնը։

6 Կարեկից եղիր։ Նախապէս նշուած Փոլինը կ’ըսէ. «Սկիզբը ուզեցի ամուսինիս միայն հոգեւոր նիւթերու մասին խօսիլ։ Առօրեայ բաներու մասին բնա՛ւ չէինք խօսեր»։ Սակայն Փոլինի ամուսինը՝ Ուէյն, Սուրբ Գիրքի մասին շատ գիտութիւն չունէր եւ Փոլինի խօսածը չէր հասկնար։ Ան կը զգար որ կրօնքը անոր խելքը–միտքը առած էր։ Մտահոգ էր թէ կինը վտանգաւոր աղանդի մը կը պատկանէր եւ զինք կը խաբէին։

7 Փոլին կը խոստովանի, որ որոշ ժամանակ մը, երեկոներուն եւ շաբաթավերջերուն մեծ մասը կ’անցընէր իր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ,– ժողովներու երթալով, քարոզչութեան մասնակցելով եւ ընկերային հաւաքոյթներու ներկայ գտնուելով։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն երբ Ուէյն տուն մտնէր, մէկը չէր տեսներ եւ առանձին կը զգար»։ Անշուշտ Ուէյն կ’ուզէր որ իր կինն ու տղան իրեն հետ ըլլային։ Ան չէր գիտեր որո՛նց հետ էին, եւ այնպէս կը թուէր, թէ իր կնոջ նոր բարեկամները աւելի կարեւոր էին քան ինք։ Ան հակազդեց սպառնալով որ ամուսնալուծման պիտի դիմէ։ Քու կարծիքովդ, Փոլին ինչպէ՞ս կրնար կարեկից ըլլալ։

8. Ա. Պետրոս 3։1, 2–ի համաձայն, հաւանաբար ի՞նչ բան մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ տնեցիներուն վրայ։

8 Վարքովդ օրինակ եղիր։ Յաճախ մեր ըրածը աւելի մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ տնեցիներուն վրայ, քան մեր խօսածը (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։1, 2)։ Փոլին ի վերջոյ այս իրողութեան անդրադարձաւ։ Ան կ’ըսէ. «Գիտէի որ Ուէյն մեզ կը սիրէր եւ իրապէս չէր ուզեր ամուսնալուծուիլ։ Բայց իր սպառնալը ձգեց որ մտածեմ, թէ պէտք է Եհովայի ուզած կերպով վարուիմ։ Փոխանակ շա՜տ խօսելու, հարկ կար որ վարքովս լաւ օրինակ ըլլայի»։ Ան դադրեցաւ Ուէյնը ստիպելէ որ Աստուածաշունչին մասին խօսակցին, եւ սկսաւ առօրեայ հարցերու շուրջ նիւթեր բանալ։ Ուէյն նկատեց որ իր կինը աւելի խաղաղասէր եղաւ եւ իրենց տղուն վարքը բարելաւուեցաւ (Առ. 31։18, 27, 28)։ Իր ընտանիքին վրայ Աստուածաշունչի պատգամին լաւ ազդեցութիւնը տեսնելով, Ուէյն իր սիրտն ու միտքը բացաւ Թագաւորութեան բարի լուրին (Ա. Կոր. 7։12-14, 16

9. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք ջանալ տնեցիներուն օգնել։

9 Շարունակէ ընտանիքիդ անդամներուն օգնել։ Եհովան ասոր մէջ մեզի օրինակ է։ Ան «ամէն օր» մարդոց առիթ կու տայ, որ բարի լուրին ընդառաջեն եւ կեանքը ձեռք ձգեն (Եր. 7։25)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ըսաւ որ յարատեւ ուրիշներուն օգնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդպէս ընելով ինքզինք եւ իրեն մտիկ ընողները պիտի ազատէր (Ա. Տիմ. 4։16)։ Մենք մեր ընտանիքի անդամները կը սիրենք, հետեւաբար կ’ուզենք որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները գիտնան։ Փոլինի խօսքերն ու գործերը ի վերջոյ դրական ազդեցութիւն ունեցան ընտանիքին վրայ։ Ան ներկայիս ուրախ է, քանի որ իր ամուսինն ալ իրեն հետ Եհովային կը ծառայէ։ Երկուքն ալ ռահվիրաներ են, եւ Ուէյն երէց է։

10. Ինչո՞ւ պէտք է համբերենք։

10 Համբերէ։ Երբ կը սկսինք մեր կեանքը Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն վարել, տնեցիներուն համար թերեւս դժուար ըլլայ մեր նոր հաւատալիքներուն ու ապրելակերպին վարժուիլ։ Յաճախ առաջին բանը որ կը նկատեն այն է, որ այլեւս իրենց հետ կրօնական տօներ չենք տօներ եւ քաղաքական գործունէութիւններու չենք մասնակցիր։ Ընտանիքէն ոմանք սկիզբը թերեւս մեզմէ ջղայնանան (Մատ. 10։35, 36)։ Սակայն մեր յոյսը պէտք չէ կտրենք իրենցմէ։ Եթէ չշարունակենք իրենց օգնել որ մեր հաւատալիքները հասկնան, իրականութեան մէջ, կարծես դատած կ’ըլլանք որ արժանի չեն յաւիտենական կեանքը ստանալու։ Բայց Եհովան դատելու գործը մեզի չէ տուած, հապա՝ Յիսուսին (Յովհ. 5։22)։ Եթէ համբերենք, տնեցիները ի վերջոյ թերեւս ուզեն մեր պատգամը մտիկ ընել (տե՛ս « Մեր կայքը օգտագործէ» շրջանակը)։

11-13. Իր ծնողքին հետ Ալիսի վարուելակերպէն ի՞նչ դաս կը քաղես։

11 Հաստատ բայց ազնիւ եղիր (Առ. 15։2)։ Ալիսին օրինակը նկատի առ։ Ան Եհովայի մասին սորվեցաւ, երբ հեռու կ’ապրէր իր ծնողքէն, որոնք քաղաքական գործունէութիւն ունէին եւ անաստուած էին։ Ան անդրադարձաւ որ կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է իրենց պատմէ իր սորվածներուն մասին։ Ալիս կ’ըսէ. «Եթէ սպասես որ նոր հաւատալիքներուդ ու սովորութիւններուդ մասին պատմես, ընտանիքիդ յուսախաբութիւնը աւելի մեծ պիտի ըլլայ»։ Ան ջանաց գտնել նիւթեր, որոնք իր ընտանիքը կը հետաքրքրէին, ինչպէս՝ սէր։ Ետքը, անոնց նամակներ գրեց ու նշեց այդ նիւթերուն շուրջ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները եւ հարցուց իրենց կարծիքը (Ա. Կոր. 13։1-13)։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց զինք մեծցնելուն եւ հոգ տանելուն համար, ինչպէս նաեւ նուէրներ ղրկեց։ Երբոր ծնողքին տունը այցելէր, ամէն կերպով կը ջանար իր մօր օգնել տան գործերուն մէջ։ Սկիզբը, ծնողքը ուրախ չէր, երբ Ալիս իր նոր հաւատալիքներուն մասին իրենց պատմեց։

12 Երբ Ալիս իր ծնողքին տունը ըլլար, կը շարունակէր Աստուածաշունչի ընթերցանութեան իր յայտագրին կառչիլ։ Ան կ’ըսէ. «Ասիկա մօրս օգնեց որ ըմբռնէ, թէ Աստուածաշունչը ինծի համար շա՜տ կարեւոր է»։ Նոյն ատեն, Ալիսին հայրը որոշեց Աստուածաշունչին մասին տեղեկութիւն առնել, որպէսզի իր աղջկան նոր մտածելակերպը հասկնայ ե՛ւ Աստուածաշունչին մէջ սխալներ գտնէ։ Ալիս կ’ըսէ. «Իրեն Աստուածաշունչ մը տուի, մէջը անձնական նոթ մը գրելով իրեն»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Սխալներ գտնելու փոխարէն, հայրը Աստուծոյ Խօսքէն իր կարդացածով շատ տպաւորուեցաւ։

13 Պէտք է հաստատ բայց ազնիւ ըլլանք, նոյնիսկ եթէ նեղութեան պէտք է տոկանք (Ա. Կոր. 4։12բ)։ Օրինակ, Ալիս իր մօր կողմէ հակառակութիւն դիմագրաւեց։ «Երբ մկրտուեցայ, մայրս զիս ‘անհնազանդ զաւակ’ կոչեց»։ Ալիս ինչպէ՞ս հակազդեց։ «Նիւթը անտեսելու փոխարէն, յարգալից կերպով բացատրեցի, թէ ես որոշա՛ծ եմ Եհովայի վկայ ըլլալ եւ այդ որոշումին պիտի կառչիմ։ Ջանացի մայրս վստահեցնել, թէ զինք իրապէս կը սիրեմ։ Երկուքս ալ արցունք թափեցինք, եւ իրեն համեղ ճաշ մը եփեցի։ Անկէ ի վեր, մայրս գիտակցեցաւ որ Աստուածաշունչը զիս աւելի լաւ անձ մը կը դարձնէր»։

14. Ինչո՞ւ համակերպելու ճնշումին բնաւ տեղի պէտք չէ տանք։

14 Թերեւս ժամանակ առնէ մինչեւ որ տնեցիները լիովին ըմբռնեն, թէ Եհովային ծառայելը մեզի համար շատ լուրջ բան մըն է։ Օրինակ, երբ Ալիս որոշեց ռահվիրայ ըլլալ փոխանակ իր ծնողքին որոշած գործը աշխատելու, մայրը նորէն լացաւ։ Բայց Ալիս հաստատ մնաց։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ մարզի մը մէջ ճնշումի տեղի տաս, ընտանիքդ հաւանաբար քեզ պիտի ճնշէ ուրիշ մարզերու մէջ։ Բայց եթէ անոնց հետ ազնիւ բայց հաստատ ըլլաս, ոմանք թերեւս քեզի մտիկ ընեն»։ Ալիս այս փորձառութիւնը ունեցաւ. ներկայիս իր ծնողները ռահվիրաներ են, եւ հայրը երէց է։

ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ԲՈԼՈՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ

Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեր ընտանիքի անդամներուն, որոնք Վկայ չեն (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15. Մատթէոս 5։14-16 եւ Ա. Պետրոս 2։12–ի համաձայն, ուրիշներու «բարի գործեր»ը ինչպէ՞ս կրնան մեր ընտանիքի անդամներուն օգնել։

15 Եհովան մարդիկը իրեն կը քաշէ քրիստոնէական ժողովքին «բարի գործեր»ուն միջոցաւ (կարդա՛ Մատթէոս 5։14-16. Ա. Պետրոս 2։12)։ Եթէ կողակիցդ Եհովայի վկայ չէ, արդեօք ժողովքիդ անդամներէն ոմանց ծանօթացա՞ծ է։ Փոլինը եղբայրներ ու քոյրեր իր տունը կը հրաւիրէր, որպէսզի Ուէյնը անոնց ծանօթանար։ Ուէյն կը յիշէ թէ ինչպէ՛ս եղբայր մը իրեն օգնեց, որ տեսնէ թէ Վկաները իրապէս ինչպիսի՛ անհատներ են։ Ան կ’ըսէ. «Եղբայրը գործէն արձակուրդ առաւ, միայն որ ինծի հետ մարզական խաղ մը դիտէ։ Միտքէս ըսի. ‘Ինք ուրիշ մոլորակէ չէ’»։

16. Ինչո՞ւ պէտք է մեր ընտանիքի անդամները ժողովներու հրաւիրենք։

16 Մեր ընտանիքի անդամներուն օգնելու հոյակապ կերպ մըն է՝ զիրենք հրաւիրել որ մեզի հետ ժողովներու ներկայ ըլլան (Ա. Կոր. 14։24, 25)։ Ուէյն առաջին անգամ ըլլալով ժողովի,– Յիշատակատօնին,– ներկայ եղաւ, քանի որ իր գործէն ետք էր եւ կարճ էր։ Ան կ’ըսէ. «Դասախօսութիւնը շատ չհասկցայ, բայց ներկաներով տպաւորուեցայ։ Քովս եկան, բարի գալուստ մաղթեցին եւ սրտանց ձեռնուեցան։ Յստակ էր որ անկեղծ մարդիկ էին»։ Ժողովքին մէջ զոյգ մը կար, որ արդէն Փոլինի հանդէպ յատկապէս ազնիւ էր, իր տղուն հոգ տանելով ժողովներուն մէջ եւ դաշտի ծառայութեան ընթացքին։ Ուստի երբ Ուէյն ի վերջոյ որոշեց, որ Փոլինի նոր հաւատալիքներուն մասին աւելի հասկնայ, ամուսինէն խնդրեց որ Աստուածաշունչը իրեն հետ սերտէ։

17. Ի՞նչ բանի համար պէտք չէ մենք մեզ մեղադրենք, բայց ինչո՞ւ տնեցիներէն մեր յոյսը բնաւ պէտք չէ կտրենք։

17 Կը յուսանք որ մեր ընտանիքի անդամներն ալ մեզի հետ Եհովային ծառայեն։ Սակայն, հակառակ մեր բոլոր ջանքերուն, թերեւս ճշմարտութիւնը չընդունին։ Այդ պարագային, անոնց որոշումին համար պէտք չէ մենք մեզ մեղադրենք։ Մենք չենք կրնար ոեւէ մէկը ստիպել, որ մեր հաւատալիքները ընդունի։ Բայց եւ այնպէս, թեթեւի մի՛ առներ այն ազդեցութիւնը, որ կրնաս ունենալ տնեցիներուն վրայ, մինչ կը տեսնեն թէ Եհովայի ծառայելով որքա՜ն ուրախ ես։ Իրենց համար աղօթէ։ Իրենց հետ ազնուութեամբ խօսէ։ Եւ մի՛ յանձնուիր (Գործք 20։20)։ Վստահ եղիր որ Եհովան ջանքերդ պիտի օրհնէ։ Իսկ եթէ տնեցիները որոշեն քեզի մտիկ ընել, պիտի փրկուին։

ԵՐԳ 142 Ամէն տեսակ մարդոց քարոզենք

^ պարբ. 5 Կը փափաքինք որ մեր ընտանիքի անդամները Եհովան ճանչնան, բայց իրենց կ’իյնայ որոշել թէ Եհովային պիտի ծառայեն կամ ոչ։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել որ դիւրաւ մեզի մտիկ ընեն։

^ պարբ. 1 Կարգ մը անուններ փոխուած են։ Թէեւ յօդուածը կը խօսի ընտանիքի անդամներու մասին, որոնք տակաւին Եհովային չեն ծառայեր, բայց նոյն սկզբունքները կը կիրարկուին ազգականներու, որոնք Վկայ չեն։

^ պարբ. 53 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երիտասարդ եղբայր մը կ’օգնէ իր հօր ինքնաշարժը նորոգելու։ Հայրը Վկայ չէ։ Յարմար ժամանակին, եղբայրը մեր կայքէն վիտէօ մը ցոյց կու տայ։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ, մինչ Վկայ չեղող ամուսինը կը խօսի իր խճողուած օրուան մասին։ Ետքը, քոյրը ընտանիքին հետ կը զուարճանայ։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյրը իր ժողովքէն անհատներ տունը հրաւիրած է։ Անոնք անկեղծօրէն կը ջանան ամուսինին ծանօթանալ։ Յետագային, ամուսինը իր կնոջ հետ Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուի։