Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 34

Եհովայի ժողովքին մէջ տեղ ունի՛ս

Եհովայի ժողովքին մէջ տեղ ունի՛ս

«Ինչպէս մարմինը մէկ է եւ շատ անդամներ ունի եւ այն մարմնին բոլոր անդամները, թէեւ շատ են, բայց մէկ մարմին են, նոյնպէս Քրիստոս ալ» (Ա. ԿՈՐ. 12։12

ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ առանձնաշնորհում կը վայելենք։

Ի՜ՆՉ մեծ առանձնաշնորհում ունինք, որ Եհովայի ժողովքին մաս կը կազմենք։ Մենք հոգեւոր դրախտի մէջ ենք, ուր շրջապատուած ենք խաղաղարար եւ ուրախ մարդոցմով։ Արդեօք ժողովքին մէջ ի՞նչ տեղ ունիս։

2. Պօղոս իր նամակներուն մէջ ի՞նչ օրինակ գործածեց։

2 Այս նիւթին մասին շատ բան կրնանք սորվիլ օրինակէ մը, որ Պօղոս առաքեալ նշեց իր ներշնչեալ նամակներուն մէջ։ Ան ժողովքը նմանցուց մարդկային մարմնին, իսկ անհատները՝ մարմնին անդամներուն (Հռով. 12։4-8. Ա. Կոր. 12։12-27. Եփ. 4։16

3. Այժմ ի՞նչ երեք դասեր նկատի պիտի առնենք։

3 Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք երեք կարեւոր դասեր, որոնք Պօղոսի տուած օրինակէն կը սորվինք։ Առաջին, պիտի տեսնենք որ Եհովայի ժողովքին մէջ իւրաքանչիւրս տեղ * ունինք։ Երկրորդ, պիտի քննարկենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել, եթէ չկարենանք ըմբռնել մեր տեղը ժողովքին մէջ։ Եւ երրորդ, պիտի քննարկենք թէ ինչո՛ւ պէտք է զբաղած մնանք՝ մեր անձնական դերը կատարելով Աստուծոյ ժողովքին մէջ։

ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐՍ ԵՀՈՎԱՅԻ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ԴԵՐ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ

4. Հռովմայեցիս 12։4, 5–էն ի՞նչ կը սորվինք։

4 Առաջին դասը, որ կը սորվինք Պօղոսի տուած օրինակէն, այն է՝ թէ իւրաքանչիւրս Եհովայի ընտանիքին մէջ կարեւոր տեղ ունինք։ Պօղոս նախ ըսաւ. «Ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք» (Հռով. 12։4, 5)։ Ան ի՞նչ կէտ շեշտեց։ Ամէն մէկս ժողովքին մէջ տարբեր դեր մը ունինք, բայց ամէն մէկս ալ կարեւոր ենք։

Ժողովքին մէջ տարբեր դերեր ունինք, բայց ամէն մէկս ալ կարեւոր ենք (տե՛ս պարբերութիւն 5-12) *

5. Եհովան ժողովքին ի՞նչ տուած է։

5 Երբ մտածես անոնց մասին, որոնք ժողովքին մէջ տեղ ունին, թերեւս անմիջապէս միտքդ գան անոնք, որոնք առաջնորդութիւնը կ’առնեն (Ա. Թես. 5։12. Եբ. 13։17)։ Արդարեւ, Եհովան Քրիստոսին միջոցաւ Իր ժողովքին տուած է «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» (Եփ. 4։8, ՆԱ)։ Անոնք կը պարփակեն՝ Կառավարիչ մարմինի անդամները, Կառավարիչ մարմինի օգնականները, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամները, շրջանային տեսուչները, դաշտին մէջ դասաւանդողները, երէցներն ու օգնական ծառաները։ Բոլոր այս եղբայրները սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են, Եհովայի թանկագին ոչխարներուն հոգ տանելու եւ ժողովքը զօրացնելու համար (Ա. Պետ. 5։2, 3

6. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։6-8–ի համաձայն, սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած եղբայրները ի՞նչ կը ջանան ընել։

6 Եղբայրները սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են զանազան պատասխանատուութիւններու հոգ տանելու համար։ Ճիշդ ինչպէս որ մարմնի զանազան անդամները, ինչպէս՝ ձեռքերն ու ոտքերը, ամբողջ մարմնին օգտին համար կը գործեն, նոյնպէս նշանակուած եղբայրները ամբողջ ժողովքին օգտելու համար ծանր կ’աշխատին։ Անոնք իրենց փառքը չեն փնտռեր, հապա կը ջանան եղբայրներն ու քոյրերը կերտել ու զօրացնել (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։6-8)։ Եհովայէն շնորհակալ ենք այս անձնուրաց ու հոգեւորապէս որակեալ տղամարդոց համար։

7. Լիաժամ ծառաները ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։

7 Ժողովքին մէջ ոմանք կը նշանակուին ծառայելու որպէս միսիոնարներ, մասնաւոր ռահվիրաներ կամ կանոնաւոր ռահվիրաներ։ Իրականութեան մէջ, աշխարհի տարածքին եղբայրներ ու քոյրեր քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը իրենց լիաժամ ասպարէզը դարձուցած են։ Այսպէս, շատերու օգնած են որ Քրիստոս Յիսուսի աշակերտները ըլլան։ Թէեւ այս լիաժամ աւետարանիչները ընդհանրապէս նիւթական քիչ բաներ ունին, սակայն Եհովան զիրենք առատապէս օրհնած է (Մար. 10։29, 30)։ Մենք զանոնք կ’արժեւորենք ու երախտապարտ ենք, որ ժողովքին մաս կը կազմեն։

8. Բարի լուրի իւրաքանչիւր հրատարակիչ ինչո՞ւ Եհովայի համար թանկագին է։

8 Արդեօք միա՞յն նշանակուած եղբայրները եւ լիաժամ ծառաները ժողովքին մէջ տեղ ունին։ Բնաւ երբեք։ Աստուծոյ ու ժողովքին համար, բարի լուրի իւրաքանչիւր հրատարակիչ կարեւոր է (Հռով. 10։15. Ա. Կոր. 3։6-9)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ժողովքին ամէնէն կարեւոր նպատակակէտերէն մէկն է՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աշակերտներ պատրաստել (Մատ. 28։19, 20. Ա. Տիմ. 2։4)։ Բոլոր քարոզիչները,– ըլլա՛ն մկրտուած թէ չմկրտուած,– կը ջանան այս գործունէութեան առաջնահերթութիւն տալ (Մատ. 24։14

9. Քրիստոնեայ քոյրերը ինչո՞ւ կ’արժեւորենք։

9 Եհովան քրիստոնեայ քոյրերը կը պատուէ, իրենց կարեւոր գործ մը տալով ժողովքին մէջ։ Ան կ’արժեւորէ կիները, մայրերը, այրիները եւ ամուրի քոյրերը, որոնք հաւատարմաբար իրեն կը ծառայեն։ Աստուածաշունչը կը նշէ ուշագրաւ կիներ, որոնք Աստուած հաճեցուցին։ Անոնք գովասանքի արժանացան իրենց իմաստութեան, հաւատքին, նախանձախնդրութեան, քաջութեան, առատաձեռնութեան եւ բարի գործերուն համար (Ղուկ. 8։2, 3. Գործք 16։14, 15. Հռով. 16։3, 6. Փլպ. 4։3. Եբ. 11։11, 31, 35)։ Շատ շնորհակալ ենք Եհովայէն մեր ժողովքի քոյրերուն համար, որոնք այդ նոյն գեղեցիկ յատկութիւնները ունին։

10. Ինչո՞ւ տարեցները կ’արժեւորենք։

10 Նաեւ օրհնուած ենք մեր մէջ ունենալով բազմաթիւ տարեցներ։ Կարգ մը ժողովքներ ունին տարեց եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք իրենց կեանքը անցուցած են Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելով։ Եւ կան տարեցներ, որոնք վերջերս ճշմարտութիւնը սորված են։ Երկու պարագաներուն ալ, անոնք ծերութեան պատճառաւ առողջապահական խնդիրներ ունին։ Այս խնդիրները թերեւս սահմանափակեն ի՛նչ որ կրնան ընել ժողովքին մէջ եւ դաշտին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, անոնք քարոզչութեան մէջ կ’ընե՛ն ինչ որ կրնան, եւ իրենց ամէն կորովը կը գործածեն ուրիշները քաջալերելու եւ մարզելու համար։ Եւ մենք անոնց փորձառութենէն կ’օգտուինք։ Անոնք թէ՛ Եհովայի համար եւ թէ մեզի համար թանկարժէք են (Առ. 16։31

11-12. Ժողովքիդ պատանիներէն ինչպէ՞ս քաջալերուած ես։

11 Նաեւ մտածէ պատանիներուն մասին։ Անոնք բազմաթիւ խնդիրներ կ’ունենան, մինչ կը մեծնան Սատանայի աշխարհին մէջ, որ իր չար փիլիսոփայութիւններէն ազդուած է (Ա. Յովհ. 5։19)։ Մենք բոլորս կը քաջալերուինք, երբ անոնք ժողովներուն մէջ պատասխաններ կու տան, քարոզչութեան կը մասնակցին եւ իրենց հաւատալիքները քաջաբար կը պաշտպանեն։ Այո, ո՛վ պատանիներ, Եհովայի ժողովքին մէջ կարեւոր տեղ ունիք (Սաղ. 8։2

12 Սակայն կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր դժուարութիւն ունին հաւատալու, թէ ժողովքին համար կրնան օգտակար ըլլալ։ Ի՞նչ բան իւրաքանչիւրիս կրնայ օգնել, որ զգանք թէ ժողովքին մէջ տեղ ունինք։ Տեսնե՛նք։

ԳԻՏԱԿՑԷ ԹԷ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԵՍ

13-14. Ինչո՞ւ ոմանք կը դժուարանան հաւատալու, թէ ժողովքին մէջ արժէքաւոր են։

13 Նկատի առ Պօղոսի տուած օրինակէն քաղուելիք երկրորդ դասը։ Ան ուշադրութեան կը յանձնէ խնդիր մը, որ այսօր շատեր ունին. անոնք կը դժուարանան հաւատալու, թէ ժողովքին մէջ արժէքաւոր են։ Ան գրեց. «Եթէ ոտքը ըսէ՝ ‘Որովհետեւ ես ձեռք չեմ՝ մարմինէն չեմ’, ատիկա պատճառ մը չէ, որ ալ մարմինէն չըլլայ։ Եթէ ականջը ըսէ. ‘Որովհետեւ ես աչք չեմ՝ մարմինէն չեմ’, ատով չի դադրիր մարմինէն ըլլալէ» (Ա. Կոր. 12։15, 16)։ Ան ի՞նչ կէտ շեշտեց։

14 Եթէ ժողովքին մէջ դուն քեզ բաղդատես ուրիշներու հետ, թերեւս սկսիս քու արժէքդ չտեսնել։ Ժողովքին մէջ կրնայ ըլլալ որ ոմանք տաղանդաւոր սորվեցնողներ, լաւ կազմակերպողներ կամ հմուտ հովիւներ են, եւ կը զգաս թէ չես կրնար անոնց պէս ըլլալ։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ խոնարհ ու համեստ ես (Փլպ. 2։3)։ Բայց զգոյշ եղիր. եթէ շարունակ դուն քեզ բաղդատես ուրիշներու հետ, որոնք բացառիկ կարողութիւններ ունին, դուն քու աչքէդ պիտի իյնաս։ Կրնաս նոյնիսկ խորհիլ, ինչպէս Պօղոս նշեց, թէ ժողովքին մէջ բնա՛ւ տեղ չունիս։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ այսպիսի զգացումներ յաղթահարես։

15. Ա. Կորնթացիս 12։4-11–ի համաձայն, մեր պարգեւներուն նկատմամբ ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցինք։

15 Նկատի առ այս իրողութիւնը. Եհովան առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներուն տուաւ սուրբ հոգիին հրաշալի պարգեւները, սակայն բոլորը չստացան նոյն պարգեւները (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 12։4-11)։ Թէեւ իրենց շնորհեց զանազան կարողութիւններ, բայց իւրաքանչիւր քրիստոնեայ արժէքաւոր էր։ Ներկայիս, սուրբ հոգիին հրաշալի պարգեւները չունինք։ Սակայն տակաւին նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի. թէեւ բոլորս նոյն տաղանդները չունինք, բայց բոլո՛րս Եհովայի համար արժէքաւոր ենք։

16. Պօղոս առաքեալի ո՞ր ներշնչեալ խրատը պէտք է գործադրենք։

16 Փոխանակ մենք մեզ ուրիշ քրիստոնեաներու հետ բաղդատելու, պէտք է Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ խրատը գործադրենք. «Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու» (Գաղ. 6։4, ՆԹ

17. Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք, եթէ Պօղոսի խրատին հետեւինք։

17 Եթէ Պօղոսի ներշնչեալ խրատին հետեւինք ու մեր գործը կշռենք, թերեւս սկսինք տեսնել թէ յատուկ կարողութիւններ ունինք։ Օրինակ, երէց մը կրնայ հմուտ սորվեցնող չըլլալ, երբ ամպիոնին վրայ է, բայց շատ ազդու է աշակերտելու գործին մէջ։ Կամ, թերեւս իր ժողովքի միւս երէցներուն պէս լաւ կազմակերպող չէ, բայց ճանչցուած է որպէս սիրալիր հովիւ մը, որուն դիւրաւ հրատարակիչները կը մօտենան սուրբգրային խրատ ստանալու համար։ Կամ, թերեւս ան հիւրասէր ըլլալու համբաւը ունի (Եբ. 13։2, 16)։ Երբ յստակօրէն տեսնենք մեր կարողութիւններն ու զօրաւոր կողմերը, գոհ պիտի ըլլանք այն բանով, որ կրնանք ընել ժողովքին ի նպաստ։ Եւ նուազ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ նախանձինք այն հաւատակիցներուն, որոնց կարողութիւնները մեր կարողութիւններէն տարբեր են։

18. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր կարողութիւնները զարգացնել։

18 Ժողովքին մէջ մեր դերը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բոլորս պէտք է ջանանք ծառայութեան մէջ բարելաւուիլ ու մեր կարողութիւնները զարգացնել։ Եհովան իր կազմակերպութեան միջոցաւ հոյակապ մարզում կու տայ, որպէսզի բարելաւուինք։ Օրինակ, միջշաբաթային ժողովին մէջ մեզի թելադրութիւններ կը տրուին, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ծառայութեան մէջ աւելի ազդու ըլլալ։ Կը ջանա՞ս գործադրել տրուած մարզումը։

19. Ինչպէ՞ս կրնաս Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը յաճախելու նպատակակէտին հասնիլ։

19 Մարզումի ուրիշ սքանչելի յայտագիր մըն է՝ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը։ Այս դպրոցը կրնան յաճախել այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք լիաժամ ծառայութեան մէջ են եւ 23-65 տարեկան են։ Թերեւս կը զգաս որ այս նպատակակէտին բնաւ պիտի չհասնիս։ Փոխանակ ցանկ մը պատրաստելու, թէ ի՛նչ պատճառներով չես կրնար դպրոցը յաճախել, ցանկ մը պատրաստէ, թէ ի՛նչ պատճառներով կ’ուզես դպրոցը յաճախել։ Ետքը, ծրագիր մը դիր, որ քեզի պիտի օգնէ պահանջուած որակումներուն գոհացում տալու։ Եհովայի օգնութեամբ եւ քու ծանր աշխատանքովդ, պիտի կարենաս ընել այն ինչ որ քեզի անկարելի կը թուէր։

ՊԱՐԳԵՒՆԵՐԴ ԳՈՐԾԱԾԷ ԺՈՂՈՎՔԸ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

20. Հռովմայեցիս 12։6-8–էն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

20 Պօղոսի տուած օրինակէն քաղուելիք երրորդ դասը կը գտնուի Հռովմայեցիս 12։6-8–ի մէջ (կարդա՛)։ Հոս Պօղոս դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ ժողովքին մէջ եղողները տարբեր պարգեւներ ունին։ Բայց ան կը շեշտէ, թէ մեր պարգեւը պէտք է գործածենք ժողովքը կերտելու եւ զօրացնելու համար։

21-22. Ռապըրթէն եւ Ֆելիչէէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

21 Նկատի առ Ռապըրթ * անունով եղբօր մը օրինակը։ Օտար երկրի մը մէջ ծառայելէ ետք, ան նշանակուեցաւ Բեթէլի մէջ ծառայելու՝ իր ծնած երկրին մէջ։ Թէեւ եղբայրները զինք վստահեցուցին, թէ իր նշանակումին մէջ չէր թերացած, բայց ան ըսաւ. «Ամիսներ շարունակ իմ անձիս հանդէպ ժխտական տեսակէտ ունէի, խորհելով որ ձախող մէկն եմ։ Ատեններ մտածեցի Բեթէլի ծառայութիւնս դադրեցնել»։ Այս երէցը ինչպէ՞ս իր ուրախութիւնը վերագտաւ։ Ուրիշ երէց մը իրեն յիշեցուց, թէ Եհովան իւրաքանչիւր նախորդ նշանակումի մէջ մեզ մարզած է, որպէսզի կարենանք ներկայ նշանակումին մէջ աւելի ազդու ըլլալ։ Ռապըրթ անդրադարձաւ որ այլեւս պէտք չէ անցեալին նայի, հապա սկսի կեդրոնանալ այն բանին վրայ, որ ճիշդ հիմա կրնայ ընել։

22 Եղբայր Ֆելիչէ Իփիսգըփոն նոյնանման փորձառութիւն ունեցաւ։ Ան եւ իր կինը Գաղաադի դպրոցէն շրջանաւարտ եղան 1956–ին, եւ Պոլիվիոյ մէջ շրջանային գործին մասնակցեցան։ 1964–ին զաւակ մը ունեցան։ Ֆելիչէ ըսաւ. «Շատ դժուար էր մեր սիրած նշանակումը ձգելը։ Կը խոստովանիմ, թէ մէկ տարի վատնեցի՝ անձիս վրայ խղճալով։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ, կեցուածքս փոխեցի եւ կեդրոնացայ նոր պատասխանատուութեանս վրայ որպէս հայր»։ Դուն ալ Ռապըրթին կամ Ֆելիչէին պէս կը զգա՞ս։ Արդեօք կը վհատի՞ս, քանի որ ներկայիս չես վայելեր ծառայութեան նոյն առանձնաշնորհումները, որոնք անցեալին ունէիր։ Եթէ այո, աւելի ուրախ պիտի ըլլաս, եթէ կեդրոնանաս այն բանին վրայ, որ ճիշդ հիմա կրնաս ընել Եհովային ու հաւատակիցներուդ ծառայելու համար։ Զբաղա՛ծ մնացիր, պարգեւներդ եւ կարողութիւններդ գործածելով ուրիշներուն օգնելու համար, եւ ուրախ պիտի ըլլաս, մինչ ժողովքը կը կերտես։

23. Ժամանակ պէտք է տրամադրենք ի՞նչ ընելու, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

23 Եհովան մեզմէ ամէն մէկը արժէքաւոր կը նկատէ։ Ան կ’ուզէ որ զգանք, թէ իր ընտանիքին մէկ մասն ենք։ Եթէ ժամանակ տրամադրենք խոկալու, թէ ի՛նչ կրնանք ընել մեր եղբայրներն ու քոյրերը կերտելու համար, եւ ապա ջանանք այդ դերը կատարել, նուազ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ զգանք թէ ժողովքին մէջ տեղ չունինք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք կարեւոր նիւթ մը. ժողովքին մէջ ուրիշները ինչպէ՞ս կը նկատենք եւ ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ զիրենք կը գնահատենք։

ԵՐԳ 107 Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը ելլենք

^ պարբ. 5 Բոլորս կ’ուզենք զգալ, որ Եհովային համար արժէքաւոր ենք։ Բայց երբեմն թերեւս հարց տանք, թէ ի՛նչ օգուտ կրնանք բերել։ Յօդուածը մեզի պիտի օգնէ տեսնելու, թէ իւրաքանչիւրս ժողովքին մէջ կարեւոր տեղ ունինք։

^ պարբ. 3 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Այն տեղը, որ Եհովայի ժողովքին մէջ ունինք, կ’ակնարկէ ժողովքը կերտելու եւ զօրացնելու մէջ մեր ունեցած դերին։ Անիկա կախեալ չէ մեր ցեղային, տոհմային, նիւթական, ընկերային, մշակութային կամ կրթական ենթահողէն։

^ պարբ. 21 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երեք նկարները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ ժողովէ առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք։ Նկար 1. Երէց մը ջերմօրէն կը դիմաւորէ այցելու մը, պատանի եղբայր մը ձայնային սարքը կը պատրաստէ, եւ քոյր մը տարեց քրոջ մը հետ կը խօսակցի։ Նկար 2. Մեծեր ու պզտիկներ ձեռքերնին կը բարձրացնեն, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ընթացքին պատասխաններ տալու համար։ Նկար 3. Ամուսնացած զոյգ մը Թագաւորութեան սրահի մաքրութեան կը մասնակցի, մայր մը իր պզտիկին կ’օգնէ, որ նուիրատուութեան տուփին մէջ դրամ դնէ, երիտասարդ եղբայր մը հրատարակութիւններուն հոգ կը տանի, իսկ ուրիշ եղբայր մը քաջալերական խօսքեր կ’ըսէ տարեց քրոջ մը։