Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 32

Խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ Աստուծոյդ հետ քալէ

Խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ Աստուծոյդ հետ քալէ

‘Համեստութեամբ քու Աստուծոյդ հետ քալէ’ (ՄԻՔ. 6։8, ՆԱ

ԵՐԳ 26 Աստուծոյ հետ քալէ՛

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Դաւիթ ի՞նչ ըսաւ Եհովայի խոնարհութեան մասին։

ԻՐԱՊԷՍ կրնա՞նք ըսել որ Եհովան խոնարհ է։ Այո՛։ Դաւիթ անգամ մը ըսաւ. «Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր ու քու քաղցրութիւնդ [«խոնարհութիւնդ», ՆԱ] զիս մեծցուց» (Բ. Թագ. 22։36)։ Թերեւս Դաւիթ կը մտածէր այն օրուան մասին, երբ Սամուէլ մարգարէն իր հօր տունը եկաւ, Իսրայէլի ապագայ թագաւորը օծելու համար։ Հակառակ անոր որ Դաւիթ եօթը եղբայրներ ունէր եւ ինք ամէնէն պզտիկն էր, Եհովան զինք ընտրեց, որպէսզի փոխարինէր Սաւուղ թագաւորը (Ա. Թագ. 16։1, 10-13

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Վստահաբար Դաւիթ պիտի համաձայնէր այն սաղմոսերգուին հետ, որ Եհովայի մասին ըսաւ. «[Եհովան] երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար կը խոնարհի, [եւ] աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ ու տնանկը. . . կը բարձրացնէ» (Սաղ. 113։6-8)։ Այս յօդուածին մէջ, նա՛խ խոնարհութեան մասին կարեւոր դասեր պիտի քաղենք, քննարկելով թէ Եհովան ինչպէ՛ս զայն ցուցաբերեց։ Ետքը պիտի քննարկենք, թէ համեստութեան մասին ի՛նչ կրնանք սորվիլ Սաւուղ թագաւորէն, Դանիէլ մարգարէէն եւ Յիսուսէն։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ԵՀՈՎԱՅԻ ՕՐԻՆԱԿԷՆ

3. Եհովան մեզի հետ ինչպէ՞ս կը վարուի, եւ ասիկա ի՞նչ կը փաստէ։

3 Եհովան ցոյց կու տայ թէ խոնարհ է, անկատար մարդոց հետ իր վարուելու կերպով։ Ան ոչ միայն մեր պաշտամունքը կ’ընդունի, այլեւ մեզ իր բարեկամները կը նկատէ (Սաղ. 25։14)։ Իրեն հետ բարեկամութիւնը կարելի դարձնելու համար, Եհովան նախաքայլը առաւ, իր Որդին զոհելով մեր մեղքերուն համար։ Իր կողմէ ի՜նչ ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն։

4. Եհովան մեզի ի՞նչ տուած է, եւ ինչո՞ւ։

4 Նկատի առ ուրիշ կերպ մը, որով Եհովան խոնարհութիւն ցոյց կու տայ։ Որպէս Ստեղծիչ, ան կրնար մեզ ստեղծել առանց կարողութիւն տալու, որ մեր կեանքի ընթացքը ընտրենք։ Փոխարէնը, մեզ իր պատկերով ստեղծեց եւ մեզի ազատ կամք տուաւ։ Ան կ’ուզէ որ մենք՝ աննշան մարդիկս, իրեն սրտանց ծառայենք, քանի որ զինք կը սիրենք եւ կը շօշափենք իրեն հնազանդելու օգուտները (Բ. Օր. 10։12. Եսա. 48։17, 18)։ Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք Եհովայի խոնարհութեան այս արտայայտութեան համար։

Յիսուս երկինքն է։ Իրեն մօտ կեցած են իր իշխանակիցներէն ոմանք։ Միասնաբար կը նային անհամար հրեշտակներու։ Կարգ մը հրեշտակներ դէպի երկիր կ’ուղղուին, իրենց նշանակումները կատարելու համար։ Եհովան նկարին մէջ բոլոր եղողներուն հեղինակութիւն տուած է (տե՛ս պարբերութիւն 5)

5. Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կը սորվեցնէ խոնարհ ըլլալ (տե՛ս կողքին նկարը)։

5 Եհովան մեզի հետ իր վարուելու կերպով՝ մեզի կը սորվեցնէ խոնարհ ըլլալ։ Ան տիեզերքի ամէնէն իմաստուն Անձն է։ Եւ թէեւ մէկու մը խրատին պէտք չունի, բայց պատրաստ է ուրիշներու առաջարկները ընդունելու։ Օրինակ, ան թոյլ տուաւ, որ ամէն բան ստեղծելու մէջ իր Որդին իրեն ձեռք տայ (Առ. 8։27-30. Կող. 1։15, 16)։ Եւ ամենակարող ըլլալով հանդերձ, ուրիշներու հեղինակութիւն կու տայ։ Օրինակ, ան Յիսուսը նշանակած է որպէս Թագաւորութեան Թագաւորը։ Նաեւ, որոշ հեղինակութիւն պիտի տայ 144,000 մարդոց, որոնք Յիսուսի իշխանակիցներ պիտի ըլլան (Ղուկ. 12։32)։ Անշուշտ, Եհովան Յիսուսը մարզեց, որ Թագաւոր եւ Քահանայապետ ըլլայ (Եբ. 5։8, 9)։ Ան նաեւ կը մարզէ Յիսուսի իշխանակիցները, որ իրենց նշանակումը կատարեն, բայց չի փորձեր մանրակրկիտ կերպով վերահսկել անոնց ըրածին վրայ։ Փոխարէնը, կը վստահի որ անոնք իր կամքը պիտի կատարեն (Յայտ. 5։10

Եհովան կ’ընդօրինակենք, երբ ուրիշները կը մարզենք եւ անոնց պատասխանատուութիւններ կը յանձնենք (տե՛ս պարբերութիւն 6-7) *

6-7. Ընտանիքի գլուխը, երէցները եւ ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Եհովան ընդօրինակել։

6 Եթէ մեր երկնաւոր Հայրը, որ ամենակարող է, ուրիշներուն հեղինակութիւն կու տայ, ալ ուր մնաց մենք։ Օրինակ, եթէ ընտանիքի գլուխ ես կամ երէց ես, Եհովայի օրինակին հետեւէ, ուրիշներուն յանձնելով պարտականութիւններ եւ ետքը անոնց գլխուն վրայ չկենալով։ Այսպիսով, ոչ միայն պիտի ձգես որ գործը կատարուի, այլ նաեւ ուրիշները պիտի մարզես ու իրենց ինքնավստահութիւնը աւելցնես (Եսա. 41։10)։ Հեղինակութիւն ունեցողները ուրիշ ի՞նչ կրնան սորվիլ Եհովայէն։

7 Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք, թէ Եհովան հետաքրքրուած է իր հրեշտակային զաւակներուն կարծիքներով (Գ. Թագ. 22։19-22)։ Ծնողնե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք Եհովան ընդօրինակել։ Երբ յարմար է, ձեր զաւակներուն գաղափարը առէք, թէ որոշ պարտականութիւն մը ինչպէ՛ս կարելի է ընել։ Եթէ անոնց առաջարկը տեղին է, զայն ի գործ դրէք։

8. Եհովան ինչպէ՞ս համբերութեամբ վարուեցաւ Աբրահամի ու Սառայի հետ։

8 Եհովան նաեւ ցոյց կու տայ որ խոնարհ է, համբերող ըլլալով։ Օրինակ, Եհովան կը համբերէ, երբ իր ծառաները իր որոշումները յարգանքով հարցականի տակ կ’առնեն։ Ան մտիկ ըրաւ, երբ Սոդոմն ու Գոմորը կործանելու իր որոշումին նկատմամբ Աբրահամ մտահոգութիւններ արտայայտեց (Ծն. 18։22-33)։ Նաեւ յիշէ թէ ինչպէ՛ս վարուեցաւ Աբրահամի կնոջ՝ Սառայի հետ։ Ան չվիրաւորուեցաւ կամ չբարկացաւ, երբ Սառա խնդաց՝ լսելով իր խոստումը թէ պիտի յղանար (Ծն. 18։10-14)։ Փոխարէնը, անոր արժանապատուութիւնը յարգեց։

9. Ծնողներն ու երէցները ի՞նչ կրնան սորվիլ Եհովայի օրինակէն։

9 Ո՛վ ծնողներ ու երէցներ, Եհովայի օրինակէն ի՞նչ կրնաք սորվիլ։ Ի՞նչ կ’ընէք, երբ ձեր զաւակները կամ կարգ մը հրատարակիչներ ձեր որոշումներուն հետ համաձայն չեն գտնուիր։ Անմիջապէս ձեր որոշումը կը պաշտպանէ՞ք, թէ՞ կը փորձէք անոնց տեսակէտը հասկնալ։ Ընտանիքը եւ ժողովքը վստահաբար կ’օգտուին, երբ հեղինակութիւն ունեցողները Եհովան կ’ընդօրինակեն։ Մինչեւ հիմա, քննարկեցինք թէ Եհովայի օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ խոնարհութեան մասին։ Այժմ տեսնենք թէ սուրբգրային անձնաւորութիւններէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ համեստութեան մասին։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿԷՆ

10. Եհովան ինչպէ՞ս ուրիշներու օրինակը կը գործածէ մեզի սորվեցնելու համար։

10 Մեր «Մեծ Ուսուցիչը» ըլլալով, Եհովան իր Խօսքին մէջ օրինակներ հայթայթած է՝ մեզի սորվեցնելու համար (Եսա. 30։20, 21, ՆԱ)։ Դասեր կը քաղենք՝ խոկալով անհատներու մասին, որոնք ցուցաբերեցին աստուածահաճոյ յատկութիւններ, մէջը ըլլալով համեստութիւնը։ Նաեւ կը սորվինք՝ նկատի առնելով թէ ի՛նչ պատահեցաւ անոնց, որոնք այսպիսի լաւ յատկութիւններ չդրսեւորեցին (Սաղ. 37։37. Ա. Կոր. 10։11

11. Սաւուղի ժխտական օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

11 Մտածէ՛ թէ ինչ պատահեցաւ Սաւուղ թագաւորին։ Ան սկիզբը համեստ երիտասարդ մըն էր։ Ան իր սահմանափակումներուն քաջատեղեակ էր եւ նոյնիսկ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնելու վարանեցաւ (Ա. Թագ. 9։21. 10։20-22)։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, ան յաւակնոտ դարձաւ եւ ըրաւ բաներ, որոնք ընելու իրաւասութիւն չունէր։ Ան այս կերպով սկսաւ վարուիլ, թագաւոր ըլլալէ քիչ ետք։ Առիթով մը, անհամբեր դարձաւ մինչ Սամուէլ մարգարէին կը սպասէր։ Փոխանակ համեստութեամբ Եհովայի վստահելու, որ ժողովուրդին ի նպաստ գործի լծուի, Սաւուղ ողջակէզ մատուցանեց՝ հակառակ անոր որ իրաւասութիւն չունէր։ Ասոր արդիւնքը եղաւ, որ Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր (Ա. Թագ. 13։8-14)։ Իմաստութիւն է որ այս ազդարարական օրինակէն դաս քաղենք եւ յաւակնոտութեամբ չվարուինք։

12. Դանիէլ ինչպէ՞ս համեստութիւն ցուցաբերեց։

12 Սաւուղին հակառակը, Դանիէլ մարգարէն լաւ օրինակ ձգեց։ Ան իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, խոնարհ ու համեստ մնաց եւ միշտ Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռեց։ Օրինակ, երբ Նաբուգոդոնոսորի երազը մեկնեց, ըսաւ թէ տրուած բացատրութիւնը Եհովայի՛ կողմէ էր։ Այսպէս, համեստութեամբ ամէն փառքը Եհովային տուաւ (Դան. 2։26-28)։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Եթէ եղբայրները մեր դասախօսութիւնները կը հաւնին, կամ եթէ ծառայութեան մէջ լաւ փորձառութիւններ կ’ունենանք, պէտք է ամէն փառքը Եհովային տանք։ Պէտք է համեստութեամբ ընդունինք, թէ առանց Եհովայի օգնութեան, այս բաները չէինք կրնար ընել (Փլպ. 4։13)։ Այս կեցուածքը ունենալով, նաեւ հետեւած կ’ըլլանք Յիսուսի ընտիր օրինակին։ Ինչպէ՞ս։

13. Յովհաննէս 5։19, 30–ի համաձայն, Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք։

13 Կատարեալ Որդի ըլլալով հանդերձ, Յիսուս Եհովային ապաւինեցաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 5։19, 30)։ Ան բնաւ չփորձեց իր երկնաւոր Հօրմէն հեղինակութիւն խլել։ Փիլիպպեցիս 2։6–ը (ՆԱ) մեզի կ’ըսէ, թէ Յիսուս «չմտածեց յափշտակութիւն ընելու մասին, այսինքն՝ Աստուծոյ հաւասար ըլլալու մասին»։ Որպէս ենթարկուող Որդի, իր սահմանափակումներուն գիտակից էր եւ իր Հօր հեղինակութիւնը յարգեց։

Յիսուս իր հեղինակութեան սահմանները գիտէր ու կը յարգէր (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, երբ իրմէ խնդրուեցաւ բան մը, որ Եհովան իրեն իրաւասութիւն չէր տուած որ ընէր։

14 Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըրաւ, երբ Յակոբոս, Յովհաննէս եւ իրենց մայրը իրմէ խնդրեցին բան մը, որ իրեն չէր իյնար զայն տալ։ Յիսուս առանց տատամսելու պատասխանեց, թէ միայն իր երկնաւոր Հայրը կրնար որոշել, թէ Թագաւորութեան մէջ ո՛վ պիտի նստէր իր աջ կողմը կամ ձախ կողմը (Մատ. 20։20-23)։ Ան իր սահմանափակումներուն համաձայն շարժեցաւ. համեստ էր։ Ան բնաւ չըրաւ բան մը, որ Եհովան իրեն իրաւասութիւն չէր տուած որ ընէր (Յովհ. 12։49Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի ընտիր օրինակը որդեգրել։

Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի համեստութիւնը ընդօրինակել (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15-16. Ա. Կորնթացիս 4։6–ի խրատը ինչպէ՞ս կրնանք գործադրել։

15 Յիսուսի համեստութիւնը կ’ընդօրինակենք, գործադրելով Ա. Կորնթացիս 4։6–ի խրատը, որ կ’ըսէ. «Գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ»։ Ուստի, երբ մեզմէ խրատ խնդրուի, բնաւ չենք փորձեր մեր անձնական կարծիքը յառաջ մղել, կամ պարզապէս ըսել առաջին բանը, որ մեր միտքը կու գայ։ Կ’ուզենք ուշադրութեան յանձնել այն խրատը, որ կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Այսպէս ցոյց կու տանք, թէ կը գիտակցինք որ ամէն բան չենք գիտեր։ Եւ համեստութեամբ կ’ընդունինք, թէ Եհովայի խրատները միշտ աւելի լաւ են, քան մեր խրատները (Յայտ. 15։3, 4

16 Եհովան պատուելէ զատ, ուրիշ լաւ պատճառներ ունինք համեստութիւն դրսեւորելու համար։ Այժմ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս խոնարհութիւնն ու համեստութիւնը կրնան մեզի ուրախութիւն բերել եւ օգնել ուրիշներու հետ համերաշխ ըլլալու։

ԽՈՆԱՐՀ ՈՒ ՀԱՄԵՍՏ ԸԼԼԱԼՈՎ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ

17. Խոնարհ ու համեստ անհատները ինչո՞ւ ուրախ են։

17 Երբ խոնարհ ու համեստ ենք, աւելի հաւանական է որ ուրախ ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Մեր սահմանափակումներուն գիտակից ըլլալով, երախտապարտ եւ ուրախ կ’ըլլանք որեւէ օգնութեան համար, որ ուրիշներէ կը ստանանք։ Օրինակ, նկատի առ այն առիթը, երբ Յիսուս տասը բորոտներ բժշկեց։ Անոնցմէ միայն մէկը վերադարձաւ Յիսուսին շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որ զինք բժշկեց իր ահռելի հիւանդութենէն. բան մը, որ ինք անձամբ բնա՛ւ չէր կրնար ընել։ Այս խոնարհ ու համեստ տղամարդը իր ստացած օգնութեան համար երախտապարտ էր, եւ ատոր համար Աստուած փառաւորեց (Ղուկ. 17։11-19

18. Խոնարհութիւնը եւ համեստութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն, որ ուրիշներու հետ լեզու գտնենք (Հռովմայեցիս 12։10

18 Խոնարհ ու համեստ անհատները դիւրաւ ուրիշներու հետ լեզու կը գտնեն եւ աւելի հաւանական է, որ մտերիմ բարեկամներ ունենան։ Ինչո՞ւ։ Անոնք պատրաստ են ընդունելու, թէ ուրիշներ լաւ յատկութիւններ ունին, եւ անոնց հանդէպ վստահութիւն ցոյց կու տան։ Խոնարհ ու համեստ անհատները կ’ուրախանան, երբ ուրիշներ իրենց նշանակումներուն մէջ յաջողութիւն կը գտնեն, եւ շուտով զիրենք կը գովեն ու կը պատուեն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։10

19. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով պէտք չէ հպարտ ըլլանք։

19 Միւս կողմէ, հպարտ մարդիկը կը դժուարանան ուրիշները գովել, նախընտրելով որ իրե՛նք գովասանք ստանան։ Անոնք հակամէտ են իրենք զիրենք բաղդատելու ուրիշներու հետ եւ կը ջանան անոնցմէ աւելի լաւ ըլլալ։ Փոխանակ ուրիշները մարզելու եւ անոնց պատասխանատուութիւններ տալու, անոնք հաւանաբար մտածեն՝ «Եթէ բան մը կ’ուզես ընել, ձեռքո՛վդ պէտք է ընես»։ Հպարտը յաճախ փառասէր ու նախանձոտ է (Գաղ. 5։26)։ Եւ քիչ կը պատահի որ ան մնայուն բարեկամներ ունենայ։ Եթէ նկատենք որ ձեւով մը հպարտ ենք, ջերմեռանդ աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը խնդրենք, որ ‘մեր միտքը նորոգենք’, որպէսզի այս գէշ յատկութիւնը մեր սրտին մէջ խոր արմատ չկապէ (Հռով. 12։2

20. Ինչո՞ւ պէտք է խոնարհ ու համեստ ըլլանք։

20 Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովայի օրինակին համար։ Իր խոնարհութիւնը կը տեսնենք իր ծառաներուն հետ վարուելու կերպին մէջ եւ կ’ուզենք զինք ընդօրինակել։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք ընդօրինակել Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած համեստ անհատները, որոնք Աստուծոյ հետ քալեցին։ Թող միշտ Եհովային տանք այն փառքն ու պատիւը, որոնց արժանի է (Յայտ. 4։10բ)։ Այսպիսով, մենք ալ որակեալ պիտի ըլլանք քալելու մեր երկնաւոր Հօր հետ, որ խոնարհ ու համեստ անհատները կը սիրէ։

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

^ պարբ. 5 Խոնարհ անհատը ողորմած ու կարեկից է։ Ուստի ճիշդ է ըսել թէ Եհովան խոնարհ է։ Յօդուածը ցոյց պիտի տայ, թէ կրնանք խոնարհութիւն սորվիլ Եհովայի օրինակէն։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ համեստութեան մասին ի՛նչ կրնանք սորվիլ Սաւուղ թագաւորէն, Դանիէլ մարգարէէն եւ Յիսուսէն։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը ժամանակ կը տրամադրէ, որպէսզի երիտասարդ եղբայր մը մարզէ ժողովքի թաղամասերուն հոգ տանելու համար։ Ետքը, երէցը չի վերահսկեր եղբօր վրայ, հապա թոյլ կու տայ որ ան իր նշանակումը առանձին կատարէ։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը երէցին կը հարցնէ, թէ արդեօք պատշա՞ճ է որ ներկայ ըլլայ ամուսնական արարողութեան, որ եկեղեցիի մը մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Երէցը իր անձնական կարծիքը չի տար, հապա քրոջ հետ կարգ մը սուրբգրային սկզբունքներ նկատի կ’առնէ։