Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 35

Յարգէ ուրիշներուն տեղը Եհովայի ժողովքին մէջ

Յարգէ ուրիշներուն տեղը Եհովայի ժողովքին մէջ

«Չի կրնար աչքը ըսել ձեռքին թէ՝ ‘Դուն ինծի պէտք չես’, եւ ոչ ալ գլուխը՝ ոտքերուն՝ թէ ‘Դուք ինծի պէտք չէք’» (Ա. ԿՈՐ. 12։21

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան իր իւրաքանչիւր հաւատարիմ ծառային ի՞նչ տուած է։

ԵՀՈՎԱՆ սիրով իր իւրաքանչիւր հաւատարիմ ծառային տեղ տուած է իր ժողովքին մէջ։ Թէեւ մեր դերերը տարբեր են, բայց բոլո՛րս արժէքաւոր ենք եւ իրարու պէտք ունինք։ Պօղոս առաքեալ մեզի կ’օգնէ այս կարեւոր դասը ըմբռնելու։ Ինչպէ՞ս։

2. Եփեսացիս 4։16–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է իրար արժեւորենք եւ իրարու հետ համագործակցինք։

2 Ըստ գլխաւոր համարին, Պօղոս շեշտեց, որ մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ Եհովայի ուրիշ ծառայի ըսել. «Դուն ինծի պէտք չես» (Ա. Կոր. 12։21)։ Եթէ կ’ուզենք որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, պէտք է իրար արժեւորենք եւ իրարու հետ համագործակցինք (կարդա՛ Եփեսացիս 4։16)։ Երբ միութեամբ իրարու հետ աշխատինք, ամէն անհատ սիրուած պիտի զգայ եւ ժողովքը զօրաւոր պիտի ըլլայ։

3. Յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

3 Ո՞ր կարգ մը մարզերուն մէջ կրնանք հաւատակիցներուն հանդէպ յարգանք ցոյց տալ։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ երէցները ինչպէ՛ս կրնան իրարու հանդէպ յարգանք ցոյց տալ։ Ետքը, պիտի տեսնենք թէ բոլորս ինչպէ՛ս կրնանք ցոյց տալ, թէ ամուրի եղբայրներն ու քոյրերը կ’արժեւորենք։ Ի վերջոյ, պիտի գիտնանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք գնահատանք ցուցաբերել անոնց, որոնք մեր լեզուն լաւ չեն խօսիր։

ՅԱՐԳԷ ՄԻՒՍ ԵՐԷՑՆԵՐԸ

4. Երէցները Հռովմայեցիս 12։10–ի մէջ արձանագրուած ո՞ր խրատին պէտք է հետեւին։

4 Ժողովքի բոլոր երէցները Եհովայի սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են։ Սակայն անոնցմէ ամէն մէկը տարբեր պարգեւներ ու կարողութիւններ ունի (Ա. Կոր. 12։17, 18)։ Թերեւս ոմանք նոր նշանակուած են եւ շատ փորձառութիւն չունին։ Ուրիշներ թերեւս շատ բան չեն կրնար ընել՝ իրենց յառաջացած տարիքին եւ առողջապահական խնդիրներուն պատճառաւ։ Այսուհանդերձ, երէցներէն ո՛չ մէկը պէտք է միւսին ըսէ. «Դուն ինծի պէտք չես»։ Փոխարէնը, իւրաքանչիւր երէց պէտք է Հռովմայեցիս 12։10–ին մէջ գրուած Պօղոսի խրատին հետեւի (կարդա՛

Երէցները իրարու հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան, ուշադրութեամբ իրարու մտիկ ընելով (տե՛ս պարբերութիւն 5-6)

5. Երէցները ինչպէ՞ս իրարու հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

5 Երէցները իրարու հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան, ուշադրութեամբ իրարու մտիկ ընելով։ Ասիկա կարեւոր է, մանաւանդ երբ երէցները կը ժողվուին լուրջ հարցեր քննարկելու համար։ Ինչո՞ւ։ Նկատէ թէ ի՛նչ գրուած է Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1988 թիւին մէջ (անգլերէն). «Երէցները կ’ընդունին, որ սուրբ հոգիին միջոցաւ Քրիստոս կրնայ ոեւէ երէցի միտքը բերել այն աստուածաշնչական սկզբունքը, որ կրնայ օգնել որեւէ պարագայի հետ գլուխ ելլելու կամ որեւէ կարեւոր որոշում առնելու (Գործք 15։6-15)։ Սուրբ հոգին կ’օգնէ ժողովքի բոլոր երէցներուն, եւ ոչ թէ միայն մէկ երէցի»։

6. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան միութեամբ իրարու հետ աշխատիլ, եւ երբ այդպէս ընեն, ժողովքը ինչպէ՞ս կ’օգտուի։

6 Երէց մը, որ միւս երէցները կը յարգէ, միշտ չի ջանար երէցներու ժողովին մէջ առաջին խօսողը ըլլալ։ Ան նիւթ մը քննարկելու ատեն միակ խօսողը չ’ըլլար եւ չի խորհիր թէ իր կարծիքը միշտ ճիշդ է։ Փոխարէնը, իր տեսակէտը խոնարհաբար եւ համեստօրէն կը յայտնէ։ Ան ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ ուրիշներուն ըսածները։ Եւ աւելի կարեւորը, ան պատրաստ է սուրբգրային սկզբունքներ նշելու եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ի ուղղութեան ականջ տալու (Մատ. 24։45-47)։ Երբ երէցները քննարկութեան ընթացքին սէր ու յարգանք կը ցուցաբերեն, Աստուծոյ սուրբ հոգին ներկայ պիտի ըլլայ եւ զիրենք պիտի առաջնորդէ ժողովքը զօրացնող որոշումներ առնելու (Յակ. 3։17, 18

ՅԱՐԳԷ ԱՄՈՒՐԻՆԵՐԸ

7. Յիսուս ամուրիութեան ի՞նչ աչքով նայեցաւ։

7 Ներկայիս, քրիստոնէական ժողովքին մէջ կան ամուսնացած զոյգեր եւ ընտանիքներ։ Նաեւ կան բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք ամուսնացած չեն։ Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք ամուրիները։ Նկատի առ թէ Յիսուս ամուրիութեան ի՛նչ աչքով նայեցաւ։ Ան իր երկրային ծառայութեան ընթացքին չամուսնացաւ։ Ամուրի մնաց ու իր ժամանակը եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացուց իր նշանակումին վրայ։ Յիսուս բնա՛ւ չսորվեցուց թէ քրիստոնեայէն պահանջուած է ամուսնանալ կամ ամուրի մնալ։ Սակայն, ան ըսաւ որ կարգ մը քրիստոնեաներ պիտի որոշէին չամուսնանալ (Մատ. 19։11, 12)։ Յիսուս յարգեց չամուսնացածները եւ չսեպեց որ անոնք ստորադաս էին կամ իրենց կեանքին մէջ բան մը պակաս էր։

8. Ա. Կորնթացիս 7։7-9–ի համաձայն, Պօղոս քրիստոնեաները քաջալերեց որ ինչի՞ մասին մտածեն։

8 Յիսուսին պէս, Պօղոս առաքեալ ալ իր ծառայութիւնը կատարեց որպէս ամուրի։ Ան բնա՛ւ չսորվեցուց թէ սխալ է որ քրիստոնեան ամուսնանայ։ Ան գիտակից էր որ ասիկա անձնական որոշում է։ Սակայն քրիստոնեաները քաջալերեց որ մտածեն, թէ արդեօք կրնա՞ն Եհովայի ծառայել որպէս ամուրիներ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։7-9)։ Յստակ է որ Պօղոս ամուրի քրիստոնեաներուն ցած աչքով չնայեցաւ։ Իրականութեան մէջ, ան ընտրեց երիտասարդ Տիմոթէոսը՝ ամուրի եղբայր մը, որ կարեւոր նշանակումներու հոգ տանէր (Փլպ. 2։19-22) *։ Ուրեմն, սխալ է խորհիլ թէ եղբայր մը աւելի կամ նուազ որակեալ է, հիմնուելով միայն անոր ամուսնացած կամ ամուրի ըլլալուն վրայ (Ա. Կոր. 7։32-35, 38

9. Ի՞նչ կրնանք ըսել ամուսնութեան եւ ամուրիութեան մասին։

9 Ո՛չ Յիսուս, ոչ ալ Պօղոս սորվեցուցին որ քրիստոնեաները պէտք է ամուսնանան կամ պէտք է ամուրի մնան։ Ուստի, ի՞նչ կրնանք ըսել ամուսնութեան եւ ամուրիութեան մասին։ Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2012 թիւը (անգլերէն) լաւ կերպով կը բացատրէ. «Թէ՛ ամուսնութիւնը եւ թէ ամուրիութիւնը կրնան Աստուծոյ կողմէ պարգեւ նկատուիլ։ . . .Եհովան չի սեպեր թէ ամուրիութիւնը պատճառ մըն է, որ անհատը ամօթ զգայ կամ տխրի»։ Ասոր ի տես, պէտք է յարգենք ամուրի եղբայրներուն ու քոյրերուն տեղը ժողովքին մէջ։

Ի՞նչ պէտք չէ ընենք, յարգելով ամուրիներուն զգացումները (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Եթէ ամուրի եղբայրներն ու քոյրերը կը յարգենք, ի՞նչ բան պիտի չընենք։

10 Ինչպէ՞ս կրնանք ամուրի եղբայրներուն ու քոյրերուն զգացումներն ու պարագաները յարգել։ Լաւ կ’ըլլայ որ մեր միտքը պահենք, թէ կարգ մը քրիստոնեաներ անձնապէս որոշած են չամուսնանալ։ Ուրիշներ կը փափաքին ամուսնանալ, բայց պարզապէս տակաւին յարմար անձը չեն գտած։ Իսկ ոմանք իրենց կողակիցը մահով կորսնցուցած են։ Ամէն պարագայի, յարմա՞ր է որ հաւատակիցները ամուրի քրիստոնեաներուն հարցնեն, թէ ինչո՛ւ տակաւին ամուսնացած չեն, կամ առաջարկեն օգնել կողակից գտնելու։ Թէեւ կարգ մը ամուրիներ այսպիսի օգնութիւն կը խնդրեն, բայց եթէ նման խնդրանք մը չկայ, օգնութիւն առաջարկելը ի՞նչ կրնայ զգացնել անոնց (Ա. Թես. 4։11. Ա. Տիմ. 5։13)։ Քննենք թէ կարգ մը հաւատարիմ ամուրի եղբայրներ ու քոյրեր ի՛նչ ըսած են։

11-12. Եթէ զգոյշ չըլլանք, ինչպէ՞ս կրնանք ամուրիները վհատեցնել։

11 Ամուրի շրջանային տեսուչ մը, որ իր նշանակումին մէջ շատ ազդու է, կը նկատէ որ ամուրի ըլլալը բազմաթիւ օգուտներ ունի։ Սակայն ան նշեց թէ վհատեցուցիչ բան մըն է, երբ եղբայրներ ու քոյրեր իրեն օգնել ուզելով՝ կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ տակաւին ամուսնացած չես»։ Մասնաճիւղի մը մէջ ծառայող ամուրի եղբայր մը ըսաւ. «Ատեններ, եղբայրներ ու քոյրեր ինծի այնպէս մը կը զգացնեն, թէ ամուրիները խղճալի են։ Ասիկա կրնայ այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ ամուրիութիւնը բեռ է, եւ ոչ թէ պարգեւ»։

12 Բեթէլի մէջ ծառայող ամուրի քոյր մը ըսաւ. «Կարգ մը հրատարակիչներ կ’ենթադրեն, թէ բոլոր ամուրիները կողակից կը փնտռեն կամ ամէն հաւաքոյթ կողակից գտնելու առիթ կը նկատեն։ Անգամ մը, Բեթէլի ծառայութեանս բերումով, ճամբորդեցի երկրին մէջ ուրիշ շրջան մը։ Հասած օրս ժողովի օր էր։ Այն քոյրը, որուն տունը պիտի մնայի, ինծի ըսաւ որ իր ժողովքին մէջ ինծի տարեկից երկու եղբայրներ կային։ Ան զիս վստահեցուց որ չէր փորձեր ինծի կողակից մը ճարել։ Բայց հազիւ Թագաւորութեան սրահը մտանք, զիս քաշելով տարաւ որ ծանօթանամ այդ երկու եղբայրներուն։ Խօսք չ’ուզեր որ երեքս ալ նեղ կացութեան մատնուեցանք»։

13. Ամուրի քոյր մը որո՞նց օրինակով քաջալերուեցաւ։

13 Ուրիշ ամուրի քոյր մը, որ Բեթէլին մէջ կը ծառայէ, նշեց. «Գիտեմ ռահվիրաներ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր ամուրի են։ Անոնք տրամաբանական են, յստակ նպատակակէտեր ունին, պատրաստ են ուրիշներուն օգնելու եւ երջանիկ են։ Ժողովքին մեծ օգուտ կը բերեն։ Անոնք ամուրիութեան նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունին. ո՛չ գերադաս կը զգան, քանի որ ամուրի մնացած են, եւ ոչ ալ՝ բանէ մը զրկուած, քանի որ կողակից եւ ընտանիք չունին»։ Ժողովքին գեղեցկութիւնը ա՛յս է, որ անոր մէջ անհատները յարգուած եւ արժեւորուած կը զգան։ Գիտես որ եղբայրներդ ու քոյրերդ ո՛չ կը մեղքնան քու վրադ, ոչ ալ քեզի կը նախանձին, ո՛չ քեզ կ’անտեսեն, ոչ ալ կը մեծարեն։ Պարզապէս գիտես որ սիրուած ես։

14. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ ամուրիները կը յարգենք։

14 Ամուրի եղբայրներն ու քոյրերը երախտապարտ պիտի ըլլան, եթէ զիրենք կ’արժեւորենք իրենց լաւ յատկութիւններուն հիման վրայ եւ ոչ թէ ամուսնացած ըլլալուն կամ չըլլալուն հիման վրայ։ Փոխանակ իրենց համար տխրելու, լաւ կ’ըլլայ որ գնահատենք իրենց հաւատարմութիւնը։ Այդպէս ընելով, ամուրիները բնա՛ւ պիտի չմտածեն թէ իրենց կ’ըսենք. «Դուք ինծի պէտք չէք» (Ա. Կոր. 12։21)։ Եւ պիտի գիտնան, որ զիրենք կը յարգենք եւ ուրախ ենք, որ ժողովքին մէջ են։

ՅԱՐԳԷ ԼԵԶՈՒԴ ՍԱՀՈՒՆ ՉԽՕՍՈՂՆԵՐԸ

15. Ոմանք ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրած են իրենց ծառայութիւնը աւելցնելու համար։

15 Վերջին տարիներուն, բազմաթիւ հրատարակիչներու նպատակակէտը եղած է օտար լեզու սորվիլ, որպէսզի կարենան իրենց ծառայութիւնը աւելցնել։ Ատիկա ընելու համար, անոնք իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցած են։ Այս եղբայրներն ու քոյրերը իրենց մայրենի լեզուն խօսող ժողովքը ձգած են, որպէսզի ծառայեն օտարախօս ժողովքի մը մէջ եւ հոն՝ ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի կարիք կայ (Գործք 16։9)։ Անոնք այս անձնական որոշումը առած են, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղեն։ Թէեւ տարիներ կ’առնէ մինչեւ որ նոր լեզուն սահուն խօսին, բայց ժողովքին շատ մը կերպերով օգտակար կ’ըլլան։ Անոնց լաւ յատկութիւնները եւ փորձառութիւնը կը զօրացնեն ու կը կայունացնեն ժողովքը։ Մենք կ’արժեւորենք այս անձնազոհ եղբայրներն ու քոյրերը։

16. Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ եղբայր մը կրնայ երէց կամ օգնական ծառայ ըլլալ։

16 Երէցներու մարմինը պէտք չէ ետ կենայ եղբայր մը յանձնարարելէ, որ ծառայէ որպէս երէց կամ օգնական ծառայ, պարզապէս քանի որ ժողովքին գործածած լեզուն տակաւին սահուն չի խօսիր։ Երբ երէցները եղբօր մը որակումները աչքէ կ’անցընեն, պէտք է նկատի առնեն երէցներու եւ օգնական ծառաներու նկատմամբ Սուրբ Գիրքին նշած որակումները, եւ ոչ թէ՝ որքանով լաւ կը խօսի ժողովքին գործածած լեզուն (Ա. Տիմ. 3։1-10, 12, 13. Տիտ. 1։5-9

17. Երբ ընտանիք մը ուրիշ երկիր կը փոխադրուի, ի՞նչ որոշում կը դիմագրաւէ։

17 Կարգ մը քրիստոնեայ ընտանիքներ ուրիշ երկիր փոխադրուած են որպէս գաղթական կամ գործ գտնելու նպատակով։ Առ ի արդիւնք, անոնց զաւակները նոր երկրի գլխաւոր լեզուով ուսում կ’առնեն։ Ծնողները նոյնպէս թերեւս ստիպուին գլխաւոր լեզուն սորվիլ, որպէսզի կարենան ընտանիքին ապրուստը ճարել։ Արդեօք ի՞նչ պիտի ընեն, եթէ շրջանին մէջ իրենց մայրենի լեզուն գործածող ժողովք կամ խումբ կայ։ Ընտանիքը ո՞ր ժողովքին պէտք է պատկանի. երկրի գլխաւոր լեզուն գործածող ժողովքի՞ն, թէ՞ ընտանիքին մայրենի լեզուն գործածող ժողովքին։

18. Գաղատացիս 6։5–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք ընտանիքի գլուխին որոշումը յարգել։

18 Ընտանիքին գլուխը պէտք է որոշէ, թէ ընտանիքը ո՛ր ժողովքին պիտի պատկանի։ Ասիկա անձնական հարց ըլլալով, ան պէտք է նկատի առնէ, թէ իր ընտանիքին համար լաւագոյնը ի՛նչ է (կարդա՛ Գաղատացիս 6։5)։ Իսկ մենք պէտք է ընտանիքի գլուխին որոշումը յարգենք եւ ընտանիքը ընդունինք որպէս մեր ժողովքին արժէքաւոր մէկ մասը (Հռով. 15։7

19. Ընտանիքի գլուխը աղօթքով ի՞նչ պէտք է քննէ։

19 Ընտանիքներէն ոմանք կը ծառայեն ծնողներուն մայրենի լեզուն գործածող ժողովքի մը մէջ, մինչ զաւակները այդ լեզուն սահուն չեն խօսիր։ Եթէ այդ ժողովքը կը գտնուի շրջանի մը մէջ, ուր գլխաւոր լեզուն կը խօսուի, զաւակներուն համար կրնայ դժուար ըլլալ ժողովները հասկնալ եւ հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ զաւակները իրենց դպրոցին մէջ երկրի գլխաւոր լեզուով ուսում կ’առնեն։ Ուստի ընտանիքի գլուխը պէտք է աղօթքով քննէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, որպէսզի զաւակներուն օգնէ, որ Եհովայի եւ Իր ժողովուրդին մօտենան։ Կա՛մ պէտք է զաւակներուն օգնէ, որ մայրենի լեզուն լաւ սորվին, եւ կամ որոշէ փոխադրուիլ ժողովքի մը, որ զաւակներուն հասկցած լեզուն կը գործածէ։ Անոր որոշումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, այն ժողովքը, որուն մէջ պիտի ծառայէ, պէտք է իրեն ու իր ընտանիքին յարգուած ու արժեւորուած զգացնէ։

Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ կը յարգենք նոր լեզու սորվող եղբայրներն ու քոյրերը (տե՛ս պարբերութիւն 20)

20. Ինչպէ՞ս կրնանք յարգել նոր լեզու սորվող եղբայրներն ու քոյրերը։

20 Բոլոր նշուած պատճառներով, շատ մը ժողովքներու մէջ կան եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք ջանք կը թափեն որ նոր լեզու սորվին։ Անոնց համար իրենց միտքերը արտայայտելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց եթէ ատոր վրայ չկեդրոնանանք, պիտի տեսնենք Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը եւ իրեն ծառայելու իրենց փափաքը։ Այդ գեղեցիկ յատկութիւնները տեսնելով, զիրենք խորապէս պիտի արժեւորենք ու յարգենք։ Պիտի չըսենք՝ «Դուք ինծի պէտք չէք», պարզապէս քանի որ մեր լեզուն սահուն չեն խօսիր։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԵՆՔ

21-22. Ի՞նչ հրաշալի առանձնաշնորհում ունինք։

21 Եհովան մեզի իր ժողովքին մէջ տեղ ունենալու հրաշալի առանձնաշնորհումը տուած է։ Ըլլա՛նք տղամարդ թէ կին, ամուրի թէ ամուսնացած, պատանի թէ տարեց, կամ լեզու մը սահուն խօսողներ թէ նոր սորվողներ, Եհովայի համար եւ իրարու համար արժէքաւոր ենք (Հռով. 12։4, 5. Կող. 3։10, 11

22 Թող որ շարունակենք գործադրել այն բազմաթիւ հոյակապ դասերը, որոնք սորվեցանք Պօղոսի տուած օրինակէն մարդկային մարմնին մասին։ Այդպէս ընելով, աւելի կերպեր պիտի գտնենք Եհովայի ժողովքին մէջ մեր եւ ուրիշներուն տեղը արժեւորելու։

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

^ պարբ. 5 Եհովայի ժողովուրդը տարբեր ենթահողերէ եկած են եւ ժողովքին մէջ տարբեր դերեր կը կատարեն։ Յօդուածը պիտի օգնէ տեսնելու, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ Եհովայի ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը յարգենք։

^ պարբ. 8 Չենք կրնար ըսել, որ Տիմոթէոս բնա՛ւ չամուսնացաւ։