Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 33

Յարութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ սէրը, իմաստութիւնը եւ համբերութիւնը

Յարութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ սէրը, իմաստութիւնը եւ համբերութիւնը

«Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ» (ԳՈՐԾՔ 24։15

ԵՐԳ 111 Պիտի կանչէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան ինչո՞ւ ուրիշներու կեանք տուաւ։

ԺԱՄԱՆԱԿ մը կար, երբ Եհովան առանձին էր։ Բայց միայնակ չէր զգար, քանի որ ամէն կերպով կատարեալ է։ Բայց եւ այնպէս, ան ուզեց որ ուրիշներ ալ կեանքը վայելեն։ Ուստի, սէրէ մղուած՝ սկսաւ ստեղծել (Սաղ. 36։9. Ա. Յովհ. 4։19

2. Եհովայի ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ, Յիսուս եւ հրեշտակները ինչպէ՞ս զգացին։

2 Նա՛խ, Եհովան ստեղծեց իր Որդին՝ Յիսուսը։ Ետքը, անոր միջոցաւ «ամէն բան ստեղծուեցաւ», ներառեալ՝ միլիոնաւոր հրեշտակները (Կող. 1։16)։ Յիսուս իր Հօր հետ աշխատելով շա՜տ ուրախ էր (Առ. 8։30)։ Հրեշտակներն ալ ուրախանալու պատճառ ունէին։ Անոնք տեսան թէ ինչպէ՛ս Եհովան եւ իր Ճարտարապետը՝ Յիսուս, երկինքն ու երկիրը մէջտեղ բերին։ Հրեշտակները ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Անոնք սկսան ‘ցնծութեամբ աղաղակել’, երբ երկիրը շինուեցաւ, եւ անկասկած շարունակեցին աղաղակել ամէն անգամ որ Եհովան բան մը ստեղծեց, մէջը ըլլալով իր վերջին գլուխ գործոցը՝ մարդ արարածը (Յոբ 38։7. Առ. 8։31)։ Իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն յայտնեց Եհովայի սէրն ու իմաստութիւնը (Սաղ. 104։24. Հռով. 1։20

3. Ինչպէս որ Ա. Կորնթացիս 15։21, 22–ը ցոյց կու տայ, Յիսուսի փրկանքը ի՞նչ բան կարելի կը դարձնէ։

3 Եհովան ուզեց որ մարդիկը յաւիտենական կեանքը վայելեն իր ստեղծած գեղեցիկ երկրագունդին վրայ։ Բայց երբ Ադամն ու Եւան իրենց սիրալիր Հօր դէմ ըմբոստացան, մեղքն ու մահը աշխարհ մտան (Հռով. 5։12)։ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Անմիջապէս նշեց, թէ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը պիտի ազատէր (Ծն. 3։15)։ Ան որոշեց փրկանքը հայթայթել, որպէսզի կարելի ըլլայ Ադամի սերունդը մեղքէն ու մահէն ձերբազատել, եւ ետքը յաւիտենական կեանք տալ իւրաքանչիւր անհատի, որ կ’ընտրէ իրեն ծառայել (Յովհ. 3։16. Հռով. 6։23. կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։21, 22

4. Այժմ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

4 Մեռելներուն յարութիւն տալու Աստուծոյ խոստումին մասին կրնանք կարգ մը հարցումներ ունենալ։ Օրինակ, յարութիւնը հաւանաբար ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ։ Մեր սիրելիները պիտի ճանչնա՞նք երբ յարուցանուին։ Յարութիւնը ի՞նչ կերպերով մեզ պիտի ուրախացնէ։ Եւ յարութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի սիրոյն, իմաստութեան եւ համբերութեան մասին։ Նկատի առնենք այս հարցումները մէկ առ մէկ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ

5. Ինչո՞ւ տրամաբանական է ենթադրել, որ բոլոր մեռելները միեւնոյն ժամանակ պիտի չյարուցանուին։

5 Երբ Եհովան իր Որդիին միջոցաւ անհամար միլիոնաւորներ յարուցանէ, կրնանք ենթադրել որ բոլորը միեւնոյն ժամանակ պիտի չյարուցանուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երկրի բնակչութեան թիւը յանկարծ այսպէս աւելնալը կրնայ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծել։ Եւ Եհովան բնաւ անկարգ կերպով բա՛ն մը չ’ըներ։ Ան գիտէ թէ կարգապահութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի մարդիկ խաղաղութեամբ ապրին (Ա. Կոր. 14։33)։ Եհովա Աստուած իմաստուն ու համբերող էր, երբ Յիսուսին հետ աստիճանաբար երկրագունդը պատրաստեց մարդ արարածը ստեղծելէն առաջ։ Յիսուսն ալ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին իմաստուն ու համբերող պիտի ըլլայ, երբ Արմագեդոնէն վերապրողներուն հետ երկրագունդը պատրաստէ յարուցեալները դիմաւորելու համար։

Արմագեդոնէն վերապրողները յարութիւն առնողներուն պիտի սորվեցնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ իր պահանջներուն մասին (տե՛ս պարբերութիւն 6) *

6. Գործք 24։15–ի համաձայն, յարութիւն առնողներուն մէջ որո՞նք պիտի ըլլան։

6 Ամէնէն կարեւոր բանը, որ Արմագեդոնէն վերապրողները պիտի ընեն, այն է՝ որ յարութիւն առնողներուն պիտի սորվեցնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ Եհովայի պահանջներուն մասին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ յարութիւն առնողներուն մեծ մասը պիտի ըլլայ «մեղաւորներ»էն, կամ անարդարներէն (կարդա՛ Գործք 24։15)։ Անոնք պէտք է բազմաթիւ փոփոխութիւններ ընեն, որպէսզի Քրիստոսի փրկանքէն օգտուին։ Երեւակայէ ի՜նչ մեծ գործ է Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնել միլիոնաւորներու, որոնք Եհովայի մասին ոչինչ գիտեն։ Արդեօք իւրաքանչիւր անհատ իր ուսուցի՞չը պիտի ունենայ, ինչպէս որ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները կը վարենք։ Այս նորեկները պիտի նշանակուի՞ն ժողովքներու եւ մարզուին սորվեցնելու անոնց, որոնք իրենցմէ ետք յարութիւն առին։ Հիմա պատասխանը չենք գիտեր, բայց գիտենք որ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի» (Եսա. 11։9)։ Ի՜նչ հաճոյալի մեծ գործ պիտի կատարենք այդ հազար տարուան ընթացքին։

7. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ կարեկից պիտի ըլլան, մինչ յարութիւն առնողներուն կը սորվեցնեն։

7 Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Եհովայի բոլոր ծառաները պէտք է շարունակեն փոփոխութիւններ ընել, զինք հաճեցնելու համար։ Ուստի բոլորն ալ իսկապէս կարեկից պիտի ըլլան, մինչ յարութիւն առնողներուն կ’օգնեն, որ մեղաւոր հակումներուն դէմ դնեն եւ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրին (Ա. Պետ. 3։8)։ Յարութիւն առնողները պիտի ուզեն Եհովան պաշտել իր խոնարհ ծառաներուն հետ, որոնք կը շարունակեն ‘իրենց անձին փրկութիւնը գործել’ (Փլպ. 2։12

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌՆՈՂՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՃԱՆՉՆԱ՞ՆՔ

8. Ինչո՞ւ կրնանք ենթադրել, թէ անոնք՝ որոնք յարութիւն առնողները կը դիմաւորեն, պիտի կարենան իրենց սիրելիները ճանչնալ։

8 Կարգ մը պատճառներով կրնանք ենթադրել, թէ անոնք՝ որոնք յարութիւն առնողները կը դիմաւորեն, պիտի կարենան իրենց սիրելիները ճանչնալ։ Օրինակ, տեղի ունեցած յարութիւններուն հիման վրայ, կ’ակնկալենք որ Եհովան պիտի վերստեղծէ անհատը, այնպէս մը, որ անոր երեւոյթը, խօսելակերպն ու մտածելակերպը ըլլան ինչ որ էին երբ մահացաւ։ Յիշէ թէ Յիսուս մահը նմանցուց քունի, եւ յարութիւնը՝ քունէն արթննալուն (Մատ. 9։18, 24. Յովհ. 11։11-13)։ Երբ անհատ մը քունէն կ’արթննայ, ան ունի այն նոյն երեւոյթը, անձնաւորութիւնը եւ յիշողութիւնը, որ ունէր երբ քնացաւ։ Նկատի առ Ղազարոսին օրինակը։ Անոր մահուան վրայ չորս օր անցած էր, ինչ որ կը նշանակէ թէ իր մարմինը սկսած էր փտիլ։ Այսուհանդերձ, երբ Յիսուս զինք յարուցանեց, Մարիամն ու Մարթան անմիջապէս զինք ճանչցան, եւ բացայայտ է որ Ղազարոսն ալ զիրենք ճանչցաւ (Յովհ. 11։38-44. 12։1, 2

9. Մեռելները ինչո՞ւ կատարեալ մարմնով պիտի չյարուցանուին։

9 Եհովան կը խոստանայ, թէ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ներքեւ, ո՛չ մէկը պիտի ըսէ. «Հիւանդ եմ» (Եսա. 33։24. Հռով. 6։7)։ Ուրեմն, յարութիւն առնողները առողջ մարմիններ պիտի ունենան, բայց ո՛չ կատարեալ։ Այլապէս, իրենց սիրելիներուն կրնան անծանօթ թուիլ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Քրիստոսի իշխանութեան ընթացքին, ամբողջ մարդկութիւնը աստիճանաբար կատարեալ պիտի դառնայ։ Յիսուս հազար տարուան վերջաւորութեան է որ իր Հօր պիտի յանձնէ Թագաւորութիւնը։ Այն ատեն Թագաւորութիւնը լիովին իր գործը ամբողջացուցած պիտի ըլլայ, ներառեալ՝ մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնելը (Ա. Կոր. 15։24-28. Յայտ. 20։1-3

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ԿԵՐՊԵՐՈՎ ՄԵԶ ՊԻՏԻ ՈՒՐԱԽԱՑՆԷ

10. Յարութիւնը ինչպէ՞ս քեզի պիտի ազդէ։

10 Երեւակայէ թէ ինչպէ՛ս պիտի դիմաւորես յարութիւն առնող սիրելիներդ։ Ուրախութիւնդ քեզ պիտի մղէ խնդալո՞ւ, թէ՞ լալու։ Պիտի մղուի՞ս երգերով Եհովան փառաբանել։ Մէկ բան ստոյգ է. խոր սէր պիտի ունենաս հոգածու Հօրդ եւ իր անձնուրաց Որդիին հանդէպ, որոնք յարութիւնը կարելի դարձուցին։

11. Ըստ Յովհաննէս 5։28, 29–ի, Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրողները ի՞նչ պիտի վայելեն։

11 Երեւակայէ յարութիւն առնողներուն ուրախութիւնը, մինչ իրենց հին անձնաւորութիւնը մէկդի կ’ընեն եւ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին։ Այսպիսի փոփոխութիւններ ընողներուն թոյլ պիտի տրուի որ յաւիտեան ապրին։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ դէմ ըմբոստացողներուն թոյլ պիտի չտրուի որ շարունակեն ապրիլ ու Դրախտին խաղաղութիւնը խանգարել (Եսա. 65։20. կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29

12. Ի՞նչ կերպով երկրի բոլոր բնակիչները Եհովայի կողմէ պիտի օրհնուին։

12 Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, Աստուծոյ բոլոր ծառաները պիտի շօշափեն Առակաց 10։22–ի խօսքին ճշմարիտ ըլլալը. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, Աստուծոյ ծառաները հոգեւորապէս պիտի հարստանան, այսինքն՝ երթալով աւելի Քրիստոսին պիտի նմանին եւ աստիճանաբար կատարեալ պիտի դառնան (Յովհ. 13։15-17. Եփ. 4։23, 24)։ Եւ իւրաքանչիւր օր ֆիզիքապէս աւելի առողջ պիտի ըլլան։ Ի՜նչ հաճոյալի կեանք (Յոբ 33։25)։ Սակայն, յարութեան մասին խոկալը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել այսօր։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՍԻՐՈՅՆ ՄԱՍԻՆ

13. Սաղմոս 139։1-4–ը ի մտի ունենալով, յարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի փաստէ, որ Եհովան մեզ շատ լաւ կը ճանչնայ։

13 Ինչպէս որ նախապէս նկատի առինք, երբ Եհովան անհատ մը յարուցանէ, անոր պիտի վերադարձնէ նոյն յիշողութիւնները եւ անձնաւորութեան գիծերը, որոնք մեռնելէ առաջ ունէր։ Մտածէ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Եհովան քեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ իր յիշողութեան մէջ կը պահէ ամէն ինչ որ կը մտածես, կը զգաս, կ’ըսես ու կ’ընես։ Ուստի, եթէ հարկ ըլլայ որ քեզի յարութիւն տայ, դիւրաւ պիտի կարենայ քեզի վերադարձնել յիշողութիւններդ, տեսակէտներդ եւ առանձնայատկութիւններդ։ Դաւիթ թագաւոր գիտակից էր, թէ Եհովան որքա՜ն իւրաքանչիւր անհատով հետաքրքրուած է (կարդա՛ Սաղմոս 139։1-4)։ Այս գաղափարը ի՞նչ կերպով ներկայիս մեզի կ’ազդէ։

14. Ինչպէ՞ս պէտք է ազդուինք, երբ կը խոկանք թէ Եհովան մեզ մօտէն կը ճանչնայ։

14 Պէտք չէ մտահոգուինք ու ժխտականօրէն ազդուինք, երբ կը խոկանք թէ Եհովան մեզ մօտէն կը ճանչնայ։ Ինչո՞ւ։ Յիշէ թէ Եհովան մեզմով խորապէս հետաքրքրուած է։ Ան կ’արժեւորէ մեր այն յատկութիւնները, որոնք մեզ յատուկ կը դարձնեն։ Եւ ուշադրութեամբ նկատի կ’առնէ կեանքի այն փորձառութիւնները, որոնք մեզի ազդած են։ Այս կէտերը որքա՜ն մխիթարական են։ Բնա՛ւ պէտք չէ զգանք թէ միայնակ ենք։ Իւրաքանչիւր օրուան իւրաքանչիւր վայրկեանը, Եհովան մեր կողքին է եւ մեզի օգնելու առիթներ կը փնտռէ (Բ. Մն. 16։9

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

15. Յարութիւնը ինչպէ՞ս կը փաստէ Եհովայի իմաստութիւնը։

15 Մահուան սպառնալիքը զօրաւոր զէնք մըն է։ Սատանային ազդեցութեան տակ եղողները, զայն կը գործածեն մարդիկը մղելու որ իրենց բարեկամներուն դաւաճանեն կամ իրենց համոզումներէն վազ անցնին։ Բայց այդ սպառնալիքը մեզի դէմ բանի մը չի ծառայեր, քանի որ գիտենք, որ եթէ մեզ սպաննեն, Եհովան մեզ ետ կեանքի պիտի բերէ (Յայտ. 2։10)։ Համոզուած ենք, որ անոնց ըրած ո՛չ մէկ բանը կրնայ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կտրել (Հռով. 8։35-39)։ Եհովան ի՜նչ ուշագրաւ իմաստութիւն ցոյց տուած է, մեզի տալով յարութեան յոյսը։ Այսպիսով, ան Սատանային ձեռքէն խլած է անոր ամէնէն ազդեցիկ զէնքերէն մէկը եւ միեւնոյն ժամանակ մեզ զինած է մեծ քաջութեամբ։

Մեր որոշումները ցոյց կու տա՞ն, թէ կը վստահինք Եհովայի խոստումին, որ մեր նիւթական կարիքները պիտի հոգայ (տե՛ս պարբերութիւն 16) *

16. Ի՞նչ հարցումներ պէտք է դուն քեզի հարցնես եւ ինչո՞ւ։

16 Եթէ Եհովան ատողները սպառնան քեզ մեռցնել, վստահութիւն պիտի ունենա՞ս որ Եհովան քեզի յարութիւն պիտի տայ։ Հիմակուընէ ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ։ Կերպերէն մէկը այն է, որ դուն քեզի հարցնես. ‘Պզտիկ որոշումները, որ իւրաքանչիւր օր կ’առնեմ, ցոյց կու տա՞ն թէ Եհովային կը վստահիմ’ (Ղուկ. 16։10)։ Ուրիշ հարցում մը. ‘Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ, թէ կը վստահիմ Եհովայի խոստումին, որ նիւթական կարիքներս պիտի հոգայ եթէ նա՛խ իր Թագաւորութիւնը խնդրեմ’ (Մատ. 6։31-33)։ Եթէ այս հարցումներուն պատասխանդ այո է, ուրեմն իրապէս Եհովայի հանդէպ վստահութիւն ունիս եւ նախապատրաստուած ես ապագայ որեւէ փորձութիւն դիմագրաւելու (Առ. 3։5, 6

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

17. ա) Յարութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Եհովան համբերող է։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ Եհովայի համբերութիւնը կը գնահատենք։

17 Եհովան արդէն որոշած է ճիշդ ե՛րբ այս չար աշխարհը պիտի կործանէ (Մատ. 24։36)։ Ան իր համբերութիւնը պիտի չկորսնցնէ ու այդ ժամանակէն առաջ գործի լծուի։ Թէեւ մեծ փափաք ունի որ մեռելները ետ կեանքի բերէ, բայց համբերող է (Յոբ 14։14, 15)։ Ան կը սպասէ մինչեւ որ անոնց յարութիւն տալու որոշուած ժամանակը հասնի (Յովհ. 5։28)։ Լաւ պատճառներ ունինք երախտապարտ ըլլալու Եհովայի համբերութեան համար։ Պահ մը մտածէ. որովհետեւ Եհովան համբերող է, բազմաթիւ անհատներ,– մէջը ըլլալով մենք,– առիթը ունեցած են զղջում յայտնելու (Բ. Պետ. 3։9)։ Ան կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ իր համբերութիւնը կը գնահատենք։ Ջանասիրութեամբ փնտռելով անոնք, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են, եւ անոնց օգնելով որ Եհովան սիրեն ու անոր ծառայեն (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Այսպէս, անոնք ալ մեզի պէս Եհովայի համբերութենէն պիտի օգտուին։

18. Ինչո՞ւ պէտք է ուրիշներուն հանդէպ համբերող ըլլանք։

18 Եհովան համբերութեամբ պիտի սպասէ մինչեւ որ Հազարամեայ իշխանութիւնը վերջ գտնէ, եւ միայն անկէ ետք մեզմէ կատարելութիւն պիտի ակնկալէ։ Մինչ այդ, ան յօժար է մեր մեղքերը ներելու։ Ուստի, իր օրինակին հետեւելով, պէտք է կեդրոնանանք ուրիշներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ եւ համբերող ըլլանք։ Նկատի առ քրոջ մը օրինակը, որուն ամուսինը սկսաւ ծանր մտատանջութենէ տառապիլ եւ դադրեցաւ ժողովներուն յաճախելէ։ Ան կ’ըսէ. «Պարագան շատ դժուար էր։ Մեր ընտանեկան կեանքը յանկարծ փոխուեցաւ, ու մեր ծրագիրները ջուրը ինկան»։ Բայց այս սիրալիր կինը շարունակեց համբերող ըլլալ։ Ան Եհովայի ապաւինեցաւ ու բնա՛ւ չյանձնուեցաւ։ Եհովան ընդօրինակելով, ան խնդիրէն անդին նայեցաւ ու իր ամուսինին լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնացաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ամուսինս գեղեցիկ յատկութիւններ ունի եւ իր լաւագոյնը կ’ընէ, որ հարցը յաղթահարէ՝ կամաց–կամաց»։ Որքա՜ն կարեւոր է որ ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ համբերող ըլլանք անոնց հանդէպ, որոնք կը ջանան խրթին խնդիրներու հետ գլուխ ելլել։

19. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

19 Յիսուս եւ հրեշտակները ուրախ էին, երբ երկրագունդը ստեղծուեցաւ։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, երբ տեսնեն որ երկրագունդը լեցուած է կատարեալ մարդոցմով, որոնք Եհովան կը սիրեն ու անոր կը ծառայեն։ Երեւակայէ Քրիստոսի իշխանակիցներուն ուրախութիւնը, երբ տեսնեն թէ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը իրենց աշխատանքէն կ’օգտուի (Յայտ. 4։4, 9, 10. 5։9, 10)։ Եւ երեւակայէ կեանքդ, երբ երջանկութեան արցունքները կը փոխարինեն տառապանքի արցունքները, եւ երբ հիւանդութիւնը, թշուառութիւնն ու մահը այլեւս գոյութիւն չունին (Յայտ. 21։4)։ Մինչեւ որ այդ ժամանակը գայ, վճռէ ընդօրինակել սիրառատ, իմաստուն եւ համբերող Հայրդ։ Այսպիսով ուրախ պիտի մնաս, ի՛նչ դժուարութիւն ալ դիմագրաւես (Յակ. 1։2-4)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովայի խոստումին համար, թէ «յարութիւն պիտի ըլլայ» (Գործք 24։15

ԵՐԳ 130 Կեանքը հրաշք է

^ պարբ. 5 Եհովան սիրառատ, իմաստուն եւ համբերող Հայր է։ Այս յատկութիւնները կը տեսնենք թէ՛ այն կերպին մէջ, որով բոլոր բաները ստեղծեց, եւ թէ մեռելներուն յարութիւն տալու իր նպատակին մէջ։ Յօդուածը պիտի քննարկէ յարութեան մասին կարգ մը հարցումներ, որոնց մասին թերեւս կը մտածենք, եւ ցոյց պիտի տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք գնահատել Եհովայի սէրը, իմաստութիւնը եւ համբերութիւնը։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Բնիկ ամերիկացի մը, որ հարիւրաւոր տարիներ առաջ մահացած էր, յարութիւն կ’առնէ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Արմագեդոնէն վերապրող եղբայր մը, ուրախութեամբ անոր կը սորվեցնէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, որպէսզի Քրիստոսի փրկանքէն օգտուի։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը իր գործատիրոջ կ’ըսէ, թէ շաբթուան մէջ որոշ օրեր չի կրնար յաւելեալ ժամեր աշխատիլ։ Ան կը բացատրէ, թէ այդ օրերը վերապահած է իր հոգեւոր գործունէութիւններուն համար։ Բայց եթէ միւս օրերուն իրեն շատ պէտք ունին, յօժար է յաւելեալ գործ ընելու։