Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 33

Ունեցած առանձնաշնորհումներովդ ուրախացիր

Ունեցած առանձնաշնորհումներովդ ուրախացիր

«Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն աղէկ է» (ԺՈՂ. 6։9

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Շատեր ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն դաշտին կարիքներուն։

 ՇԱՏ գործ ունինք ընելիք, մինչ այս չար աշխարհը իր վերջին կը մօտենայ (Մատ. 24։14. Ղուկ. 10։2. Ա. Պետ. 5։2)։ Բոլորս կ’ուզենք լաւագոյն կերպով Եհովային ծառայել։ Շատեր իրենց ծառայութիւնը կ’ընդարձակեն։ Ոմանք կը փափաքին որպէս ռահվիրայ ծառայել։ Ուրիշներ կը փափաքին Բեթէլին մէջ ծառայել կամ աստուածպետական շէնքերու շինարարութեան մասնակցիլ։ Իսկ բազմաթիւ եղբայրներ կը ձգտին ծառայել որպէս օգնական ծառայ կամ երէց (Ա. Տիմ. 3։1, 8)։ Եհովան որքա՜ն ուրախ ըլլալու է այսպիսի պատրաստակամ հոգի տեսնելով իր ժողովուրդին մէջ (Սաղ. 110։3. Եսա. 6։8

2. Թերեւս ի՞նչ զգանք, եթէ մեր հոգեւոր նպատակակէտերէն ոմանց չենք հասնիր։

2 Սակայն, թերեւս սկսինք վհատիլ, եթէ բաւական ժամանակ անցած է եւ դեռ մեր հոգեւոր նպատակակէտերէն ոմանց չենք հասած։ Կամ թերեւս ընկճուինք, քանի որ մեր տարիքին կամ ուրիշ պարագաներու պատճառաւ կարգ մը առանձնաշնորհումներ չենք կրնար ունենալ (Առ. 13։12)։ Այդպէս պատահեցաւ Մէլիսային * հետ։ Ան շատ կը փափաքի Բեթէլին մէջ ծառայել կամ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը յաճախել, բայց կ’ըսէ. «Տարիքս թոյլ չի տար, որ այս առանձնաշնորհումները ունենամ։ Անոնք այլեւս երազ են ինծի համար։ Անոր համար ատեններ կ’ընկճուիմ»։

3. Ոմանք ի՞նչ քայլեր պէտք է առնեն, որպէսզի որոշ առանձնաշնորհումներու որակեալ ըլլան։

3 Ոմանք, որոնք երիտասարդ ու առողջ են, թերեւս պէտք է յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ձեռք ձգելէ առաջ, հասուննան եւ որոշ յատկութիւններ դրսեւորեն։ Մէկ կողմէն, անոնք թերեւս ուշիմ, վճռական եւ նետուող են։ Բայց միւս կողմէն, թերեւս պէտք ունին սորվելու աւելի համբերող ըլլալ, իրենց գործը աւելի ուշադրութեամբ ընել կամ ուրիշներուն հետ աւելի յարգանքով վարուիլ։ Եթէ պէտք եղած յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանաս, ծառայութեան առանձնաշնորհում մը կրնայ քեզի տրուիլ այն ատեն, երբ չես ակնկալեր։ Նկատի առ Նիքի փորձառութիւնը։ Ան 20 տարեկանին շատ յուսախաբ եղաւ, քանի որ որպէս օգնական ծառայ չնշանակուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի որ անպայման սխալ բան մը ունիմ»։ Բայց Նիք չյանձնուեցաւ։ Ան իր լաւագոյնը ըրաւ ժողովքին մէջ եւ քարոզչութեան մէջ։ Ներկայիս, ան կը ծառայէ որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Ընկճուա՞ծ ես, քանի որ որոշ հոգեւոր նպատակակէտի մը դեռ չես հասած։ Եթէ այո՛, ապրումներդ Եհովայի հետ բաժնէ (Սաղ. 37։5-7)։ Ատկէ զատ, հասուն եղբայրներու կարծիքը հարցուր, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ծառայութեանդ մէջ բարելաւուիլ, եւ ետքը լաւագոյնդ ըրէ, որ իրենց խրատը գործադրես։ Եթէ այդպէս ընես, հաւանաբար այդ առանձնաշնորհումը պիտի ստանաս կամ այդ նպատակակէտին պիտի հասնիս։ Բայց ինչպէս է պարագան նախապէս յիշուած Մէլիսային, թերեւս այն առանձնաշնորհումը, որ կը փափաքիս ունենալ, ներկայիս հասանելի չէ քեզի համար։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս ուրախութիւնդ պահպանել։ Այդ հարցումին պատասխանելու համար, յօդուածը պիտի քննարկէ թէ՝ 1) ի՛նչ բան կրնայ քեզի ուրախութիւն տալ, 2) ինչպէ՛ս կրնաս աւելի ուրախ ըլլալ եւ 3) ի՛նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել, որոնք կրնան ուրախութիւնդ աւելցնել։

ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ Ո՞ՒՐ ՓՆՏՌԵԼ

5. Ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնանանք, որպէսզի ուրախ ըլլանք (Ժողովող 6։9

5 Ինչպէս որ Ժողովող 6։9–ի մէջ գրուած է, կրնանք ուրախութիւն գտնել, եթէ զայն փնտռենք ճիշդ տեղը (կարդա՛)։ Անձ մը, որ իր ‘աչքերով տեսածէն’ հաճոյք կ’առնէ, կը գնահատէ իր ունեցածը, օրինակ՝ իր ներկայ պարագաները։ Ատոր հակառակը, այն անձը, որ իր փափաքներով կը տարուի, շարունակ կ’երազէ ունենալ բան մը, որ իրականութեան մէջ չի կրնար ունենալ։ Լաւ, ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Ուրախութիւն գտնելու համար, պէտք է կեդրոնանանք մեր ունեցածին վրայ եւ այն նպատակակէտերուն վրայ, որոնց կարելի է հասնիլ։

6. Ո՞ր առակը նկատի պիտի առնենք, եւ անկէ ի՞նչ պիտի սորվինք։

6 Արդեօք մէկը իրապէս կրնա՞յ իր ունեցածով բաւարարուիլ։ Շատեր կը կարծեն թէ կարելի չէ, քանի որ մենք կը սիրենք շարունակ նոր բաներ սորվիլ։ Բայց իրականութեան մէջ, կարելի՛ է։ Կրնա՛նք մեր ‘աչքերուն տեսածը’ վայելել։ Ինչպէ՞ս։ Գիտնալու համար, նկատի առնենք տաղանդներուն առակը, որ Մատթէոս 25։14-30–ի մէջ գրուած է։ Այդ առակէն պիտի սորվինք, թէ մեր ներկայ պարագաներուն մէջ ինչպէ՛ս կրնանք ուրախութիւն գտնել եւ նոյնիսկ մեր ուրախութիւնը աւելցնել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՆԵԼ

7. Կարճ կերպով ամփոփէ տաղանդներուն առակը։

7 Առակին մէջ, մարդ մը պիտի ճամբորդէր։ Երթալէ առաջ, ան իր ծառաները կանչեց եւ անոնց տաղանդներ տուաւ, որ աշխատցնեն *։ Հաշուի առնելով անոնցմէ ամէն մէկուն կարողութիւնը, մարդը մէկ ծառային տուաւ հինգ տաղանդ, միւսին՝ երկու, իսկ երրորդին՝ մէկ։ Առաջին երկու ծառաները ծանր աշխատեցան, որպէսզի իրենց տիրոջ դրամը աւելցնեն։ Բայց երրորդ ծառան բան մը չըրաւ, որ իրեն տրուած դրամը աւելցնէ։ Անոր համար, իր տէրը զինք վռնտեց։

8. Առակին մէջի առաջին ծառան ինչո՞ւ ուրախ ըլլալու էր։

8 Առաջին ծառան շատ ուրախ ըլլալու էր, որ տէրը իրեն հինգ տաղանդ տուաւ։ Ատիկա շատ մեծ գումար էր եւ ցոյց կու տար, որ տէրը իրեն հանդէպ մեծ վստահութիւն ունէր։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել երկրորդ ծառային մասին։ Ան կրնար ընկճուիլ, քանի որ առաջին ծառային ստացածին չափ իրեն չտրուեցաւ։ Բայց ան ինչպէ՞ս հակազդեց։

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսին առակին մէջի երկրորդ ծառայէն 1) Ան իր տիրոջմէն երկու տաղանդ ստացաւ։ 2) Ան ծանր աշխատեցաւ որ իր տիրոջ համար աւելի դրամ շահի։ 3) Ան իր տիրոջ դրամը կրկնապատկեց (տե՛ս պարբ. 9-11)

9. Յիսուս ի՞նչ չըսաւ երկրորդ ծառային մասին (Մատթէոս 25։22, 23

9 Կարդա՛ Մատթէոս 25։22, 23։ Յիսուս չըսաւ որ երկրորդ ծառան նեղուեցաւ ու բարկացաւ, քանի որ միայն երկու տաղանդ ստացած էր։ Եւ Յիսուս այն գաղափարը չտուաւ, որ կարծես թէ ծառան կը գանգատէր. ‘Միայն այսքա՞ն։ Չէ՞ որ ես նոյնքան ծանր կ’աշխատիմ որքան միւս ծառան, որ հինգ տաղանդ առաւ։ Եթէ տէրը զիս չի գնահատեր, ուրեմն ես ալ պէտք է այդ երկու տաղանդը գետնին տակ պահեմ եւ անձնական գործերուս ետեւէ ըլլամ’։

10. Երկրորդ ծառան ի՞նչ ըրաւ։

10 Առաջին ծառային պէս, երկրորդ ծառան ալ շատ լուրջի առաւ իրեն տրուած պատասխանատուութիւնը եւ ծանր աշխատեցաւ իր տիրոջ ծառայելու համար։ Առ ի արդիւնք, իր տիրոջ տաղանդները կրկնապատկեց։ Տէրը վարձատրեց իր ծառային ծանր աշխատանքը։ Ան ոչ միայն ուրախացաւ, հապա նաեւ ծառան արժանի սեպեց նոյնիսկ աւելի պատասխանատուութիւն առնելու։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել։

11 Նոյնպէս, կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել Եհովայի ծառայութեամբ կլանուած ըլլալով, այսինքն՝ մեզի տրուած որեւէ գործ սրտանց եւ ջանասիրութեամբ ընելով։ ‘Անձդ ամբողջութեամբ տրամադրէ’ քարոզչութեան եւ լիովին մասնակցէ ժողովքային գործունէութիւններուն (Գործք 18։5. Եբ. 10։24, 25)։ Ժողովներուն սերտուելիք նիւթերը պատրաստէ։ Միջշաբաթային ժողովներուն մէջ քեզի տրուած որեւէ բաժին լուրջի առ։ Եթէ քեզմէ օգնութիւն կը խնդրեն ժողովքին մէջ որոշ պարտականութեան մը նկատմամբ, ճշդապահ եւ վստահելի եղիր։ Մի՛ մտածեր թէ քեզի տրուած պարտականութիւնը կարեւոր չէ եւ թէ պէտք չկայ ատոր ժամանակ տրամադրելու։ Ջանք թափէ որ հմտութիւններդ բարելաւես (Առ. 22։29)։ Հոգեւոր գործունէութիւններդ եւ նշանակումներդ ո՛րքան աւելի սրտանց ընես, ա՛յնքան աւելի արագ պիտի յառաջդիմես, եւ աւելի ուրախութիւն պիտի ունենաս (Գաղ. 6։4)։ Նաեւ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ուրիշներուն հետ ուրախանալ, երբ անոնք ստանան առանձնաշնորհումներ, որոնք դո՛ւն կ’ուզէիր ստանալ (Հռով. 12։15. Գաղ. 5։26

12. Երկու Վկաներ ի՞նչ քայլեր առին, որպէսզի իրենց ուրախութիւնը աւելցնեն։

12 Յիշէ Մէլիսան՝ այն քոյրը, որ իր փափաքը արտայայտեց Բեթէլին մէջ ծառայելու կամ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը յաճախելու։ Թէեւ ան չկրցաւ իր փափաքածները ունենալ, բայց կ’ըսէ. «Ջանք կ’ընեմ որ ռահվիրայութեան մէջ լաւագոյնս ընեմ եւ ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մասնակցիմ։ Ասիկա ինծի մե՜ծ ուրախութիւն բերած է»։ Իսկ Նիք ինչպէ՞ս իր յուսախաբութեան հետ գլուխ ելաւ, երբ զինք չնշանակեցին որպէս օգնական ծառայ։ «Կեդրոնացայ այն առանձնաշնորհումներուն վրայ, որոնք ինծի հասանելի էին. ծառայութեան մասնակցիլ եւ ժողովներուն ընթացքին իմաստալից պատասխաններ տալ։ Նաեւ Բեթէլի ծառայութեան դիմումնագիր ներկայացուցի եւ յաջորդ տարին ընդունուեցայ»։

13. Եթէ ներկայ նշանակումովդ կլանուած ըլլաս, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ (Ժողովող 2։24

13 Եթէ ներկայ նշանակումովդ լիովին կլանուած ըլլաս, ապագային աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ պիտի ստանա՞ս։ Կրնայ ըլլալ, ինչպէս որ Նիքին պարագան էր։ Բայց եթէ ոչ, Մէլիսային պէս, տակաւին կրնա՛ս աւելի ուրախութիւն ունենալ, եւ պիտի ուրախանաս այն բանով, որ Եհովային համար կ’ընես (կարդա՛ Ժողովող 2։24)։ Ատկէ զատ, անկասկած մեծ ուրախութիւն պիտի գտնես, գիտնալով որ ջանքերդ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը, կը հաճեցնեն։

ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՄԵՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՒԵԼՑՆԵՆ

14. Մեր հոգեւոր նպատակակէտերուն նկատմամբ, ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։

14 Մեր ներկայ նշանակումներուն վրայ կեդրոնանալը կը նշանակէ՞, որ պէտք չէ շարունակենք մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու աւելի կերպեր փնտռել։ Անշուշտ ո՛չ։ Կրնանք եւ պէ՛տք է հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք, որոնք մեզի կ’օգնեն, որ աւելի լաւ քարոզիչներ եւ ուսուցիչներ դառնանք, եւ աւելի օգտակար ըլլանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Յաջողութիւն կ’ունենանք, երբ իմաստուն եւ համեստ գտնուելով, կեդրոնանանք ուրիշներուն ծառայելուն վրայ, փոխանակ՝ մեր անձին վրայ (Առ. 11։2. Գործք 20։35

15. Ի՞նչ կարգ մը նպատակակէտեր կրնան քեզի օգնել, որ ուրախութիւնդ աւելցնես։

15 Ի՞նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ հասկնալու, թէ ի՛նչ բաներ կրնաս իրագործել (Առ. 16։3. Յակ. 1։5)։ Կրնա՞ս ջանք ընել, որ յօդուածին  առաջին պարբերութեան մէջ յիշուած նպատակակէտերէն մէկուն հասնիս, ինչպէս՝ օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ, Բեթէլի մէջ ծառայել կամ աստուածպետական շինարարական յայտագիրներու մասնակցիլ։ Կամ թերեւս կարելիութիւնը ունիս նոր լեզու մը սորվելու, որպէսզի բարի լուրը քարոզես օտարախօս դաշտի մը մէջ։ Այս նպատակակէտերէն ոմանց մասին կրնաս աւելի գիտնալ, կարդալով Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գրքին 10–րդ գլուխը (արաբ.), եւ խօսելով ժողովքիդ երէցներուն հետ *։ Մինչ այսպիսի նպատակակէտերու կը ձգտիս, յառաջդիմութիւնդ յայտնի պիտի ըլլայ եւ ուրախութիւնդ պիտի աւելնայ։

16. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ ներկայիս չես կրնար որոշ նպատակակէտի մը հասնիլ։

16 Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ ներկայիս նախապէս նշուած նպատակակէտերուն չես կրնար հասնիլ։ Փորձէ դնել ուրիշ նպատակակէտ մը, որուն կրնաս հասնիլ։ Նկատի առ հետեւեալ կարելիութիւնները։

Ի՞նչ նպատակակէտի մը կրնաս հասնիլ (տե՛ս պարբ. 17) *

17. Ա. Տիմոթէոս 4։13, 15–ի համաձայն, եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ ձգտիլ աւելի լաւ ուսուցիչ մը դառնալ։

17 Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։13, 15։ Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, կրնաս խօսելու եւ սորվեցնելու հմտութիւնդ բարելաւել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ կարդալով, խօսելով եւ սորվեցնելով ‘պարապիս’, կամ զբաղած ըլլաս, քեզի մտիկ ընողները պիտի օրհնուին։ Նպատակակէտ դիր, որ սերտես եւ գործադրես խօսակցութեան իւրաքանչիւր յատկութիւն, որ կը քննարկուի Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկին մէջ։ Յատկութիւն առ յատկութիւն սերտէ, տունը լաւ փորձ ըրէ, եւ ջանք թափէ որ այդ յատկութիւնը բաժինիդ մէջ գործադրես։ Խրատ խնդրէ օժանդակ խրատատուէն կամ ուրիշ երէցներէ, որոնք ծանր «կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով» (Ա. Տիմ. 5։17) *։ Կեդրոնացիր ոչ միայն գրքոյկէն սորված դասդ գործադրելուն վրայ, հապա նաեւ քեզի մտիկ ընողներուն օգնելու վրայ, որ իրենց հաւատքը զօրացնեն, կամ զիրենք գործի մղելու վրայ։ Այդպէս ընելով, քու եւ անոնց ուրախութիւնը պիտի աւելնայ։

Ի՞նչ նպատակակէտի մը կրնաս հասնիլ (տե՛ս պարբ. 18) *

18. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ դաշտի ծառայութեան մէջ նպատակակէտերու հասնինք։

18 Բոլորս քարոզելու եւ աշակերտելու նշանակումը ունինք (Մատ. 28։19, 20. Հռով. 10։14)։ Կ’ուզե՞ս այս շատ կարեւոր գործին մէջ հմտութիւններդ բարելաւել։ Սերտէ Կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկը, եւ ետքը մասնաւոր նպատակակէտեր դիր, որ կարենաս սորվածդ գործադրել։ Նաեւ կրնաս օգտակար գաղափարներ գտնել Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր–ին մէջ եւ «Ծառայութեան համար առաջարկներ»ու վիտէօներուն մէջ, որոնք միջշաբաթային ժողովին կը ներկայացուին։ Տարբեր գաղափարներ փորձէ՝ լաւագոյն կերպը գտնելու համար։ Այս առաջարկներուն հետեւելով, աւելի լաւ ուսուցիչ պիտի դառնաս, ինչ որ քեզ շատ պիտի ուրախացնէ (Բ. Տիմ. 4։5

Ի՞նչ նպատակակէտի մը կրնաս հասնիլ (տե՛ս պարբ. 19) *

19. Ինչպէ՞ս կրնաս քրիստոնէական յատկութիւններ մշակել։

19 Երբ նկատի կ’առնես, թէ ի՛նչ նպատակակէտեր պիտի դնես, մի՛ անտեսեր ամենակարեւոր նպատակակէտերէն մէկը՝ քրիստոնէական յատկութիւններ մշակել (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ. Կող. 3։12. Բ. Պետ. 1։5-8)։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որ այդ նպատակակէտին հասնիս։ Օրինակ, սեպենք որ աւելի զօրաւոր հաւատք կ’ուզես մշակել։ Կրնաս մեր հրատարակութիւններուն մէջ յօդուածներ կարդալ, որոնք հաւատքդ զօրացնելու համար գործնական առաջարկներ կու տան։ Վստահաբար պիտի օգտուիս դիտելով JW Հեռատեսիլի կայանին այն վիտէօները, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս եղբայրներ ու քոյրեր աչքառու հաւատք ցուցաբերած են, երբ զանազան դժուարութիւններ դիմագրաւած են։ Եւ մտածէ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս անոնց հաւատքը ընդօրինակել քու կեանքիդ մէջ։

20. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել եւ յուսախաբութիւնները նուազեցնել։

20 Անկասկած բոլորս կ’ուզենք Եհովային համար աւելին ընել, քան ինչ որ հիմա կ’ընենք։ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, լիովին պիտի կարենանք իրեն ծառայել։ Մինչ այդ, մեր առջեւը եղող պատեհութիւնները գործածելով, կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել եւ յուսախաբութիւնները նուազեցնել։ Եւ ինչ որ ա՛լ աւելի կարեւոր է, Եհովային՝ մեր ուրախ Աստուծոյն, փառք ու պատիւ պիտի բերենք (Ա. Տիմ. 1։11)։ Ուստի, մեր ունեցած առանձնաշնորհումներով ուրախանանք։

ԵՐԳ 93 «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»

^ պարբ. 5 Մենք Եհովան շատ կը սիրենք եւ կ’ուզենք իր ծառայութեան մէջ մեր ամէն կարելին ընել։ Անոր համար թերեւս մղուինք մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու կամ ժողովքին մէջ յաւելեալ առանձնաշնորհումներու ձգտելու։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ հակառակ մեր բոլոր ջանքերուն, չենք կրնար կարգ մը նպատակակէտերու հասնիլ։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնանք եւ մեր ուրախութիւնը պահպանենք։ Պատասխանը կը գտնենք տաղանդներուն առակին մէջ, որ Յիսուս տուաւ։

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 7 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Մէկ տաղանդը հաւասար էր սովորական աշխատողի մը շուրջ 20 տարուան աշխատավարձին։

^ պարբ. 15 Մկրտուած եղբայրներուն քաջալերութիւն կը տրուի, որ ձգտին որակեալ ըլլալ որպէս օգնական ծառաներ եւ երէցներ։ Որակումներուն մասին գիտնալու համար, տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գրքին 5–րդ եւ 6–րդ գլուխները (արաբ.)։

^ պարբ. 17 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Օժանդակ խրատատուն երէց մըն է, որուն նշանակումն է՝ պէտք եղած ատեն երէցներուն եւ օգնական ծառաներուն առանձնաբար խրատ տալ՝ ժողովքին մէջ իրենց ներկայացուցած բաժիններուն նկատմամբ։

^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Աւելի լաւ ուսուցիչ ըլլալու նպատակակէտին հասնելու համար, եղբայր մը մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք կ’ընէ։

^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Անպաշտօն վկայութեան մասնակցելու նպատակակէտը դնելէ ետք, քոյր մը կայքի քարտ կու տայ սպասարկուհիի մը։

^ պարբ. 68 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քրիստոնէական յատկութիւններ ցոյց տալու փափաքը ունենալով, քոյր մը իր հաւատակիցին անակնկալօրէն նուէր մը կու տայ։