Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 32

Ստեղծիչին հանդէպ հաւատքդ զօրացուր

Ստեղծիչին հանդէպ հաւատքդ զօրացուր

«Հաւատքը. . . անտեսանելի իրողութիւններուն ակնյայտ ապացոյցն է» (ԵԲ. 11։1ՆԱ

ԵՐԳ 15 Ստեղծագործութիւնը Եհովայի փառքը կը յայտնէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ բան քեզի սորվեցուցած են մեր Ստեղծիչին մասին։

ԵԹԷ մեծցար Վկայ ընտանիքի մը մէջ, հաւանաբար Եհովայի մասին պզտիկ տարիքիդ գիտցար։ Քեզի սորվեցուցին որ ինք Ստեղծիչն է, հոյակապ յատկութիւններ ունի եւ մարդկութեան նկատմամբ սիրալիր նպատակ մը ունի (Ծն. 1։1. Գործք 17։24-27

2. Կարգ մը մարդիկ ինչպէ՞ս կը նկատեն անոնք, որոնք Ստեղծիչին կը հաւատան։

2 Սակայն շատ մը մարդիկ չեն հաւատար, որ Աստուած գոյութիւն ունի, ալ ուր մնաց որ ինքն է Ստեղծիչը։ Փոխարէնը, անոնք կը հաւատան թէ կեանքը պատահմամբ մէջտեղ եկաւ եւ ետքը դանդաղօրէն բարեշրջուեցաւ կեանքի պարզ տեսակներէ՝ աւելի բարդ տեսակներու։ Այս գաղափարին կը հաւատան անհատներ, որոնք շատ բարձր ուսում ունին։ Անոնք թերեւս պնդեն թէ գիտութիւնը փաստած է, որ Աստուածաշունչը սխալ է, եւ թէ Ստեղծիչին կը հաւատան միայն տգէտ, տկար կամ միամիտ մարդիկը։

3. Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ մե՛ր հաւատքը կերտենք։

3 Արդեօք կարգ մը ուսեալ մարդոց կարծիքները պիտի խախտե՞ն մեր հաւատքը, որ Եհովան մեր հոգատար Ստեղծիչն է։ Ասիկա գլխաւորաբար կախեալ է այն բանէն, թէ ինչո՛ւ կը հաւատանք որ Եհովան է Ստեղծիչը։ Արդեօք պատճառը այն է, որ մեզի ըսա՞ծ են որ հաւատանք, թէ ոչ՝ ժամանակ տրամադրած ենք փաստերը քննելու (Ա. Կոր. 3։12-15)։ Առանց նկատի առնելու թէ քանի՛ տարի է որ Եհովայի վկայ ենք, բոլորս պէտք է շարունակենք մեր հաւատքը կերտել։ Եթէ այդպէս ընենք, պիտի չմոլորինք Սուրբ Գիրքին դէմ խօսող մարդոց «փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով» (Կող. 2։8. Եբ. 11։6)։ Յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, քննարկելով՝ 1) ինչո՛ւ շատեր Ստեղծիչի մը գոյութեան չեն հաւատար, 2) ինչպէ՛ս կրնաս Եհովայի՝ քու Ստեղծիչիդ, հանդէպ հաւատքդ կերտել, եւ 3) ինչպէ՛ս կրնաս հաւատքդ զօրաւոր պահել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՏԵՐ ՉԵՆ ՀԱՒԱՏԱՐ ՍՏԵՂԾԻՉԻ ՄԸ

4. Եբրայեցիս 11։1–ին համաձայն, իսկական հաւատքը ինչի՞ վրայ հիմնուած է։

4 Կարգ մը մարդիկ կը խորհին, թէ հաւատք ունենալ կը նշանակէ՝ բանի մը հաւատալ, առանց փաստեր ունենալու։ Բայց Աստուածաշունչին համաձայն, ատիկա իսկական հաւատք չէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։1)։ Անտեսանելի իրողութիւններուն,– օրինակ՝ Եհովայի, Յիսուսի եւ երկնային Թագաւորութեան,– հանդէպ հաւատքը հիմնուած է համոզիչ ապացոյցներու վրայ (Եբ. 11։3)։ Գիտնական մը, որ Վկայ եղաւ, այսպէս կ’ըսէ. «Եհովայի վկաներուն հաւատքը կոյր հաւատք չէ։ Անոնք չեն անտեսեր գիտական իրողութիւնները»։

5. Ինչո՞ւ շատեր կը հաւատան, թէ կեանքը մէջտեղ եկաւ առանց Ստեղծիչի։

5 Թերեւս հարց տանք. ‘Եթէ համոզիչ ապացոյց կայ, որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի, ինչո՞ւ այդքան շատ մարդիկ չեն հաւատար որ Աստուած կեանքի ծագումին մէջ դեր ունեցած է’։ Ոմանք պարզապէս բնաւ այդ ապացոյցը չեն քննած։ Ռապըրթ, որ հիմա Եհովայի վկայ մըն է, կ’ըսէ. «Որովհետեւ դպրոցին մէջ ստեղծագործութեան մասին բնաւ չէին խօսեր, կը խորհէի թէ ատիկա իրական չէ։ Միայն 22 տարեկանիս էր, որ երբ Եհովայի վկաներուն հետ խօսեցայ, գիտցայ այն տրամաբանական ու համոզիչ պատճառաբանութիւններուն մասին, որ Սուրբ Գիրքը կու տայ ստեղծագործութեան նկատմամբ» (տե՛ս « Կարեւոր խնդրանք ծնողներուն» շրջանակը) *։

6. Ոմանք ինչո՞ւ կը մերժեն Ստեղծիչի մը հաւատալ։

6 Ոմանք չեն հաւատար Ստեղծիչի մը, քանի որ կ’ըսեն թէ կը հաւատան միայն այն բաներուն, որոնք կրնան տեսնել։ Անշուշտ, անոնք բացառութիւններ կ’ընեն այն բաներուն նկատմամբ, որոնք կան բայց չեն տեսնուիր, ինչպէս՝ հովը։ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած հաւատքը նոյնպէս հիմնուած է «չերեւցած բաներ»ու ապացոյցին վրայ (Եբ. 11։1)։ Ապացոյցները սերտելը շատ ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ, իսկ բազմաթիւ մարդիկ չունին փափաք այդ մէկը ընելու։ Այն անձը, որ ապացոյցները չի սերտեր, կրնայ եզրակացնել թէ Աստուած չկայ։

7. Արդեօք բոլո՞ր ուսեալ անհատները կը մերժեն որ Աստուած տիեզերքը ստեղծեց. բացատրէ։

7 Ապացոյցները սերտելէ ետք, կարգ մը գիտնականներ համոզուեցան, որ Աստուած տիեզերքը ստեղծեց *։ Նախապէս նշուած Ռապըրթին պէս, ոմանք թերեւս պարզապէս ենթադրեցին որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն չունի, քանի որ համալսարանը ստեղծագործութիւնը բնաւ չի սորվեցներ։ Սակայն շատ մը գիտնականներ Եհովան ճանչցած են եւ սկսած են սիրել։ Այս գիտնականներուն պէս, բոլորս պէտք է Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը կերտենք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր ուսումին մակարդակը։ Ո՛չ մէկը կրնայ ասիկա ընել մեր տեղը։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՍՏԵՂԾԻՉԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔԴ ԿԵՐՏԵԼ

8-9. ա) Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։ բ) Ստեղծագործութիւնը քննելով, ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։

8 Ինչպէ՞ս կրնաս Ստեղծիչին հանդէպ քու հաւատքդ կերտել։ Նկատի առնենք չորս կերպեր։

9 Ստեղծագործութիւնը քննէ։ Ստեղծիչին հանդէպ հաւատքդ կրնաս կերտել՝ ուշադրութեամբ դիտելով կենդանիները, բոյսերը եւ աստղերը (Սաղ. 19։1. Եսա. 40։26)։ Ո՛րքան աւելի այդպիսի բաներ քննես, ա՛յդքան աւելի պիտի համոզուիս որ Եհովան է Ստեղծիչը։ Մեր հրատարակութիւնները յաճախ յօդուածներ կը պարփակեն, որոնք ստեղծագործութեան մասին տարբեր մանրամասնութիւններ կը բացատրեն։ Այդ յօդուածներուն վրայէն մի՛ ցատկեր, նոյնիսկ եթէ դժուարահասկնալի են։ Ի՛նչ ալ հասկնաս, պիտի օգտուիս։ Եւ մի՛ մոռնար մեր jw.org կայքին վրայ դիտել ստեղծագործութեան մասին այն գեղեցիկ վիտէօները, որոնք վերջերս տարեկան համաժողովներուն մէջ ներկայացուեցան։

10. Օրինակ մը տուր, որ կը փաստէ Ստեղծիչի մը գոյութիւնը (Հռովմայեցիս 1։20

10 Երբ ստեղծագործութիւնը կը սերտես, ուշադրութիւն դարձուր թէ իրողութիւնները ի՛նչ կը յայտնեն մեր Ստեղծիչին մասին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։20)։ Օրինակ, թերեւս գիտես որ մեր արեւը կեանքին համար անհրաժեշտ տաքութիւն տալէ զատ, նաեւ վնասակար ճառագայթներ կ’արձակէ։ Մենք ինչպէ՞ս պաշտպանուած ենք այդ ճառագայթներէն։ Երկիրը իր պաշտպանական վահանը ունի՝ օզոն կազի խաւը, որ արգելք կ’ըլլայ որ այդ ճառագայթները երկրի մակերեսին հասնին։ Երբ արեւէն եկող վնասակար ճառագայթները կ’աւելնան, օզոնի քանակը կ’աւելնայ։ Լաւ, չե՞ս համաձայնիր որ անպայման մէկը կարգադրած է այս պաշտպանութիւնը եւ ան հոգատար ու իմաստուն Ստեղծիչ մըն է։

11. Ո՞ւր կրնաս գտնել ստեղծագործութեան մասին հաւատք կերտող իրողութիւններ (տե՛ս « Հաւատք կերտող կարգ մը աղբիւրներ» շրջանակը)։

11 Կրնաս հաւատք կերտող շատ տեղեկութիւններ գտնել ստեղծագործութեան մասին փնտռտուք ընելով Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին մէջ (արաբ.) եւ jw.org կայքին վրայ։ Կրնաս սկսիլ «Պատահմա՞մբ գոյացած է, թէ ոչ ծրագրուած է» բաժինին յօդուածներէն եւ վիտէօներէն։ Անոնք կարճ կերպով կը ներկայացնեն կենդանիներու եւ ուրիշ ստեղծագործութիւններու մասին հիանալի իրողութիւններ։ Նաեւ կը նշեն թէ ինչպէ՛ս գիտնականները փորձած են ընդօրինակել այն ինչ որ կը տեսնեն բնութեան մէջ։

12. Երբ Աստուածաշունչը կը սերտենք, ի՞նչ կարգ մը բաներու պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք։

12 Աստուածաշունչը սերտէ։ Նախապէս նշուած գիտնականը, Ստեղծիչի մը գոյութեան անմիջապէս չհաւատաց։ Սակայն ժամանակի ընթացքին սկսաւ հաւատալ։ Ան կ’ըսէ. «Հաւատքս հիմնուեցաւ ոչ միայն գիտական գիտելիքներուս վրայ, հապա նաեւ Սուրբ Գիրքի բծախնդիր սերտողութեան վրայ»։ Հաւանաբար, արդէն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները լաւ գիտես։ Բայց եւ այնպէս, Ստեղծիչիդ հանդէպ հաւատք կերտելու համար, պէտք է շարունակես Աստուծոյ Խօսքը սերտել (Յես. 1։8. Սաղ. 119։97)։ Ուշադրութիւն դարձուր թէ Աստուածաշունչին մէջ պատմական դէպքերը ի՛նչ մանրամասնութեամբ նկարագրուած են։ Նաեւ մտածէ անոր մարգարէութիւններուն եւ ներքին ներդաշնակութեան մասին։ Այդպէս ընելով, հաւատքդ պիտի զօրանայ, որ սիրալիր եւ իմաստուն Ստեղծիչ մը մեզ ստեղծած է եւ ինք Աստուածաշունչը գրել տուած է (Բ. Տիմ. 3։14. Բ. Պետ. 1։21) *։

13. Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած իմաստութեան մասին օրինակ մը տուր։

13 Նաեւ, երբ Աստուծոյ Խօսքը կը սերտես, նկատի առ թէ ատոր խրատները որքա՜ն օգտակար են։ Օրինակ, Աստուածաշունչը շատոնց զգուշացուցած է որ դրամասիրութիւնը վնասակար է եւ որ «շատ ցաւեր»ու դուռ կը բանայ (Ա. Տիմ. 6։9, 10. Առ. 28։20. Մատ. 6։24)։ Արդեօք այդ զգուշացումը տակաւին տեղի՞ն է։ Գիրք մը կը նշէ. «Ընդհանուր առմամբ, նիւթապաշտ անձերը նուազ ուրախ են եւ յաճախ ընկճուած են։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք պարզապէս կը փափաքէին աւելի դրամ ունենալ, մտային գետնի վրայ վատառողջ են, ինչպէս նաեւ առողջապահական խնդիրներ ունին» (The Narcissism Epidemic)։ Ուստի Աստուածաշունչի զգուշացումը, որ պէտք չէ դրամը սիրենք, իրապէս օգտակար խրատ մըն է։ Կրնա՞ս միտքդ բերել ուրիշ սուրբգրային սկզբունքներ, որոնք օգտակար գտած ես։ Ո՛րքան աւելի գնահատենք Աստուածաշունչի խրատները, ա՛յնքան աւելի խրատի մը համար պիտի դիմենք մեր իմաստուն եւ սիրալիր Ստեղծիչին (Յակ. 1։5)։ Առ ի արդիւնք, մեր կեանքէն աւելի հաճոյք պիտի առնենք (Եսա. 48։17, 18

14. Աստուածաշունչի սերտողութիւնը քեզի ի՞նչ պիտի յայտնէ Եհովայի մասին։

14 Սերտէ ճիշդ նպատակով՝ Եհովան ճանչնալ (Յովհ. 17։3)։ Սուրբ Գիրքին մէջ պիտի գտնես այն նոյն Անձնաւորութիւնը, որուն յատկութիւնները ստեղծագործութիւնը կը յայտնէ։ Այդ յատկութիւնները մէկու մը երեւակայութեան արդիւնքը չեն, հապա իսկական Անձնաւորութիւն մը կը նկարագրեն (Ել. 34։6, 7. Սաղ. 145։8, 9)։ Մինչ երթալով Եհովան աւելի կը ճանչնաս, իրեն հանդէպ հաւատքդ պիտի աճի, սէրդ պիտի խորանայ եւ իրեն հետ բարեկամութիւնդ պիտի զօրանայ։

15. Հաւատքիդ մասին ուրիշներուն պատմելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։

15 Աստուծոյ հանդէպ հաւատքիդ մասին ուրիշներուն պատմէ։ Մինչ այդպէս կ’ընես, քո՛ւ հաւատքդ պիտի զօրանայ։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ մէկը՝ որուն կը քարոզես, հարցականի տակ առնէ Աստուծոյ գոյութիւնը եւ դուն չես գիտեր ինչպէ՛ս պատասխանել։ Փորձէ մեր հրատարակութիւններուն մէջ անոր հարցումին սուրբգրային պատասխանը գտնել (Ա. Պետ. 3։15)։ Նաեւ կրնաս փորձառու Վկայի մը օգնութիւնը խնդրել։ Անհատը Աստուածաշունչի պատասխանը ընդունի կամ ոչ, դուն փնտռտուքէդ օգտուած պիտի ըլլաս։ Հաւատքդ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ։ Այսպիսով, պիտի չազդուիս իմաստուն կամ ուսեալ թուող մարդոցմէն, որոնք կ’ըսեն թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն չունի։

ՀԱՒԱՏՔԴ ԶՕՐԱՒՈ՛Ր ՊԱՀԷ

16. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ չշարունակենք մեր հաւատքը կերտել եւ զօրացնել։

16 Որքա՛ն ալ երկար ժամանակէ ի վեր Եհովային կը ծառայենք, պէտք է շարունակենք իրեն հանդէպ մեր հաւատքը կերտել եւ զօրացնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ զգոյշ չըլլանք, մեր հաւատքը կրնայ տկարանալ։ Յիշէ որ հաւատքը հիմնուած կ’ըլլայ անտեսանելի իրողութիւններուն ապացոյցին վրայ։ Մարդ արարածը բան մը որ չի տեսներ, դիւրաւ կը մոռնայ։ Անոր համար, Պօղոս հաւատքի պակասը կոչեց՝ «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը» (Եբ. 12։1)։ Ուրեմն ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր հաւատքը զօրաւոր մնայ (Բ. Թես. 1։3

17. Մեր հաւատքը պահպանելու համար ի՞նչ օգնութեան պէտք ունինք։

17 Նա՛խ, Եհովայէն իր սուրբ հոգին խնդրէ եւ ատիկա յաճախ ըրէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ «հաւատք»ը հոգիին պտուղին մէկ մասն է (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Չենք կրնար Ստեղծիչին հանդէպ հաւատք կերտել ու պահպանել առանց իր սուրբ հոգիին օգնութեան։ Եթէ շարունակ Եհովայէն իր հոգին խնդրենք, մեզի պիտի տայ զայն (Ղուկ. 11։13)։ Կրնանք մասնայատուկ կերպով աղօթել. «Մեր հաւատքը աւելցուր» (Ղուկ. 17։5

18. Սաղմոս 1։2, 3–ին համաձայն, ի՞նչ առանձնաշնորհում մը ունինք։

18 Նաեւ, Աստուծոյ Խօսքի անձնական սերտողութիւնդ կանոնաւորաբար ըրէ (կարդա՛ Սաղմոս 1։2, 3)։ Երբ այդ սաղմոսը գրուեցաւ, իսրայէլացիներէն քիչեր ունէին Աստուծոյ Օրէնքին մագաղաթները։ Սակայն թագաւորը եւ քահանաները կրնային մագաղաթներ ունենալ, եւ եօթը տարին անգամ մը «այրերը, կիները, տղաքները» եւ Իսրայէլի մէջ եղող օտարականները կրնային Աստուծոյ Օրէնքի ընթերցանութիւնը մտիկ ընել (Բ. Օր. 31։10-12)։ Յիսուսի օրերուն, Սուրբ Գրութիւններու մագաղաթներ կային միայն ոմանց քով եւ ժողովարաններուն մէջ։ Ատոր հակառակը, ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը կրնայ Սուրբ Գիրքը ունենալ ամբողջութեամբ կամ մասամբ։ Ասիկա մեծ օրհնութիւն եւ թանկարժէք նուէր մըն է։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ Աստուածաշունչին համար շնորհակալ ենք։

19. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք։

19 Կրնանք ցոյց տալ որ կը գնահատենք Աստուծոյ Խօսքը ունենալու առանձնաշնորհումը, զայն կանոնաւորաբար կարդալով։ Պէտք է Աստուածաշունչը կարդալու եւ սերտելու համար յայտագիր դնենք, եւ ոչ թէ կարդանք, միայն երբ կը զգանք թէ ժամանակ ունինք։ Սերտողութեան կանոնաւոր յայտագիրի մը կառչելով, մեր հաւատքը զօրաւոր պիտի պահենք։

20. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

20 Այս աշխարհի ‘իմաստուններուն ու գիտուններուն’ հակառակը, մենք Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ հաստատուն հաւատք ունինք (Մատ. 11։25, 26)։ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան օգնութեամբ, մենք գիտենք թէ երկրի վրայ վիճակները ինչո՛ւ կը վատթարանան եւ թէ Եհովան ատոր նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընէ։ Ուստի, թող որ վճռենք մեր հաւատքը զօրացնել եւ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել, որ մեր Ստեղծիչին հանդէպ հաւատք ունենան (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Եւ շարունակե՛նք ուրախութեամբ սպասել այն ժամանակին, երբ երկրի վրայ ամէն մարդ պիտի երկրորդէ Յայտնութիւն 4։10բ–ին խօսքերը. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք. . . առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր»։

ԵՐԳ 138 Անունդ Եհովա է

^ պարբ. 5 Աստուածաշունչը յստակօրէն կը սորվեցնէ, որ Եհովա Աստուած Ստեղծիչն է։ Բայց շատեր ատոր չեն հաւատար։ Անոնք կը պնդեն, թէ կեանքը ինքն իրմէ յառաջ եկաւ։ Անոնց ըսածները մեր համոզումը պիտի չխախտեն, եթէ մեծ ջանքեր թափենք Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնելու համար։ Յօդուածը պիտի բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս ատիկա կրնանք ընել։

^ պարբ. 5 Աշխարհի շատ մը դպրոցներու մէջ, ստեղծագործութիւնը չեն ներկայացներ որպէս հաւանական բացատրութիւն, թէ մենք ինչպէ՛ս գոյութիւն ունեցած ենք։ Կարգ մը ուսուցիչներ կը կարծեն թէ, եթէ այդպէս ընեն, աշակերտները պիտի ստիպեն որ Աստուծոյ հաւատան։

^ պարբ. 7 Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին մէջ (արաբ.), կրնաս գտնել ստեղծագործութեան հաւատացող աւելի քան 60 մասնագէտներու եւ գիտնականներու խօսքերը։ «Գիտութիւն» նիւթին տակ տե՛ս «գիտնականներ ստեղծագործութեան կը հաւատան»։ Նոյն խօսքերէն ոմանք կարելի է գտնել նաեւ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար հրատարակութեան մէջ (արաբ.)։ «Գիտութիւն եւ թեքնոլոճի» նիւթին տակ տե՛ս «‘Հարցազրոյց’ (Զարթի՛ր–ի յօդուածաշարք)»։

^ պարբ. 12 Օրինակ, տե՛ս «Գիտութիւնը եւ Աստուածաշունչը ներդաշնա՞կ են» յօդուածը Զարթի՛ր–ի փետրուար 2011 թիւին մէջ (անգլ.), եւ «Ամէն ինչ որ Եհովան կը մարգարէանայ, կը կատարուի» յօդուածը Դիտարան–ի 1 յունուար 2008 թիւին մէջ (արաբ.)։