ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 33
Եհովայի աչքը իր ժողովուրդին վրայ է
«Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն. . . վրայ է» (ՍԱՂ. 33։18)։
ԵՐԳ 22 ‘Եհովան իմ Հովիւս է’
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Յիսուս ինչո՞ւ Եհովայէն խնդրեց, որ իր հետեւորդները պաշտպանէ։
ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ նախորդող գիշերը, Յիսուս յատուկ բան մը խնդրեց իր երկնաւոր Հօրմէն։ Ան Եհովայէն խնդրեց, որ իր հետեւորդները պաշտպանէ (Յովհ. 17։15, 20)։ Անշուշտ Եհովայի աչքը միշտ իր ժողովուրդին վրայ եղած է՝ իրենց հոգ տանելով եւ պաշտպանելով։ Սակայն, Յիսուս գիտէր որ Սատանան խստօրէն պիտի հակառակէր իր հետեւորդներուն։ Ան նաեւ գիտէր, որ անոնք Եհովայի օգնութեան պէտք պիտի ունենային, որպէսզի Սատանային յարձակումներուն դիմանային։
2. Սաղմոս 33։18-20–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք չունինք վախնալու երբ նեղութիւններէ կ’անցնինք։
2 Ներկայիս, Սատանային աշխարհը մեծ ճնշում կը դնէ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն վրայ։ Կ’ունենանք նեղութիւններ, որոնք կրնան մեզ ընկճել եւ նոյնիսկ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձել։ Բայց ինչպէս պիտի տեսնենք, պէտք չունինք բանէ մը վախնալու։ Եհովային աչքը մեր վրայ է. ան կը տեսնէ մեր խնդիրները եւ պատրաստ է մեզի օգնելու, որ անոնց հետ գլուխ ելլենք։ Նկատի առնենք երկու աստուածաշնչական օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս Եհովայի ‘աչքը իրմէ վախցողներուն վրայ է’ (կարդա՛ Սաղմոս 33։18-20)։
ԵՐԲ ԱՌԱՆՁԻՆ ԿԸ ԶԳԱՆՔ
3. Թերեւս ե՞րբ առանձին զգանք։
3 Թէեւ ժողովքին մէջ շատ եղբայրներ ու քոյրեր կան, բայց ատեն–ատեն կրնանք առանձին զգալ։ Օրինակ, պատանիներ թերեւս առանձին զգան, երբ դասարանին առջեւ իրենց հաւատալիքները պիտի բացատրեն, կամ երբ նոր ժողովք կը փոխադրուին։ Մեզմէ ոմանք ալ թերեւս տխուր կը զգան կամ ժխտական զգացումներ ունին եւ կը կարծեն, թէ առանց մէկու մը օգնութեան պէտք է այդ զգացումներուն հետ գլուխ ելլեն։ Կրնայ ըլլալ, որ վստահ չենք եթէ կ’ուզենք մէկու մը հետ խօսիլ մեր զգացումներուն մասին, որովհետեւ կը վախնանք որ չհասկցուինք։ Եւ երբեմն թերեւս նոյնիսկ հարց տանք, թէ արդեօք մէկը մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է։ Ի՛նչ պատճառով ալ առանձին զգանք, ատիկա կրնայ մեզի անօգնական զգացնել եւ տակնուվրայ ընել։ Բայց Եհովան բնաւ չ’ուզեր, որ ատանկ զգանք։ Ինչո՞ւ կրնանք այդպէս ըսել։
4. Ինչո՞ւ Եղիա մարգարէն ըսաւ. «Միայն ես մնացեր եմ»։
4 Նկատի առ հաւատարիմ Եղիային օրինակը։ Ան 40 օր փախուստի մէջ էր, քանի որ Յեզաբէլ կ’ուզէր զինք մեռցնել (Գ. Թագ. 19։1-9)։ Երբ քարայր մը հասաւ, ան Եհովան կանչեց ըսելով. «Միայն ես [մարգարէ] մնացեր եմ» (Գ. Թագ. 19։10)։ Իրականութեան մէջ, ուրիշ մարգարէներ ալ կային, քանի որ Աբդիան 100 մարգարէներ ազատած էր Յեզաբէլի ձեռքէն (Գ. Թագ. 18։7, 13)։ Ուրեմն, Եղիան ինչո՞ւ առանձին զգաց։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մտածեց, թէ Աբդիային ազատած բոլոր մարգարէները մեռան։ Կրնա՞յ ըլլալ որ առանձին զգաց, քանի որ ուրիշ ոչ մէկը սկսաւ իրեն հետ Եհովային ծառայել, նոյնիսկ այն դէպքէն ետք, երբ Եհովան Կարմեղոս լերան մօտ փաստեց, թէ ճշմարիտ Աստուածն է։ Կամ կրնա՞յ ըլլալ որ մտածեց, թէ մէ՛կը չի գիտեր ինք ի՛նչ վտանգի մէջ է, կամ ալ հարց տուաւ թէ արդեօք մէկը իրմով հետաքրքրուա՞ծ է։ Աստուածաշունչը լիովին չի բացատրեր, թէ Եղիան ի՛նչ զգաց։ Բայց կասկած չունինք որ Եհովան հասկցաւ, թէ Եղիան ինչո՛ւ այդպէս կը զգար եւ գիտէր ճիշդ ինչպէ՛ս իրեն օգնել։
5. Եհովան ինչպէ՞ս Եղիան վստահեցուց, որ առանձին չէ։
5 Եհովան քանի մը կերպերով Եղիային օգնեց։ Ան քաջալերեց որ Եղիան խօսի, երկու անգամ իրեն հարցնելով. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս» (Գ. Թագ. 19։9, 13)։ Եւ ամէն անգամ Եհովան ականջ տուաւ Եղիային, մինչ ան իր սիրտը բացաւ։ Ան Եղիային պատասխանեց, ցոյց տալով որ իր քովն է եւ շատ զօրաւոր է։ Ան նաեւ Եղիան վստահեցուց, որ դեռ կային զինք պաշտող շատ իսրայէլացիներ (Գ. Թագ. 19։11, 12, 18)։ Անկասկած Եղիան մխիթարուած ըլլալու էր իր սիրտը Եհովային առջեւ պարպելէն եւ անոր պատասխանը լսելէն ետք։ Ատկէ զատ, Եհովան Եղիային կարեւոր նշանակում մը տուաւ. Ազայէլը օծել որպէս Սուրիոյ թագաւորը, Յէուն օծել որպէս Իսրայէլի թագաւորը, իսկ Եղիսէն նշանակել որպէս մարգարէ (Գ. Թագ. 19։15, 16)։ Այս գործը Եղիային տալով, Եհովան իրեն օգնեց, որ դրական բաներու վրայ կեդրոնանայ։ Ան նաեւ Եղիային տուաւ մտերիմ ընկերակից մը՝ Եղիսէն։ Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի օգնութիւնը ստանալ, երբ առանձին կը զգաս։
6. Երբ առանձին կը զգաս, ինչի՞ մասին կրնաս աղօթել (Սաղմոս 62։8)։
6 Եհովան քեզ կը հրաւիրէ որ իրեն աղօթես։ Ան կը տեսնէ, թէ ինչերէ կ’անցնիս եւ քեզ կը վստահեցնէ, թէ ե՛րբ որ ալ իրեն աղօթես, քեզի պիտի լսէ (Ա. Թես. 5։17)։ Ան զինք պաշտողներուն մտիկ ընելէն հաճոյք կ’առնէ (Առ. 15։8)։ Երբ առանձին կը զգաս, ինչի՞ մասին կրնաս աղօթել։ Սիրտդ բաց Եհովային, ինչպէս Եղիան ըրաւ (կարդա՛ Սաղմոս 62։8)։ Իրեն պատմէ մտահոգութիւններդ եւ զգացումներդ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ գիտնալու թէ ի՛նչ ընես, երբ առանձին կամ տխուր զգաս։ Օրինակ, երբ դպրոցին մէջ վկայութիւն տալու ատեն առանձին զգաս կամ վախնաս, Եհովայէն քաջութիւն խնդրէ որ կարենաս արտայայտուիլ։ Նոյնիսկ կրնաս իրմէ իմաստութիւն խնդրել, որպէսզի կարենաս հաւատալիքներդ փափկանկատօրէն բացատրել (Ղուկ. 21։14, 15)։ Իսկ եթէ ընկճուած ես, Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, որ կարենաս ատոր մասին խօսիլ հասուն քրիստոնեայի մը հետ եւ որ ան քեզ հասկնայ։ Սիրտդ պարպէ Եհովային, նկատէ թէ աղօթքներուդ ինչպէ՛ս կը պատասխանէ եւ ուրիշներուն օգնութիւնը ընդունէ։ Այսպէս, նուազ առանձին պիտի զգաս։
7. Մաուրիսիոյին օրինակէն ի՞նչ կը սորվիս։
7 Եհովան բոլորիս օգտակար գործ մը տուած է։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ ան կը նկատէ եւ կը գնահատէ ամէն ինչ որ կ’ընես ժողովքին ու ծառայութեան մէջ (Սաղ. 110։3)։ Այս գործին մէջ զբաղած մնալը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, երբ առանձին կը զգաս։ Նկատի առ Մաուրիսիօ * անունով երիտասարդ եղբօր մը օրինակը։ Մաուրիսիոյի մկրտութենէն շատ չանցած, իր ամէնէն մտերիմ ընկերներէն մէկը կամաց–կամաց ճշմարտութենէն հեռացաւ։ Մաուրիսիոն կ’ըսէ. «Իր հեռանալը տեսնելով, ինքնավստահութիւնս կորսնցուցի։ Հարց կու տայի, թէ արդեօք պիտի կարենայի՞ նուիրումիս համաձայն ապրիլ եւ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը մնալ։ Առանձին կը զգայի եւ կը մտածէի, թէ ոչ մէկը պիտի հասկնայ զգացումներս»։ Ի՞նչը Մաուրիսիոյին օգնեց։ Ան կ’ըսէ. «Ծառայութիւնս աւելցուցի։ Ատիկա ինծի օգնեց, որ չկեդրոնանամ անձիս եւ զգացումներուս վրայ։ Երբ ուրիշներու հետ ծառայութեան կը մասնակցէի, ուրախ էի եւ նուազ առանձին կը զգայի»։ Իրաւ, նոյնիսկ երբ չենք կրնար մեր հաւատակիցներուն հետ կողք–կողքի ծառայել, շատ կը քաջալերուինք, երբ անոնց հետ կը քարոզենք՝ նամակ գրելով եւ հեռաձայնով։ Ուրիշ ի՞նչ բան օգնեց Մաուրիսիոյին։ Ան կը պատմէ. «Նաեւ սկսայ ժողովքին համար աւելի բաներ ընել։ Սկսայ աշակերտական բաժիններս աւելի սրտանց պատրաստել եւ ներկայացնել։ Այս մէկը ինծի զգացուց, որ Եհովան եւ ուրիշները զիս կ’արժեւորեն»։
ԵՐԲ ԽԻՍՏ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԵԶ ՏԱԿՆՈՒՎՐԱՅ Կ’ԸՆԵՆ
8. Խիստ փորձութիւններու պատճառաւ, ի՞նչ զգացումներ կրնանք ունենալ։
8 Կ’ակնկալենք որ փորձութիւններ ունենանք այս վերջին օրերուն (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց թերեւս չակնկալենք, որ որոշ փորձութիւն մը մեզի պատահի, կամ թերեւս մեր չսպասած ատենը պատահի։ Կրնայ ըլլալ որ անակնկալօրէն դրամական խնդիրներ ունենանք, բժիշկը մեզի ըսէ որ լուրջ հիւանդութիւն մը ունինք, կամ ալ՝ մեր սիրած անհատներէն մէկը մեռնի։ Այսպիսի ատեններ թերեւս ընկճուինք եւ տակնուվրայ վիճակի մէջ ըլլանք, մանաւանդ եթէ փորձութիւնները ետեւ–ետեւի կամ նոյնիսկ նոյն ատեն կու գան։ Բայց յիշէ, որ Եհովային աչքը մեր վրայ է եւ իր օգնութեամբ կրնանք առանց վախնալու որեւէ փորձութեան դիմանալ։
9. Նկարագրէ Յոբին կարգ մը փորձութիւնները։
9 Նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնեց հաւատարիմ Յոբին։ Ան կարճ ժամանակուան մէջ շարք մը ցաւալի փորձութիւններ ունեցաւ։ Մէկ օրուան մէջ Յոբ գիտցաւ, որ իր բոլոր կենդանիները գողցուած էին կամ մեռցուած էին, իր ծառաները սպաննուած էին եւ աւելի գէշը, իր զաւակները մեռցուած էին (Յոբ 1։13-19)։ Ատկէ շատ չանցած, երբ ան տակաւին սուգի մէջ էր, ծանր հիւանդութիւն մը ունեցաւ (Յոբ 2։7)։ Իր պարագան այնքա՛ն դժուար էր, որ ցաւով արտայայտուեցաւ. «Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ» (Յոբ 7։16)։
10. Եհովան ինչպէ՞ս Յոբին պէտք եղածը տուաւ, որ իր փորձութիւններուն դիմանայ (տե՛ս կողքին նկարը)։
10 Եհովային աչքը Յոբին վրայ էր։ Որովհետեւ Եհովան Յոբը կը սիրէր, իրեն պէտք եղածը տուաւ, որ իր փորձութիւններուն դիմանայ եւ հաւատարիմ մնայ։ Ան Յոբին խօսեցաւ՝ իրեն յիշեցնելով Իր անսահման իմաստութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս սիրալիրօրէն հոգ կը տանի իր ստեղծած էակներուն, մէջը ըլլալով շատ մը հիանալի կենդանիներ (Յոբ 38։1, 2. 39։9, 13, 19, 27. 40։15. 41։1, 2)։ Եհովան նաեւ Եղիուս անունով հաւատարիմ երիտասարդ մը գործածեց, Յոբը զօրացնելու եւ մխիթարելու համար։ Եղիուս Յոբը վստահեցուց, որ Եհովան իր ծառաները միշտ կը վարձատրէ իրենց տոկունութեան համար։ Բայց Եհովան նաեւ Եղիուսը մղեց, որ Յոբին սիրալիր խրատ տայ։ Եղիուս Յոբին օգնեց, որ կեդրոնանայ լման պատկերին վրայ եւ իր անձին մասին այդքան չմտածէ, իրեն յիշեցնելով որ մենք շատ պզտիկ ենք՝ բաղդատած Եհովային՝ տիեզերքը Ստեղծողին, հետ (Յոբ 37։14)։ Եհովան նաեւ նշանակում մը տուաւ Յոբին։ Ան պէտք էր աղօթէր իր երեք ընկերակիցներուն համար, որոնք մեղանչած էին (Յոբ 42։8-10)։ Ներկայիս Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ նեղութեան ատեն։
11. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, երբ փորձութիւններէ կ’անցնինք։
11 Եհովան մեզի ուղղակիօրէն չի խօսիր, ինչպէս որ Յոբին խօսեցաւ, հապա կը խօսի իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, միջոցաւ (Հռով. 15։4)։ Ան մեզ կը մխիթարէ՝ յոյս տալով ապագային նկատմամբ։ Նկատի առ Աստուածաշունչէն քանի մը գաղափարներ, որոնք կրնան մեզ մխիթարել, երբ դժուարութիւններէ կ’անցնինք։ Իր Խօսքին մէջ, Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ ոչ մէկ բան,– մէջը ըլլալով խիստ փորձութիւններ,– «կրնայ մեզ զատել [իր] սէրէն» (Հռով. 8։38, 39)։ Ան նաեւ մեզ կը վստահեցնէ, որ մօտ է «այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» աղօթքով (Սաղ. 145։18)։ Եհովան մեզի կ’ըսէ, որ եթէ իրեն ապաւինինք, կրնանք դիմանալ որեւէ փորձութեան եւ նոյնիսկ՝ որոշ չափով ուրախ ըլլալ, երբ կը տառապինք (Ա. Կոր. 10։13. Յակ. 1։2, 12)։ Աստուածաշունչը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր դժուարութիւնները ժամանակաւոր եւ կարճ են՝ բաղդատած այն յաւիտենական օրհնութիւններուն հետ, որոնք ան մեզի համար պատրաստած է (Բ. Կոր. 4։16-18)։ Նաեւ յիշենք, որ Եհովան մեզի հաստատ յոյս կու տայ, որ պիտի վերցնէ մեր բոլոր փորձութիւններուն բուն պատճառը՝ Սատանան եւ իր չար հետեւորդները (Սաղ. 37։10)։ Գոց սորվա՞ծ ես կարգ մը սուրբգրային համարներ, որոնք կրնան քեզի օգնել ապագայ փորձութիւններու տոկալու։
12. Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ որ ընենք, եթէ կ’ուզենք իր Խօսքէն լիովին օգտուիլ։
12 Եհովան կ’ակնկալէ, որ ժամանակ տանք Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտելու եւ մեր կարդացածին մասին խորապէս մտածելու։ Երբ մեր սորվածը կը գործադրենք, մեր հաւատքը աւելի կը զօրանայ, եւ մեր երկնաւոր Հօր աւելի կը մօտենանք։ Այսպիսով, ոյժ կ’առնենք փորձութիւններու տոկալու համար։ Եհովան նաեւ իր սուրբ հոգին կու տայ անոնց, որոնք իր Խօսքին կ’ապաւինին։ Եւ այդ հոգին կրնայ մեզի տալ «սովորականը գերազանցող ուժը» (ՆԱ), որ որեւէ փորձութեան տոկանք (Բ. Կոր. 4։7-10)։
13. Ինչպէ՞ս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային» տուած հոգեւոր սնունդը մեզի կ’օգնէ որ տոկանք։
13 Եհովայի օգնութեամբ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» առատութեամբ կը հրատարակէ յօդուածներ, վիտէօներ եւ երաժշտութիւն, որոնք կրնան մեզի օգնել զօրաւոր հաւատք ունենալու եւ հոգեւորապէս արթուն մնալու (Մատ. 24։45)։ Մենք պէտք է օգտուինք այն ամէն բաներէն, որոնք Եհովան մեզի կու տայ ճիշդ ժամանակին։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ քոյր մը վերջերս արտայայտեց իր գնահատանքը այս հոգեւոր կերակուրին համար։ Ան ըսաւ. «Եհովային ծառայելուս 40 տարիներուն ընթացքին, ուղղամտութիւնս կրկին անգամ փորձուած է»։ Ան խիստ փորձութիւններ ունեցաւ։ Իր մեծ հայրը գինով վարորդի մը կողմէ մեռցուեցաւ, երկու ծնողներն ալ հիւանդութիւններու պատճառով մեռան, իսկ ինք երկու անգամ քաղցկեղ ունեցաւ։ Ի՞նչը իրեն օգնեց, որ դիմանայ։ Ան կը պատմէ. «Եհովան միշտ ինծի հոգ տարած է։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ հոգեւոր սնունդ տալով, ինծի օգնած է որ դիմանամ։ Այդ պատճառով, Յոբին պէս կը զգամ, որ ըսաւ. ‘Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ’» (Յոբ 27։5)։
14. Եհովան մեր հաւատակիցները ինչպէ՞ս կը գործածէ մեզի օգնելու համար (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9)։
14 Եհովան իր ժողովուրդը մարզած է, որ դժուար ժամանակներուն իրար սիրեն ու մխիթարեն (Բ. Կոր. 1։3, 4. կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9)։ Եղիուսը ընդօրինակելով, մեր եղբայրներն ու քոյրերը շատ կ’ուզեն մեզի օգնել որ հաւատարիմ մնանք, երբ դժուարութիւններու մէջ ըլլանք (Գործք 14։22)։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս Տայանի ժողովքը զինք քաջալերեց եւ իրեն օգնեց, որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ, երբ անոր ամուսինը առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունեցաւ։ Ան ըսաւ. «Դժուար էր։ Բայց այդ դժուար ամիսներուն ընթացքին, մեր վրայ զգացինք Եհովային զօրութիւնն ու սէրը։ Մեր ժողովքը շատ բաներ ըրաւ, որ մեզի օգնէ։ Անոնց այցելութիւնները, հեռաձայնելն ու փաթթուկները մեզի օգնեցին, որ տոկանք։ Քանի որ չէի կրնար քշել, եղբայրներն ու քոյրերը կարգադրութիւններ ըրին, որ ժողովներու հասնէի եւ ծառայութեան ելլէի, երբ որ կրնայի»։ Մենք շա՜տ ուրախ ենք, որ այսպիսի հոգատար եղբայրներ ու քոյրեր ունինք ժողովքին մէջ։
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՍԻՐԱԼԻՐ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
15. Ինչո՞ւ համոզուած ենք, որ կրնանք նեղութիւններու դիմանալ։
15 Բոլորս կերպով մը պիտի փորձուինք։ Բայց ինչպէս տեսանք, երբ փորձութենէ անցնինք, բնա՛ւ առանձին պիտի չըլլանք։ Սիրալիր հօր մը պէս, Եհովայի աչքը միշտ մեր վրայ է։ Ան մեր կողքին է, պատրաստ է մեզի մտիկ ընելու, երբ օգնութիւն կը խնդրենք եւ կ’ուզէ մեզի ձեռք տալ (Եսա. 43։2)։ Մենք համոզուած ենք, որ կրնանք նեղութեան դիմանալ, քանի որ ան մեզի պէտք եղածը տուած է. աղօթքը, Աստուածաշունչը, առատ հոգեւոր սնունդը եւ հոգատար եղբայրներն ու քոյրերը, որպէսզի նեղ պարագաներու մէջ մեր օգնութեան հասնին։
16. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել Եհովայի հոգատարութիւնը վայելել։
16 Որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ ունինք երկնաւոր Հայր մը, որ մեր վրայ կը հսկէ։ «Մեր սրտերը անով կ’ուրախանան» (Սաղ. 33։21)։ Կրնանք Եհովային ցոյց տալ, որ կը գնահատենք իր հոգատարութիւնը, օգտուելով իր բոլոր տուածներէն։ Պէտք է նաեւ մեր կարգին ամէն բան ընենք, որ Աստուած շարունակէ մեզի հոգ տանիլ։ Ուրիշ խօսքով, եթէ շարունակենք մեր ամէն կարելին ընել, որ Եհովային հնազանդինք, անոր աչքը մեր վրայ պիտի ըլլայ յաւիտեա՛ն (Ա. Պետ. 3։12)։
ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս