ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 36
Եհովայի ժողովուրդը արդարութիւն կը սիրէ
«Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան» (ՄԱՏ. 5։6)։
ԵՐԳ 46 Եհովան մեր Թագաւորն է
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Յովսէփ ի՞նչ փորձութեան առջեւ էր, եւ ի՞նչ ըրաւ։
ՅԱԿՈԲԻՆ որդին՝ Յովսէփը, դժուար փորձութեան մը առջեւ էր։ Կին մը իրեն ըսաւ. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Ան իր տիրոջ՝ Պետափրէսին, կինն էր։ Յովսէփ անոր առաջարկը մերժեց։ Այսօր, թերեւս մէկը հարց տայ. ‘Յովսէփ ինչո՞ւ այդ փորձութեան դէմ դրաւ’։ Պետափրէսը տունը չէր։ Եւ այս կինը կրնար իր կեանքը դժոխք դարձնել, եթէ իր առաջարկը մերժէր։ Բայց Յովսէփ շարունակեց մերժել անոր կրկնուող անբարոյ առաջարկները։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ» (Ծն. 39։7-12)։
2. Յովսէփ ինչպէ՞ս գիտէր որ շնութիւնը Աստուծոյ դէմ մէղք է։
2 Յովսէփ ինչպէ՞ս գիտցաւ, որ Աստուած շնութիւնը «մեծ չարութիւն» պիտի սեպէր։ Մովսիսական օրէնքը շուրջ երկու հարիւր տարի ետք պիտի գրուէր, ուր յստակօրէն պիտի ըսուէր. «Շնութիւն մի՛ ըներ» (Ել. 20։14)։ Սակայն Յովսէփ Եհովան այնքա՛ն լաւ կը ճանչնար, որ կրնար գիտնալ թէ ան ի՛նչ պիտի զգար անբարոյութեան նկատմամբ։ Օրինակ, վստահաբար Յովսէփ գիտէր թէ Եհովայի նպատակն էր, որ ամուսնութիւնը մէկ տղամարդու եւ մէկ կնոջ միջեւ ըլլար։ Նաեւ ան լսած ըլլալու էր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս երկու անգամ իր մեծ–հօր մօր՝ Սառային, պատիւը պաշտպանեց, երբ ուրիշներ ուզեցին զինք առնել որպէս իրենց կինը։ Նոյնպէս, լսած ըլլալու էր թէ Եհովան ինչպէ՛ս միջամտեց, Իսահակին կինը՝ Ռեպեքան, պաշտպանելու համար (Ծն. 2։24. 12։14-20. 20։2-7. 26։6-11)։ Այս դէպքերուն շուրջ խոկալով, Յովսէփ հասկցաւ թէ Աստուծոյ աչքին ի՛նչ բան ճիշդ է եւ ի՛նչ բան սխալ է։ Քանի որ Յովսէփ իր Աստուածը կը սիրէր, ան նաեւ կը սիրէր Եհովայի արդարութեան չափանիշները եւ վճռած էր ատոնց համաձայն ապրիլ։
3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Արդարութիւնը կը սիրե՞ս։ Վստահաբար։ Բայց բոլորս անկատար ենք, եւ եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք դիւրութեամբ ազդուիլ արդարութեան նկատմամբ աշխարհի տեսակէտէն (Եսա. 5։20. Հռով. 12։2)։ Անոր համար, նկատի պիտի առնենք թէ արդարութիւնը ի՛նչ է եւ զայն սիրելով ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։ Ետքը, պիտի քննարկենք քայլեր, որոնք կրնան մեզի օգնել որ Եհովայի չափանիշներուն հանդէպ մեր սէրը զօրացնենք։
Ի՞ՆՉ Է ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
4. Արդարութիւնը ի՞նչ չէ։
4 Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները կը սեպէին, թէ ճիշդ բանը կ’ընէին։ Բայց Յիսուս զիրենք խստօրէն դատապարտեց, քանի որ անոնք ուրիշները կը դատէին եւ կը դնէին իրե՛նց չափանիշները, այսինքն՝ ճիշդ ու սխալ վարուելակերպի նկատմամբ իրե՛նց օրէնքները (Ժող. 7։16. Ղուկ. 16։15)։ Մեր օրերուն ալ, ոմանք այդպէս կը վարուին։ Անոնք կ’ըսեն թէ սխալ բան մը չեն ըներ, բայց այդպէս կ’ըսեն հիմնուելով իրե՛նց չափանիշներուն վրայ։ Յաճախ, այդպիսի անհատներ հպարտ են, ուրիշները քննադատական աչքով կը դիտեն կամ կը կարծեն թէ անոնցմէ աւելի լաւ են։ Եհովան այս յատկութիւնները բնա՛ւ չի սիրեր։ Ատիկա ինքնարդարութիւն է եւ արդարութեան հետ կապ չունի։
5. Աստուածաշունչին համաձայն, ի՞նչ է արդարութիւնը. օրինակներ տո՛ւր։
5 Արդարութիւնը գեղեցիկ յատկութիւն մըն է։ Պարզ խօսքով, անիկա կը նշանակէ ընել ինչ որ Եհովա Աստուծոյ աչքին ճիշդ է։ Աստուածաշունչին մէջ, այն բառերը, որոնք կը թարգմանուին «արդարութիւն», կու տան ամենաբարձր չափանիշներուն համաձայն ապրելուն գաղափարը, որ են՝ Եհովայի չափանիշները։ Օրինակ, Եհովան վաճառականներէն պահանջեց որ ‘ճշգրիտ կշիռքի քար’ գործածէին (Բ. Օր. 25։15)։ «Ճշգրիտ» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «արդար»։ Ուրեմն այն քրիստոնեան, որ կ’ուզէ Աստուծոյ աչքին արդար սեպուիլ, իր բոլոր առեւտրական գործունէութիւններուն մէջ լիովին պարկեշտ պիտի ըլլայ։ Ասկէ զատ, արդար անձը չ’ուզեր տեսնել, որ մէկու մը հետ անարդարութեամբ կը վարուին։ Նաեւ, իսկապէս արդար եղող անձ մը, որ կ’ուզէ ‘ամէն բանի մէջ հաճեցնել’ Եհովան, հաշուի կ’առնէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ իր առնելիք որոշումները (Կող. 1։10)։
6. Ինչո՞ւ կրնանք ճիշդի ու սխալի վերաբերեալ Եհովայի չափանիշներուն վստահիլ (Եսայի 55։8, 9)։
6 Հասկցնելու համար թէ արդարութիւնը Եհովայէն կու գայ, Աստուածաշունչը Իր մասին կը խօսի որպէս՝ «արդարութեան բնակարան եղող Տէր»ը (Եր. 50։7)։ Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովան միակ Անձն է, որ իրաւունքը ունի որոշելու թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ է։ Քանի որ Եհովան կատարեալ է, ճիշդի ու սխալի մասին իր մտածումները շա՜տ աւելի բարձր են մեր մտածումներէն, որոնք յաճախ կ’ազդուին մեր անկատարութենէն եւ մեղաւոր ըլլալէն (Առ. 14։12. կարդա՛ Եսայի 55։8, 9)։ Բայց քանի որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք, կրնանք ապրիլ արդարութեան իր չափանիշներով (Ծն. 1։27)։ Եւ որովհետեւ մեր Հայրը կը սիրենք, կ’ուզենք մեր կրցածին չափ զինք ընդօրինակել (Եփ. 5։1)։
7. Ինչո՞ւ պէտք ունինք անփոփոխ չափանիշներու. օրինակով մը բացատրէ։
7 Կ’օգտուինք, երբ ճիշդի ու սխալի վերաբերեալ Եհովայի չափանիշներուն կը հետեւինք։ Կրնա՞ս ըսել ինչո՛ւ։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ երկրի մը ամէն մէկ քաղաքը ունենար ճամբաներու վերաբերեալ ի՛ր նշաններն ու օրէնքները։ Արդիւնքը ցաւալի պիտի ըլլար։ Եւ եթէ բժիշկներ ու հիւանդապահներ մարդիկը բուժած ատեն չհետեւէին որոշ կանոններու, հիւանդներէն ոմանք թերեւս մեռնէին։ Նոյնպէս, ճիշդի ու սխալի վերաբերեալ Աստուծոյ չափանիշները մեզ կը պաշտպանեն։
8. Ինչպիսի՞ օրհնութիւններ կը սպասեն անոնց, որոնք կը սիրեն ճիշդը ընել։
8 Եհովան կ’օրհնէ անոնք, որոնք կը ջանան իր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Ան կը խոստանայ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։29)։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ մարդկութիւնը ի՜նչ միացած, խաղաղ եւ երջանիկ պիտի ըլլայ, երբ ամէն մարդ Եհովայի չափանիշներուն հետեւի։ Եհովան կ’ուզէ, որ այդպիսի կեանք վայելես։ Անշուշտ, մեզմէ ամէն մէկը լաւ պատճառներ ունի արդարութիւնը սիրելու։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս այդ յատկութիւնը աւելի սիրել։ Նկատի առնենք երեք քայլեր, որ կրնանք առնել։
ԵՀՈՎԱՅԻ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ
9. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ արդարութիւնը սիրենք։
9 Քայլ 1. Սիրէ չափանիշները դնող Անձը։ Արդարութիւնը սիրելու համար, պէտք է ա՛լ աւելի սիրենք Եհովան, որ ճիշդի ու սխալի վերաբերեալ չափանիշները դրած է։ Ո՛րքան աւելի զինք սիրենք, ա՛յնքան աւելի պիտի ուզենք իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Օրինակով մը բացատրենք։ Եթէ Ադամն ու Եւան Եհովան սիրէին, իր արդար օրէնքը բնաւ պիտի չկտրէին (Ծն. 3։1-6, 16-19)։
10. Աբրահամ ի՞նչ ըրաւ, որ Եհովային մտածելակերպը աւելի լաւ հասկնայ։
10 Վստահաբար, չենք ուզեր այն նոյն սխալը ընել, որ Ադամն ու Եւան ըրին։ Անոր համար, պէտք է շարունակենք Եհովայի մասին սորվիլ, իր յատկութիւնները գնահատել եւ ջանալ հասկնալ իր մտածելակերպը։ Այդպէս ընելով, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը վստահաբար պիտի աճի։ Մտածէ Աբրահամին մասին։ Ան իրապէս Եհովան կը սիրէր։ Նոյնիսկ երբ իրեն համար դժուար էր Եհովայի որոշումները հասկնալ, անոր դէմ չելաւ։ Փոխարէնը, փորձեց Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ։ Օրինակ, երբ գիտցաւ որ Եհովան որոշած էր Սոդոմն ու Գոմորը կործանել, Աբրահամ սկիզբը վախցաւ որ «բոլոր երկրի Դատաւորը» չարերուն հետ արդարներն ալ պիտի կորսնցնէր։ Աբրահամին համար ասիկա անընդունելի՛ էր։ Ուստի, խոնարհաբար Եհովային կարգ մը հարցումներ հարցուց։ Եհովան ամենայն համբերութեամբ պատասխանեց։ Ի վերջոյ, Աբրահամ անդրադարձաւ որ Եհովան ամէն մարդու սիրտը կը քննէ եւ որ բնաւ անմեղը մեղաւորին հետ չի պատժեր (Ծն. 18։20-32)։
11. Աբրահամ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ Եհովան կը սիրէր եւ իրեն կը վստահէր։
11 Աբրահամ խորապէս ազդուած էր այն խօսակցութենէն, որ ունեցաւ Եհովային հետ Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքներուն վերաբերեալ։ Անկասկած, ան սկսաւ իր Հայրը ա՛լ աւելի սիրել ու յարգել։ Տարիներ ետք, Եհովայի հանդէպ Աբրահամին վստահութիւնը մեծ փորձի տակ դրուեցաւ։ Եհովան իրմէ խնդրեց, որ իր սիրելի որդին՝ Իսահակը, զոհէ։ Բայց հիմա, Աբրահամ իր Աստուածը աւելի լաւ կը ճանչնար։ Անոր համար, այս անգամ նոյնիսկ մէկ հարցում չհարցուց իրեն։ Ան անմիջապէս ելաւ, որ Եհովային խնդրածը ընէ։ Հակառակ ատոր, կրնանք երեւակայել թէ սիրտը կտոր–կտոր եղաւ, մինչ այդ պարտականութիւնը ընելու կը պատրաստուէր։ Ան հաւանաբար իր միտքը բերաւ այն ինչ որ սորված էր Եհովային մասին։ Ան գիտէր, թէ Եհովան բնաւ անարդար կամ անազնիւ կերպով պիտի չվարուէր։ Պօղոս առաքեալի խօսքերուն համաձայն, Աբրահամ տրամաբանեց թէ Եհովան պիտի կարենար իր սիրելի որդիին՝ Իսահակին, յարութիւն տալ (Եբ. 11։17-19)։ Եհովան խոստացած էր, թէ Իսահակ ազգ մը մէջտեղ պիտի բերէր, բայց այդ ատեն Իսահակ տակաւին զաւակներ չունէր։ Աբրահամ Եհովան կը սիրէր, անոր համար վստահ էր որ ան արդարութեամբ պիտի վարուէր։ Աբրահամ հաւատքով հնազանդեցաւ, թէեւ ատիկա դժուար էր իրեն համար (Ծն. 22։1-12)։
12. Ինչպէ՞ս կրնանք Աբրահամը ընդօրինակել (Սաղմոս 73։28)։
12 Ինչպէ՞ս կրնանք Աբրահամը ընդօրինակել։ Իրեն պէս, պէտք է շարունակենք Եհովային մասին սորվիլ։ Այդպէս ընելով, Եհովային աւելի պիտի մօտենանք եւ զինք աւելի պիտի սիրենք (կարդա՛ Սաղմոս 73։28)։ Եւ մեր խիղճը պիտի մարզուի, որ Աստուծոյ մտածելակերպով առաջնորդուի (Եբ. 5։14)։ Այն ատեն, երբ մէկը փորձէ մեզ մղել որ սխալ բան մը ընենք, պիտի մերժենք։ Բնաւ պիտի չուզենք ընել բան մը, որ մեր Հօր ցաւ պատճառէ եւ անոր հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս հասցնէ։ Լաւ, ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք ցոյց տալ, որ արդարութիւնը կը սիրենք։
13. Ի՞նչ կերպով կրնանք արդարութեան ետեւէ ըլլալ (Առակաց 15։9)։
13 Քայլ 2. Ջանք ըրէ, որ ամէն օր սէր զարգացնես արդարութեան հանդէպ։ Կրնանք Եհովայի արդարութեան չափանիշներուն հանդէպ սէր զարգացնել այն նոյն կերպով, որ մկան մը կը զօրացնենք, ինչ որ կը պահանջէ կանոնաւորաբար ջանք թափել։ Ասիկա կրնաս ամէն օր ընել։ Եհովան բնաւ մեզմէ չ’ակնկալեր ընել բան մը, որ մեր կարողութենէն վեր է (Սաղ. 103։14)։ Ան մեզ կը վստահեցնէ, որ «արդարութեան հետեւողը կը սիրէ» (կարդա՛ Առակաց 15։9)։ Օրինակ, եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ որոշ նպատակակէտի մը ետեւէ ենք, շարունակ ջանք կը թափենք որ անոր հասնինք։ Նոյն բանը կրնանք ըսել արդարութեան ետեւէ ըլլալուն մասին։ Եւ Եհովան համբերութեամբ մեզի պիտի օգնէ, որ յառաջդիմենք ու ժամանակի ընթացքին բարելաւուինք (Սաղ. 84։5, 7)։
14. Ի՞նչ է «արդարութեան զրահը», եւ ինչո՞ւ անոր պէտք ունինք։
14 Եհովան սիրալիր կերպով մեզի կը յիշեցնէ, որ արդարութիւնը բեռ չէ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ընդհակառակը, անիկա պաշտպանութիւն է, որուն ամէն օր պէտք ունինք։ Միտքդ բեր Պօղոս առաքեալին նկարագրած հոգեւոր սպառազինութիւնը (Եփ. 6։14-18)։ Սպառազինութեան ո՞ր մասը զինուորին սիրտը կը պաշտպանէր։ «Արդարութեան զրահը», որ կը ներկայացնէ Եհովայի արդարութեան չափանիշները։ Ճիշդ ինչպէս որ զրահը բառացի սիրտը կը պաշտպանէ, այդպէս ալ Եհովայի արդարութեան չափանիշները կրնան այլաբանական սիրտդ պաշտպանել, այսինքն՝ ներքին անձնաւորութիւնդ։ Այս պատճառով, կարեւոր է որ հոգեւոր սպառազինութեանդ մաս կազմէ արդարութեան զրահը (Առ. 4։23)։
15. Ինչպէ՞ս կրնանք արդարութեան զրահը հագնիլ։
15 Ինչպէ՞ս կրնաս արդարութեան զրահը հագնիլ։ Երբ ամէն օր առնելիք որոշումներուդ մէջ կը մտածես, թէ Աստուած ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ վարուիս։ Որոշելէ առաջ, թէ ի՛նչ պիտի խօսիս, ի՛նչ երաժշտութիւն մտիկ պիտի ընես, ի՛նչ պիտի դիտես կամ ի՛նչ պիտի կարդաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Սիրտս ինչո՞վ լեցուցած կ’ըլլամ։ Ատիկա Եհովան պիտի հաճեցնէ՞, թէ ոչ կը քաջալերէ անբարոյութիւն, բռնութիւն, ագահութիւն, անձնասիրութիւն, որոնք Եհովան անարդար կը նկատէ’ (Փլպ. 4։8)։ Եթէ առած որոշումներդ, Եհովայի կամքին համաձայն ըլլան, թոյլ տուած կ’ըլլաս որ իր արդար չափանիշները սիրտդ պաշտպանեն։
16-17. Ինչպէ՞ս Եսայի 48։18–ը մեզ կը վստահեցնէ, որ յաւիտեան կրնանք Եհովայի չափանիշներով ապրիլ։
16 Արդեօք ատեններ կը մտահոգուի՞ս, եթէ պիտի կարենաս օրէ օր, տարիէ տարի ապրիլ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն։ Նկատի առ Եհովայի գործածած օրինակը, որ կը կարդանք Եսայի 48։18–ի մէջ (կարդա՛)։ Եհովան կը խոստանայ, որ մեր արդարութիւնը կրնայ «ծովուն ալիքներուն պէս» ըլլալ։ Երեւակայէ թէ ծովեզերքը կեցած՝ ծովուն ալիքները կը դիտես, թէ ինչպէ՛ս անվերջ կու գան ու կ’երթան։ Այդ խաղաղ մթնոլորտին մէջ, պիտի մտածէի՞ր որ օրին մէկը այդ ալիքները կրնան մէկ անգամէն կենալ։ Ո՛չ։ Գիտես, որ այդ ալիքները հազարաւոր տարիներ այդ ծովեզերքը կը լուան, եւ որ վստահաբար այդպէս ալ պիտի շարունակեն գալ–երթալ։
17 Արդարութիւնդ կրնայ նմանիլ ծովու ալիքներու։ Ինչպէ՞ս։ Եթէ որոշում մը պիտի առնես, նախ նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընես։ Ետքը, ատոր համաձայն վարուէ։ Որոշումդ որքա՛ն ալ դժուար ըլլայ, քեզ շատ սիրող Հայրդ միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ քեզի ոյժ տալու եւ օգնելու, որ շարունակես ամէն օր ճիշդը ընել (Եսա. 40։29-31)։
18. Ինչո՞ւ պէտք չէ ուրիշները դատենք մեր չափանիշներուն համաձայն։
18 Քայլ 3. Դատելը Եհովայի՛ն ձգէ։ Մինչ շատ ջանք կը թափենք, որ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն ապրինք, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ ուրիշները չդատենք եւ ինքնարդար չըլլանք։ Մենք իրաւունք չունինք մեր չափանիշներուն համաձայն որոշելու, եթէ ուրիշներ Եհովայի ուզածը կ’ընեն կամ ոչ։ Փոխարէնը, պէտք է մեր միտքը պահենք որ Եհովան է «բոլոր երկրի Դատաւորը» (Ծն. 18։25)։ Եհովան դատելու գործը մեզի չէ տուած։ Այո, Յիսուս ալ պատուիրեց. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք» (Մատ. 7։1) *։
19. Յովսէփ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ Եհովայի դատաստանին կը վստահէր։
19 Անգամ մը եւս նկատի առնենք արդար Յովսէփին օրինակը։ Ան չդատեց ուրիշները՝ նոյնիսկ անոնք, որոնք իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցան։ Իր եղբայրները իր վրայ յարձակեցան, զինք ստրկութեան ծախեցին եւ իրենց հայրը համոզեցին որ ան մեռած էր։ Տարիներ ետք, Յովսէփ իր ընտանիքին հետ միացաւ։ Ան, որ այն ատեն զօրաւոր կառավարիչ մըն էր, կրնար իր եղբայրները խստօրէն դատել եւ անոնցմէ վրէժ առնել։ Իր եղբայրները ատկէ՛ կը վախնային, թէեւ անկեղծօրէն զղջացած էին իրենց ըրածին համար։ Բայց Յովսէփ զիրենք վստահեցուց, ըսելով. «Մի՛ վախնաք, միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ» (Ծն. 37։18-20, 27, 28, 31-35. 50։15-21)։ Ան խոնարհաբար վարուեցաւ եւ դատելը ձգեց Եհովային։
20-21. Ինչպէ՞ս կրնանք զգոյշ ըլլալ, որ ինքնարդար չըլլանք։
20 Լաւ կ’ըլլայ որ Յովսէփին պէս, դատելը Եհովային ձգենք։ Օրինակ, չենք մտածեր որ գիտենք թէ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչ մղումով որոշ բան մը կ’ընեն։ Մենք չենք կրնար սրտերը կարդալ։ Միայն Եհովան «հոգիները կը կշռէ [«շարժառիթները կը քննէ», ՆԱ]» (Առ. 16։2)։ Ան ամէն տեսակ ենթահողէ եւ մշակոյթէ մարդիկ կը սիրէ։ Եւ Եհովան մեզ կը քաջալերէ, որ ‘լայն բանանք մեր սրտերը’ (Բ. Կոր. 6։13)։ Անոր համար, ջանք կ’ընենք որ մեր հոգեւոր ընտանիքին մէջ բոլորը սիրենք եւ զանոնք չդատենք։
21 Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, որ պէտք չէ ժողովքէն դուրս եղող անհատները դատենք (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Օրինակ, պիտի դատե՞ս ազգականներէդ մէկը, որ քու հաւատքդ չունի, ըսելով. «Անկարելի է որ այդ անհատը ճշմարտութեան գայ»։ Այդպէս ընելով, մեր սահմանը անցած կ’ըլլանք եւ ինքնարդար կեցուածք ցոյց տուած կ’ըլլանք։ Եհովան տակաւին ‘ամէն տեղ բոլոր մարդոց’ առիթ կու տայ, որ զղջան (Գործք 17։30)։ Միշտ յիշէ՛, որ ինքնարդարութիւնը անարդարութեան մէկ տեսակ է։
22. Ինչո՞ւ վճռած ես արդարութիւնը սիրել։
22 Թո՛ղ որ Եհովայի արդարութեան չափանիշներուն հանդէպ մեր սէրը մեզի ուրախութիւն տայ եւ մեզի օգնէ, որ ուրիշներուն համար լաւ օրինակ ըլլանք, ինչ որ պիտի ձգէ որ անոնք մեզ եւ Աստուած աւելի սիրեն։ Թող որ «արդարութեան անօթի ու ծարաւ» ըլլալէ չդադրինք (Մատ. 5։6)։ Վստահ եղիր, որ Եհովան ջանքերդ կը նկատէ եւ քեզմով ուրախ է, մինչ երթալով աւելի ջանք կը թափես որ ճիշդը ընես։ Մինչ այս աշխարհը աւելի ու աւելի անարդար կը դառնայ, մխիթարուէ՛ միշտ յիշելով, որ «Տէրը կը սիրէ արդարները» (Սաղ. 146։8)։
ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ
^ Արդար մարդիկ գտնելը դժուար է այս չար աշխարհին մէջ։ Բայց ներկայիս, միլիոնաւորներ արդար ընթացքի կը հետեւին։ Եւ վստահաբար, դուն ալ անոնցմէ ես։ Արդար ընթացքի կը հետեւիս, քանի որ Եհովան կը սիրես, իսկ Եհովան արդարութիւնը կը սիրէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ գեղեցիկ յատկութեան հանդէպ մեր սէրը աւելցնել։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ է արդարութիւնը եւ թէ զայն սիրելով ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։ Եւ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ քայլեր կրնանք առնել՝ այդ յատկութեան հանդէպ մեր սէրը աւելցնելու համար։
^ Երբեմն, ժողովքի երէցները պէտք է լուրջ մեղքի եւ զղջումի վերաբերեալ հարցեր դատեն (Ա. Կոր. 5։11. 6։5. Յակ. 5։14, 15)։ Բայց անոնք խոնարհաբար իրենց միտքը կը պահեն, թէ չեն կրնար սրտերը կարդալ եւ թէ Եհովային համար կը դատեն (համեմատէ՛ Բ. Մնացորդաց 19։6)։ Անոնք որոշումներ կ’առնեն, հիմնուելով դատելու Աստուծոյ կերպին վրայ, որ տրամաբանական, ողորմած եւ արդար է։