ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 32
Պատանինե՛ր, մկրտութենէն ետք շարունակեցէք յառաջդիմել
«Ամէն բան [սիրով] աճեցնենք» (ԵՓ. 4։15)։
ԵՐԳ 64 Ճշմարտութիւնը իւրացուր
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Շատ մը պատանիներ արդէն ի՞նչ լաւ բաներ ըրած են։
ԱՄԷՆ տարի հազարաւոր պատանի քրիստոնեաներ կը մկրտուին։ Դուն այս քայլը առա՞ծ ես։ Եթէ այո, հոգեւոր եղբայրներդ ու քոյրերդ քեզի համար ուրախ են եւ Եհովայի սիրտն ալ կ’ուրախանայ (Առ. 27։11)։ Պահ մը մտածէ, թէ արդէն որքա՜ն շատ բան ըրած ես։ Դուն ժրաջանութեամբ Աստուածաշունչը սերտած ես՝ թերեւս տարիներով։ Սերտողութիւնդ քեզ համոզած է, որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է։ Բայց աւելի կարեւորը, սկսած ես ճանչնալ ու սիրել Սուրբ Գիրքին Հեղինակը։ Դուն Եհովան այնքա՛ն շատ սիրեցիր, որ կեանքդ իրեն նուիրեցիր ու մկրտուեցար։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ բան մըն է։
2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
2 Անկասկած, մկրտուելէ առաջ, հաւատքի տարբեր փորձութիւններ ունեցար։ Բայց մինչ կը մեծնաս, հաւատքի նոր փորձութիւններ պիտի ունենաս։ Սատանան ամէն ջանք պիտի ընէ, որ Եհովան սիրելէ եւ իրեն ծառայելէ դադրիս (Եփ. 4։14)։ Բնա՛ւ պէտք չէ թոյլ տաս, որ ատիկա պատահի։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնաս եւ իրեն ծառայելու խոստումդ պահես։ Պէտք է շարունակես յառաջդիմել, քրիստոնէական հասունութեան ‘ձգտելով’ (Եբ. 6։1, ՆԱ)։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս մէկը ընել։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՍՈՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԴԱՌՆԱՍ
3. Բոլոր քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն մկրտուելէ ետք։
3 Մկրտուելէ ետք, բոլորս պէտք է հետեւինք այն խրատին, որ Պօղոս առաքեալ տուաւ Եփեսոսի մէջ գտնուող հաւատակիցներուն։ Ան զանոնք քաջալերեց, որ շարունակեն յառաջդիմել, ըսելով որ «կատարեալ» քրիստոնեաներ դառնան (Եփ. 4։13)։ Պօղոս քրիստոնեային յառաջդիմութիւնը համեմատեց պզտիկի մը աճումին հետ։ Նորածին մանուկի մը ծնողները զինք շա՜տ կը սիրեն եւ իրմով հպարտ կը զգան։ Բայց ան չի կրնար մինչեւ վերջ մանուկ մնալ։ Ժամանակի ընթացքին, պէտք է ‘երեխայական բաները մէկ կողմ դնէ’ (Ա. Կոր. 13։11, ՆԹ)։ Նոյնն է քրիստոնեաներուն պարագան։ Մկրտուելէ ետք, մենք պէտք է շարունակենք յառաջդիմել։ Նկատի առնենք կարգ մը առաջարկներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն, որ այդ մէկը ընենք։
4. Ո՞ր յատկութիւնը կրնայ քեզի օգնել, որ հոգեւորապէս յառաջդիմես. բացատրէ (Փիլիպպեցիս 1։9)։
4 Եհովայի հանդէպ սէրդ թող աճի։ Արդէն Եհովան շա՜տ կը սիրես։ Բայց անոր հանդէպ սէրդ կրնայ աճիլ։ Պօղոս առաքեալ կերպ մը ցոյց տուաւ Փիլիպպեցիս 1։9–ին մէջ (կարդա՛)։ Պօղոս աղօթեց, որ փիլիպպեցիներուն սէրը «հետզհետէ աւելի շատնայ»։ Ուրեմն Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կրնա՛յ աճիլ։ Ինչպէ՞ս։ Ճշգրիտ ‘գիտութիւն ու իմաստութիւն’ ձեռք ձգելով։ Եհովան ո՛րքան աւելի կը ճանչնանք, ա՛յնքան աւելի զինք կը սիրենք եւ կը գնահատենք իր անձնաւորութիւնը եւ գործելակերպը։ Զինք հաճեցնելու մեր փափաքը կ’աւելնայ, եւ բնա՛ւ չենք ուզեր ընել բան մը, որ զինք յուսախաբ կ’ընէ։ Մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ հասկնանք թէ մեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատիկա ընել։
5-6. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր սէրը աւելցնել. բացատրէ։
5 Եհովային հանդէպ մեր սէրը կրնայ աճիլ, երբ աւելի լաւ կը ճանչնանք իր Որդին, որ հայելիի պէս կ’արտացոլէ իր Հօր անձնաւորութիւնը (Եբ. 1։3)։ Եւ Յիսուսը ճանչնալու լաւագոյն կերպն է՝ չորս Աւետարանները սերտել։ Եթէ տակաւին չունիս Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու սովորութիւնը, կրնաս այսօրուընէ սկսիլ։ Յիսուսի մասին եղող պատմութիւնները կարդալու ատեն, կեդրոնացիր անոր յատկութիւններուն վրայ։ Մարդոց համար դիւրին էր իրեն մօտենալ, եւ անոնք հանգիստ կը զգային իրեն հետ խօսելով։ Ան պզտիկները սիրալիր կերպով իր գիրկը առաւ (Մար. 10։13-16)։ Ան իր աշակերտներուն հանգիստ կը զգացնէր, անոնք ալ իր ներկայութեան ազատ կը զգային ըսելու իրենց միտքին մէջինը (Մատ. 16։22)։ Գիտենք որ Յիսուս իր Հօր կը նմանէր, անոր համար գիտենք որ Եհովայի՛ն ալ դիւրին է մօտենալ։ Մենք կրնանք Իրեն աղօթել։ Երբ կ’աղօթենք, կրնանք մեր բոլոր մտածումներն ու զգացումները իրեն ըսել, վստահ ըլլալով որ մեզ պիտի չդատէ։ Ան մեզ կը սիրէ ու կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։7)։
6 Յիսուս մարդոց հետ կը զգար։ Մատթէոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։36)։ Իսկ Եհովան ի՞նչ կը զգայ։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատ. 18։14)։ Ասիկա մեզ շա՜տ կը թարմացնէ։ Երբ Յիսուսը աւելի լաւ կը ճանչնանք, Եհովային հանդէպ մեր սէրը կ’աճի։
7. Հասուն քրիստոնեաներուն հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել։
7 Նաեւ կրնաս սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս սէրդ աւելցնես եւ հասուն քրիստոնեայ դառնաս, ժամանակ անցընելով ժողովքիդ հասուն եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ եւ զանոնք ճանչնալով։ Ուշադրութիւն ըրէ, թէ ի՜նչ ուրախ են։ Անոնք չեն զղջացած իրենց որոշումին համար, որ Եհովային ծառայեն։ Իրենցմէ խնդրէ, որ քեզի պատմեն, թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ փորձառութիւններ ունեցած են։ Իսկ երբ կարեւոր որոշում մը պիտի առնես, իրենցմէ խրատ խնդրէ։ Յիշէ որ «խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն [«յաջողութիւն», ՆԱ] կ’ըլլայ» (Առ. 11։14)։
8. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ Աստուածաշունչին ըսածներուն նկատմամբ կասկածներ ունենաս։
8 Կասկածներդ յաղթահարէ։ Ինչպէս 2–րդ պարբերութեան մէջ յիշուեցաւ, Սատանան պիտի փորձէ արգելք ըլլալ, որ հոգեւորապէս աւելի յառաջդիմես։ Կերպերէն մէկը, որ կրնայ գործածել, այն է որ մտքիդ մէջ կասկածներ արթնցնէ Աստուածաշունչին կարգ մը ուսուցումներուն նկատմամբ։ Օրինակ, ուշ կամ կանուխ քեզի պիտի ըսուի բարեշրջութեան տեսութեան մասին, որ Աստուած կ’անպատուէ։ Թերեւս պզտիկ եղած ատենդ այս նիւթին մասին շատ չէիր մտածեր կամ բնա՛ւ չէիր մտածեր։ Բայց հիմա թերեւս այս նիւթը քեզի դպրոցին մէջ կը սորվեցնեն։ Բարեշրջութեան մասին ուսուցիչներուդ ըսածները թերեւս քեզի տրամաբանական եւ համոզիչ թուին։ Սակայն, թերեւս անոնք բնա՛ւ նկատի չեն առած փաստեր, թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ Յիշէ՛ Առակաց 18։17–ի սկզբունքը. «Ո՛վ որ առաջինը ըլլայ իր դատը ներկայացնելու՝ իրաւունք ունեցող կը թուի. բայց երբ իր ոսոխը [«հակառակ կողմը», ՆԱ] գայ՝ զայն կը քննէ»։ Փոխանակ կուրօրէն հաւատալու այն գաղափարներուն, որոնք դպրոցին մէջ կը լսես, ուշադրութեամբ նկատի առ այն ճշմարտութիւնները, որոնք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ կրնաս գտնել։ Փնտռտուք ըրէ մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Խօսէ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, որոնք անցեալին բարեշրջութեան կը հաւատային։ Անոնց հարցուր, թէ ի՛նչ բան զիրենք համոզեց թէ Ստեղծիչ մը կայ, որ մեզ կը սիրէ։ Այսպիսի քաջալերական քննարկութիւններ կրնան քեզի օգնել, որ իրողութիւններուն վրայ կեդրոնանաս։
9. Ի՞նչ կը սորվիս Մէլիսայի փորձառութենէն։
9 Մէլիսա * անունով քոյր մը ստեղծագործութեան մասին նիւթեր սերտելով շատ օգտուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Դպրոցին մէջ, բարեշրջութեան տեսութիւնը մեծ համոզումով կը ներկայացուի։ Սկիզբը չուզեցի փնտռտուք ընել, քանի որ կը վախնայի, որ հաւատքս սուտ ելլէ եւ մէջտեղ հանեմ որ բարեշրջութեան տեսութիւնը ճիշդ է։ Բայց մտածեցի, որ Եհովան չ’ուզեր որ իրեն կուրօրէն ծառայենք։ Անոր համար, որոշեցի փնտռտուք ընել եւ կասկածներուս պատասխանը առնել։ Այդ նպատակով կարդացի՝ Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ գիրքը եւ Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ ու Կեանքին ծագումը. հինգ գրքոյկները։ Ճի՛շդ ասոր պէտք ունէի։ Երանի՜ ատոնք առաջուընէ կարդացած ըլլայի»։ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել
10-11. Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ բարոյապէս մաքուր մնաս (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3, 4)։
10 Մերժէ սխալ վարքը։ Պատանեկութեան ատեն, սեռային փափաքներդ կրնան շատ զօրաւոր ըլլալ։ Եւ թերեւս ուրիշներ քեզ ճնշեն, որ սեռային անբարոյութիւն ընես։ Սատանան կ’ուզէ, որ այդ փափաքներուն տեղի տաս։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ բարոյապէս մաքուր մնաս (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3, 4)։ Անձնական աղօթքներուդ մէջ, զգացումներդ պատմէ Եհովային։ Իրեն ըսէ, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը զգաս եւ խնդրէ որ քեզ զօրացնէ (Մատ. 6։13)։ Յիշէ որ Եհովան կ’ուզէ քեզի օգնել եւ ոչ թէ պատժել (Սաղ. 103։13, 14)։ Նաեւ կրնաս օգնութեան համար Աստուծոյ Խօսքին դիմել։ Նախապէս նշուած Մէլիսան անմաքուր մտածումներու դէմ պայքարեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը ինծի կ’օգնէր, որ չյանձնուիմ եւ կը յիշեցնէր որ ես Եհովային կը պատկանիմ եւ կ’ուզեմ իր ներկայութիւնը զգալ իմ կեանքիս մէջ» (Սաղ. 119։9)։
11 Մի՛ փորձեր խնդիրներդ մինակդ լուծել։ Ծնողներուդ պատմէ պայքարիդ մասին։ Անշուշտ, այսպիսի անձնական նիւթերու մասին խօսիլը դիւրին չէ, բայց կարեւոր է։ Մէլիսան կ’ըսէ. «Աղօթեցի քաջութեան համար եւ հօրս հետ խնդրիս մասին խօսեցայ։ Ատկէ ետք, շատ հանգստացայ։ Գիտէի, որ Եհովան ինձմով հպարտ է»։
12. Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ որոշումներ առնել։
12 Առաջնորդուէ Աստուածաշունչի սկզբունքներով։ Ժամանակի ընթացքին, ծնողներդ քեզի աւելի ազատութիւն պիտի տան, որ անձնական որոշումներ առնես։ Բայց հիմա դեռ շատ փորձառութիւն չունիս։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնաս չիյնալ սխալի մը մէջ, որ Եհովային հետ բարեկամութեանդ պիտի վնասէ (Առ. 22։3)։ Քէրի անունով քոյր մը կը բացատրէ, թէ ի՛նչը իրեն օգնեց, որ աւելի լաւ որոշումներ առնէ։ Ան անդրադարձաւ, որ հասուն քրիստոնեաները պէտք չունին ամէն մէկ հարցի շուրջ օրէնք մը ունենալու։ Ան կ’ըսէ. «Պէտք էր հասկնայի, թէ Եհովան ի՛նչ կը մտածէ հարցերու շուրջ, եւ ոչ թէ պարզապէս օրէնքներու հետեւէի»։ Աստուածաշունչը կարդալու ատեն, դուն քեզի հարցուր. ‘Այս հատուածը ինծի ի՞նչ կ’ըսէ Եհովայի մտածելակերպին մասին։ Անոր մէջ սկզբունքներ կա՞ն, որոնք կրնան ինծի օգնել ճիշդը ընելու։ Եթէ այո, անոնք գործադրելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուիմ’ (Սաղ. 19։7. Եսա. 48։17, 18)։ Աստուածաշունչը կարդալով եւ անոր սկզբունքներուն վրայ խոկալով, աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենաս առնել որոշումներ, որոնք Եհովան կը հաճեցնեն։ Մինչ կը շարունակես յառաջդիմել, պիտի նկատես որ պէտք չունիս ամէն մէկ պարագայի համար օրէնք մը ունենալու, քանի որ սկսած ես հարցերու շուրջ Եհովային մտածելակերպը հասկնալ։
13. Լաւ բարեկամները ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ քու վրադ (Առակաց 13։20)։
13 Զատէ այնպիսի բարեկամներ, որոնք Եհովան կը սիրեն։ Զատած բարեկամներդ կրնան քեզի օգնել, որ հասուն քրիստոնեայ դառնաս (կարդա՛ Առակաց 13։20)։ Սառա անունով քոյր մը իր ուրախութիւնը կորսնցնելու վրայ էր։ Բայց բան մը պատահեցաւ, որ զայն ետ բերաւ։ Սառան կը պատմէ. «Կեանքիս մէջ ճիշդ ատենին լաւ բարեկամներ գտայ։ Ես եւ պատանի քոյր մը ամէն շաբաթ միասնաբար Դիտարան–ը կը սերտէինք։ Իսկ ուրիշ ընկերուհի մը ինծի օգնեց, որ ժողովին մէջ սկսիմ պատասխան տալ։ Բարեկամներուս ազդեցութիւնը ձգեց որ անձնական սերտողութիւնը եւ աղօթքը աւելի լուրջի առնեմ։ Սկսայ Եհովայի հետ աւելի զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունենալ եւ ետ ուրախ զգալ»։
14. Ճոնին ինչպէ՞ս լաւ ընկերներ ունեցաւ։
14 Ինչպէ՞ս կրնաս ունենալ ընկերներ, որոնք վրադ լաւ ազդեցութիւն պիտի ձգեն։ Ճոնին *, որ հիմա երէց է, կ’ըսէ. «Երբ պատանի էի, լաւ ընկերներ ունեցայ ծառայութեան մասնակցելով։ Անոնք նախանձախնդիր էին եւ ինծի օգնեցին տեսնելու, թէ ծառայութիւնը կրնայ շատ հաճելի ըլլալ։ Այսպէս, մղուեցայ նպատակակէտ դնելու, որ լիաժամ ծառայութեան մասնակցիմ։ Նաեւ անդրադարձայ, որ լաւ ընկերներ շատ չունէի, քանի որ ընկերներ կը փնտռէի միայն իմ տարիքիս եղող անձերուն մէջ։ Ետքը, Բեթէլին մէջ ալ լաւ ընկերներ ունեցայ։ Իրենց օրինակը ինծի օգնեց, որ աւելի լաւ ժամանց ընտրեմ եւ ասիկա զիս աւելի մօտեցուց Եհովային»։
15. Պօղոս ընկերակցութեան մասին ի՞նչ զգուշացում տուաւ Տիմոթէոսին (Բ. Տիմոթէոս 2։20-22)։
15 Իսկ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ ժողովքին մէջ կայ մէկը որ քեզի համար լաւ ընկերակցութիւն չէ։ Պօղոս գիտէր որ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոմանք հոգեւոր մտածելակերպ չունէին։ Անոր համար, Տիմոթէոսը զգուշացուց որ անոնցմէ հեռու մնայ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։20-22)։ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը անգին է։ Մենք շատ ջանք թափած ենք Եհովային մօտ ըլլալու համար։ Անոր համար, պէտք չէ ունենանք այնպիսի բարեկամներ, որոնք այդ բարեկամութեան պիտի վնասեն (Սաղ. 26։4)։
ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴՆԵԼԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՔԵԶԻ ՕԳՆԵԼ ՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵՍ
16. Ի՞նչ տեսակ նպատակակէտեր պէտք է ընտրես։
16 Օգտակար նպատակակէտեր դիր։ Ընտրէ նպատակակէտեր, որոնք հաւատքդ պիտի զօրացնեն եւ քեզի պիտի օգնեն, որ աւելի հասուն քրիստոնեայ դառնաս (Եփ. 3։16)։ Օրինակ, թերեւս որոշես անձնական սերտողութիւնդ եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնդ բարելաւել (Սաղ. 1։2, 3)։ Կամ թերեւս պէտք ունիս աւելի յաճախ եւ աւելի սրտանց աղօթելու։ Թերեւս ալ պէտք է ուշադիր ըլլաս, թէ ի՛նչ ժամանց կ’ընտրես կամ ժամանակդ ինչպէ՛ս կը գործածես (Եփ. 5։15, 16)։ Երբ Եհովան տեսնէ, թէ որքա՛ն ջանք կը թափես որ հոգեւորապէս յառաջդիմես, պիտի ուրախանայ։
17. Ուրիշներուն օգնելով, դուն ի՞նչ օգուտ պիտի քաղես։
17 Երբ ուրիշներուն կ’օգնես, աւելի հասուն քրիստոնեայ կը դառնաս։ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Շատ պիտի օգտուիս, եթէ ժամանակդ եւ ուժդ գործածես ուրիշներուն օգնելու համար։ Օրինակ, կրնաս նպատակակէտ դնել որ ժողովքի տարեցներուն եւ հիւանդներուն օգնես։ Կրնաս իրենց դուրսի գործերը ընել կամ իրենց օգնել, որ գիտնան թէ ինչպէ՛ս իրենց ելեկտրոնային սարքերը գործածեն։ Եթէ եղբայր ես, նպատակակէտ դիր օգնական ծառայ դառնալու, որպէսզի կարենաս եղբայրներուդ ու քոյրերուդ աւելի օգտակար ըլլալ (Փլպ. 2։4)։ Նաեւ կրնաս սէր ցոյց տալ ժողովքէն դուրս եղող մարդոց հանդէպ, անոնց խօսելով Թագաւորութեան բարի լուրին մասին (Մատ. 9։36, 37)։ Եւ եթէ կարելի է, նպատակակէտ դիր, որ լիաժամ ծառայութեան որեւէ տեսակի մասնակցիս։
18. Լիաժամ ծառայութեան մասնակցիլը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ հոգեւորապէս յառաջդիմես։
18 Լիաժամ ծառայութիւնը կրնայ առջեւդ շատ առիթներ բանալ, որ հոգեւորապէս յառաջդիմես։ Եթէ ռահվիրայ ես, կրնաս Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը յաճախել։ Կրնաս Բեթէլին մէջ ծառայել կամ աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու մասնակցիլ։ Քէյթլին անունով պատանի ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Մկրտութենէս ետք կրցայ հոգեւորապէս աճիլ, քանի որ ծառայութեան մէջ շատ ժամանակ անցուցի փորձառու եղբայրներու եւ քոյրերու հետ։ Անոնց օրինակը զիս մղեց, որ Աստուածաշունչը աւելի սերտեմ եւ սորվեցնելու կարողութիւնս լաւացնեմ»։
19. Ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելես, մինչ կը շարունակես հոգեւորապէս յառաջդիմել։
19 Շատ օրհնութիւններ պիտի վայելես, մինչ կը շարունակես հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Պատանեկան ուժդ պարապի պիտի չգործածես՝ անիմաստ բաներու ետեւէն ըլլալով (Ա. Յովհ. 2։17)։ Սխալ որոշումներու հետեւանքով եկած ցաւը պիտի չկրես։ Փոխարէնը, իսկական յաջողութիւն եւ երջանկութիւն պիտի գտնես (Առ. 16։3)։ Նաեւ քու լաւ օրինակդ պիտի քաջալերէ հաւատակիցներդ, ըլլան պզտի՛կ կամ մեծ (Ա. Տիմ. 4։12)։ Բայց ամէնէն կարեւորը, պիտի վայելես այն խաղաղութիւնն ու գոհունակութիւնը, որ կ’ունենանք Եհովան հաճեցնելով եւ իր մտերիմ բարեկամը ըլլալով (Առ. 23։15, 16)։
ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի
^ Եհովայի բոլոր ծառաները կ’ուրախանան, երբ պատանիներ կը մկրտուին։ Բայց անշուշտ, այս նոր աշակերտները պէտք է շարունակեն մկրտութենէն ետք ալ հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Յօդուածը բոլորիս պիտի օգնէ, որ կեդրոնանանք այն կերպերուն վրայ, որոնցմով վերջերս մկրտուած պատանի քրիստոնեաները կրնան շարունակել հոգեւորապէս հասուննալ։
^ Կարգ մը անուններ փոխուած են։
^ Անունը փոխուած է։