Ուսումնասիրութեան Յօդուած 33
Դանիէլի օրինակէն սորվէ
«Դուն Աստուծոյ սիրելին ես» (ԴԱՆ. 9։23)։
ԵՐԳ 137 Մեզի համարձակութիւն տուր
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Դանիէլ մարգարէն ինչո՞ւ բաբելոնացիներուն ուշադրութիւնը գրաւեց։
ԴԱՆԻԷԼ մարգարէն պատանի էր, երբ բաբելոնացիները զինք գերի բռնելով տարին հեռաւոր երկիր մը։ Բայց ան թշնամիներուն ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք երեւցածին նայելով, նկատեցին որ ան իշխանական ընտանիքէ կու գար եւ «բնաւ արատ չունեցող, գեղեցիկ դէմքով» մէկն էր (Ա. Թագ. 16։7)։ Այս պատճառներով, բաբելոնացիները զինք մարզեցին որ պալատին մէջ ծառայէ (Դան. 1։3, 4, 6)։
2. Եհովան Դանիէլին հանդէպ ի՞նչ կը զգար (Եզեկիէլ 14։14)։
2 Եհովան սիրեց Դանիէլը, ոչ թէ իր երեւոյթին կամ ընկերային մակարդակին համար, հապա քանի որ ան որոշած էր Եհովային ուզածին պէս մէկը ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, երբ Եհովան ըսաւ որ Դանիէլ՝ Նոյին եւ Յոբին պէս է, որոնք երկար տարիներ ծառայած էին իրեն, Դանիէլ հաւանաբար շուրջ 20 տարեկան էր։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Դանիէլը անոնց պէս արդար մէկը սեպեց (Ծն. 5։32. 6։9, 10. Յոբ 42։16, 17. կարդա՛ Եզեկիէլ 14։14)։ Եւ ան շարունակեց Դանիէլը սիրել դէպքերով լեցուն իր երկար կեանքին ընթացքին (Դան. 10։11, 19)։
3. Ի՞նչ պիտի տեսնենք այս յօդուածին մէջ։
3 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք Դանիէլի յատկութիւններէն երկուքը, որոնք զինք թանկագին ըրին Եհովային աչքին։ Նա՛խ, ատոնք պիտի նկարագրենք, եւ պիտի տեսնենք թէ ո՛ր պարագաներուն Դանիէլ ատոնք ցոյց տուաւ։ Ետքը, պիտի տեսնենք որ ի՛նչը Դանիէլին օգնեց որ ատոնք մշակէ։ Վերջաւորութեան, պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Ճիշդ է որ այս յօդուածը պատանիներուն համար գրուած է, բայց բոլորս կրնանք Դանիէլէն սորվիլ։
ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ ԴԱՆԻԷԼԻՆ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ
4. Դանիէլ ինչպէ՞ս քաջութիւն ցոյց տուաւ. օրինակ մը տուր։
4 Քաջ մարդիկը թերեւս վախնան, բայց չեն ձգեր որ ատիկա զիրենք ետ պահէ ճիշդը ընելէ։ Դանիէլ շատ քաջ պատանի էր։ Նկատի առ երկու պարագաներ, ուր քաջութիւն ցոյց տուաւ։ Առաջինը հաւանաբար պատահեցաւ բաբելոնացիները Երուսաղէմը կործանելէն շուրջ երկու տարի ետք։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը նեղացուցիչ երազ մը տեսաւ հսկայ արձանի մը մասին։ Ան խիստ կերպով ըսաւ որ իր բոլոր իմաստուն տղամարդիկը, մէջը ըլլալով՝ Դանիէլը, պիտի մեռնէին, եթէ իրեն չպատմէին երազը եւ անոր բացատրութիւնը (Դան. 2։3-5)։ Դանիէլ պէտք էր որ արագ շարժէր, թէ ոչ շատեր պիտի սպաննուէին։ Ան «մտաւ ու թագաւորէն խնդրեց, որ իրեն ժամանակ տայ, որպէս զի մեկնութիւնը թագաւորին իմացնէ» (Դան. 2։16)։ Ասիկա ընելը քաջութիւն եւ հաւատք պահանջեց։ Եւ Սուրբ Գիրքը չի յիշեր որ Դանիէլ ասկէ առաջ երազներ բացատրած էր։ Ան իր ընկերներէն՝ Սեդրաքէն, Միսաքէն եւ Աբեդնագովէն b խնդրեց որ «այս գաղտնիքին համար երկնքի Աստուծոյ գիտութիւնը խնդրեն» (Դան. 2։18)։ Եհովան ալ անոնց աղօթքներուն պատասխանեց։ Եհովային օգնութեամբ, Դանիէլ կրցաւ Նաբուգոդոնոսորի երազը բացատրել։ Այսպէս, անոնք չսպաննուեցան։
5. Ուրիշ ի՞նչ առիթով Դանիէլ քաջութեան պէտք ունեցաւ։
5 Դանիէլ հսկայ արձանին երազը բացատրելէ ժամանակ մը ետք, ուրիշ պարագայի մը մէջ եղաւ, ուր նորէն պէտք էր քաջ ըլլար։ Նաբուգոդոնոսոր ուրիշ նեղացուցիչ երազ մը տեսաւ, ուր հսկայ ծառ մը կար։ Դանիէլ քաջութեամբ թագաւորին երազին իմաստը բացատրեց, ըսելով որ ան պիտի խենթանայ եւ ժամանակ մը թագաւոր ըլլալէ պիտի դադրի (Դան. 4։25)։ Թագաւորը դիւրաւ կրնար Դանիէլը ըմբոստ նկատել եւ սպաննել տալ։ Բայց Դանիէլ քաջութեամբ երազը բացատրեց։
6. Ի՞նչ բան Դանիէլին օգնած ըլլալու էր որ քաջ ըլլայ։
6 Ի՞նչ բան Դանիէլի օգնած ըլլալու էր որ իր կեանքին ընթացքին քաջ ըլլար։ Երբ պզտիկ էր, վստահաբար իր ծնողքին օրինակէն սորվեցաւ։ Անկասկած, իր հայրն ու մայրը հնազանդած էին իսրայէլացի ծնողներուն տուած Եհովային ուղղութիւններուն եւ Օրէնքը սորվեցուցած էին Դանիէլին (Բ. Օր. 6։6-9)։ Դանիէլ ոչ միայն Օրէնքին հիմնական բաները գիտէր, ինչպէս՝ տասը պատուիրանները, հապա նաեւ սորված էր մանրամասնութիւններ, թէ իսրայէլացի մը ի՛նչ կրնայ ուտել եւ ի՛նչ չուտել (Ղեւ. 11։4-8. Դան. 1։8, 11-13) c։ Դանիէլ նաեւ սորված էր Աստուծոյ ժողովուրդին պատմութիւնը եւ գիտէր թէ ի՛նչ պատահած էր անոնց, երբ Եհովային չէին հնազանդած (Դան. 9։10, 11)։ Իր կեանքին ընթացքին տեղի ունեցած բաները ձգեցին որ ան վստահ ըլլայ թէ ի՛նչ որ ալ ըլլար, Եհովան եւ իր զօրաւոր հրեշտակները իրեն պիտի օգնէին (Դան. 2։19-24. 10։12, 18, 19)։
7. Ուրիշ ի՞նչ բան Դանիէլին օգնեց որ քաջ ըլլայ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
7 Դանիէլ կը սերտէր Աստուծոյ մարգարէներուն գրութիւնները, մէջը ըլլալով՝ Երեմիայի մարգարէութիւնները։ Իր սերտողութիւնը ետքը իրեն օգնեց որ գիտնայ, թէ Բաբելոնի մէջ հրեաներուն գերութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէր (Դան. 9։2)։ Այս մարգարէութեան կատարուիլը տեսնելով՝ անկասկած Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը զօրացաւ։ Եւ ատիկա ձգեց որ շատ քաջ ըլլայ (համեմատէ՛ Հռովմայեցիս 8։31, 32, 37-39)։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Դանիէլ միշտ կ’աղօթէր իր երկնաւոր Հօր (Դան. 6։10)։ Անոր իր մեղքերը կը խոստովանէր, իր զգացումները կ’արտայայտէր եւ իրմէ օգնութիւն կը խնդրէր (Դան. 9։4, 5, 19)։ Դանիէլ՝ մեզի պէս մարդ ըլլալով, քաջութեան յատկութիւնով չէր ծնած, հապա զայն մշակեց՝ սերտելով, աղօթելով եւ Եհովային վստահելով։
8. Ինչպէ՞ս կրնանք քաջութիւն մշակել։
8 Քաջութիւն մշակելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Մեր ծնողները կրնան մեզ քաջալերել որ քաջ ըլլանք, բայց չեն կրնար այս յատկութիւնը մեզի ժառանգութեամբ փոխանցել։ Քաջութիւն ձեռք ձգելը կրնանք նմանցնել նոր արհեստ մը սորվելուն։ Ատիկա սորվելու համար, պէտք է ուշի–ուշով վարպետին ըրածները դիտես, եւ ետքը անոր ըրածները ընես։ Նոյն կերպով, քաջութիւն սորվելու համար, պէտք է դիտենք անոնք՝ որոնք այս յատկութիւնը ցոյց կու տան եւ ետքը անոնց պէս ընենք։ Ուրեմն, ի՞նչ սորվեցանք Դանիէլէն։ Իրեն պէս, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը լաւ գիտնանք եւ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն մշակենք՝ միշտ ազատօրէն խօսելով իրեն։ Պէտք է նաեւ Եհովային վստահինք՝ համոզուած ըլլալով որ մեզի պիտի օգնէ։ Այս բոլորը ընելէ ետք, երբ մեր հաւատքը փորձի տակ դրուի, քաջութիւն ցոյց պիտի տանք։
9. Քաջ ըլլալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։
9 Երբ քաջ ըլլանք, շատ մը կերպերով կ’օգտուինք։ Նկատի առնենք Գերմանիոյ մէջ ապրող Պենին օրինակը։ Իր դպրոցին մէջ, ամէն մարդ կը հաւատար բարեշրջութեան, եւ համոզուած էին որ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած ստեղծագործութեան պատմութիւնը հեքիաթ է։ Օրին մէկը, Պենին առիթ տրուեցաւ որ դասարանին առջեւ բացատրէ թէ ինչո՛ւ կը հաւատար ստեղծագործութեան։ Ան քաջաբար իր հաւատքին մասին խօսեցաւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Պեն կ’ըսէ. «Ուսուցիչս ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ, ետքը իմ ներկայացուցած նիւթէս օրինակներ բաժնեց իւրաքանչիւր աշակերտի»։ Իսկ իր դասընկերները ի՞նչ ըրին։ Պեն կ’ըսէ. «Անոնցմէ շատեր լաւ տպաւորուեցան եւ ըսին որ սիրեցին իրենց լսածները»։ Այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ քաջ մարդիկ սովորաբար ուրիշներուն յարգանքը կը շահին, եւ նոյնիսկ կրնան պարկեշտ սիրտ ունեցողները Եհովային մօտեցնել։ Վստահաբար, կարեւոր պատճառներ ունինք որ քաջութիւն մշակենք։
ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ ԴԱՆԻԷԼԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ
10. Ի՞նչ է հաւատարմութիւնը։
10 Երբ Աստուածաշունչը կը խօսի «հաւատարմութեան» կամ «հաւատարիմ սիրոյ» մասին, կ’ակնարկէ երկու բանի. իր բարեկամներուն հանդէպ Աստուծոյ ցոյց տուած հաւատարմութեան կամ այն հաւատարմութեան, որ Աստուծոյ ծառաները իրարու հանդէպ ունին (Բ. Թագ. 9։6, 7)։ Մեր հաւատարմութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ զօրանալ։ Տեսնենք թէ ասիկա ինչպէ՛ս պատահեցաւ Դանիէլին հետ։
11. Դանիէլ ինչպէ՞ս հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ, երբ ծեր էր (տե՛ս կողքին նկարը)։
11 Դանիէլի հաւատարմութիւնը քանի մը առիթներով փորձուեցաւ։ Բայց ամենամեծ փորձը եղաւ, երբ 90–ական տարիքի մէջ էր։ Այն ատեն, մարերն ու պարսիկները Բաբելոնը գրաւած էին եւ Դարեհ թագաւորը կ’իշխէր։ Պալատականները Դանիէլը չէին սիրեր եւ անոր Աստուածը չէին յարգեր։ Անոր համար, ծրագրեցին զինք սպաննել տալ։ Թագաւորը դրդեցին որ հրաման մը հանէ, որուն միջոցաւ Դանիէլ ցոյց պիտի տար թէ որո՛ւն հաւատարիմ էր. Աստուծո՞յ թէ ոչ թագաւորին։ Միայն 30 օր դադրելով Եհովային աղօթելէ, Դանիէլ թագաւորին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ցոյց պիտի տար եւ պիտի չպատժուէր։ Բայց ան վճռեց հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ։ Այս պատճառով, առիւծներու գուբը նետուեցաւ։ Բայց Եհովան իր հաւատարմութիւնը վարձատրեց, զինք առիւծներուն բերնէն ազատելով (Դան. 6։12-15, 20-22)։ Ինչպէ՞ս կրնանք մենք ալ Դանիէլին պէս Եհովային հաւատարիմ մնալ։
12. Դանիէլ ինչպէ՞ս Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատարմութիւն մշակեց։
12 Եհովային հաւատարիմ մնալու համար, պէտք է իրեն հանդէպ զօրաւոր սէր ունենանք։ Քանի՛ որ Դանիէլ իր երկնաւոր Հայրը շատ կը սիրէր, կրցաւ իրեն հաւատարիմ մնալ։ Անշուշտ, Դանիէլ այս սէրը մշակած էր՝ մտածելով Աստուծոյ յատկութիւններուն եւ ատոնք ինչպէ՛ս ցոյց տուած ըլլալուն մասին (Դան. 9։4)։ Ասկէ զատ, ան խոկաց այն բոլոր բարի բաներուն վրայ, որ Եհովան ըրած էր իրեն եւ իր ժողովուրդին համար։ Եւ ատոնք շատ գնահատեց (Դան. 2։20-23. 9։15, 16)։
13. ա) Մեր պատանիները հաւատքի ի՞նչ փորձութիւններ կը դիմագրաւեն. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Ինչպէս որ վիտէոն ցոյց կու տայ, ի՞նչ կրնաս ընել, երբ ուրիշներ քեզի հարցնեն, թէ Եհովայի վկաները միասեռական ապրելակերպին թիկունք կը կանգնի՛ն կամ ոչ։
13 Դանիէլի նման, մեր պատանիները շրջապատուած են Եհովային եւ իր չափանիշներուն հանդէպ յարգանք չունեցող անհատներով։ Այս անհատները չեն հաւնիր ոեւէ մէկը, որ կ’ըսէ թէ ինք Աստուած կը սիրէ։ Ոմանք նոյնիսկ նեղութիւն կու տան մեր պատանիներուն եւ անոնց վրայ կը ճնշեն որ Եհովային անհաւատարիմ ըլլան։ Տեսնենք ի՛նչ պատահեցաւ Աւստրալիայի մէջ ապրող Կրէյմ անունով պատանիի մը հետ։ Երբ երկրորդական վարժարան կ’երթար, նեղ կացութեան մատնուեցաւ։ Ուսուցչուհին աշակերտներուն հարցուց թէ ի՛նչ կ’ընեն, եթէ իրենց դասընկերներէն մէկը իրենց ըսէ որ միասեռական է։ Ետքը, խնդրեց որ անոնք որոնք այս դասընկերին վարքին հետ համաձայն են, մէկ կողմ կենան, իսկ անոնք որոնք համաձայն չեն, միւս կողմ կենան։ Կրէյմ կ’ըսէ. «Ամբողջ դասարանը միասեռականութեան կողմը դիրք բռնեց՝ ինձմէ եւ ուրիշ Վկայէ մը զատ»։ Անկէ ետք ինչ որ պատահեցաւ Եհովային հանդէպ Կրէյմի հաւատարմութիւնը փորձի տակ դրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Մօտ մէկ ժամ, միւս աշակերտները եւ նոյնիսկ ուսուցչուհին մեզ անարգեցին եւ ծաղրեցին։ Ամէն ջանքս ըրի որ հաւատքս պաշտպանեմ հանդարտ եւ տրամաբանական կերպով, բայց անոնք մէկ բառ իսկ մտիկ չըրին»։ Հաւատարմութեան այս փորձը Կրէյմի վրայ ինչպէ՞ս ազդեց։ Ան կ’ըսէ. «Այս կացութեան մէջ դրուիլը չսիրեցի։ Բայց շատ ուրախ էի որ կրցայ Եհովային հաւատարիմ մնալ եւ հաւատալիքներս պաշտպանել» d։
14. Ի՞նչ կերպով մը կրնանք Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատարմութիւն մշակել։
14 Դանիէլին պէս, ո՛րքան աւելի Եհովան սիրենք, ա՛յնքան աւելի պիտի վճռենք հաւատարիմ մնալ։ Եւ այս տեսակ սէր կը մշակենք, Եհովային յատկութիւններուն մասին սորվելով։ Օրինակ, կրնանք սերտել իր ստեղծագործութիւնը (Հռով. 1։20)։ Եթէ կը փափաքիս Եհովային հանդէպ սէրդ ու յարգանքդ աւելցնել, կրնաս կարդալ «Պատահմա՞մբ գոյացած է, թէ ոչ ծրագրուած է» յօդուածաշարքին կարճ յօդուածները կամ դիտել վիտէօները։ Նաեւ կրնաս կարդալ Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ եւ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել գրքոյկները (արաբ.)։ Տե՛ս թէ Էսթըր անունով դանիացի քոյր մը ի՛նչ կ’ըսէ մեր հրատարակութիւններուն մասին. «Անոնց մէջի տրամաբանութիւնը հոյակապ է։ Այդ գրքոյկները քեզի չեն ըսեր ինչի՛ հաւատաս, հապա պարզապէս իրողութիւնները կը ներկայացնեն եւ կը ձգեն որ դո՛ւն որոշում առնես»։ Իսկ նախապէս յիշուած Պենը կ’ըսէ. «Ինչ որ կարդացի հաւատքս զօրացուց։ Անիկա ինծի փաստեց որ Աստուա՛ծ է որ կեանքը ստեղծեց»։ Այս նիւթերը սերտելէ ետք, հաւանաբար համաձայնիս Աստուածաշունչի այս խօսքին հետ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր» (Յայտ. 4։10բ) e։
15. Եհովայի հետ մտերիմ բարեկամութիւն մշակելու ուրիշ ի՞նչ կերպ կայ։
15 Եհովային հանդէպ զօրաւոր սէր մշակելու ուրիշ կերպ մըն է՝ իր Որդիին՝ Յիսուսին մասին աւելի սերտել։ Գերմանիոյ մէջ, Սամիրա անունով պատանուհի քոյր մը ասիկա ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Յիսուսին միջոցաւ ա՛լ աւելի ճանչցայ Եհովան»։ Երբ պզտիկ էր, Սամիրան դժուարութիւն ունէր հասկնալու թէ Եհովան զգացումներ ունի։ Բայց համոզուած էր որ Յիսուս ունի զգացումներ։ Ան կ’աւելցնէ. «Կը սիրէի Յիսուսը, քանի որ բարեկամական էր եւ պզտիկները կը սիրէր»։ Սամիրան Յիսուսի մասին ո՛րքան աւելի սորվեցաւ, ա՛յնքան աւելի Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը զօրացաւ։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Կամաց–կամաց հասկցայ որ Յիսուս կատարեալ կերպով իր Հայրը կ’ընդօրինակէ։ Անոնք իրար շատ կը նմանին։ Անդրադարձայ որ ասիկա պատճառներէն մէկն էր, թէ ինչո՛ւ համար Եհովան Յիսուսը երկիր ղրկեց. որպէսզի մարդիկ կարենային Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ» (Յովհ. 14։9)։ Եթէ կ’ուզես Եհովային հետ քու կապդ զօրացնել, ժամանակ տուր որ Յիսուսին մասին աւելի սորվիս։ Եթէ ասիկա ընես, Եհովայի հանդէպ սէրդ ու հաւատարմութիւնդ պիտի աճի։
16. Հաւատարիմ ըլլալով, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (Սաղմոս 18։25. Միքիա 6։8)։
16 Հաւատարիմ անհատները յաճախ մտերիմ եւ մնայուն բարեկամութիւններ կ’ունենան (Հթ. 1։14-17)։ Ասկէ զատ, Եհովային հաւատարիմ եղողները ներքին խաղաղութիւն կ’ունենան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան կը խոստանայ որ իրեն հաւատարիմ եղողներուն հետ հաւատարիմ պիտի ըլլայ (կարդա՛ Սաղմոս 18։25 f. Միքիա 6։8 g)։ Մէկ հատ մտածէ. Ամենակալ Ստեղծիչը կը խոստանայ որ մեզ միշտ պիտի սիրէ, եւ թէ ո՛չ փորձութիւնները, ո՛չ հակառակորդները, ո՛չ ալ մահը կրնան մեզ իրմէ զատել (Դան. 12։13. Ղուկ. 20։37, 38. Հռով. 8։38, 39)։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ Դանիէլը ընդօրինակենք եւ Եհովային հաւատարիմ մնանք։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԴԱՆԻԷԼԷՆ ՍՈՐՎԻԼ
17-18. Ուրիշ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դանիէլէն։
17 Այս յօդուածին մէջ Դանիէլի յատկութիւններէն միայն երկուքը տեսանք, բայց տակաւին շատ բաներ կրնանք սորվիլ իրմէ։ Օրինակ, Եհովան Դանիէլին տուաւ տեսիլքներ եւ երազներ, նաեւ՝ մարգարէական պատգամներ բացատրելու կարողութիւնը։ Այս մարգարէութիւններէն շատերը արդէն կատարուած են, իսկ ուրիշներ մանրամասնութիւններ կու տան ապագայ դէպքերու մասին, որոնք ամէն մէկուս վրայ պիտի ազդեն։
18 Յաջորդ յօդուածին մէջ, Դանիէլի կողմէ արձանագրուած երկու մարգարէութիւններ պիտի քննարկենք։ Ատոնք հասկնալը պիտի օգնէ մեր բոլորին,– ըլլանք երիտասարդ կամ տարեց,– որ հիմա լաւ որոշումներ առնենք։ Այս մարգարէութիւնները նաեւ մեր քաջութիւնը եւ հաւատարմութիւնը պիտի աւելցնեն, որպէսզի մօտ ապագային ըլլալիք փորձութիւններուն պատրաստուած ըլլանք։
ԵՐԳ 54 Պէտք է հաւատք ունենանք
a Ներկայիս, Եհովային ծառայող պատանիները իրենց քաջութիւնը եւ Եհովային հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը փորձի տակ դնող պարագաներէ կ’անցնին։ Թերեւս իրենց դասընկերները վրանին խնդան, քանի որ ստեղծագործութեան կը հաւատան։ Կամ նոյնիսկ ծաղրեն, քանի որ Աստուծոյ կը ծառայեն եւ անոր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին։ Բայց այս յօդուածը ցոյց պիտի տայ որ անոնք՝ որոնք Դանիէլ մարգարէն կ’ընդօրինակեն եւ քաջութեամբ ու հաւատարմութեամբ Եհովային կը ծառայեն, իրապէս իմաստուն են։
b Այս անունները բաբելոնացիներուն կողմէ իրենց տրուեցան։
c Դանիէլ երեք հաւանական պատճառներ ունէր որ մերժէր բաբելոնական ճաշեր ուտել. 1) Հաւանաբար միսերը Օրէնքին կողմէ արգիլուած անասուններու միսեր էին (Բ. Օր. 14։7, 8)։ 2) Թերեւս միսը կը պատկանէր անասունի մը, որուն արիւնը Օրէնքին համաձայն չէր թափուած (Ղեւ. 17։10-12)։ 3) Այդ ուտելիքները ուտելը կրնար նկատուիլ չաստուածի մը պաշտամունքին մասնակցիլ (համեմատէ՛ Ղեւտացւոց 7։15 եւ Ա. Կորնթացիս 10։18, 21, 22)։
d Դիտէ՛‘Արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’ վիտէոն՝ jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։
e Եհովային հանդէպ սէրդ աւելցնելու համար, կրնաս նաեւ սերտել Եհովայի մօտեցիր գիրքը (արաբ.), որ խորունկ կերպով կը քննարկէ Եհովայի յատկութիւնները եւ անձնաւորութիւնը։
f Սաղմոս 18։25, ՆԹ. «Տէ՜ր, իմ Աստուա՛ծս, հաւատարիմ մարդուն հանդէպ հաւատարիմ կ’ըլլաս, կատարեալին հանդէպ՝ կատարեալ»։