Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ կողակիցդ պոռնկագրութիւն կը դիտէ

Երբ կողակիցդ պոռնկագրութիւն կը դիտէ
  • «Ամուսինս անդադար շնութիւն կ’ընէր»։

  • «Տգեղ եւ անարժէք կը զգայի»։

  • «Չէի կրնար մէկու մը հետ այս նիւթին մասին խօսիլ։ Մինակս կը չարչարուէի»։

  • «Կը զգայի որ Եհովան ինձմով հետաքրքրուած չէ»։

Այս խօսքերը ցոյց կու տան որ կինը շատ կը չարչարուի, երբ իր ամուսինը պոռնկագրութիւն կը դիտէ։ Եւ եթէ ասիկա գաղտնաբար կ’ընէ, թերեւս ամիսներով կամ տարիներով, կինը կրնայ զգալ որ այլեւս չի կրնար իրեն վստահիլ։ Օրինակ, կին մը ըսաւ. «Ես ինծի հարց կու տայի. ‘Այս մարդը որ քովս է, ո՞վ է։ Արդեօք ուրիշ բաներ ալ ինձմէ կը պահէ՞’»։

Այս յօդուածը պատրաստուած է կնոջ մը համար, որուն ամուսինը պոռնկագրութիւն կը դիտէ a։ Անիկա պիտի քննարկէ աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք կինը կը մխիթարեն, կը վստահեցնեն որ Եհովան իրեն թիկունք պիտի կանգնի եւ կ’օգնեն որ զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ բուժուի b։

ԱՆՄԵՂ ԿՈՂԱԿԻՑԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ԸՆԵԼ

Ճիշդ է որ չես կրնար ամուսինիդ ամէն մէկ ըրածը հակակշռի տակ առնել, բայց կան բաներ որոնք կրնաս ընել աւելի խաղաղութիւն ունենալու համար։ Նկատի առ թէ ատոնք ի՛նչ են։

Ինքզինքդ մի՛ մեղադրեր։ Թերեւս կին մը զգայ որ իր ամուսինը իր պատճառաւ պոռնկագրութիւն կը դիտէ։ Ալիսը c զգաց որ իր ամուսինին աչքին ինք պակաս բան մը ունէր։ Ան հարց կու տար. ‘Ինչո՞ւ ամուսինս ինծի նայելու տեղ, ուրիշ կիներու կը նայի’։ Կարգ մը կիներ ինքզինքնին կ’այպանեն՝ մտածելով թէ իրենց բարկանալովը պարագան աւելի գէշ կը դարձնեն։ Տէնյըլ կ’ըսէ. «Կը զգայի որ շատ կը ջղայնանայի, եւ ասիկա կը ձգէր որ ամուսնութիւնս քանդուէր»։

Եթէ դուն այդպէս կը զգաս, գիտցիր որ Եհովան քեզ պատասխանատու չի սեպեր ամուսինիդ ըրածներուն համար։ Յակոբոս 1։14–ը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած» (Հռով. 14։12. Փլպ. 2։12)։ Եհովան քեզ չի մեղադրեր, հապա կ’արժեւորէ իրեն հանդէպ ունեցած հաւատարմութիւնդ (Բ. Մն. 16։9

Նաեւ օգտակար է հասկնալը որ եթէ ամուսին մը պոռնկագրութիւն կը դիտէ, ասիկա չի նշանակեր որ իր կինը պակաս բան մը ունի։ Այս նիւթին մասին մասնագէտներ կ’ըսեն, որ պոռնկագրութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ անհատ մը ունենայ սեռային փափաքներ, որ ո՛չ մէկ կին կրնայ գոհացնել։

Չափէն աւելի մի՛ մտահոգուիր։ Քաթրինը ըսաւ որ ամբողջ ժամանակը իր ամուսինին ըրածին մասին մտածելը իր կեանքը մաշեցուց։ Ֆրէնսեսը ըսաւ. «Երբ չեմ գիտեր թէ ամուսինս ուր է, շատ կը մտահոգուիմ։ Եւ ասիկա լման օրը կը տեւէ»։ Ուրիշ կիներ կ’ըսեն որ ամօթ կը զգան, երբ եղբայրներու կամ քոյրերու հետ կ’ըլլան, որոնք թերեւս գիտեն իրենց ամուսինին խնդիրը։ Ուրիշներ ալ կ’ըսեն որ մինակ կը զգան, քանի որ կը զգան թէ մէ՛կը չի հասկնար իրենց պարագան։

Այսպէս զգալը բնական է։ Բայց եթէ միշտ մտածես այս բաներուն մասին, աւելի մտահոգ պիտի ըլլաս։ Այսպէս ընելու տեղ, փորձէ Եհովային հետ քու փոխյարաբերութեանդ վրայ կեդրոնանալ։ Ասիկա ընելը քեզի պիտի օգնէ որ կարենաս տոկալ (Սաղ. 62։2. Եփ. 6։10

Թերեւս օգտակար գտնես կարդալ ու խոկալ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած այն կիներուն մասին, որոնք մխիթարուեցան Եհովային աղօթելով։ Ան միշտ իրենց պարագաները չփոխեց, բայց իրենց խաղաղութիւն տուաւ։ Օրինակ, Աննան «տրտմալից հոգի» ունէր իր նեղ պարագային պատճառաւ։ Բայց ‘Տէրոջը առջեւ իր աղօթքը երկնցնելէ’ ետք, ան խաղաղութիւն ունեցաւ, թէեւ տակաւին չէր գիտեր թէ ապագային իրեն հետ ի՛նչ պիտի ըլլար (Ա. Թագ. 1։10, 12, 18. Բ. Կոր. 1։3, 4

Թերեւս պէտք ըլլայ որ ամուսինն ու կինը երէցներուն օգնութեան դիմեն

Կրնաս ժողովքի երէցներէն օգնութիւն խնդրել։ Անոնք «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս» կրնան ըլլալ (Եսա. 32։2)։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ քեզ քաջալերեն որ քրոջ մը հետ խօսիս, որուն կրնաս վստահիլ եւ կրնայ քեզ մխիթարել (Առ. 17։17

ԿՐՆԱ՞Ս ԻՐԵՆ ՕԳՆԵԼ

Կրնա՞ս ամուսինիդ օգնել, որ պոռնկագրութիւն դիտելու իր սովորութիւնը կեցնէ։ Թերեւս։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ խնդիր մը լուծելու կամ զօրաւոր թշնամիի մը դէմ դնելու համար, «երկուքը մէկէն աղէկ է» (Ժող. 4։9-12)։ Ուսումնասիրութիւններն ալ ցոյց կու տան, որ ընդհանրապէս արդիւնքը լաւ կ’ըլլայ, երբ զոյգը միասին աշխատի պոռնկագրութեան մոլութիւնը յաղթահարելու եւ իրենց ամուսնութեան մէջ վստահութիւնը ետ բերելու համար։

Անշուշտ, ամէն բան կախեալ է կողակիցէդ։ Ան կ’ուզէ՞ եւ ջանք կը թափէ՞ որ պոռնկագրութիւն դիտելէ կենայ։ Արդեօք Եհովային աղաչե՞ց որ զինք զօրացնէ, եւ երէցներէն օգնութիւն խնդրե՞ց (Բ. Կոր. 4։7. Յակ. 5։14, 15)։ Արդեօք ան ծրագիր մը դրա՞ծ է որ իրեն կ’օգնէ պոռնկագրութենէն հեռու մնալու։ Օրինակ, սահմաններ դրա՞ծ է իր ելեկտրոնային սարքերը գործածելու նկատմամբ, եւ զինք փորձող պարագաներէ հեռու կը մնա՞յ (Առ. 27։12)։ Ան պատրա՞ստ է օգնութիւնդ ընդունելու եւ հետդ շատ անկեղծ ըլլալու։ Եթէ այսպէս ընէ, թերեւս կրնաս իրեն օգնել։

Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ օրինակ մը։ Ֆէլիշան ամուսնացաւ Իթընին հետ, որ իր մանկութեան ատեն պոռնկագրութեան մոլի դարձած էր։ Ֆէլիշան իրեն կ’օգնէ որ ազատօրէն արտայայտուի, երբ պոռնկագրութիւն դիտելու ցանկութիւնը ունենայ։ Իթըն կը բացատրէ. «Ես անկեղծօրէն եւ ազատօրէն կնոջս հետ կը խօսիմ։ Ինքն ալ ինծի կ’օգնէ որ սահմաններ դնեմ եւ միշտ ինձմով կը հետաքրքրուի։ Նաեւ ինծի կ’օգնէ որ ինթըրնէթը չափաւորութեամբ գործածեմ»։ Բնականաբար, Ֆէլիշան ցաւ կը զգայ, գիտնալով որ Իթընին մէջ պոռնկագրութիւն դիտելու փափաքը կայ։ «Բայց բարկութեան եւ ցաւի զգացումներս իրեն օգտակար չեն դառնար որ այս գէշ սովորութենէն ձերբազատուի։ Իր խնդիրը քննարկելէ ետք, պատրաստ կ’ըլլայ որ ինծի օգնէ, որ իմ ցաւս յաղթահարեմ», կ’ըսէ ան։

Այսպիսի խօսակցութիւններ կրնան ոչ միայն ամուսինին օգնել որ պոռնկագրութենէն հեռու մնայ, հապա նաեւ կնոջ կ’օգնեն որ իրեն նորէն վստահի։ Ի վերջոյ, երբ ամուսինը՝ առանց իր կնոջմէն պահելու, անկեղծօրէն կը խօսի իր տկարութիւններուն, ամէն օր իր ըրածներուն եւ իր գացած տեղերուն մասին, կնոջ համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ իրեն վստահիլ։

Կը կարծե՞ս որ կրնաս նոյն կերպով ամուսինիդ օգնել։ Եթէ այո, կրնաք այս յօդուածը միասին կարդալ ու քննարկել։ Իր նպատակը պէտք է ըլլայ պոռնկագրութիւնը դիտելը կեցնել եւ ետ վստահութիւնդ շահիլ։ Ջանք պէտք է ընէ հասկնալու թէ այս խնդիրը քեզի ինչպէ՛ս կ’ազդէ, փոխանակ ջղայնանալու, քանի որ կ’ուզես իր խնդիրին մասին խօսիլ։ Իսկ քու նպատակդ պէտք է ըլլայ իր ջանքերուն մէջ իրեն օգնել եւ իրեն առիթ տալ որ ետ վստահութիւնդ շահի։ Եւ երկուքդ ալ պէտք է գիտնաք, թէ ի՛նչ բան կը ձգէ որ մէկը պոռնկագրութեան մոլին դառնայ եւ թէ այս խնդիրը ինչպէ՛ս կարելի է յաղթահարել d։

Եթէ կը վախնաք որ ձեր խօսակցութիւնը կռիւի դառնայ, կրնաք օգնութիւն խնդրել երէցէ մը (որուն հետ երկուքդ ալ հանգիստ կը զգաք) որ որոշ ժամանակ մը պոռնկագրութեան մասին խօսած ատեն ձեզի հետ ըլլայ։ Ձեր միտքը պահեցէք որ նոյնիսկ եթէ կողակիցդ պոռնկագրութիւն դիտելէ կեցած է, կրնայ բաւական ժամանակ առնել մինչեւ որ ձեր միջեւ եղած վստահութիւնը ետ գայ։ Մի՛ յանձնուիք։ Նկատեցէք պզտիկ բաներ, որոնք ձեր փոխյարաբերութեան մէջ բարելաւած էք։ Յուսացէք որ ժամանակի ընթացքին եւ համբերութեամբ, ձեր ամուսնութիւնը նորէն զօրաւոր պիտի ըլլայ (Ժող. 7։8. Ա. Կոր. 13։4

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ ԵԹԷ ԽՆԴԻՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Եթէ ամուսինդ որոշ ժամանակ պոռնկագրութիւնը կեցնելէ ետք, ետ սկսի դիտել, ասիկա ըսե՞լ է որ ան չէ զղջացած կամ իր պարագան անյոյս է։ Պայման չէ։ Մանաւանդ քանի՛ որ պոռնկագրութիւնը մոլութիւն մըն է, ան թերեւս ստիպուի իր ամբողջ կեանքին ընթացքին այս պայքարը մղել։ Թերեւս նոյնիսկ տարիներ ետք ետ սկսի պոռնկագրութիւն դիտել։ Ապագային այս խնդիրին մէջ չիյնալու համար, ան պէտք է շարունակէ ինքն իրեն խիստ օրէնքներ դնել, նոյնիսկ եթէ այնպէս կ’երեւի որ այս խնդիրէն ձերբազատուած է (Առ. 28։14. Մատ. 5։29. Ա. Կոր. 10։12)։ Ամուսինդ պէտք է ‘իր տիրապետող մտածելակերպը նորոգէ’ եւ սորվի ‘ատել չարութիւնը’, այսինքն՝ պոռնկագրութիւնը եւ անոր հետ կապ ունեցող որեւէ անմաքուր սովորութիւններ, ինչպէս՝ գիջութիւնը (Եփ. 4։23. Սաղ. 97։10. Հռով. 12։9)։ Ան պատրա՞ստ է այս կէտերուն մէջ ջանք թափելու։ Եթէ այո, թերեւս ի վերջոյ կարենայ այս գէշ սովորութենէն ձերբազատուիլ e։

Կեդրոնացիր Եհովային հետ փոխյարաբերութեանդ վրայ

Բայց ի՞նչ պիտի ընես եթէ կողակիցդ չուզէ պոռնկագրութիւնը կեցնել։ Հասկնալի է որ թերեւս կրկին անգամ յուսախաբ ըլլաս, բարկանաս եւ դաւաճանուած զգաս։ Հոգդ Եհովային յանձնէ, ինչ որ քեզի պիտի օգնէ որ մտքի խաղաղութիւն ունենաս (Ա. Պետ. 5։7)։ Շարունակէ Եհովային մօտենալ՝ սերտելով, աղօթելով եւ խոկալով։ Այսպէս ընելով, վստահ եղիր որ Եհովան ալ քեզի պիտի մօտենայ։ Ինչպէս որ Եսայի 57։15–ը կ’ըսէ, Ան կը բնակի «կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցող»ներուն հետ, եւ անոնց հոգին կը նորոգէ։ Ջանք թափէ որ կարելի եղածին չափ լաւ քրիստոնեայ մը ըլլաս։ Երէցներէն օգնութիւն խնդրէ եւ շարունակէ յուսալ որ օրին մէկը ամուսինդ սրտանց փոխուի (Հռով. 2։4. Բ. Պետ. 3։9

a Նիւթը պարզ պահելու համար, այս յօդուածին մէջ պիտի սեպենք որ պոռնկագրութիւն դիտողը ամուսինն է։ Բայց հոս յիշուած շատ մը սկզբունքներ կրնան նաեւ ամուսինի մը օգնել, որուն կինը պոռնկագրութիւն կը դիտէ։

b Սուրբ Գիրքին համաձայն, կողակիցներ չեն կրնար ամուսնալուծուիլ պոռնկագրութեան պատճառաւ (Մատ. 19։9

c Անունները փոխուած են։

d Օգտակար տեղեկութիւններ կարելի է գտնել jw.org կայքին վրայ եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Օրինակ, տե՛ս «Պոռնկագրութիւնը կրնայ ամուսնութիւնդ քանդել» (արաբ.)՝ jw.org կայքին վրայ. «Կրնա՛ս փորձութեան դէմ դնել»՝ Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2014 թիւին մէջ, էջ 10-12. եւ «Պոռնկագրութիւնը անվնա՞ս է, թէ ոչ թոյն է»՝ Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2013 թիւին մէջ, էջ 3-7։

e Քանի՛ որ պոռնկագրութիւնը մոլութիւն մըն է, կարգ մը զոյգեր որոշած են ոչ միայն երէցներու օգնութեան դիմել, հապա նաեւ՝ մասնագէտներու օգնութեան։