Ուսումնասիրութեան Յօդուած 36
Ինչ որ կրնաս շալկէ եւ միւսները վրայէդ հանէ
«Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք. . . ։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը [«մրցավազքը», ՆԱ]» (ԵԲ. 12։1)։
ԵՐԳ 38 Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Եբրայեցիս 12։1–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի կեանքի մրցավազքը աւարտենք։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ քրիստոնեաներուն կեանքը կը նմանցնէ մրցավազքի։ Այն վազողները, որոնք աւարտագիծին կը հասնին, յաւիտենական կեանք կ’ունենան (Բ. Տիմ. 4։7, 8)։ Պէտք է ամէն ջանք ընենք որ շարունակենք վազել, մանաւանդ քանի որ աւարտագիծին շատ մօտ ենք։ Պօղոս առաքեալ, որ կրցաւ կեանքի մրցավազքը աւարտել, ըսաւ որ ի՛նչը մեզի պիտի օգնէ որ մենք ալ մրցավազքը յաղթենք։ Ան գրեց. «Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք. . . ։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը [«մրցավազքը», ՆԱ]» (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։1)։
2. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգել’։
2 Երբ Պօղոս գրեց որ «ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք», ըսել ուզեց որ քրիստոնեայ մը կրելիք բեռ չունի՞։ Ո՛չ, հապա ըսել ուզեց որ պէտք չէ շալկենք որեւէ ծանրութիւն, որուն պէտք չունինք։ Այս տեսակ ծանրութիւն կրնայ մեզ դանդաղեցնել եւ յոգնեցնել։ Կեանքի մրցավազքին մէջ տոկալու համար, պէտք է անմիջապէս որեւէ անտեղի ծանրութիւն նկատենք եւ մեր վրայէն հանենք։ Բայց միեւնոյն ատեն պէտք չէ մէկ կողմ դնենք բեռներ, որոնք պէտք է շալկենք, թէ ոչ կրնանք մրցավազքէն դուրս ելլել (Բ. Տիմ. 2։5)։ Լաւ, ի՞նչ բեռներ պէտք է շալկենք։
3. ա) Գաղատացիս 6։5–ի համաձայն, ի՞նչ բան պէտք է շալկենք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։
3 Կարդա՛ Գաղատացիս 6։5։ Պօղոս խօսեցաւ բանի մը մասին որ պէտք է շալկենք։ Ան գրեց որ «ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ Հոս Պօղոս կ’ակնարկէր այն անձնական բեռին, որ մենք Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու ենք կրելու։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ կը նշանակէ հոս յիշուած «բեռը» եւ ինչպէ՛ս կրնանք զայն շալկել։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ ծանրութիւններ կը շալկենք բայց պէտք չունինք անոնց, եւ պիտի սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք անոնք մեր վրայէն հանել։ Այս բաները ընելով, պիտի կարենանք կեանքի մրցավազքը աւարտել։
ԲԵՌՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ՊԷՏՔ Է ՇԱԼԿԵՆՔ
4. Ինչո՞ւ մեր նուիրումի ուխտը ծանրութիւն չէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
4 Մեր նուիրումի ուխտը։ Երբ Եհովային նուիրուեցանք, ուխտ ըրինք որ զինք պաշտենք եւ իր կամքը ընենք։ Եւ այս ուխտը պէտք է պահենք։ Ճիշդ է որ մեր նուիրումը ծանր պատասխանատուութիւն է, բայց ծանրութիւն չէ։ Ի վերջոյ, Եհովան մեզ ստեղծեց որ իր կամքը ընենք (Յայտ. 4։10բ)։ Ան մեր մէջ հոգեւոր պէտքեր դրաւ եւ մեզ իր պատկերովը ստեղծեց։ Անոր համար, մենք կրնանք իրեն մօտենալ եւ ուրախանալ իր կամքը ընելով (Սաղ. 40։8)։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ կամքը ընելով եւ իր Որդիին հետեւելով, կը ‘հանգչինք’ (Մատ. 11։28-30)։
5. Ի՞նչ բաներ կրնան քեզի օգնել որ նուիրումի ուխտդ կատարես (Ա. Յովհաննէս 5։3)։
5 Ինչպէ՞ս կրնաս այս բեռը շալկել։ Երկու բաներ քեզի պիտի օգնեն։ Առաջին, շարունակէ Եհովային հանդէպ սէրդ զօրացնել։ Այսպէս կրնաս ընել՝ խոկալով այն բոլոր բարի բաներուն վրայ, որ ինք քեզի համար ըրած է, եւ այն օրհնութիւններուն վրայ, որ ապագային քեզի կը սպասեն։ Եհովային հանդէպ սէրդ ո՛րքան աւելի զօրանայ, ա՛յնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ իրեն հնազանդիս (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Երկրորդ, Յիսուսը ընդօրինակէ։ Ան կրցաւ Եհովային կամքը ընել, քանի որ աղօթքով իրմէ օգնութիւն խնդրեց եւ կեդրոնացաւ իր վարձատրութեան վրայ (Եբ. 5։7. 12։2)։ Յիսուսին պէս աղօթքով Եհովայէն զօրութիւն խնդրէ, եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը մտքիդ մէջ վառ պահէ։ Ուրեմն, Աստուծոյ հանդէպ սէրդ աւելցնելով եւ իր Որդին ընդօրինակելով, պիտի կարենաս նուիրումի ուխտդ կատարել։
6. Ինչո՞ւ պէտք է մեր ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն հոգ տանինք։
6 Մեր ընտանեկան պարտաւորութիւնները։ Մեր կեանքի մրցավազքին մէջ, պէտք է Եհովան եւ Յիսուսը մեր ազգականներէն աւելի սիրենք (Մատ. 10։37)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ մեր ընտանեկան պատասխանատուութիւնները պիտի անտեսենք, մտածելով որ անոնք մեզ ետ կը պահեն Աստուած եւ Քրիստոսը հաճեցնելէն։ Ընդհակառակը, որպէսզի իրենց կողմէ ընդունելի ըլլանք, պէտք է մեր ընտանիքին հանդէպ մեր պատասխանատուութիւնները կատարենք (Ա. Տիմ. 5։4, 8)։ Երբ ասիկա ընենք, ուրախ պիտի ըլլանք։ Եհովան գիտէ թէ երբ ամուսինը եւ կինը իրարու հետ սիրով եւ յարգանքով վարուին, եւ ծնողները իրենց զաւակները սիրեն եւ զանոնք մարզեն, եւ երբ զաւակները իրենց ծնողքին հնազանդին, բոլորն ալ ուրախ պիտի ըլլան (Եփ. 5։33. 6։1, 4) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
7. Ինչպէ՞ս կրնաս ընտանիքիդ մէջ քու դերդ կատարել։
7 Ինչպէ՞ս կրնաս այս բեռը շալկել։ Ընտանիքիդ մէջ դերդ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Աստուածաշունչին մէջ գտնուած իմաստութեան վստահէ, փոխանակ վստահելու քու զգացումներուդ, մշակոյթիդ, կամ «մասնագէտներ»ուն ըսածներուն (Առ. 24։3, 4)։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած հրատարակութիւններէն օգտուէ։ Անոնց մէջ կան գործնական թելադրութիւններ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել։ Օրինակի համար, «Օգնութիւն ընտանիքներուն» յօդուածաշարքը պատրաստուած է օգնելու համար զոյգերուն, ծնողներուն եւ պատանիներուն, որպէսզի իրենց դիմագրաւած խնդիրներուն հետ գլուխ ելլեն b։ Ուրեմն, վճռէ գործադրել ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, նոյնիսկ եթէ ընտանիքիդ միւս անդամները ատիկա չեն ըներ։ Եթէ դուն ընես, ընտանիքդ պիտի օգտուի եւ Եհովային օրհնութիւնը պիտի վայելես (Ա. Պետ. 3։1, 2)։
8. Մեր որոշումները ինչպէ՞ս կ’ազդեն մեզի։
8 Մեր որոշումներուն համար պատասխանատուութիւնը կրել։ Եհովան մեզի ազատ կամք տուած է եւ կ’ուզէ որ մեր առած ճիշդ որոշումներուն օգուտները վայելենք։ Միեւնոյն ատեն, ան մեր առած սխալ որոշումներուն հետեւանքներէն մեզ չի պաշտպաներ (Գաղ. 6։7, 8)։ Այդ պատճառով, մենք կ’ընդունինք մեր սխալ ընտրութիւններուն, անմիտ խօսքերուն եւ արագօրէն առած որոշումներուն հետեւանքները։ Եթէ ասոնցմէ մէկը ըրած ենք, թերեւս մեր խիղճը մեզ տանջէ։ Բայց երբ յիշենք որ մենք մեր որոշումներուն համար պատասխանատուութիւնը կը կրենք, ասիկա մեզ կրնայ մղել որ մեր մեղքերը խոստովանինք, մեր սխալները սրբագրենք եւ սխալը կրկնելէ զգուշանանք։ Այս քայլերը առնելը մեզի պիտի օգնէ որ կեանքի ճամբուն մէջ մնանք։
9. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ սխալ որոշում առած ես (տե՛ս նաեւ նկարը)։
9 Ինչպէ՞ս կրնաս այս բեռը շալկել։ Եթէ սխալ որոշում մը առած ես, ի՞նչ կրնաս ընել։ Ընդունէ որ չես կրնար անցեալը փոխել։ Ժամանակդ եւ ուժդ պարապի մի՛ տանիր՝ փորձելով ինքզինքդ արդարացնել կամ դուն քեզ կամ ուրիշները մեղադրել քու առած սխալ որոշումներուդ համար։ Ասիկա ընելու տեղ, սխալներդ ընդունէ եւ հիմա ինչ որ կրնաս ընել ըրէ։ Իսկ եթէ յանցաւոր կը զգաս սխալի մը համար, խոնարհաբար Եհովային աղօթէ, սխալդ ընդունէ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի ներէ (Սաղ. 25։11. 51։3, 4)։ Նաեւ, ներողութիւն խնդրէ անոնցմէ որոնք վիրաւորեցիր, եւ եթէ պէտք է՝ երէցներուն օգնութիւնը խնդրէ (Յակ. 5։14, 15)։ Սխալներէդ սորվէ եւ ջանք ըրէ որ ատոնք չկրկնես։ Երբ այսպէս ընես, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի պիտի ողորմի եւ պէտք եղած օգնութիւնը պիտի տայ (Սաղ. 103։8-13)։
ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ՊԷՏՔ Է «ՄԷԿԴԻ ՁԳԵՆՔ»
10. Ինչո՞ւ ծանրութիւն է զգալը որ միշտ պէտք է աւելին ընենք։
10 Զգալը որ միշտ պէտք է աւելին ընենք։ Կրնանք մենք մեր վրայ ծանրութիւններ դնել, երբ մենք մեզ կը բաղդատենք ուրիշներուն հետ (կարդա՛ Գաղատացիս 6։4)։ Եթէ միշտ ասիկա ընենք, կրնանք նախանձի եւ մրցակցութեան հոգի զարգացնել (Գաղ. 5։26)։ Եթէ փորձենք ընել ինչ որ ուրիշներ կ’ընեն, թէեւ ատիկա ընելու կարողութիւնը եւ պարագաները չունինք, կրնանք մենք մեզի վնաս հասցնել։ Իսկ եթէ «ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ», ա՛լ ուր մնաց յոյս մը, որ բնաւ պիտի չիրականանայ (Առ. 13։12)։ Ատիկա պատճառ պիտի ըլլայ որ մեր ուժը լման կորսնցնենք եւ մեր կեանքի մրցավազքին մէջ դանդաղինք (Առ. 24։10)։
11. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել որ կարողութենէդ աւելին չընես։
11 Ինչպէ՞ս կրնաս այս ծանրութիւնը վրայէդ հանել։ Բնա՛ւ դուն քեզմէ մի՛ ակնկալեր ընել բան մը որ Եհովան քեզմէ չի պահանջեր, քանի որ ան չ’ուզեր որ իրեն տաս բան մը որ չունիս (Բ. Կոր. 8։12)։ Վստահ եղիր որ Եհովան քու ըրածդ չի բաղդատեր ուրիշներուն ըրածին հետ (Մատ. 25։20-23)։ Ան կ’արժեւորէ քու սրտանց ծառայութիւնդ, քու հաւատարմութիւնդ եւ քու տոկալդ։ Համեստօրէն ընդունէ որ թերեւս տարիքդ, առողջութիւնդ եւ պարագաներդ արգելք ըլլան, որ հիմա Եհովային տաս ի՛նչ որ կ’ուզես։ Բերզելիին պէս, պատրաստ եղիր առանձնաշնորհում մը մերժելու, եթէ ատիկա քեզի համար դժուար է ընել տարիքիդ կամ առողջութեանդ պատճառաւ (Բ. Թագ. 19։35, 36)։ Մովսէսին պէս, օգնութիւնը ընդունէ եւ ուրիշներուն պատասխանատուութիւններ յանձնէ, երբ յարմար ըլլայ (Ել. 18։21, 22)։ Այսպէս, համեստ ըլլալով, դուն քեզմէ պիտի չակնկալես ընել բաներ, որոնք քեզ կը յոգնեցնեն եւ չեն ձգեր որ կեանքի մրցավազքը շարունակես։
12. Ուրիշներուն առած սխալ որոշումներուն համար մե՞նք ենք պատասխանատուն. բացատրէ։
12 Ուրիշներուն առած սխալ որոշումներուն համար պատասխանատու զգալ։ Մենք չենք կրնար ուրիշներուն տեղը որոշումներ առնել, ոչ ալ միշտ կրնանք անոնց առած սխալ որոշումներուն արդիւնքներէն զիրենք պաշտպանել։ Օրինակի համար, ծնողքի մը տղան կամ աղջիկը օրին մէկը կ’որոշէ Եհովայի ծառայելէն կենալ։ Իր այդ որոշումը կրնայ իր ծնողքին մեծ ցաւ պատճառել։ Բայց այն ծնողները, որոնք ինքզինքնին կը մեղադրեն իրենց զաւակին առած սխալ որոշումին համար, իրենք իրենց վրայ մեծ ծանրութիւն մը կը դնեն։ Բայց Եհովան չ’ուզեր որ այդ ծանրութիւնը իրե՛նք շալկեն (Հռով. 14։12)։
13. Ծնողք մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ իր զաւակը սխալ որոշում մը առնէ։
13 Ինչպէ՞ս կրնաս այս ծանրութիւնը վրայէդ հանել։ Յիշէ որ Եհովան բոլորիս ազատ կամք տուած է։ Ան կը ձգէ որ ամէն անհատ իր որոշումը առնէ, մէջը ըլլալով՝ իրեն ծառայել։ Եհովան գիտէ որ դուն կատարեալ ծնող մը չես եւ միակ ուզածը այն է որ դուն լաւագոյնդ ընես։ Քու զաւակիդ ըրած ընտրութիւնը ի՛ր պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ՝ քուկդ (Առ. 20։11)։ Ասով հանդերձ, թերեւս շարունակես մտածել որպէս ծնողք ըրած սխալներուդ մասին։ Եթէ այսպէս կը զգաս, Եհովային պատմէ քու զգացումներդ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի ներէ։ Ան գիտէ որ անցեալը չես կրնար փոխել։ Միեւնոյն ատեն, ան չ’ակնկալեր որ զաւակդ պաշտպանես իր ըրածներուն հետեւանքներէն։ Միտքդ պահէ որ այն օրը որ քու զաւակդ ջանք թափէ որ Եհովային վերադառնայ, ան ուրախութեամբ զինք պիտի ընդունի (Ղուկ. 15։18-20)։
14. Չափէ աւելի յանցաւոր զգալը ինչո՞ւ ծանրութիւն մըն է, որ պէտք է մեր վրայէն հանենք։
14 Չափէն աւելի յանցաւոր զգալը։ Երբ մեղք գործենք, բնական է որ յանցաւոր զգանք։ Բայց Եհովան չ’ուզեր որ չափէն աւելի յանցաւոր զգանք։ Այդ ծանրութիւնը պէտք է մեր վրայէն հանենք։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ եթէ չափէ դուրս յանցաւոր կը զգանք։ Եթէ մեր մեղքը խոստովանեցանք, զղջացինք եւ քայլեր առինք որ մեր մեղքը չկրկնենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի ներած է (Գործք 3։19)։ Այդ քայլերը առնելէ ետք, Եհովան չ’ուզեր որ շարունակենք յանցաւոր զգալ, քանի որ ան գիտէ թէ այս տեսակ զգացում որքա՜ն կրնայ քանդել անհատը (Սաղ. 31։10)։ Եթէ չափէ դուրս տխուր ըլլանք, կրնանք մեր կեանքին մրցավազքը չաւարտել (Բ. Կոր. 2։7)։
15. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել որ չափազանց յանցաւոր չզգաս (Ա. Յովհաննէս 3։19, 20) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
15 Ինչպէ՞ս կրնաս այս ծանրութիւնը վրայէդ հանել։ Երբ չափազանց յանցաւոր զգաս, Եհովային ներումին վրայ կեդրոնացիր (Սաղ. 130։4)։ Երբ ան անկեղծօրէն զղջացողներուն կը ներէ, կը խոստանայ՝ ըսելով. «Անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ» (Եր. 31։34)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ասկէ ետք, Եհովան անցեալին մեղքերուդ համար քեզմէ հաշիւ պիտի չպահանջէ։ Հետեւաբար, քու մեղքերուդ հետեւանքները մի՛ նկատեր որպէս փաստ թէ Աստուած քեզի չէ ներած։ Ոչ ալ դուն քեզ պատժէ, քանի որ ժողովքին մէջ կարգ մը պատասխանատուութիւններ կորսնցուցած ես։ Եհովան շարունակ քու մեղքերուդ մասին չի մտածեր, ոչ ալ դուն պէտք է ատիկա ընես (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։19, 20)։
ՎԱԶԷ՛ ՈՐ ՅԱՂԹԵՍ
16. Որպէս վազողներ, ի՞նչ պէտք է հասկնանք։
16 Մինչ կեանքի մրցավազքին մէջ կը վազենք, պէտք է ‘այնպէս վազենք, որ հասնինք’ (Ա. Կոր. 9։24)։ Ասիկա կրնանք ընել, եթէ հասկնանք թէ ո՛ր բեռները պէտք է շալկենք եւ ո՛ր ծանրութիւնները պէտք է մեր վրայէն հանենք։ Այս յօդուածին մէջ միայն քանի մը օրինակներ տեսանք, թէ ի՛նչ պէտք է կրենք եւ ի՛նչ ոչ։ Բայց անշուշտ ասոնք միակը չեն։ Յիսուս նաեւ խօսեցաւ ուրիշ ծանրութիւններու մասին, երբ ըսաւ որ ‘մեր սիրտը կրնայ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանալ’ (Ղուկ. 21։34)։ Այս եւ ուրիշ համարներ քեզի կրնան օգնել որ գիտնաս թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընես, մինչ կը շարունակես կեանքի մրցավազքին մէջ վազել։
17. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ կեանքի մրցավազքը պիտի աւարտենք։
17 Վստահ ենք որ կեանքի մրցավազքը պիտի աւարտենք, քանի որ Եհովան մեզի պէտք եղած օգնութիւնը պիտի տայ ատիկա ընելու (Եսա. 40։29-31)։ Անոր համար, մի՛ դանդաղիր։ Պօղոս առաքեալը ընդօրինակէ, որ իր ամէն ջանքը թափեց, որ կեանքի մրցավազքը աւարտէ (Փլպ. 3։13, 14)։ Ճիշդ է որ մէ՛կը չի կրնար քու տեղդ վազել, բայց Եհովային օգնութեամբ կրնա՛ս յաջողիլ։ Եհովան կրնայ քեզի օգնել որ բեռներդ կրես եւ պէտք չեղած ծանրութիւններն ալ վրայէդ հանես (Սաղ. 68։19)։ Եհովան քու կողքիդ ըլլալով, դուն պիտի կարենաս մրցավազքին մէջ համբերութեամբ վազել եւ յաղթել։
ԵՐԳ 45 Օ՛ն յառաջ
a Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ կեանքի մրցավազքը վազենք։ Որպէս վազողներ, կարգ մը բեռներ պէտք է շալկենք։ Անոնց մէջ կան՝ նուիրումի ուխտը, ընտանեկան պարտաւորութիւնները եւ մեր որոշումներուն պատասխանատուութիւնը շալկելը։ Բայց պէտք է մեր վրայէն հանենք որեւէ անտեղի ծանրութիւն որ կրնայ մեզ դանդաղեցնել։ Ի՞նչ են անոնք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։
b «Օգնութիւն ընտանիքներուն» յօդուածաշարքը (արաբ.) կրնաս գտնել jw.org կայքին մէջ։ Ամուսնացած զոյգերուն համար պատրաստուած կարգ մը յօդուածներու մէջ կան՝ «Կողակիցդ կը յարգե՞ս» եւ «Ինչպէ՞ս գնահատանք ցոյց կու տաս կողակիցիդ հանդէպ». ծնողներուն համար՝ «Զաւակդ սմարթֆոնի վտանգներէն տեղեա՞կ է» եւ «Ինչպէ՞ս կը խօսակցիս պատանի զաւակիդ հետ». իսկ պատանիներուն համար՝ «Ընկերներս վրաս կը ճնշեն. ի՞նչ ընեմ» եւ «Ինչպէ՞ս կրնամ առանձնութենէս դուրս ելլել»։