Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սերտելու Համար Առաջարկ

Սերտելու Համար Առաջարկ

Հոգեւոր գոհարներ գտիր Եհովային մասին

Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք, կրնանք սերտելու տարբեր–տարբեր գործիքներ գործածել, որպէսզի մեր կարդացածը աւելի լաւ հասկնանք։ Բայց մենք կ’ուզենք փնտռտուք ընել, ոչ միայն մեր տեղեկութիւնները աւելցնելու համար, հապա նաեւ կ’ուզենք հոգեւոր գոհարներ գտնել Եհովային անձնաւորութեան մասին, որպէսզի իրեն հանդէպ մեր սէրը աճի։ Ասիկա ընելու համար, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Սուրբ Գիրքի այս բաժինը ինծի Եհովային մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ’։

Օրինակի համար, կրնանք փնտռտուք ընել եւ տեսնել թէ Եհովան ինչպէ՛ս սէր, իմաստութիւն, արդարութիւն եւ զօրութիւն ցոյց տուած է։ Բայց Եհովան իր անձնաւորութեան մէջ միայն այս յատկութիւնները չունի։ Հապա նաեւ ունի ուրիշ հոյակապ յատկութիւններ։ Լաւ ո՞ւր կրնաս աւելի տեղեկութիւններ գտնել իր յատկութիւններուն մասին։

Կրնաս նայիլ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին, ետքը բանալ «Եհովա» վերնագիրը եւ ետքը՝ «Եհովային յատկութիւնները» ենթավերնագիրը։ Հոն պիտի գտնես աւելի քան 50 ուրիշ յատկութիւններ, որոնք Եհովան ունի։ Կեդրոնացիր այն յատկութիւններուն վրայ, որոնք Եհովան ցոյց կու տայ կարդացած բաժինիդ մէջ (եթէ միայն ունիս Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար սերտելու գործիքը, տե՛ս «Եհովա Աստուած» վերնագիրը եւ ետքը՝ «Եհովային յատկութիւնները» ենթավերնագիրը)։