Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 31

ԵՐԳ 112 Եհովան մեծ Աստուած է

Եհովան ի՞նչ ըրած է մեղաւոր մարդկութիւնը ազատելու համար

Եհովան ի՞նչ ըրած է մեղաւոր մարդկութիւնը ազատելու համար

«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ» (ՅՈՎՀ. 3։16

ՆԻՒԹ

Պիտի տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կարելի դարձուց որ մեղքին դէմ պայքարինք եւ յաւիտեան ապրինք առանց մեղքի։

1-2. ա) Մեղքը ի՞նչ է եւ ինչպէ՞ս կրնանք ատոր յաղթել (տե՛ս նաեւ «Բացատրութիւն»)։ բ) Դիտարան–ի այս թիւին մէջ գտնուող յօդուածները ի՞նչ պիտի քննարկեն (տե՛ս նաեւ «Նոթ մը ընթերցողին համար» այս թիւին մէջ)։

 Կ’ՈՒԶԵ՞Ս գիտնալ թէ Եհովա Աստուած քեզ որքա՛ն կը սիրէ։ Ահաւասիկ քեզի աղուոր կերպ մը, որ ասոր պատասխանը գիտնաս. Սերտէ թէ ան ի՛նչ ըրած է որ քեզ մեղքէն ու մահէն ազատէ։ Մեղքը a ահռելի թշնամի մըն է, որուն չես կրնար առանձինդ յաղթել։ Բոլորս ալ օրական մեղք կը գործենք, եւ ատոր համար ալ կը մեռնինք (Հռով. 5։12)։ Բայց ուրախ լուր մը կայ. Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք մեղքին յաղթել։ Իրականութեան մէջ, մենք հարիւր առ հարիւր վստահ ենք որ կրնանք յաղթել։

2 Շուրջ 6000 տարիէ ի վեր Եհովան մարդոց օգնած է, որ մեղքին դէմ պայքարին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան մեզ կը սիրէ։ Ան սկիզբէն իսկ սիրած է մարդիկը։ Անոր համար, շատ բաներ ըրած է որ անոնց օգնէ երբ մեղանչեն։ Աստուած գիտէ որ մեղքը մահուան կ’առաջնորդէ եւ ան չ’ուզեր որ մենք մեռնինք, հապա՝ որ յաւիտեան ապրինք (Հռով. 6։23)։ Եհովան կ’ուզէ որ դո՛ւն ալ յաւիտեան ապրիս։ Այս յօդուածին մէջ պիտի պատասխանենք երեք հարցումներու. 1) Եհովան ի՞նչ յոյս տուաւ մեղաւոր մարդոց։ 2) Աստուածաշունչի օրերուն, մեղաւոր մարդիկ ի՞նչ ըրին որ Եհովան հաճեցնեն։ 3) Յիսուս ի՞նչ ըրաւ որ մարդիկը ազատէ մեղքէն ու մահէն։

ԵՀՈՎԱՆ Ի՞ՆՉ ՅՈՅՍ ՏՈՒԱՒ ՄԵՂԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՑ

3. Ադամն ու Եւան ինչպէ՞ս մեղաւոր դարձան։

3 Երբ Եհովան Ադամն ու Եւան ստեղծեց, ուզեց որ անոնք ուրախ ըլլան։ Ան անոնց տուաւ ապրելու համար գեղեցիկ տեղ մը եւ զանոնք ամուսնացուց։ Ան նաեւ անոնց տուաւ հետաքրքրական նշանակում մը, որ է՝ երկիրը լեցնել իրենց սերունդովը եւ ամբողջ մոլորակը դարձնել Եդեմի պարտէզին պէս դրախտի մը։ Ան զանոնք միայն մէ՛կ բանէ արգիլեց եւ ըսաւ, որ եթէ ատոր մէջ իրեն չհնազանդին եւ իրեն դէմ ըմբոստանան՝ պիտի մեռնին։ Գիտենք ինչ եղաւ։ Չար հրեշտակ մը, որ ո՛չ Եհովան կը սիրէր եւ ո՛չ ալ զիրենք, փորձեց զիրենք համոզել որ այդ մեղքը գործեն։ Ադամն ու Եւան փորձութեան տեղի տուին։ Անոնք իրենց սիրալիր Հօր չվստահեցան եւ մեղք գործեցին։ Ինչպէս որ գիտենք, Եհովային ըսածները եղան։ Այդ օրուընէ սկսեալ, անոնք իրենց մեղքին հետեւանքները կրեցին. անոնք սկսան ծերանալ եւ ի վերջոյ մահացան (Ծն. 1։28, 29. 2։8, 9, 16-18. 3։1-6, 17-19, 24. 5։5

4. Եհովան ինչո՞ւ կ’ատէ մեղքը եւ մեզի կ’օգնէ որ ատոր դէմ պայքարինք (Հռովմայեցիս 8։20, 21

4 Եհովան այս տխուր պատմութիւնը գրել տուաւ Սուրբ Գիրքին մէջ, որպէսզի հասկնանք թէ ինք ինչո՛ւ շատ կ’ատէ մեղքը։ Քանի որ մեղքը մեզ կը բաժնէ մեր Հօրմէն եւ պատճառ կ’ըլլայ որ մեռնինք (Եսա. 59։2)։ Ճիշդ ասոր համար է, որ այս բոլոր խնդիրները պատճառող ըմբոստ Սատանան շատ կը սիրէ մեղքը եւ կը փորձէ բոլոր մարդիկը մեղքի մէջ ձգել։ Թերեւս ան կարծեց որ Եդեմի պարտէզին մէջ յաղթանակ տարաւ։ Բայց ան չհասկցաւ որ Աստուած որքա՜ն սիրալիր մէկն է։ Եհովան Ադամն ու Եւային սերունդին նկատմամբ իր նպատակը բնա՛ւ չէ փոխած։ Ան մարդիկը շատ կը սիրէ եւ անոր համար անմիջապէս անոնց յոյս մը տուաւ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։20, 21)։ Եհովան գիտէր թէ անոնց սերունդէն ոմանք զինք պիտի սիրէին եւ պիտի ուզէին իր օգնութեամբ մեղքին դէմ պայքարիլ։ Եւ անոնց Հայրն ու Ստեղծիչը ըլլալով, անոնց առիթ պիտի տար որ մեղքէն ազատին եւ իրեն մօտենան։ Լաւ, Եհովան ի՞նչ ըրաւ որ ասիկա կարելի դարձնէ։

5. Եհովան ե՞րբ է որ առաջին անգամ յոյս տուաւ մեղաւոր մարդոց, բացատրէ (Ծննդոց 3։15

5 Կարդա՛ Ծննդոց 3։15։ Եհովան առաջին անգամ յոյս տուաւ մեղաւոր մարդոց, երբ ըսաւ որ Սատանային ի՛նչ պիտի պատահի։ Ան ըսաւ որ «սերունդ» մը պիտի գայ եւ մարդիկը ազատէ։ Այս սերունդը ի վերջոյ պիտի կործանէ Սատանան եւ շտկէ այն բոլոր խնդիրները որ ան պատճառեց Եդեմի պարտէզին մէջ (Ա. Յովհ. 3։8)։ Բայց նախ Սատանան ‘պիտի խայթէր’ այդ սերունդը, այսինքն՝ զայն պիտի սպաննէր, եւ ասիկա շատ խոր ցաւ պիտի պատճառէր Եհովային։ Բայց Եհովան յօժար էր այդ ցաւին տոկալու, քանի որ ատոր շնորհիւ բազմաթիւ մարդիկ պիտի ազատէին մեղքէն ու մահէն։

ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՄԵՂԱՒՈՐ ՄԱՐԴԻԿԸ Ի՞ՆՉՊԷՍ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԵՑԱՆ

6. Աբէլին ու Նոյին նման հաւատքի տէր մարդիկ, Եհովային մօտենալու համար ի՞նչ ըրին։

6 Դարերու ընթացքին, Եհովան կամաց–կամաց յստակացուց թէ մեղաւոր մարդիկ ինչպէ՛ս կրնային իրեն մօտենալ։ Ադամն ու Եւային երկրորդ զաւակը՝ Աբէլը, առաջին մարդ արարածն էր, որ Եդեմի մէջ պատահած ըմբոստութենէն ետք Եհովային հաւատաց։ Եւ որովհետեւ ան կը սիրէր Եհովան եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել եւ անոր մօտենալ, Եհովային անասուններ զոհեց։ Աբէլ, հովիւ ըլլալով, իր գառնուկներէն առաւ, զանոնք մորթեց եւ Եհովային զոհեց։ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Ան «Աբէլին ու անոր ընծային [հաւանութեամբ] նայեցաւ» (Ծն. 4։4)։ Եհովան հաւնեցաւ նաեւ ուրի՛շ մարդոց զոհերը, մարդիկ՝ որոնք զինք կը սիրէին եւ իրեն կը վստահէին, օրինակ՝ Նոյ (Ծն. 8։20, 21)։ Այս տեսակի զոհեր ընդունելով, Եհովան ցոյց տուաւ որ մեղաւոր մարդիկ կրնային իր հաճութիւնը ունենալ եւ իրեն մօտենալ b։

7. Աբրահամին օրինակը ի՞նչ ցոյց տուաւ։

7 Աբրահամ շատ մեծ հաւատք ունէր Եհովային հանդէպ։ Եհովան իրմէ խնդրեց, որ իր տղան՝ Իսահակը՝ իրեն զոհէ։ Վստահաբար ասիկա շատ դժուար ըլլալու էր Աբրահամին համար։ Հակառակ ասոր, ան Եհովային հնազանդեցաւ։ Բայց Եհովան վերջին վայրկեանին միջամտեց։ Աբրահամին օրինակը ցոյց տուաւ, որ Եհովան ապագային պատրաստ պիտի ըլլար իր սիրելի Որդին մեզի համար զոհելու։ Եհովան ա՛յս աստիճան կը սիրէ մարդիկը (Ծն. 22։1-18

8. Օրէնքին պահանջած անասնական զոհերը ի՞նչ ցոյց տուին (Ղեւտացւոց 4։27-29. 17։11

8 Դարեր ետք, երբ Եհովան Օրէնքը տուաւ իսրայէլ ազգին, անոնց պատուիրեց որ անասուններ զոհեն, որպէսզի իրենց մեղքերը ներուին (կարդա՛ Ղեւտացւոց 4։27-29. 17։11)։ Այս զոհերը ցոյց տուին որ Եհովան աւելի լաւ բան մը պիտի զոհէր՝ մարդկութիւնը մեղքէն ամբողջովին ազատելու համար։ Աստուած իր մարգարէներուն ըսաւ որ խոստացուած սերունդին մասին գրեն, որ Աստուծոյ յատուկ մէկ Որդին պիտի ըլլար, բացատրելու համար թէ անիկա պիտի չարչարուէր եւ ոչխարի մը պէս պիտի զոհուէր (Եսա. 53։1-12)։ Երեւակայէ՛, Եհովան կարգադրեց որ իր սիրելի Որդին զոհուէր, մարդիկը մեղքէն ու մահէն ազատելու համար, մէջը ըլլալով՝ դո՛ւն։

ՅԻՍՈՒՍ Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱԶԱՏԷ ՄԵՂՔԷՆ

9. Յովհաննէս Մկրտիչը ի՞նչ ըսաւ Յիսուսին մասին (Եբրայեցիս 9։22. 10։1-4, 12

9 Ք.Ե. 29–ին, Յովհաննէս Մկրտիչը՝ Նազովրեցի Յիսուսին մասին ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհ. 1։29)։ Այս խօսքը ցոյց տուաւ, որ Յիսուս՝ Աստուծոյ խոստացած յատուկ սերունդն էր, որ իր կեանքը պիտի զոհէր մեղաւոր մարդոց համար։ Վերջապէս, Եհովային խոստացած սերունդը եկած էր, որ վերջնական յաղթանակ տանէր մեղքին վրայ (կարդա՛ Եբրայեցիս 9։22. 10։1-4, 12

10. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ մեղաւորները «կանչելու» եկած էր։

10 Յիսուս յատկապէս իր ուշադրութիւնը դարձուց այն մարդոց, որոնք իրենց մեղաւոր վիճակին պատճառաւ շատ գէշ կը զգային, եւ զիրենք հրաւիրեց որ իր հետեւորդները դառնան։ Ան գիտէր թէ մարդոց չարչարանքին բուն պատճառը մեղքն էր, եւ ատոր համար մասնաւորաբար օգնեց անոնց, որոնք իրենց մեղքերուն պատճառաւ կը չարչարուէին։ Օրինակ մը գործածելով, ան բացատրեց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն»։ Ետքը աւելցուց. «Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները» (Մատ. 9։12, 13)։ Եւ ան ճի՛շդ ասիկա է որ ըրաւ։ Երբ կին մը իր արցունքներով Յիսուսին ոտքերը լուաց, ան կնոջ հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ եւ անոր մեղքերը ներեց (Ղուկ. 7։37-50)։ Ան հորի մը քով Սամարացի կնոջ մը կարեւոր ճշմարտութիւններ սորվեցուց, թէեւ գիտէր թէ այդ կինը անբարոյ էր (Յովհ. 4։7, 17-19, 25, 26)։ Աստուած Յիսուսին նոյնիսկ զօրութիւն տուաւ, որ մեղքին ամէնէն գէշ հետեւանքը՝ մահը՝ չեղեալ ընէ։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուսին կարողութիւն տալով որ յարութիւն տայ՝ մարդոց, կիներու եւ պզտիկներու (Մատ. 11։5

11. Մեղաւոր մարդիկը ինչո՞ւ հանգիստ կը զգային Յիսուսին հետ։

11 Չենք զարմանար որ նոյնիսկ շատ մեղաւոր մարդիկ հանգիստ կը զգային Յիսուսին հետ։ Ան անոնց հետ կը զգար եւ անոնք դիւրաւ կը մօտենային իրեն (Ղուկ. 15։1, 2)։ Յիսուս այսպիսիները գովեց իրենց հաւատքին համար եւ ազնիւ բաներ ըրաւ անոնց համար (Ղուկ. 19։1-10)։ Ան հոյակապ կերպով ցոյց տուաւ որ իր Հայրը որքա՜ն ողորմութիւն ունի (Յովհ. 14։9)։ Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով ցուցուց, որ իր գթած Հայրը կը սիրէ մարդիկը եւ կ’ուզէ ամէն մէկուն օգնել, որ յաջողին մեղքին դէմ իրենց պայքարին մէջ։ Յիսուս մեղաւոր մարդոց օգնեց, որ ուզե՛ն իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել եւ իրեն հետեւիլ (Ղուկ. 5։27, 28

12. Յիսուս մահուան մասին ի՞նչ սորվեցուց։

12 Յիսուս գիտէր թէ իր կեանքը պիտի զոհէր։ Մէկէ աւելի անգամներ, ան իր հետեւորդներուն ըսաւ որ ինք պիտի մատնուէր եւ ցիցին վրայ սպաննուէր (Մատ. 17։22. 20։18, 19)։ Ան գիտէր թէ իր զոհը աշխարհին մեղքը պիտի վերցնէր, ինչպէս որ Յովհաննէս եւ անցեալի մարգարէները ըսած էին։ Յիսուս նաեւ սորվեցուց որ իր կեանքը զոհելէ ետք, ան ‘ամէնքը իրեն պիտի քաշէ’ (Յովհ. 12։32)։ Մեղաւոր մարդիկ կրնային Եհովան հաճեցնել, եթէ Յիսուսը ընդունէին որպէս իրենց Տէրը եւ անոր քայլերուն հետեւէին։ Եթէ ասոնք ընէին, ի վերջոյ ‘մեղքէ պիտի ազատուէին’ (Հռով. 6։14, 18, 22. Յովհ. 8։32)։ Ուրեմն, Յիսուս յօժարաբար ու քաջաբար ցաւալի մահ մը ճաշակեց՝ մեզ ազատելու համար (Յովհ. 10։17, 18

13. Յիսուս ինչպէ՞ս մեռաւ, եւ իր մահը մեզի ի՞նչ սորվեցուց Եհովա Աստուծոյ մասին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Յիսուս մատնուեցաւ, ձերբակալուեցաւ, նախատուեցաւ, զրպարտուեցաւ, դատապարտուեցաւ եւ նոյնիսկ չարչարուեցաւ։ Ի վերջոյ, զինուորները զինք ցիցի մը վրայ գամեցին որպէսզի մեռնի։ Մինչ ան հաւատարմօրէն տոկաց այդ բոլոր ցաւերուն, կար Մէկը որ իրմէ աւելի ցաւեցաւ։ Եհովա Աստուա՛ծ։ Ան թէ՛ զօրութիւնը եւ թէ՛ կարողութիւնը ունէր որ իր Որդիին չարչարանքին վերջ տար, բայց չըրաւ։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ բան ձգեց որ սիրալիր Հայր մը այդպէս վարուի։ Մէկ բառով՝ սէրը։ Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16

Եհովան ծայր աստիճան ցաւ զգաց, երբ թոյլ տուաւ որ իր Որդին սպաննուի, որպէսզի մենք մեղքէն ու մահէն ազատինք (տե՛ս պարբերութիւն 13)


14. Յիսուսին զոհը քեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

14 Յիսուսին զոհը մեծագոյն փաստն է, թէ Եհովան որքա՛ն կը սիրէ Ադամն ու Եւային սերունդը։ Անիկա կը փաստէ նաեւ թէ Եհովան քեզ շա՛տ շատ կը սիրէ։ Ան իր լաւագոյնը՝ իր սիրելի Որդին՝ զոհեց եւ շատ նեղութիւններու տոկաց, որ քեզ մեղքէն ու մահէն ազատէ (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Ան կ’ուզէ ամէն մէկուս օգնել, որ մեղքին դէմ պայքարինք եւ յաղթե՛նք։

15. Ի՞նչ պէտք է ընենք Յիսուսի զոհէն օգտուելու համար։

15 Աստուծոյ նուէրը՝ իր միածին Որդիին փրկանքի զոհը, կարելի կը դարձնէ որ մեր մեղքերը ներուին։ Բայց որպէսզի Աստուած մեզի ներէ պէտք է բան մը ընենք։ Ի՞նչ։ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ ետքը Յիսուս Քրիստոսը ասոր պատասխանը տուին. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է» (Մատ. 3։1, 2. 4։17)։ Ուրեմն, եթէ իրապէս կ’ուզենք մեղքէն ազատուիլ եւ մեր սիրալիր Հօր մօտենալ, պէտք է ապաշխարենք կամ զղջանք։ Բայց ի՞նչ ըսել է զղջալ, եւ ատիկա ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ մեր մեղաւոր վիճակին դէմ պայքարինք եւ Եհովան հաճեցնենք։ Յաջորդ յօդուածը ասոնց պիտի պատասխանէ։

ԵՐԳ 149 Փրկանքին համար երախտապարտ ենք

a ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Աստուածաշունչին մէջ, «մեղք» բառը կրնայ ակնարկել բաներու, որոնք կ’ընենք երբ Եհովան կ’ըսէ թէ սխալ են, կամ բաներու որոնք չենք ըներ, երբ Եհովան կ’ըսէ թէ ճիշդ են։ Բայց «մեղք» բառը նաեւ կ’ակնարկէ Ադամէն ժառանգած մեր անկատար կամ մեղաւոր վիճակին։ Մեր ժառանգած մեղքին պատճառաւ է, որ ի վերջոյ բոլորս ալ կը մեռնինք։

b Եհովան՝ Քրիստոսէ առաջ ապրած հաւատարիմ մարդոց զոհերը ընդունեց, քանի որ գիտէր թէ ապագային Յիսուս Քրիստոս իր կեանքը պիտի զոհէր եւ մարդկութիւնը ամբողջովին պիտի ազատէր մեղքէն ու մահէն (Հռով. 3։25