Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 35

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել ժողովքէն հեռացուած անձերուն

Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել ժողովքէն հեռացուած անձերուն

«Աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ» (ՂՈՒԿ. 15։7

ՆԻՒԹ

Կարգ մը անձեր ինչո՞ւ պէտք է ժողովքէն հեռացուին, եւ երէցները ինչպէ՞ս կրնան անոնց օգնել որ զղջան եւ դարձեալ Եհովային մօտենան։

1-2. ա) Եհովան ի՞նչ կը զգայ անոնց հանդէպ, որոնք լուրջ մեղք կը գործեն եւ չեն զղջար։ բ) Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ մեղաւորները ընեն։

 ԵՀՈՎԱՆ ամէն տեսակի վարք չ’ընդունիր։ Ան կ’ատէ մեղքը (Սաղ. 5։4-6)։ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած իր պատուէրներուն հնազանդինք։ Անշուշտ, Եհովան անկատար մարդոցմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր (Սաղ. 130։3, 4)։ Բայց միեւնոյն ատեն, ան չ’ընդունիր որ ‘ամբարիշտները իր շնորհքը անառակութեան դարձնեն’, այսինքն՝ իր ազնուութիւնը օգտագործեն որ իրենց չարութիւնը շարունակեն (Յդ. 4)։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ան ‘ամբարիշտ մարդիկը պիտի կործանէ’ Արմագեդոն պատերազմին (Բ. Պետ. 3։7. Յայտ. 16։16

2 Բայց Եհովան չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի։ Ինչպէս որ այս յօդուածաշարքին մէջ նկատի առինք, Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ թէ Աստուած կ’ուզէ որ «ամէնքը ապաշխարեն», այսինքն՝ զղջան (Բ. Պետ. 3։9)։ Եհովային պէս, երէցները համբերութեամբ կը փորձեն յանցագործներուն օգնել որ զղջան եւ դարձեալ Եհովային մօտենան։ Բայց բոլոր յանցագործները չեն զղջար (Եսա. 6։9)։ Ոմանք իրենց սխալ ընթացքը կը շարունակեն, թէեւ երէցները կրկին անգամ կը փորձեն անոնց օգնել որ զղջան։ Երէցները այս պարագային ի՞նչ պէտք է ընեն։

‘ՉԱՐԸ ՎԵՐՑՈՒՑԷՔ’

3. ա) Երբ յանցագործ մը չզղջայ, այդ պարագային Սուրբ Գիրքը ի՞նչ ուղղութիւն կու տայ։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ յանցագործը ձեւով մը ի՛նք կ’ընտրէ որ ժողովքէն հեռացուի։

3 Երբ յանցագործ մը չի զղջար, երէցները պէտք է հետեւին Ա. Կորնթացիս 5։13–ին մէջի ուղղութեան. «Չարը ձեր մէջէն վերցուցէք»։ Ձեւով մը, յանցագործը ինք ընտրեց որ ժողովքէն վերցուի կամ հեռացուի։ Ան իր ցանածն է որ կը հնձէ (Գաղ. 6։8)։ Ինչո՞ւ այդպէս կրնանք ըսել։ Որովհետեւ ան մերժեց զղջալ, նոյնիսկ երբ երէցները շատ անգամներ փորձեցին իրեն օգնել (Դ. Թագ. 17։12-15)։ Ան իր վարքով ցոյց տուաւ թէ չ’ուզեր Եհովային օրէնքներուն համաձայն ապրիլ (Բ. Օր. 30։19, 20

4. Երբ չզղջացած յանցագործ մը ժողովքէն հեռացուի, ինչո՞ւ յայտարարութիւն մը կ’ըլլայ։

4 Երբ չզղջացած յանցագործ մը ժողովքէն հեռացուի, յայտարարութիւն մը կ’ըլլայ, ժողովքին տեղեկացնելու համար թէ ան այլեւս Եհովայի վկայ մը չէ a։ Յայտարարութեան նպատակը յանցագործը ամչցնել չէ։ Հապա, որպէսզի եղբայրներն ու քոյրերը կարենան հնազանդիլ այդ անձին հետ ‘չյարաբերելու’ եւ անոր ‘հետ նոյնիսկ սեղան չնստելու’ Սուրբ Գիրքի խրատին (Ա. Կոր. 5։9-11, ՆԹ)։ Կարեւոր պատճառներ կան թէ Եհովան ինչո՛ւ այդ պատուէրը տուաւ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ» (Ա. Կոր. 5։6)։ Երբ չզղջացած յանցագործ մը ժողովքէն չհեռացուի, ուրիշներ կրնան մտածել որ պէտք չունին Եհովային պատուէրներուն հնազանդելու (Առ. 13։20. Ա. Կոր. 15։33

5. Ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք ժողովքէն հեռացուած անձ մը, եւ ինչո՞ւ։

5 Ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք ժողովքէն հեռացուած եղբայր մը կամ քոյր մը։ Թէեւ հետը չենք ընկերակցիր, բայց պէտք է զինք նկատենք կորսուած ոչխար մը եւ ոչ թէ՝ անյոյս պարագայ մը։ Հօտէն մոլորած ոչխար մը կրնայ ետ վերադառնալ։ Մի՛ մոռնար որ այդ կորսուած ոչխարը Եհովային նուիրուած է։ Բայց ցաւօք սրտի, ան հիմա չ’ապրիր այնպէս մը որ Եհովան կը հաճեցնէ, եւ ասիկա վտանգաւոր է (Եզեկ. 18։31) Բայց այնքան ատեն որ ժամանակ կայ եւ Եհովան յօժար է ողորմելու, ուրեմն յոյս կայ որ յանցագործը Եհովային վերադառնայ։ Ուրեմն, երէցները ինչպէ՞ս կրնան ժողովքէն հեռացուած յանցագործի մը օգնել։

ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս Կ’ՕԳՆԵՆ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ

6. Երէցները ի՞նչ քայլեր պիտի առնեն ժողովքէն հեռացուած մէկու մը օգնելու համար։

6 Երբ յանցագործ մը ժողովքէն հեռացուի, երէցները այլեւս չե՞ն փորձեր իրեն օգնել որ Եհովային վերադառնայ։ Այո՛, կը փորձեն։ Երբ յանձնախումբին երէցները մէկու մը կ’ըսեն, թէ ինք ժողովքէն պիտի հեռացուի, անոնք նաեւ անոր կ’ըսեն թէ ի՛նչ պէտք է ընէ ժողովքին վերադառնալու համար։ Երէցները նոյնիսկ մէկ քայլ անդին կ’երթան։ Շատ մը պարագաներու, անոնք յանցագործին կ’ըսեն թէ կը փափաքին դարձեալ հետը տեսնուիլ՝ քանի մը ամիս ետք, տեսնելու համար թէ ան իր մտածելակերպը փոխա՛ծ է կամ ոչ։ Եթէ քանի մը ամիս ետք ան համաձայնի անգամ մը եւս երէցներուն հետ հանդիպում մը ունենալ, անոնք զինք պիտի քաջալերեն որ զղջայ։ Նոյնիսկ եթէ այդ հանդիպումին ալ ան չէ զղջացած, երէցները պիտի ջանան ապագային նորէն հետը տեսնուիլ եւ զինք քաջալերել որ զղջայ։

7. Երէցները ինչպէ՞ս Եհովային պէս ողորմութեամբ կը վարուին ժողովքէն հեռացուած մէկու մը հետ (Երեմիա 3։12

7 Երէցները Եհովային պէս ժողովքէն հեռացուած անձի մը հետ ողորմութեամբ կը վարուին։ Օրինակ, անցեալին Եհովան չսպասեց որ իր ըմբոստ ժողովուրդը առաջին քայլը առնէ իրեն վերադառնալու համար։ Հապա ի՛նք առաջին քայլը առաւ եւ մարգարէներ ղրկեց անոնց, թէեւ անոնք տակաւին չէին զղջացած։ Ինչպէս որ այս յօդուածաշարքին երկրորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Եհովան օրինակով մը իր ողորմութիւնը բացատրեց, Ովսէէ մարգարէին ըսելով որ իր կնոջ ներէ եւ զինք ետ տուն վերադարձնէ, թէեւ կինը տակաւին լուրջ մեղք կը գործէր (Ով. 3։1. Մաղ. 3։7)։ Երէցներն ալ Եհովային պէս անկեղծօրէն կ’ուզեն որ յանցագործը զղջայ եւ վերադառնայ, եւ անոնք ասիկա չեն դժուարացներ յանցագործին համար (կարդա՛ Երեմիա 3։12

8. Անառակ որդիին առակը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ Եհովային ողորմութիւնը աւելի լաւ հասկնանք (Ղուկաս 15։7

8 Միտքդ բեր թէ անառակ որդիին առակին մէջի հայրը ինչպէ՛ս վարուեցաւ։ Հազիւ թէ հայրը իր տունը վերադարձող որդին տեսաւ, ան «վազելով՝ [տղուն] պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա» (Ղուկ. 15։20)։ Նկատէ թէ հայրը չսպասեց որ որդին աղաչէ որ իրեն ներէ։ Հապա, ան իր տղուն քով վազեց, ինչպէս որ սիրող հայր մը կ’ընէ։ Երէցներն ալ ամէն ջանք կը թափեն որ նոյնպէս վարուին ժողովքէն հեռացուածներուն հետ։ Անոնք կ’ուզեն որ այս կորսուած ոչխարները տուն վերադառնան (Ղուկ. 15։22-24, 32)։ Երբ մեղաւոր մը վերադառնայ՝ Եհովան, Յիսուսը, հրեշտակները եւ ամբողջ ժողովքը շատ կ’ուրախանան (կարդա՛ Ղուկաս 15։7

9. Եհովան մեղաւորները ի՞նչ կը քաջալերէ որ ընեն։

9 Մինչեւ հիմա սորվեցանք թէ Եհովան թոյլ չի տար որ չզղջացած մեղաւորները ժողովքին մէջ մնան։ Բայց ան կռնակ չի դարձներ անոնց, հապա կ’ուզէ որ վերադառնան։ Եւ երբ մարդիկ վերադառնան, նկատէ թէ Եհովան անոնց հանդէպ ինչպէ՛ս կը զգայ։ Ովսէէ 14։4–ը կ’ըսէ. «Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ, զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ։ Քանզի իմ բարկութիւնս անոնցմէ վերցուեցաւ»։ Եհովային այս զգացումները ի մտի ունենալով, երէցները պէտք է ջանան նկատել յանցագործին ըրած փոփոխութիւնները, որոնք ցոյց կու տան թէ ան սկսած է զղջալ։ Եհովային այս խօսքերը, իրմէ հեռացած մէկու մը նաեւ պիտի վստահեցնեն, թէ Եհովան զինք կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իրեն վերադառնայ։

10-11. Երէցները ինչպէ՞ս պիտի ջանան օգնել անոնց, որոնք անցեալին ժողովքէն հեռացուած են։

10 Երէցները ինչպէ՞ս պիտի ջանան օգնել անոնց, որոնք անցեալին ժողովքէն հեռացուած են, թերեւս՝ երկար տարիներ առաջ։ Այսպիսիներ թերեւս դադրած են գործելէ այդ մեղքերը, որոնց պատճառաւ ժողովքէն հեռացուած էին։ Կարգ մը պարագաներուն, անոնք թերեւս նոյնիսկ չյիշեն թէ ինչո՛ւ հեռացուեցան։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, երէցները պիտի փնտռեն եւ ետքը այցելեն այսպիսիներուն։ Այս այցելութիւններուն ընթացքին, անոնք նոյնիսկ պիտի աղօթեն անոնց հետ եւ զիրենք ջերմօրէն պիտի քաջալերեն որ ժողովքին վերադառնան։ Անշուշտ, եթէ մէկը երկար ատենէ ի վեր ժողովքէն հեռու է, վստահաբար հոգեւորապէս շատ տկարացած պիտի ըլլայ։ Ատոր համար, եթէ ան ժողովքին վերադառնալու փափաք յայտնէ, երէցները թերեւս կարգադրեն որ մէկը իր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ, նոյնիսկ անոր վերահաստատուելէն առաջ։ Ամէն պարագայի, երէցնե՛րն են որ պիտի կարգադրեն, որ մէկը անոր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։

11 Երէցները կը ջանան Եհովային պէս ողորմիլ իր ժողովուրդին։ Այս պատճառաւ, անոնք պիտի փնտռեն բոլոր անոնք, որոնք Եհովան ձգած են եւ զիրենք քաջալերեն որ Իրեն վերադառնան։ Երբ մեղաւոր մը ցոյց տայ որ զղջացած է եւ իր սխալ ընթացքը փոխէ, ան կրնայ առանց ուշացումի ժողովքին մէջ վերահաստատուիլ (Բ. Կոր. 2։6-8

12. ա) Ո՞ր պարագաները կը պահանջեն որ երէցները յատկապէս զգոյշ ըլլան։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ զգանք որ կարգ մը մեղաւորներ անկարելի է որ Եհովային ողորմութիւնը ստանան (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

12 Կարգ մը պարագաներուն, երէցներէն կը պահանջուի որ մէկը վերահաստատելէ առաջ յատկապէս զգոյշ ըլլան։ Օրինակ, եթէ մէկը մանուկները չարաշահող էր, կամ հաւատուրաց էր, կամ ալ խորամանկութեամբ ծրագրած էր իր ամուսնութեան վերջ դնել, երէցները պէտք է վստահ ըլլան որ ան իրապէ՛ս զղջացած է (Մաղ. 2։14. Բ. Տիմ. 3։6)։ Անոնք պէտք է հօտը պաշտպանեն։ Բայց, միեւնոյն ատեն, պէտք է հասկնանք թէ Եհովան ետ պիտի ընդունի ոեւէ մեղաւոր, որ իրապէս զղջացած է եւ իր սխալ ընթացքէն հրաժարած է։ Ասոր համար, երէցները յատկապէս զգոյշ կ’ըլլան, երբ նկատի կ’առնեն մէկու մը պարագան, որ անցեալին ուրիշներուն հետ խաբեբայութեամբ վարուած է՝ բայց հիմա իրապէս զղջացած է։ Բայց անոնք պէտք չէ զգան թէ անկարելի է որ ասանկ մէկը Եհովային ողորմութեան արժանի ըլլայ (Ա. Պետ. 2։10) b։

ԺՈՂՈ՛ՎՔԸ ԻՆՉ ԿՐՆԱՅ ԸՆԵԼ

13. Ի՞նչ տարբեր կերպերով պէտք է վարուինք մէկու մը հետ՝ որ երէցներուն կողմէ յանդիմանուած է, եւ մէկու մը հետ՝ որ ժողովքէն հեռացուած է։

13 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք, ատեններ յայտարարութիւն մը կ’ըլլայ թէ մէկը յանդիմանուած է։ Այսպիսի պարագայի, կրնանք շարունակել անոր հետ ընկերակցիլ, քանի որ ան զղջացած է եւ իր սխալ ընթացքէն հրաժարած է (Ա. Տիմ. 5։20)։ Ան տակաւին ժողովքին մէկ մասն է եւ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն քաջալերութեան պէտք ունի, որ շարունակէ ճիշդ բանը ընել (Եբ. 10։24, 25)։ Բայց պարագան բոլորովին տարբեր է մէկու մը հետ, որ ժողովքէն հեռացուած է։ Մենք անոր հետ ‘չենք յարաբերիր’ եւ անոր ‘հետ նոյնիսկ սեղան չենք նստիր’ (Ա. Կոր. 5։11, ՆԹ

14. Քրիստոնեան ինչպէ՞ս կրնայ Աստուածաշունչին վրայ մարզուած իր խիղճը գործածել, որոշելու համար ինչպէ՛ս վարուիլ ժողովքէն հեռացուածներուն հետ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Մինչեւ հոս մեր քննարկած կէտերը կը նշանակե՞ն թէ մենք բոլորովին կ’անտեսենք այն անձը, որ ժողովքէն հեռացուած է։ Պայման չէ։ Անշո՛ւշտ, մենք հետը չենք ընկերակցիր, բայց կրնանք Աստուածաշունչին վրայ մարզուած մեր խիղճը գործածել որոշելու համար թէ զինք ժողովի հրաւիրե՛նք կամ ոչ, ըլլայ ան մեր ազգականը կամ ժողովքէն հեռացուելէ առաջ՝ մեր մօտիկ բարեկամը։ Եթէ ան ժողովի գայ, հետը ինչպէ՞ս պիտի վարուինք։ Անցեալին, մենք այսպիսի մէկու մը չէինք բարեւեր։ Բայց այս պարագային ալ, ամէն մէկ քրիստոնեայ Աստուածաշունչով մարզուած իր խիղճը պէտք է գործածէ, որոշելու համար թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի։ Ոմանք թերեւս հանգիստ զգան իրեն բարեւ մը տալու կամ իրեն բարի գալուստ մաղթելու։ Բայց, անոր հետ երկար խօսակցութիւններ չեն ունենար, ո՛չ ալ՝ հետը կ’ընկերակցին։

Քրիստոնեաները կրնան Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խիղճը գործածել, որոշելու համար եթէ ժողովքէն հեռացուած մէկը ժողովի հրաւիրե՛ն կամ ոչ, կամ՝ եթէ անոր պարզ բարեւ մը տա՛ն կամ ոչ, երբ ան ժողովի գայ (տե՛ս պարբերութիւն 14)


15. Բ. Յովհաննէս 9-11–ը ի՞նչ տեսակի մեղաւորներուն մասին կը խօսի (տե՛ս նաեւ « Յովհաննէսն ու Պօղոսը նոյ՞ն տեսակի մեղքին մասին կը խօսէին» տուփը)։

15 Ոմանք թերեւս հարց տան. ‘Աստուածաշունչը չ’ըսե՞ր թէ քրիստոնեայ մը, որ այսպիսի մէկու մը կը բարեւէ, անոր չար գործերուն մասնակից կ’ըլլայ’ (կարդա՛ Բ. Յովհաննէս 9-11)։ Այս համարին շուրջի համարները ցոյց կու տան, թէ այս ուղղութիւնը կ’ակնարկէ հաւատուրացներու եւ անոնց, որոնք կը փորձեն ուրիշները քաջալերել որ ընեն ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ սխալ է (Յայտ. 2։20)։ Ուրեմն, եթէ մէկը հաւատուրացութիւն կամ ուրիշ սխալ բաներ կը քաջալերէ, երէցները անոր հետ հանդիպում ունենալու կարգադրութիւն պիտի չընեն։ Անշուշտ, տակաւին յոյս կայ որ ան իր սխալին անդրադառնայ, բայց մինչեւ որ այդ օրը գայ, մենք ո՛չ անոր բարեւ պիտի տանք, ո՛չ ալ զինք ժողովի պիտի հրաւիրենք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ

16-17. ա) Եհովան կ’ուզէ որ մեղաւորները ի՞նչ ընեն (Եզեկիէլ 18։32)։ բ) Երէցները ինչպէ՞ս Եհովային հետ կ’աշխատին, երբ կը ջանան յանցագործներուն օգնել։

16 Այս յօդուածաշարքէն ի՞նչ սորվեցանք։ Եհովան չ’ուզեր որ մէկը կորսուի (կարդա՛ Եզեկիէլ 18։32)։ Ան կ’ուզէ որ մեղաւորները իրեն հետ հաշտուին (Բ. Կոր. 5։20)։ Այդ պատճառաւ, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Եհովան իրմէ հեռացած ծառաները կրկին անգամ քաջալերած է, որ զղջան եւ իրեն վերադառնան։ Ժողովքի երէցները Եհովային հետ միասին աշխատելով, լուրջ մեղք գործողներուն կ’օգնեն որ զղջան (Հռով. 2։4. Ա. Կոր. 3։9

17 Երեւակայէ երկնքի մէջի ուրախութիւնը, երբ մեղաւորները զղջան։ Մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, այդ ուրախութիւնը կը վայելէ ամէն անգամ որ իր կորսուած ոչխարներէն մէկը ժողովքին վերադառնայ։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կը շարունակէ աճիլ, մինչ իր ողորմութեան եւ շնորհքին վրայ կը խոկանք (Ղուկ. 1։78

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

a Այլեւս այսպիսիներուն վտարուած պիտի չըսենք։ Ա. Կորնթացիս 5։13–ին մէջ յիշուած Պօղոսի խօսքերուն համաձայն, ասկէ ետք անոնց մասին խօսելու ատեն պիտի ըսենք ժողովքէն հեռացուած անձեր։

b Աստուածաշունչը կը նշէ թէ կարգ մը մարդոց մեղքերը չեն կրնար ներուիր, որովհետեւ անոնք որոշած են միշտ Աստուծոյ հակառակիլ։ Միա՛յն Եհովան ու Յիսուսը կրնան դատել, եթէ մէկը աններելի մեղք մը գործա՛ծ է կամ ոչ (Մար. 3։29. Եբ. 10։26, 27