Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 33

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովային աչքով դիտել մեղաւորները

Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովային աչքով դիտել մեղաւորները

«Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք» (Ա. ՅՈՎՀ. 2։1

ՆԻՒԹ

Ի՞նչ կարեւոր դասեր կը սորվինք այն դէպքէն որ պատահեցաւ Կորնթոսի ժողովքին մէջ, երբ եղբայր մը լուրջ մեղք մը գործեց։

1. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ բոլոր մարդոց համար։

 ԵՐԲ Եհովան մարդիկը ստեղծեց, անոնց ազատ կամք տուաւ։ Դուն ազատ կամքդ կը գործածես երբ որոշումներ կ’առնես։ Ամէնէն կարեւոր որոշումը որ մէկը կրնայ առնել, այն է՝ որ Եհովային նուիրուի եւ Իր ընտանիքին մէկ անդամը ըլլայ։ Եհովան կ’ուզէ որ ամէն մարդ այս քայլը առնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան մարդիկը կը սիրէ եւ լաւագոյնը կ’ուզէ անոնց համար։ Ան կ’ուզէ որ անոնք իր բարեկամները ըլլան եւ յաւիտեան ապրին (Բ. Օր. 30։19, 20. Գաղ. 6։7, 8

2. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ չզղջացած մեղաւորները ընեն (Ա. Յովհաննէս 2։1

2 Բայց Եհովան չի ստիպեր որ մէկը իրեն ծառայէ։ Ան ամէն մէկուս թոյլ կու տայ որ որոշէ թէ ի՛նչ կ’ուզէ ընել։ Երէցները ի՞նչ պէտք է ընեն, եթէ մկրտուած քրիստոնեայ մը լուրջ մեղք մը գործէ։ Եթէ ան չզղջայ, պէտք է ժողովքէն վերցուի կամ հեռացուի (Ա. Կոր. 5։13)։ Բայց նոյնիսկ այս պարագային, Եհովան շատ կը փափաքի որ այդ անձը զղջայ եւ իրեն վերադառնայ։ Եւ ճիշդ ասոր համար է որ ան փրկանքը կարգադրեց։ Ան կ’ուզէ զղջացած մեղաւորներուն ներել (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։1)։ Եհովան շատ սիրալիր Աստուած մըն է եւ լուրջ մեղք գործողները կը քաջալերէ որ զղջան (Զաք. 1։3. Հռով. 2։4. Յակ. 4։8

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Եհովան մեզի կ’ըսէ թէ ինչպէ՛ս կը զգայ մեղքին եւ մեղաւորներուն հանդէպ։ Եւ ան կ’ուզէ որ մենք ալ նոյնպէս զգանք։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։ Մինչ այս յօդուածը կը կարդաս, նկատէ թէ 1) Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին ի՛նչ ըսաւ որ ընեն, երբ եղբայր մը լուրջ մեղք մը գործեց, 2) Պօղոս ի՛նչ ուղղութիւն տուաւ, երբ այդ մեղաւորը զղջաց, եւ 3) Եհովան ի՛նչ կը զգայ լուրջ մեղք գործողներուն հանդէպ։

ԺՈՂՈՎՔԸ Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ ԵՐԲ ՄԷԿԸ ԼՈՒՐՋ ՄԵՂՔ ՄԸ ԳՈՐԾԵՑ

4. Կորնթոսի ժողովքին մէջ ի՞նչ պատահեցաւ (Ա. Կորնթացիս 5։1, 2

4 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։1, 2։ Պօղոս իր երրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին գէշ լուր մը լսեց Կորնթոսի մէջ նոր հաստատուած ժողովքին մասին։ Ժողովքին մէջ եղբայր մը սեռային յարաբերութիւն կ’ունենար իր խորթ մօր հետ։ Ասիկա շատ ցնցիչ լուր մըն էր եւ նոյնիսկ «հեթանոսներուն մէջ ալ» չէր պատահած։ Ժողովքը ոչ միայն կը կարծէր թէ խնդիր չէ, որ այդ եղբայրը ժողովքին մէջ մնայ, հապա նաեւ թերեւս անոր ըրածով հպարտ էր։ Թերեւս ոմանք կը մտածէին որ այսպիսով իրենք Եհովային պէս ողորմութիւն ու հասկացողութիւն ցոյց կու տային անոր հանդէպ։ Բայց Եհովան չ’ընդունիր որ իր ժողովուրդին մէջ լուրջ մեղք գործողներ ըլլան։ Այդ անձը իր ըրածով կ’աւրէր ժողովքին լաւ անունը եւ թերեւս գէշ ազդեցութիւն կ’ունենար իր շուրջիններուն վրայ։ Հետեւաբար, Պօղոս ի՞նչ ուղղութիւն տուաւ ժողովքին։

5. Պօղոս ժողովքին ի՞նչ ըսաւ որ ընէ, եւ ան ի՞նչ ըսել ուզեց (Ա. Կորնթացիս 5։13) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

5 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։13։ Եհովան Պօղոսը մղեց որ ժողովքին նամակ մը գրէ եւ բացատրէ, թէ չզղջացած մեղաւորը պէտք է ժողովքէն վերցուի կամ հեռացուի։ Ժողովքը անոր հետ ինչպէ՞ս պէտք էր վարուէր։ Պօղոս անոնց ըսաւ որ անոր հետ ‘չխառնուին’ կամ չյարաբերին։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Պօղոս բացատրեց որ այս պատուէրը կը նշանակէ, որ ‘անոր հետ հաց ալ չուտեն’ (Ա. Կոր. 5։11)։ Եթէ մէկու մը հետ նստիս ճաշ ուտես, անոր հետ ժամանակ կ’անցընես եւ հետը կը խօսիս։ Ուրեմն, յստակ է որ Պօղոս ըսել կ’ուզէր, որ ժողովքը պէտք չէր այդ մարդուն ընկերակցէր կամ հետը ժամանակ անցընէր։ Ասիկա ժողովքը պիտի պաշտպանէր անոր վտանգաւոր ազդեցութենէն (Ա. Կոր. 5։5-7)։ Ասկէ զատ, ասիկա պիտի օգնէր որ մեղաւորը անդրադառնար, թէ ինք որքա՜ն վիրաւորած էր Եհովան, եւ թերեւս ամչնալով զղջար։

Եհովան Պօղոսը մղեց որ ժողովքին նամակ մը գրէ եւ բացատրէ, թէ չզղջացած մեղաւորը պէտք է ժողովքէն հեռացուի (տե՛ս պարբերութիւն 5)


6. Պօղոսին նամակը ինչպէ՞ս ազդեց ժողովքին եւ մեղաւորին։

6 Կորնթացիներուն նամակ գրելէ ետք, Պօղոս սկսաւ հարց տալ թէ անոնք իր ըսածները պիտի ընէի՞ն կամ ոչ։ Ետքը, Տիտոս շատ ուրախ լուր մը բերաւ իրեն։ Ժողովքը գործադրած էր իր ըսածները եւ մեղք գործողը հեռացուցած էր ժողովքէն (Բ. Կոր. 7։6, 7)։ Ասկէ զատ, նամակէն քանի մը ամիս ետք մեղաւորը զղջացած էր, իր սխալը շտկած էր եւ սկսած էր Եհովային արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլ (Բ. Կոր. 7։8-11)։ Լաւ, Պօղոս հիմա ի՞նչ կ’ըսէ որ ժողովքը ընէ։

ԺՈՂՈՎՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ ԷՐ ՎԱՐՈՒԷՐ ԶՂՋԱՑԱԾ ՄԵՂԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ

7. Մեղաւորին տրուած կրթութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ (Բ. Կորնթացիս 2։5-8

7 Կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 2։5-8։ Պօղոս ըսաւ որ «հերիք է այնպիսի մարդուն այն պատիժը, որ շատերէ տրուեցաւ»։ Ուրիշ խօսքով, պէտք չկար որ ժողովքը շարունակէր մարդը կրթել, քանի որ անոր տրուած կրթութիւնը արդէն օգնած էր որ ան զղջայ (Եբ. 12։11

8. Պօղոս ուրիշ ի՞նչ ըսաւ որ ժողովքը ընէ։

8 Պօղոս մեղք գործած մարդուն մասին ժողովքին ըսաւ, որ պէտք է ‘ներեն անոր ու մխիթարեն զայն’ եւ ‘անոր վրայ իրենց սէրը հաստատեն’։ Նկատէ որ Պօղոս ուզեց որ անոնք ո՛չ միայն զինք ժողովքին մէջ ընդունին, հապա նաեւ իրենց խօսքերով, վարմունքով եւ գործերով ցոյց տան, որ իրապէս իրեն ներած են եւ զինք կը սիրեն։ Այսպիսով, եղբայրը պիտի զգար որ անոնք սրտանց ուրախ են որ ինք վերադարձաւ։

9. Ոմանց համար թերեւս ինչո՞ւ դժուար էր որ զղջացած եղբօրը ներեն։

9 Կրնա՞յ ըլլալ որ ժողովքին մէջ ոմանք սկիզբը ուրախ չէին, երբ լսեցին որ զղջացած մեղաւորը ժողովքին վերադարձաւ։ Սուրբ Գիրքը բան մը չ’ըսեր, բայց ասիկա կարելի է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոր ըրածը ժողովքին մէջ խնդիրներ պատճառած էր եւ թերեւս ալ ոմանք անհատապէս վիրաւորուած էին իրմէ։ Թերեւս անոնք կը զգային, որ արդար չէր որ ան այսքան ջերմօրէն ընդունուի եղբայրներուն կողմէ, մինչ իրենք ծանր պայքարած էին որ Եհովային հաւատարիմ մնան (համեմատէ՛ Ղուկաս 15։28-30)։ Բայց ինչո՞ւ կարեւոր էր, որ անոնք վերադարձող եղբօր ցոյց տային որ զինք սրտանց կը սիրէին։

10-11. Զղջացած մարդը ի՞նչ կրնար զգալ, եթէ երէցները մերժէին իրեն ներել։

10 Երեւակայէ որ սրտանց զղջացած մարդը ի՛նչ կրնար զգալ, եթէ երէցները չուզէին զինք ժողովքին վերադարձնել, կամ եթէ անոր վերադարձէն ետք՝ ժողովքը չուզէր սէր ցուցնել իրեն։ Ան կրնար «չափազանց տրտմութենէն ընկղմի[լ]»։ Ան կրնար զգալ թէ իր վիճակը անյոյս է, թէ Եհովան բնա՛ւ իրեն պիտի չներէ եւ թէ իր ջանքերը պարապի են. ուրեմն ինչո՞ւ ջանք թափէ որ փոխուի։

11 Ալ աւելի գէշ բան մը կրնար պատահիլ, եթէ եղբայրներն ու քոյրերը մերժէին զղջացած մեղաւորին ներել. անոնք Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութեան վնաս պիտի հասցնէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այսպիսով անոնք Եհովային պէս վարուած պիտի չըլլային, որ կը ներէ զղջացած մեղաւորները, հապա Սատանային պէս վարուած պիտի ըլլային, որ անգութ է եւ ողորմութիւն չունի։ Մէկ խօսքով, Սատանան զանոնք գործիքի մը պէս պիտի գործածէր, որ հոգեւորապէս կործանէ այս զղջացած մարդը (Բ. Կոր. 2։10, 11. Եփ. 4։27

12. Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնար Եհովային պէս վարուիլ։

12 Լաւ, Կորնթոսի ժողովքը ինչպէ՞ս կրնար Եհովային պէս վարուիլ, եւ ոչ թէ՝ Սատանային։ Եհովայի՛ն պէս ներելով զղջացած մեղաւորները։ Նկատի առ որ Սուրբ Գիրքի կարգ մը գրողներ ի՛նչ ըսին Եհովային մասին։ Դաւիթ ըսաւ որ ան «բարի ու ներող» է (Սաղ. 86։5)։ Միքիան գրեց. «Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, որ անօրէնութեան կը ներէ ու. . . յանցանքը անտես կ’ընէ» (Միք. 7։18)։ Եւ Եսային ըսաւ. «Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր ու մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ» (Եսա. 55։7

13. Ինչո՞ւ տեղին էր որ զղջացած մեղաւորը վերահաստատուէր (տե՛ս « Կորնթոսի մէջ մեղաւոր մարդը ե՞րբ վերահաստատուեցաւ» տուփը)։

13 Կորնթոսի ժողովքը Եհովային պէս պէտք էր ներէր զղջացած մարդուն եւ անոր հանդէպ սէր ցոյց տար։ Պօղոս ըսաւ որ եթէ անոնք ներէին անոր, «ամէն բանի մէջ հնազանդ» եղած պիտի ըլլային (Բ. Կոր. 2։9)։ Ճիշդ է որ անոր հեռացուելուն վրայ միայն քանի մը ամիս անցած էր, բայց անոր տրուած կրթութիւնը օգնած էր որ ան զղջայ։ Ուրեմն, պէտք չկար որ երէցները ուշացնէին անոր վերահաստատումը ժողովքին մէջ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼ

14-15. Կորնթոսի մէջ տեղի ունեցած դէպքէն ի՞նչ սորվեցանք (Բ. Պետրոս 3։9) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Կորնթոսի մէջ տեղի ունեցած այս դէպքը Աստուածաշունչին մէջ գրի առնուեցաւ «որ սորվինք» (Հռով. 15։4)։ Ի՞նչ սորվինք։ Թէ Եհովան թոյլ չի տար որ լուրջ մեղք գործելէ ետք չզղջացած անձերը ժողովքին մէջ մնան։ Ան չունի այն տեսակէտը, որ չզղջացած մեղաւորները պէտք է «ողորմութեամբ» արտօնուին որ շարունակեն ժողովքին մէջ մնալ։ Ճիշդ է որ Եհովան ողորմութեամբ կը վարուի, բայց ան ամէն տեսակ վարք չ’ընդունիր եւ իր չափանիշները չի փոխեր (Յդ. 4)։ Եթէ ան ձգէ որ չզղջացած մեղաւորը ժողովքին մէջ մնայ, ողորմութեամբ վարուած պիտի չըլլայ, քանի որ ասիկա ամբողջ ժողովքին վնաս պիտի հասցնէ (Առ. 13։20. Ա. Կոր. 15։33

15 Բայց նաեւ կը սորվինք որ Եհովան չ’ուզեր որ մէկը կորսուի, հապա կ’ուզէ մարդիկը փրկել, երբ որ կարելի է։ Ան ողորմութիւն ցոյց կու տայ անոնց հանդէպ, որոնք իրենց մտածելակերպն ու գործերը կը փոխեն եւ կ’ուզեն անգամ մը եւս իրեն ծառայել (Եզեկ. 33։11. կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9)։ Ասոր համար, երբ մեղաւոր մարդը զղջաց եւ իր վարքը փոխեց, Եհովան Պօղոսը գործածեց ժողովքին բացատրելու համար, որ պէտք է մարդուն ներեն եւ ընդունին։

Ժողովքը Եհովային պէս սէր ու ողորմութիւն ցոյց կու տայ, երբ ջերմօրէն եւ սիրով կ’ընդունի վերահաստատուած անձերը (տե՛ս պարբերութիւններ 14-15)


16. Եհովային հանդէպ ի՞նչ կը զգաս այս դէպքին մասին գիտնալէ ետք։

16 Կորնթոսին մէջ պատահած դէպքը ցոյց կու տայ Եհովային սէրն ու արդարութիւնը (Սաղ. 33։5)։ Չե՞ս մղուիր մեր Աստուածը աւելի փառաբանելու։ Ի վերջոյ, բոլորս ալ մեղաւոր ենք, առանց բացառութեան, եւ պէտք ունինք որ Եհովան մեզի ներէ։ Մենք նաեւ Եհովային շնորհակալ ենք փրկանքին համար, որուն միջոցաւ մեր մեղքերը կը ներէ։ Որքա՜ն կը մխիթարուինք եւ կը հանգստանանք, երբ կը գիտնանք որ Եհովան իրապէս կը սիրէ իր ժողովուրդը եւ լաւագոյնը կ’ուզէ անոնց համար։

17. Յաջորդ յօդուածներուն մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

17 Ներկայիս, երբ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ, ժողովքի երէցները ինչպէ՞ս կրնան Եհովային պէս սէր ցոյց տալ եւ մեղաւորին օգնել որ զղջայ։ Իսկ ժողովքը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի, երբ երէցները որոշեն անձ մը ժողովքէն հեռացնել կամ զայն վերահաստատել։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք յաջորդ յօդուածներուն մէջ։

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք