Հարցումներ ընթերցողներէն
Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։14–ի մէջ յիշուած ‘նշանակելու’ քայլը, ժողովքի՞ն կողմէ առնուելիք քայլ մըն է, թէ ոչ՝ անհատներու կողմէ։
Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն գրելով ըսաւ. «Եթէ մէկը չի հնազանդիր այս թուղթին մէջ մեր ըսած խօսքին՝ դուք նշանակեցէք զանիկա»։ (Բ. Թես. 3։14)։ Նախապէս, կ’ըսէինք որ ասիկա երէցներուն տրուած ուղղութիւն մըն է։ Եթէ մէկը շարունակէր Աստուածաշունչի սկզբունքները անտեսել, հակառակ որ շատ անգամներ իրեն խրատ տրուած է, թերեւս երէցները որոշէին որ ‘նշանակելու’ կամ նշան դնելու դասախօսութիւն մը ներկայացուի ժողովքին։ Անկէ ետք, իւրաքանչիւր հրատարակիչ այդ անձին հետ չէր ընկերակցեր՝ ընկերային առիթներով։
Բայց պէտքը կայ որ փոփոխութիւն մը ընենք։ Հիմա կը հասկնանք որ Պօղոսի խրատը կ’ակնարկէ որոշումի մը կամ քայլի մը, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է առնէ՝ որոշ պարագաներուն։ Ուրեմն, պէտք չկայ որ երէցները ‘նշանակելու’ դասախօսութիւն մը տան։ Ինչո՞ւ այս փոփոխութիւնը։ Նկատի առ թէ Պօղոս ի՞նչի մասին կը խօսէր, երբ այս խրատը տուաւ։
Պօղոս նկատեց թէ ժողովքին մէջ «ոմանք ծուլութեամբ [«անկարգութեամբ», ԱԾ] կը վարուին»։ Ան անոնց Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած խրատներ տուած էր, բայց անոնք կը մերժէին հնազանդիլ։ Նախորդ այցելութեան ընթացքին, ան սա պատուէրը տուած էր. «Ան որ չ’ուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ»։ Բայց ոմանք տակաւին կը մերժէին աշխատիլ եւ իրենց ծախսերուն հոգ տանիլ, թէեւ անոնք կարող էին ասիկա ընելու։ Ասկէ զատ, անոնք ուրիշներուն գործերուն կը խառնուէին։ Քրիստոնեաները անկարգութեամբ վարուողներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք էր վարուէին (Բ. Թես. 3։6, 10-12)։
Պօղոս ըսաւ. «Դուք նշանակեցէք զանիկա»։ Հոս գործածուած յունարէն բառը, այն գաղափարը կու տայ թէ անոնք պէտք է զանազանեն այսպիսի անձեր եւ անոնց գէշ ազդեցութենէն զգոյշ ըլլան։ Պօղոս այս խրատը բոլորին տուաւ եւ ո՛չ թէ միայն երէցներուն (Բ. Թես. 1։1. 3։6)։ Ատոր համար, երբ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ նկատէր թէ եղբայր մը կամ քոյր մը Աստուծոյ Խօսքին տուած խրատին հնազանդ չ’ըլլար, կ’ընտրէր այդ «անկարգ» եղբօր կամ քրոջ հետ ‘չխառնուիլ’ կամ չյարաբերիլ։
Ասիկա կը նշանակէ՞ր թէ այդ անձը կը նկատուէր մէկը, որ ժողովքէն վտարուած է։ Ո՛չ, քանի որ Պօղոս աւելցուց. «Եղբօր պէս խրատեցէ՛ք» զինք։ Ուրեմն, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ այդ ‘նշանակուած’ քրիստոնեային պիտի ընկերակցէր ժողովներուն եւ ծառայութեան մէջ, բայց անոնք անոր հետ ընկերային առիթներով ժամանակ պիտի չանցընէին։ Ինչո՞ւ։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ. «Որպէս զի ամչնայ»։ Երբ անոր հետ չյարաբերէին կամ չընկերակցէին, թերեւս ան իր ըրածին համար ամչնար եւ իր վարքը փոխէր (Բ. Թես. 3։14, 15)։
Ներկայիս քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան այս խրատը գործադրել։ Նախ եւ առաջ, պէտք է վստահ ըլլանք որ անձին վարքը իրապէս «անկարգ» կը նկատուի, ինչպէս որ Պօղոս նկարագրեց։ Ան չէր խօսեր անոնց մասին, որոնք կ’ընեն բաներ, որ մեր խիղճը մեզի չ’արտօներ, եւ որոնք Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն կամ օրէնքներուն դէմ չեն։ Ո՛չ ալ կը խօսէր անոնց մասին, որոնք պարզապէս մեր զգացումները վիրաւորած են։ Հապա Պօղոս կը խօսէր անոնց մասին, որոնց Աստուծոյ Խօսքէն յստակ խրատ տրուած էր, բայց եւ այնպէս, տակաւին որոշած էին չհնազանդիլ։
Ներկայիս, եթէ նկատենք եղբայր մը կամ քոյր մը, որ այսպիսի անհնազանդ հոգի մը ցոյց կու տայ a, անձնապէս որոշում պիտի առնենք որ անոր հետ չընկերակցինք ընկերային առիթներով։ Եւ քանի որ ասիկա անձնական որոշում մըն է, ատոր մասին չենք խօսիր մէկու մը հետ, բացի՝ մեր ընտանիքի անդամներէն։ Եւ կը շարունակենք անոր հետ ընկերակցիլ՝ մեր ժողովներուն եւ ծառայութեան մէջ։ Երբ ան իր վարքը սրբագրէ կամ փոխէ, դարձեալ անոր կ’ընկերակցինք ընկերային առիթներով։
a Օրինակ, քրիստոնեայ մը թերեւս մերժէ աշխատիլ, թէեւ ինք կարող է աշխատելու, կամ թերեւս պնդէ որ պիտի շարունակէ անհաւատի մը հետ ժամադրուիլ, կամ ալ թերեւս բամբասէ, ժողովքին տրուած ուղղութեան մը դէմ խօսի կամ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն առարկէ (Ա. Կոր. 7։39. Բ. Կոր. 6։14. Բ. Թես. 3։11, 12. Ա. Տիմ. 5։13)։ Անոնք որոնք կը շարունակեն ընել այսպիսի բաներ «անկարգութեամբ» վարուողներ են։