Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հագուածքդ Եհովային փառք կը բերէ՞

Հագուածքդ Եհովային փառք կը բերէ՞

«Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (Ա. ԿՈՐ. 10։31

ԵՐԳԵՐ. 34, 61

1, 2. Եհովայի վկաները ինչո՞ւ հագուելակերպի բարձր չափանիշներ ունին (տե՛ս բացման պատկերը)։

ՀՈԼԱՆՏԱԿԱՆ լրագիր մը նկարագրեց թէ կրօնական առաջնորդները ի՛նչ հագած էին ժողովի մը ընթացքին. «Կը տեսնես շատ մը անպաշտօն հագուստներ, մանաւանդ երբ տաք է։ Եհովայի վկաներու համաժողովը այդպէս չէ. . . տղաքն ու տղամարդիկը կը հագուին բաճկոն ու փողկապ, իսկ աղջիկներուն ու կիներուն փէշին. . . հասակը պատշաճ է բայց նաեւ՝ նորոյթէն»։ Իսկապէս, շատ անգամներ մարդիկ կը գովեն Եհովայի վկաները, քանի որ «վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին [կը] զարդարեն. . . ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած [անձերուն]» (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Պօղոս առաքեալ կը խօսէր կիներուն մասին, բայց նոյն չափանիշը կը կիրարկուի տղամարդոց։

2 Որպէս Եհովայի վկայ, մեր քով կարեւորութիւն ունին հագուստի լաւ չափանիշները։ Մեր պաշտած Աստուծոյն քով ալ ատոնք կարեւորութիւն ունին (Ծն. 3։21)։ Սուրբ Գիրքին մէջ յստակ է թէ տիեզերքին Ստեղծիչը՝ Եհովան դրած է չափանիշներ, թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ իր ծառաները հագուին։ Ուրեմն, ի՛նչ որ կ’որոշենք հագուիլ, պէտք է ընդունելի ըլլայ ոչ միայն մեր քով, հապա նաեւ Գերիշխան Տէր Եհովային քով։

3. Հագուելակերպի մասին ի՞նչ կը սորվինք այն Օրէնքէն որ Աստուած իսրայէլացիներուն տուաւ։

3 Օրինակ՝ Մովսիսական օրէնքին մէջ կային կանոններ, որոնք իսրայէլացիները պաշտպանեցին իրենց շուրջը եղող ազգերուն չափազանց անբարոյ կեանքէն։ Օրէնքը ցուցուց թէ Եհովան որքա՛ն կ’ատէ այն հագուստները, որոնք յայտնի չէ թէ տղո՛ւ են, թէ ոչ՝ աղջիկի (կարդա՛ Բ. Օրինաց 22։5)։ Օրէնքէն կը գիտնանք որ Եհովային քով ընդունելի չեն այն հագուստները, որոնք տղամարդուն կու տան աղջիկի տեսք, իսկ աղջիկին՝ տղու տեսք, կամ կը ձգեն որ տղամարդիկն ու կիները իրարու նմանին։

4. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ հագուելակերպի նկատմամբ լաւ որոշումներ առնենք։

4 Սուրբ Գիրքին սկզբունքները մեզի կ’օգնեն որ հագուելակերպի նկատմամբ լաւ որոշումներ առնենք, չնայած թէ ո՛ւր կ’ապրինք, ի՛նչ մշակոյթ ունինք կամ կլիման ինչպէ՛ս է։ Պէտք չունինք երկար–բարակ ցանկի մը, թէ ո՛ր հագուստները ընդունելի են եւ որոնք ո՛չ։ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները մեզ կ’առաջնորդեն, եւ միեւնոյն ատեն թոյլ կու տան որ մեր սիրածը հագուինք։ Նկատի առնենք կարգ մը սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն գիտնալու թէ ի՛նչ է ‘Աստուծոյ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ կամքը’, երբ պիտի որոշենք ինչ հագուինք (Հռով. 12։1, 2

«ՄԵՐ ԱՆՁԸ Կ’ԸՆԾԱՅԵՆՔ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՊԷՍ»

5, 6. Մեր հագուստը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ ուրիշներուն։

5 Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց Բ. Կորնթացիս 6։4–ի կարեւոր սկզբունքը (կարդա՛)։ Մեր անձնական երեւոյթը շատ բան կ’ըսէ մեր մասին։ Շատեր «երեւցածին» հիման վրայ կը կազմեն իրենց կարծիքը մեր մասին (Ա. Թագ. 16։7)։ Մեզի համար հագուիլը՝ հանգիստ կամ աղուոր բան մը հագուելէն աւելի է,– մենք Աստուծոյ ծառաներն ենք։ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները պէտք է մեզի օգնեն որ չհագնինք այնպիսի հագուստներ, որոնք շատ նեղ են, մարմնին շրջագիծերը մէջտեղ կը հանեն կամ սեռային գետնի վրայ կը գրգռեն։ Երբ մէկը տեսնէ մեր հագուածքը, պէտք չէ անհանգիստ զգայ կամ ստիպուի ուրիշ կողմ նայիլ։

6 Երբ ըլլանք կոկիկ, մաքուր, պատշաճ կերպով հագուած եւ լաւ յարդարուած, աւելի հաւանական է որ մարդիկ մեզ յարգեն որպէս Գերիշխան Տէր Եհովային ծառաները։ Եւ թերեւս անոնք աւելի հետաքրքրուին մեր պաշտած Աստուծմով, լաւ տպաւորուին մեր կազմակերպութեամբ եւ աւելի մտիկ ընեն մեր տուած փրկարար պատգամը։

7, 8. Մանաւանդ ե՞րբ պէտք է պատշաճ կերպով հագնինք։

7 Մենք պարտական ենք մեր սուրբ Աստուծոյն, մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ թաղամասի մարդոց, որ հագուինք այնպիսի կերպով մը որ փառք կը բերէ Եհովային եւ կը պատուէ մեր քարոզած պատգամը (Հռով. 13։8-10)։ Մեր հագուածքը շատ կարեւոր է մանաւանդ երբ ժողովներու կ’երթանք կամ կը քարոզենք։ Պէտք է հագուինք այնպէս՝ «ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած [անձերուն]» (Ա. Տիմ. 2։10)։ Անշուշտ, կան հագուստներ որ տեղ մը պատշաճ կ’ըլլան եւ տեղ մը ո՛չ։ Այս պատճառով, ամբողջ աշխարհին մէջ Եհովայի ժողովուրդը հաշուի կ’առնէ տեղական սովորութիւնները, որպէսզի ուրիշները չգայթակղեցնէ։

Հագուելակերպդ պիտի ձգէ՞ որ մարդիկ յարգեն այն Աստուածը որ դուն կը ներկայացնես (տե՛ս պարբերութիւն 7, 8)

8 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։31։ Երբ համաժողովի երթանք, մեր հագուստը պէտք է պատշաճ ըլլայ։ Ատիկա պէտք չէ նմանի աշխարհի մէջ սովորական եղող ծայրայեղ ոճերուն։ Նոյնիսկ երբ պանդոկ կը մտնենք ու կ’ելլենք կամ համաժողովէն առաջ ու վերջ լաւ ժամանակ կ’անցընենք, պէտք չէ թափթփած կամ շատ անպաշտօն երեւոյթ ունենանք։ Այսպիսով հպարտութեամբ պիտի ըսենք թէ Եհովայի վկայ ենք, եւ պատրաստ պիտի զգանք որ որեւէ առիթով վկայենք։

9, 10. Փիլիպպեցիս 2։4–ը ինչո՞ւ պէտք է ազդէ հագուելակերպի վերաբերեալ մեր որոշումներուն։

9 Կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։4։ Ինչո՞ւ պէտք է հաշուի առնենք, թէ մեր հագուածքը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ չենք ուզեր որ իրենց համար աւելի դժուար ըլլայ այս խրատը կիրարկել. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը» (Կող. 3։2, 5)։ Օրինակ՝ ոմանք ձգած են իրենց անբարոյ ապրելակերպը, բայց տակաւին կը պայքարին սխալ ցանկութիւններու դէմ (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Չենք ուզեր անոնց պայքարը աւելի դժուարացնել, չէ՞։

10 Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ըլլանք, մեր հագուածքը պէտք է օգնէ որ ժողովքը բարոյապէս մաքուր միջավայր մը ըլլայ, թէ՛ ժողովներու ատեն եւ թէ անպաշտօն առիթներով։ Ճիշդ է որ ազատ ենք մեր ուզածը հագնելու, բայց բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք որ հագնինք այնպիսի հագուստներ, որոնք ուրիշներուն կը դիւրացնեն որ իրենց մտածումները, խօսքերը եւ վարքը անարատ պահեն Աստուծոյ աչքին (Ա. Պետ. 1։15, 16)։ Իսկական սէրը «անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կոր. 13։4, 5

ՃԻ՛ՇԴ ՀԱԳՈՒՍՏԸ՝ ՃԻ՛ՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՏԵՂԻՆ

11, 12. Ժողովող 3։1, 17–ն ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ տրամաբանական ըլլանք։

11 Երբ Աստուծոյ ծառաները պիտի որոշեն ի՛նչ հագուին, մտքերնին կը պահեն թէ «ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ իր ժամանակը ունի» (Ժող. 3։1, 17)։ Կը հասկնանք թէ մեր հագուածքը կը փոխուի ըստ կլիմային, եղանակին, ապրելու պայմաններուն եւ պարագաներուն, բայց Եհովայի չափանիշները չեն փոխուիր (Մաղ. 3։6

12 Տաք օդին աւելի դժուար է վստահ ըլլալ որ մեր հագուստը յարգալից ու պատշաճ է։ Ասոր համար, եղբայրներն ու քոյրերը ուրախ կ’ըլլան եթէ չհագնինք հագուստներ, որոնք շատ նեղ կամ թոյլ են եւ մարմնին շրջագիծերը մէջտեղ կը հանեն (Յոբ 31։1)։ Նաեւ երբ ծով կամ լողաւազան երթանք, մեր լողազգեստը պէտք է պատշաճ ըլլայ (Առ. 11։2, 20)։ Թէեւ ուրիշներ կը հագնին անպատշաճ լողազգեստներ, բայց մենք պէտք է վստահ ըլլանք թէ մեր որոշումը փառք կը բերէ Եհովային՝ մեր սուրբ Աստուծոյն։

13. Ա. Կորնթացիս 10։32, 33–ի խրատը ինչո՞ւ պէտք է ազդէ մեր որոշումներուն։

13 Ուրիշ կարեւոր սկզբունք մըն ալ կայ, որ մեզի կ’օգնէ պատշաճ հագուստ զատելու։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ ուրիշին խղճմտանքին չվնասենք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։32, 33)։ Մեր պատասխանատուութիւնն է որ չհագնինք այնպիսի հագուստներ, որոնք կը նեղացնեն մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ Եհովան չպաշտողները։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող հաճեցնէ իր ընկերը՝ շինութեան համար, անոր բարիքին համար», եւ պատճառն ալ տուաւ. «Քանի որ Քրիստոս ալ չհաճեցուց ինքզինք» (Հռով. 15։2, 3, ԱԾ)։ Յիսուսին պէս, մեզի համար ալ պէտք է աւելի կարեւոր ըլլայ Աստուծոյ կամքը կատարելը եւ ուրիշներուն օգնելը, քան՝ անձնական յարմարութիւնները։ Այս պատճառով, պիտի չուզենք ունենալ այնպիսի հագուածք մը որ արգելք կ’ըլլայ որ մարդիկ մեր պատգամը մտիկ ընեն։

14. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկները մարզել, որ Աստուծոյ փառք բերեն իրենց հագուածքով։

14 Ծնողները պատասխանատուութիւն ունին, որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն հետեւիլ։ Անոնք պէտք է վստահ ըլլան որ իրենք եւ իրենց զաւակները կը ջանան Աստուած ուրախացնել՝ իրենց պատշաճ հագուածքով եւ յարդարանքով (Առ. 22։6. 27։11)։ Ծնողները լաւ օրինակ ըլլալով եւ սիրալիր ու գործնական ցուցմունքներ տալով՝ կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել մեր սուրբ Աստուածը յարգել։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ, երբ ծնողներ իրենց պզտիկներուն սորվեցնեն, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կրնան գտնել յարմար հագուստներ։ Անոնք պէտք չէ պարզապէս իրենց սիրածը գնեն, հապա՝ Եհովա Աստուծոյ փառք բերող հագուստներ պէտք է զատեն։

ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԴ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԾԷ

15. Ի՞նչը պէտք է մեզի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք։

15 Սուրբ Գիրքը կու տայ գործնական խրատներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ Աստուծոյ փառք բերող որոշումներ առնենք։ Բայց միեւնոյն ատեն մեր ճաշակն ալ կ’ազդէ մեր հագուածքին։ Ճաշակը եւ դրամական պայմանները անձէ անձ կը տարբերին, բայց մեր հագուստները պէտք է միշտ ըլլան կոկիկ, մաքուր, պատշաճ, առիթին յարմար եւ շրջանակին կողմէ ընդունուած։

16. Ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել որ յարմար հագուածք ունենանք։

16 Միշտ դիւրին չէ պատշաճ եւ յարմար հագուստ գտնել։ Շատ մը խանութներ կը ծախեն միայն հանրածանօթ նորաձեւութիւնները։ Ասոր համար, աւելի ժամանակ կ’առնէ եւ ջանք կ’ուզէ որ գտնենք պատշաճ փէշեր ու պլուզներ, կամ շատ նեղ չեղող համազգեստներ եւ տաբատներ։ Բայց մեր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի նկատեն եւ գնահատեն մեր տարած ջանքերը, որ աղուոր եւ յարմար հագուստներ գտնենք։ Եւ ի՛նչ զոհողութիւն ալ ընենք, մեր ունեցած գոհունակութիւնը պիտի գոցէ ատոր տեղը, գիտնալով որ մեր երկնաւոր Հօր փառք բերող հագուածք ունինք։

17. Ի՞նչ բաներու հիման վրայ կրնայ եղբայր մը որոշել մօրուք ունենալ կամ չունենալ։

17 Յարմա՞ր է որ եղբայրները մօրուք ունենան։ Մովսիսական օրէնքը տղամարդոցմէ պահանջեց որ մօրուք ունենան։ Բայց քրիստոնեաները Մովսիսական օրէնքին տակ չեն, ոչ ալ ստիպուած են ատոր հետեւիլ (Ղեւ. 19։27. 21։5. Գաղ. 3։24, 25)։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, կոկիկ մօրուքը ընդունելի եւ յարգելի է, եւ ատիկա բնա՛ւ արգելք չ’ըլլար որ մարդիկ մտիկ ընեն բարի լուրը։ Իրականութեան մէջ, նշանակում ունեցող կարգ մը եղբայրներ մօրուք ունին։ Հակառակ ասոր, թերեւս կարգ մը եղբայրներ որոշեն մօրուք չձգել (Ա. Կոր. 8։9, 13. 10։32)։ Իսկ ուրիշ մշակոյթներու կամ շրջաններու մէջ, մարդիկ սովորութիւն չունին մօրուք ձգելու եւ ընդունելի չէ որ Եհովայի վկաները մօրուք ունենան։ Հոն, մօրուք ունենալը կրնայ նոյնիսկ արգելք ըլլալ որ եղբայրը Աստուծոյ փառք բերէ եւ թոյլ չտալ որ ան «անպարսաւելի» կամ անմեղադրելի ըլլայ (Ա. Տիմ. 3։2, ՆԱ, 7. Հռով. 15։1-3

18, 19. Միքիա 6։8–ը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։

18 Ի՜նչ ուրախ ենք որ Եհովան մեր հագուստին ու յարդարանքին մասին կանոններու երկար ցանկ մը չի տար։ Փոխարէն, ան ազատութիւն տուած է մեզի որ տրամաբանական որոշումներ առնենք, հիմնուելով Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն վրայ։ Ուրեմն, նոյնիսկ մեր հագուստով ու յարդարանքով կրնանք ցուցնել, թէ կ’ուզենք ‘համեստութեամբ մեր Աստուծոյն հետ քալել’ (Միք. 6։8, ՆԱ

19 Համեստութեամբ կ’ընդունինք որ որքա՜ն տարբեր ենք Եհովայէն, որ անարատ եւ սուրբ է, եւ թէ իր չափանիշները լաւագոյն ուղղութիւնը կու տան մեզի։ Եթէ կ’ուզենք համեստ ու խոնարհ ըլլալ, իր չափանիշներուն պէտք է հետեւինք։ Համեստութիւնը նաեւ մեզ կը մղէ որ ուրիշին զգացումները եւ կարծիքը յարգենք։

20. Մեր հագուածքն ու յարդարանքը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ ուրիշներուն։

20 Մեր հագուածքը շատ յստակօրէն պէտք է ցուցնէ թէ Եհովայի ծառայ ենք։ Եհովան բարձր չափանիշներ ունի եւ մենք ուրախութեամբ անոնց կը հետեւինք։ Գովելի են այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք իրենց երեւոյթով եւ լաւ վարքով՝ անկեղծ մարդիկը կը քաշեն Սուրբ Գիրքի պատգամին եւ փառք կը բերեն Եհովային ու իր սիրտը կ’ուրախացնեն։ Երբ հագուստի նկատմամբ իմաստուն որոշումներ առնենք, պիտի շարունակենք փառք բերել Աստուծոյ, որ «փառաւորութիւն ու վայելչութիւն հագած [է]» (Սաղ. 104։1, 2, ԱԾ