Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Ի՞նչ է Եբրայեցիս 4։12–ին նշած «Աստուծոյ խօսքը», որ «կենդանի է ու զօրեղ»։

Շուրջի համարները կը ցուցնեն թէ Պօղոս առաքեալ կը խօսէր Աստուծոյ արտայայտուած նպատակին մասին, այսինքն՝ Աստուծոյ այն պատգամին մասին, որ կապ ունի Իր նպատակին հետ, օրինակ՝ ինչպէս որ Սուրբ Գիրքին մէջ կը գտնենք։

Շատ անգամներ, Եբրայեցիս 4։12–ը նշած ենք մեր հրատարակութիւններուն մէջ, որպէսզի ցուցնենք թէ Սուրբ Գիրքը ունի այն ուժը որ կեանքեր կը փոխէ, եւ ասիկա տեղին է։ Սակայն, կ’օգտուինք երբ Եբրայեցիս 4։12–ի շուրջի համարներն ալ նկատի առնենք։ Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաները կը քաջալերէր, որ Աստուծոյ նպատակներուն հետ համագործակցին։ Այդ նպատակներէն շատերը կը գտնուէին սուրբ գրութիւններուն մէջ։ Պօղոս գործածեց այն իսրայէլացիներուն օրինակը, որոնք Եգիպտոսէն ազատագրուած էին։ Անոնք Աւետեաց երկիրը՝ «կաթ ու մեղր բղխող երկիր»ը մտնելու յոյսը ունէին, ուր կրնային իսկական հանգստութիւն վայելել (Ել. 3։8. Բ. Օր. 12։9, 10

Ասիկա Աստուծոյ արտայայտուած նպատակն էր։ Բայց յետագային, իսրայէլացիները Եհովային ուղղութիւնը մերժեցին եւ հաւատքի պակաս ցուցուցին։ Ասոր համար, անոնց մեծամասնութիւնը չմտաւ այդ հանգիստը (Թուոց 14։30. Յես. 14։6-10)։ Սակայն, Պօղոս ըսաւ որ դեռ կայ «[Աստուծոյ] հանգիստը մտնելու խոստում» մը (Եբ. 3։16-19. 4։1)։ Յստակօրէն, այս «խոստում»ը մաս կը կազմէ Աստուծոյ արտայայտուած նպատակին։ Կրնանք եբրայեցի քրիստոնեաներուն պէս կարդալ այս նպատակին մասին եւ ատոր հետ համագործակցիլ։ Պօղոս մէջբերեց Ծննդոց 2։2–էն եւ Սաղմոս 95։11–էն, որպէսզի շեշտէ թէ այս խոստումը հիմնուած է Սուրբ Գրութիւններուն վրայ։

Վստահաբար մեր սրտին կը դպչի, որ ‘մնացեր է Աստուծոյ հանգիստը մտնելու խոստումը’։ Վստահ ենք որ Սուրբ Գիրքին տուած այս յոյսը իսկապէս կարելի է, եւ արդէն քայլեր առեր ենք որ մտնենք այս հանգիստը։ Բայց Մովսիսական օրէնքին հետեւելով կամ Եհովային հաճութիւնը շահելու համար լաւ բաներ ընելով չէ որ այս քայլերը առած ենք։ Փոխարէն, հաւատքո՛վ ուրախութեամբ համագործակցած ենք իր նպատակին հետ, եւ կը շարունակենք համագործակցիլ։ Նաեւ, աշխարհի չորս կողմը հազարաւոր մարդիկ սկսած են Սուրբ Գիրքը սերտել եւ սորվիլ այն բաներուն մասին, որ Աստուած յայտնած է իր նպատակին նկատմամբ։ Ասիկա շատերը մղած է որ իրենց ապրելակերպը փոխեն, հաւատան եւ մկրտուին։ Այս բանը յստակ փաստ է, որ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։ Ի՛նչ որ Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ յայտնած է իր նպատակին մասին՝ արդէն ազդած է մեր կեանքին, եւ պիտի շարունակէ ազդել։