Եհովայի օրհնութիւնը ստանալու համար շարունակէ մարտնչիլ
«Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր» (ԾՆ. 32։28)։
1, 2. Եհովայի ծառաները ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին։
ԱԲԷԼԷՆ բռնէ մինչեւ այսօր, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները պայքարած են։ Պօղոս առաքեալ եբրայեցի քրիստոնեաներուն ըսաւ, որ իրենք ‘տոկացին չարչարանքներու մեծ մարտի մը’, մինչ կը ջանային շահիլ Աստուծոյ հաճութիւնն ու օրհնութիւնը (Եբ. 10։32-34, ԱԾ)։ Պօղոս քրիստոնեաներուն պայքարը նմանցուց այն մարզիկներուն պայքարին, որոնք յունական մրցումներուն կը մասնակցէին, ինչպէս՝ վազք, գօտեմարտ եւ կռփամարտ (Եբ. 12։1, 4)։ Ներկայիս, կեանքի մրցավազքին մէջն ենք եւ ունինք թշնամիներ, որոնք կ’ուզեն մեր ուշադրութիւնը խանգարել, մեզ շուարեցնել, մեզ գետին զարնել ու մեզմէ խլել մեր ուրախութիւնը եւ ապագայի վարձատրութիւնները։
2 Մեր ամէնէն դժուար պայքարը կամ «պատերազմը»՝ Սատանային եւ իր չար աշխարհին դէմն է (Եփ. 6։12)։ Շատ կարեւոր է որ ջանք թափենք որ չազդուինք այս աշխարհի ուսուցումներէն, փիլիսոփայութիւններէն եւ վնասակար սովորութիւններէն, ինչպէս՝ անբարոյութիւնը, ծխելը եւ չափազանց խմելն ու թմրեցուցիչ գործածելը։ Նաեւ պէտք է միշտ պայքարինք վհատութեան եւ մեր տկարութիւններուն դէմ (Բ. Կոր. 10։3-6. Կող. 3։5-9)։
3. Աստուած ինչպէ՞ս մեզ կը մարզէ որ մեր թշնամիներուն դէմ կռուինք։
3 Իրապէս կարելի՞ է որ այսպիսի զօրաւոր թշնամիներու յաղթենք։ Այո՛, բայց պայքարելով։ Պօղոս ինքզինք նմանցուց կռփամարտիկի, երբ ըսաւ. «Կը մրցիմ կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր» (Ա. Կոր. 9։26, ՆԹ)։ Ճիշդ ինչպէս որ կռփամարտիկ մը կը կռուի իր հակառակորդին դէմ, մենք ալ պէտք է կռուինք մեր թշնամիներուն դէմ։ Եհովան Սուրբ Գիրքին, մեր հրատարակութիւններուն, ժողովներուն եւ համաժողովներուն միջոցաւ մեզ կը մարզէ եւ կ’օգնէ որ կռուինք։ Իսկ դուն քու կարգիդ, կը գործադրե՞ս ինչ որ կը սորվիս։ Եթէ ո՛չ, ուրեմն լման դէմ չես դներ թշնամիիդ, ճիշդ ինչպէս որ կռփամարտիկ մը ‘օդը կը ծեծէ’։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք չարէն չյաղթուիլ։
4 Մեր թշնամիները մեր չակնկալած ատենը կը յարձակին եւ մեր տկար եղած ատենը կը հարուածեն։ Ուրեմն պէտք է միշտ եւ որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն ըլլանք։ Սուրբ Գիրքը թէ՛ զգուշացում կու տայ մեզի, թէ ալ քաջալերութիւն, ըսելով. «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին» (Հռով. 12։21)։ «Չարէն մի՛ յաղթուիր» արտայայտութիւնը կը ցուցնէ թէ կրնանք յաղթել չարին, բայց մէկ պայմանով. պէտք է շարունակ պայքարինք։ Սակայն, եթէ պատրաստ չըլլանք կռուելու եւ յանձնուինք, Սատանան, իր չար աշխարհը եւ մեր անկատարութիւնը մեզի պիտի յաղթեն։ Բնա՛ւ թոյլ մի՛ տար որ Սատանան քեզ վհատեցնէ եւ ձեռքերդ թուլցնէ (Ա. Պետ. 5։9)։
5. ա) Ի՞նչ բան պէտք է մտքերնիս պահենք մինչ կը պայքարինք։ բ) Սուրբ Գիրքի ո՞ր անձնաւորութիւններուն մասին պիտի խօսինք։
5 Որպէսզի յաղթենք, պէտք է մտքերնիս պահենք թէ ինչո՛ւ կը պայքարինք։ Պատճառը այն է, թէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաճութիւնն ու օրհնութիւնը ստանալ։ Եբրայեցիս 11։6–ը կ’ըսէ. «Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ «Փնտռել» թարգմանուած յունարէն բային մէջ կայ շատ ջանք թափելու գաղափարը (Գործք 15։17)։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ շատ մը տղամարդիկ ու կիներ, որոնք ջանք թափեցին որ Եհովային օրհնութիւնը շահին։ Յակոբ, Ռաքէլ, Յովսէփ եւ Պօղոս ունէին պայմաններ, որոնք ֆիզիքապէս եւ զգացական գետնի վրայ դժուար էին։ Բայց անոնք տոկացին եւ օրհնութիւններ ստացան։ Իրենց օրինակները կը փաստեն թէ եթէ շատ ջանք թափենք, մենք ալ կրնանք Եհովային օրհնութիւնը ստանալ։ Տեսնենք թէ ինչպէս։
ԵԹԷ ՅԱՐԱՏԵՒԵՍ՝ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆՈՒԻՍ
6. Ի՞նչ բան Յակոբին օգնեց որ յարատեւէ եւ ան ի՞նչ շահեցաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։
6 Հաւատարիմ Յակոբ պայքարեցաւ եւ յարատեւեց, քանի որ Եհովան կը սիրէր, հոգեւոր բաները կը գնահատէր եւ լման հաւատք ունէր Եհովայի խոստումին նկատմամբ, թէ իր սերունդը պիտի օրհնէր (Ծն. 28։3, 4)։ Ասկէ կրնանք հասկնալ որ ինչո՛ւ Յակոբ երբ գրեթէ 100 տարեկան էր, իր ամէն կարելին ըրաւ որ Աստուծոյ օրհնութիւնը շահի։ Ան նոյնիսկ գօտեմարտեցաւ հրեշտակի մը հետ (կարդա՛ Ծննդոց 32։24-28)։ Յակոբ ի՞ր ուժով գօտեմարտեցաւ հրեշտակին հետ։ Անշուշտ ո՛չ։ Բայց ան շատ վճռական պայքարող մըն էր եւ փաստեց որ վազ պիտի չանցնի մինչեւ որ օրհնութիւն ստանայ։ Եւ քանի որ ան յարատեւեց, Եհովան զինք օրհնեց եւ իրեն տուաւ Իսրայէլ անունը, որ կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ հետ մարտնչող կամ յարատեւող»։ Ան շահեցաւ Եհովային հաճութիւնն ու օրհնութիւնը։ Մենք ալ կ’ուզենք ասոնք շահիլ։
7. ա) Ռաքէլ ի՞նչ նեղութիւն ունէր։ բ) Ան ի՞նչ ըրաւ եւ ի՞նչ օրհնութիւն ստացաւ։
7 Յակոբին սիրելի կինը՝ Ռաքէլն ալ անհամբեր կը սպասէր որ տեսնէր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր խոստումին տէրը պիտի ելլէր։ Բայց խնդիր մը կար. Ռաքէլ չէր կրնար պզտիկ ունենալ։ Ասիկա իր օրերուն շատ մեծ ցաւ մըն էր կիներուն համար։ Ռաքէլ ինչպէ՞ս շարունակեց պայքարիլ, հակառակ որ նեղացուցիչ պարագայ մը ունէր, որ իր ձեռքը չէր։ Ան իր յոյսը բնաւ չկտրեց եւ ա՛լ աւելի աղօթեց։ Եհովան լսեց Ռաքէլին սրտանց աղօթքները եւ ի վերջոյ զինք օրհնեց զաւակներով։ Այս պատճառով ան ըսաւ. «Մեծ ըմբշամարտութիւնով մարտնչեցայ եւ յաղթեցի» (Ծն. 30։8, 20-24)։
8. ա) Յովսէփ ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ։ բ) Ան ինչպէ՞ս լաւ օրինակ մը ձգեց մեզի։
8 Յակոբին եւ Ռաքէլին լաւ օրինակը անկասկած մեծ ազդեցութիւն ձգեց իրենց տղուն՝ Յովսէփին վրայ, եւ օգնեց որ գիտնայ ինչպէ՛ս իր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել։ Երբ ան 17 տարեկան էր, իր կեանքը լման փոխուեցաւ։ Իր եղբայրները իրենց նախանձէն՝ գերութեան ծախեցին զինք։ Յետագային, ան տարիներով անարդարօրէն բանտարկուեցաւ Եգիպտոսի մէջ (Ծն. 37։23-28. 39։7-9, 20, 21)։ Յովսէփ չվհատեցաւ եւ չփորձեց վրէժ առնել։ Փոխարէն, ան մտքով ու սրտով կեդրոնացաւ Եհովային հետ ունեցած իր փոխյարաբերութեան վրայ (Ղեւ. 19։18. Հռով. 12։17-21)։ Անոր օրինակը մեզի կ’օգնէ։ Օրինակ՝ նոյնիսկ եթէ դժուար մանկութիւն ունեցած ենք կամ հիմա անյոյս պայմաններ ունինք, պէտք է շարունակենք պայքարիլ եւ չյանձնուիլ։ Եւ եթէ այսպէս ընենք, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի օրհնէ մեզ (կարդա՛ Ծննդոց 39։21-23)։
9. Ինչպէ՞ս կրնանք Յակոբին, Ռաքէլին եւ Յովսէփին նմանիլ։
9 Միտքդ բեր ունեցած մէկ նեղութիւնդ։ Թերեւս ոմանք անարդարօրէն կամ նախապաշարումով կը վարուին հետդ, կամ կը ծաղրեն քեզ։ Կամ թերեւս մէկը քեզ կ’ամբաստանէ, քանի որ քեզի կը նախանձի։ Փոխանակ վհատելու, յիշէ թէ ի՛նչը օգնեց Յակոբին, Ռաքէլին եւ Յովսէփին որ շարունակեն ուրախութեամբ Եհովային ծառայել։ Անոնք խորապէս գնահատեցին հոգեւոր բաները, եւ Եհովան ասոր համար զանոնք զօրացուց եւ օրհնեց։ Անոնք շարունակեցին պայքարիլ եւ իրենց աղօթքներուն համաձայն գործել։ Իսկ քանի որ ներկայ վերջին օրերը վերջանալու վրայ են, կարեւոր է որ մեր առջեւ եղած յոյսը ամուր բռնենք։ Պատրա՞ստ ես մարտնչելու, այսինքն շատ ջանք թափելու, որ Եհովային հաճութիւնը շահիս։
ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԻՐ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՈՐ ՕՐՀՆՈՒԻՍ
10, 11. ա) Թերեւս ինչո՞ւ ստիպուինք որ Աստուծոյ օրհնութիւնը շահելու համար պայքարինք։ բ) Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ ճիշդ որոշումներ առնենք։
10 Ի՞նչ բաներ թերեւս ձգեն որ Աստուծոյ օրհնութիւնը շահելու համար պայքարինք։ Կրնայ ըլլալ որ ոմանք սխալ ցանկութիւններու դէմ կը պայքարին, անկատարութեան պատճառով։ Ուրիշներ կը պայքարին որ դրական աչքով նային ծառայութեան, եւ ոմանք կը պայքարին քանի որ առողջապահական խնդիրներ ունին կամ միայնակ կը զգան։ Իսկ ուրիշներու համար պայքար է ներել մէկու մը, որ իրենց հանդէպ սխալած է։ Չնայած թէ քանի տարի է որ Եհովան կը պաշտենք, բոլո՛րս պէտք է պայքարինք այն բաներուն դէմ, որոնք կը դժուարացնեն
ծառայել Եհովային, որ կը վարձատրէ հաւատարիմները։11 Անկեղծօրէն, շատ դժուար կրնայ ըլլալ որ որպէս քրիստոնեայ ապրինք եւ ճիշդ որոշումներ առնենք, մանաւանդ երբ մեր սխալ ցանկութիւններուն դէմ կը պայքարինք (Եր. 17։9)։ Եթէ այսպէս կը զգաս, աղօթքով Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրէ։ Աղօթքը եւ սուրբ հոգին կրնան քեզի զօրութիւն տալ որ ճիշդը ընես, եւ այդպիսով Աստուծոյ օրհնութիւնը շահիս։ Աղօթքներուդ համաձայն գործէ, փորձէ ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ ժամանակ տրամադրէ անձնական ուսումնասիրութեան եւ ընտանեկան պաշտամունքին (կարդա՛ Սաղմոս 119։32)։
12, 13. Երկու քրիստոնեաներ ի՞նչ օգնութիւն ստացան որ սխալ ցանկութիւնները զսպեն։
12 Շատ օրինակներ կան թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքը, սուրբ հոգին եւ մեր հրատարակութիւնները օգնած են եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որ սխալ ցանկութիւններուն հետ գլուխ ելլեն։ Պատանի մը կարդաց՝ «Ինչպէ՞ս կրնաս սխալ ցանկութիւններուն դէմ դնել» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի 8 դեկտեմբեր 2003 թիւին մէջ (անգլերէն)։ Ան ինչպէ՞ս հակազդեց։ «Կը պայքարիմ որ անպատշաճ մտածումներս զսպեմ։ Երբ պարբերաթերթին մէջ կարդացի, որ ‘շատերու համար շատ մեծ պայքար մըն է որ սխալ ցանկութիւններուն հետ գլուխ ելլեն’, զգացի թէ մեր եղբայրութեան մաս կը կազմեմ Բ. Կոր. 12։7)։ Սակայն անոնք ապագայի նկատմամբ յոյս ունին, մինչ կը պայքարին որ մաքուր վարք ունենան։ Պատանին ըսաւ. «Այս պատճառով, կը կարծեմ թէ կրնա՛մ օրը օրին հաւատարիմ մնալ։ Շատ շնորհակալ եմ Եհովայէն որ իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ, որ մեզի օգնէ իւրաքանչիւր օր հաւատարիմ մնալու այս չար աշխարհին մէջ»։
եւ առանձին չեմ»։ Այս պատանին նաեւ օգտուեցաւ՝ «Աստուած համաձա՞յն է փոխընտրական ապրելակերպին հետ» յօդուածէն, որ լոյս տեսաւ 8 հոկտեմբեր 2003 թիւին մէջ (անգլերէն)։ Ան նկատեց թէ հոն գրուած է, որ ոմանք մնայուն պայքար ունին, «մարմնի խայթոց»ի մը պէս (13 Նկատի առ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ան կը գրէ. «Կ’ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել որ միշտ ճիշդ ժամանակին կու տաք մեզի պէտք եղածը։ Շատ անգամներ կը զգամ որ այս յօդուածները միայն ինծի համար գրուած են։ Տարիներէ ի վեր կը պայքարիմ Եհովային ատած մէկ բանին դէմ։ Ատեններ կ’ուզեմ յանձնուիլ եւ այլեւս չպայքարիլ։ Գիտեմ որ Եհովան ողորմած է եւ կը ներէ, բայց քանի որ այս սխալ ցանկութիւնը ունիմ եւ իրականութեան մէջ՝ չեմ ատեր զայն, կը զգամ թէ Եհովային օգնութեան արժանի չեմ։ Այս շարունակական պայքարը՝ կեանքիս մէջ ամէն ինչի ազդած է։ . . .Դիտարան–ի 15 մարտ 2013 թիւին մէջ՝ ‘Սիրտդ Եհովան կը ճանչնա՞յ’ յօդուածը կարդալէ ետք, իրապէս զգացի թէ Եհովան կ’ուզէ՛ ինծի օգնել»։
14. ա) Պօղոս ի՞նչ ըսաւ իր պայքարներուն մասին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք յաղթել մեր տկարութիւններուն։
14 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21-25։ Պօղոս անձնապէս գիտէր թէ որքա՜ն դժուար է պայքարիլ սխալ ցանկութիւններու եւ տկարութիւններու դէմ։ Բայց ան լման վստահ էր որ եթէ աղօթքով Եհովային վստահի եւ Յիսուսի զոհին հաւատայ, այս ներքին պայքարին մէջ կրնայ յաղթել։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Կրնա՞նք յաղթել մեր տկարութիւններուն։ Այո՛, եթէ Պօղոսին նմանինք, լման վստահինք Եհովային ու ոչ թէ մեր ուժին, եւ հաւատանք փրկանքին։
15. Աղօթքը ինչո՞ւ կրնայ մեզի օգնել որ հաւատարիմ մնանք եւ տոկանք։
15 Ատեններ, Աստուած թոյլ կու տայ որ ցուցնենք թէ որքա՛ն մտահոգ ենք որոշ հարցի մը շուրջ։ Օրինակ՝ եթէ մենք (կամ մեր ընտանիքին մէկ անդամը) լուրջ հիւանդութիւն մը ունենանք կամ անարդարութեան զոհը երթանք, ի՞նչ պիտի ընենք։ Եթէ լման կը վստահինք Եհովային, աղօթքով պիտի աղաչենք որ մեզի պէտք եղած ուժը տայ որ իրեն հաւատարիմ մնանք, մեր ուրախութիւնը չկորսնցնենք եւ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պահենք (Փլպ. 4։13)։ Ըլլայ անցեալին թէ ներկայիս, շատերու փորձառութիւնը կը ցուցնէ, թէ աղօթքը կրնայ մեզ զօրացնել եւ պէտք եղած քաջութիւնը տալ որ շարունակենք տոկալ։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԱՐՏՆՉԻԼ ԵՀՈՎԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
16, 17. Ի՞նչ վճռած ես ընել։
16 Սատանան իրապէս կ’ուրախանայ, երբ վհատիս եւ յանձնուիս։ Ուրեմն, միտքդ դիր որ ‘բարին ամուր բռնես’ (Ա. Թես. 5։21)։ Վստահ եղիր որ կրնաս յաղթել Սատանային, իր չար աշխարհին եւ սխալ ցանկութիւններուդ, երբ լման համոզուած ըլլաս որ Աստուած քեզ պիտի զօրացնէ եւ օգնէ (Բ. Կոր. 4։7-9. Գաղ. 6։9)։
17 Ուրեմն շարունակէ կռուիլ։ Շարունակէ պայքարիլ։ Շարունակէ մարտնչիլ։ Շարունակէ յարատեւել։ Լման վստահութիւն ունեցիր որ Եհովան քու վրադ ‘օրհնութիւն պիտի թափէ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ’ (Մաղ. 3։10)։