Ո՛վ ծնողներ, ձեր պզտիկին օգնեցէք որ իր հաւատքը զօրացնէ
«Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ. . . Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն» (ՍԱՂ. 148։12, 13)։
1, 2. ա) Ծնողները ի՞նչ դժուարութիւն ունին, եւ ինչպէ՞ս կրնան ատոր հետ գլուխ ելլել։ բ) Ի՞նչ չորս կէտեր պիտի քննարկենք։
«ՄԵՆՔ կը հաւատանք Եհովային, բայց ասիկա ըսել չէ որ մեր պզտիկներն ալ պիտի հաւատան իրեն», ըսին Ֆրանսայի մէջ ամուսնացած զոյգ մը։ Անոնք շարունակեցին. «Հաւատքը բան մը չէ որ կը ժառանգուի. պզտիկները քիչ–քիչ զայն ձեռք կը ձգեն»։ Աւստրալիացի եղբայր մը գրեց. «Թերեւս զաւակիդ սրտին մէջ հաւատք ցանելը՝ կեանքիդ ամէնէն մեծ դժուարութիւնը ըլլայ։ Ամբողջ կարողութեամբդ պէտք է ջանք թափես։ Թերեւս կարծես որ պզտիկիդ հարցումին պատասխանը կրցար տալ, բայց կը տեսնես որ ան ուրիշ անգամ ալ նոյն հարցումը կը հարցնէ։ Կրնայ ըլլալ որ տուած պատասխաններդ պզտիկիդ հետաքրքրութիւնը գոհացնեն ա՛յսօր, բայց վաղը՝ ո՛չ։ Թերեւս պէտք ունենաս կարգ մը նիւթերու մասին կրկին անգամ խօսելու»։
2 Եթէ ծնող մըն ես, ատեններ կը զգա՞ս որ կարողութիւն չունիս որ պզտիկներուդ սորվեցնես եւ օգնես որ հաւատք ունեցող անձեր դառնան ապագային։ Իրականութեան մէջ, մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ իր իմաստութիւնով ասոր մէջ յաջողիլ (Եր. 10։23)։ Բայց Եհովայի՛ն օգնութեամբ կրնանք յաջողիլ։ Նկատի առ չորս բաներ, որոնց միջոցաւ կրնաս պզտիկներուդ օգնել որ իրենց հաւատքը զօրացնեն. 1) Զիրենք լաւ ճանչցիր, 2) Սրտանց սորվեցուր իրենց, 3) Լաւ օրինակներ գործածէ, 4) համբերութիւն ունեցիր եւ շարունակ աղօթէ։
ՊԶՏԻԿՆԵՐԴ ԼԱՒ ՃԱՆՉՑԻՐ
3. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսին պէս սորվեցնել։
3 Յիսուս չէր վախնար իր աշակերտներուն հարցնելու թէ ինչի՛ կը հաւատան (Մատ. 16։13-15)։ Յիսուսին պէս ըրէ։ Հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ պզտիկներէդ խնդրէ որ իրենց զգացումները արտայայտեն։ Արդեօք անոնք որոշ կասկածներ ունի՞ն։ Աւստրալիոյ մէջ 15 տարեկան եղբայր մը գրեց. «Հայրս շատ անգամներ հաւատքիս մասին կը խօսի հետս եւ ինծի կ’օգնէ որ տրամաբանեմ։ Ինծի կը հարցնէ. ‘Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ’, ‘Իր ըսածին կը հաւատա՞ս’, ‘Ինչո՞ւ կը հաւատաս ատոր’։ Ան կ’ուզէ որ բառերովս պատասխանեմ իրեն եւ ոչ թէ թութակի պէս կրկնեմ իր կամ մօրս ըսածը։ Որքա՛ն աւելի մեծնայի, այնքան աւելի պէտք էր բացատրէի կարծիքս»։
4. Ինչո՞ւ համար կարեւոր է որ պզտիկի մը հարցումները լուրջի առնուին. օրինակ մը տուր։
4 Եթէ պզտիկ մը որոշ ուսուցումի մը շուրջ շատ համոզուած չէ, փորձէ զօրաւոր կերպով չհակազդել։ Համբերութեամբ օգնէ իրեն որ տրամաբանէ հարցին շուրջ։ Հայր մը ըսաւ. «Պզտիկիդ հարցումները լուրջի առ եւ կարեւորութիւն տուր ատոնց։ Եւ եթէ որոշ նիւթ մը քեզ կ’անհանգստացնէ, մի՛ փորձեր նիւթը գոցել»։ Իրականութեան մէջ, երբ պզտիկները անկեղծ հարցումներ հարցնեն, ասիկա լաւ նշան է եւ ըսել է թէ անոնք հետաքրքրուած են եւ կ’ուզեն հասկնալ։ Յիսուս լուրջ հարցումներ հարցուց նոյնիսկ 12 տարեկանին (կարդա՛ Ղուկաս 2։46)։ Դանիայէն 15 տարեկան պատանի մը կը յիշէ. «Երբ ծնողքիս ըսի թէ կը կասկածիմ որ ճշմարիտ կրօնքին մէջն ենք, անոնք հանդարտ մնացին, հակառակ որ թերեւս մտահոգուեցան։ Անոնք Սուրբ Գիրքը գործածելով պատասխանեցին բոլոր հարցումներուս»։
5. Ծնողները ինչպէ՞ս կը ցուցնեն որ իրենց պզտիկին հաւատքը թեթեւի չեն առներ։
5 Զաւակներդ լաւ ճանչցիր։ Գիտցիր անոնց զգացումները, մտածելակերպը եւ մտահոգութիւնները։ Բնաւ մի՛ հաշուեր որ անոնք հաւատք ունին՝ պարզապէս քանի որ ժողովի կ’երթան եւ ծառայութեան կ’ելլեն։ Հոգեւոր բաներու մասին խօսէ մինչ օրուան մէջ իրարու հետ բաներ կ’ընէք։ Անոնց հետ աղօթէ։ Անոնց համար ալ առանձին աղօթէ։ Նայէ թէ անոնք ի՛նչ փորձութեան առջեւ են, եւ անոնց օգնէ որ ատոր հետ գլուխ ելլեն։
ՍՐՏԱՆՑ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ
6. Երբ ծնողները շարունակեն ճշմարտութեան մասին աւելի սորվիլ, ասիկա ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ իրենց պզտիկներուն սորվեցնեն։
6 Յիսուս մարդոց սրտին կը հասնէր, քանի որ կը սիրէր Եհովան, Իր Խօսքը եւ մարդիկը (Ղուկ. 24։32. Յովհ. 7։46)։ Այսպիսի սէր պիտի օգնէ ծնողներուն, որ իրենց պզտիկներուն սրտին հասնին (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։5-8. Ղուկաս 6։45)։ Ուրեմն ո՛վ ծնողներ, Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները լաւ սերտեցէք։ Ստեղծագործութեամբ հետաքրքրուեցէք եւ ատոր մասին յօդուածներ կարդացէք (Մատ. 6։26, 28)։ Այսպիսով, ձեր գիտութիւնը պիտի աւելնայ, Եհովան աւելի պիտի գնահատէք եւ աւելի պիտի կարենաք ձեր պզտիկներուն սորվեցնել (Ղուկ. 6։40)։
7, 8. Եթէ ծնողին սիրտը Եհովային գիտութիւնով լեցուած ըլլայ, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ. օրինակ մը տուր։
7 Երբ քու սիրտդ Եհովային գիտութիւնով լեցուած ըլլայ, պիտի ուզես ատոր մասին խօսիլ ընտանիքիդ հետ։ Բայց ասիկա մի՛ ըներ միայն երբ ժողովներու նիւթերը կը պատրաստէք կամ ընտանեկան պաշտամունք կ’ընէք։ Ասիկա ո՛րեւէ ժամանակ ըրէ։ Ասկէ զատ, պզտիկներդ մի՛ ստիպեր որ այսպիսի բաներու մասին խօսին,
հապա ամէնօրեայ խօսակցութիւններու մէջ անցուր այսպիսի նիւթեր։ Միացեալ Նահանգներէն զոյգ մը Եհովային մասին կը խօսին իրենց պզտիկներուն հետ, երբ բնութեան մէջ անուշիկ բան մը տեսնեն կամ համով բան մը ուտեն։ Ծնողքը կ’ըսէ. «Մեր պզտիկներուն կը յիշեցնենք թէ ի՛նչ որ Եհովան մեզի տուած է, սիրով եւ մտածելով տուած է»։ Հարաւային Ափրիկէէն զոյգ մը ստեղծագործութեան մասին կը խօսին իրենց երկու աղջիկներուն, երբ անոնց հետ կ’աշխատին պարտէզին մէջ։ Օրինակ՝ անոնք կը բացատրեն ինչպէ՛ս հունտը կը վերածուի բոյսի։ Ծնողքը կ’ըսէ. «Կը փորձենք մեր աղջիկներուն օգնել, որ մեծ յարգանք ունենան կեանքին եւ ատոր սքանչելի բարդութեան հանդէպ»։8 Աւստրալիոյ մէջ հայր մը թանգարան տարաւ իր տղան, որ գրեթէ տասը տարեկան էր։ Ան այս ժամանակը օգտագործեց, որ զօրացնէ իր տղուն հաւատքը Աստուծոյ եւ ստեղծագործութեան հանդէպ։ Հայրը կ’ըսէ. «Ցուցադրուած էին ծովային հին էակներ, որոնք կը կոչուին ամոնիտներ եւ թրիլոպիդներ։ Այս բնաջինջ եղած կենդանիներուն գեղեցկութիւնը, բարդութիւնը եւ կազմուածքը շատ տպաւորեցին մեզ։ Ատոնք հիմակուան կենդանիներէն պակաս բան մը չունէին։ Լաւ, եթէ կեանքը բարեշրջուած ըլլար պարզէն դէպի բարդը, այս էակները այսքան բարդ կ’ըլլայի՞ն։ Շատ տպաւորուեցայ այս գաղափարով եւ տղուս ալ սորվեցուցի այս դասը»։
ԱԶԴՈՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾԷ
9. Օրինակները ինչո՞ւ ազդու են, եւ մայր մը ի՞նչ օրինակ գործածեց։
9 Յիսուս շատ անգամներ օրինակներ կը գործածէր, որոնք սրտին կը հասնէին, կը ձգէին որ մէկը մտածէ ու դիւրութեամբ յիշէ իր սորված դասը (Մատ. 13։34, 35)։ Պզտիկները զօրաւոր երեւակայութիւն ունին։ Ուրեմն ո՛վ ծնողներ, ձեր կրցածին չափ շատ օրինակներ գործածեցէք երբ կը սորվեցնէք։ Ճափոնի մէջ մայր մը ասիկա ըրաւ։ Երբ իր երկու տղաքը՝ մէկը ութ եւ միւսը տասը տարեկան էին, իրենցմէ բան մը խնդրեց որպէսզի սորվին Երկիր մոլորակին մթնոլորտին մասին, եւ տեսնեն թէ Եհովան որքա՜ն բծախնդրութեամբ շինած էր զայն։ Ան իրենց տուաւ կաթ, շաքար եւ սուրճ, եւ խնդրեց որ ամէն մէկը գաւաթ մը սուրճ ընէ իրեն։ Ան կը բացատրէ. «Անոնք շատ ուշադրութեամբ կ’աշխատէին։ Երբ իրենց հարցուցի թէ ինչո՛ւ այդքան ուշադիր են, ըսին թէ կ’ուզեն որ սուրճը ճիշդ իմ սիրածիս պէս ըլլայ։ Իրենց բացատրեցի որ Եհովան ալ ճիշդ այս բծախնդրութեամբ միացուց մթնոլորտին կազերը, որպէսզի մեզի յարմար ըլլայ»։ Այս օրինակը իրենց տարիքին յարմար էր եւ ատկէ հաճոյք առին։ Անոնք անկասկած չմոռցան այս դասը։
10, 11. ա) Ի՞նչ օրինակ կրնաս գործածել որ պզտիկիդ օգնես Աստուծոյ հաւատալու (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ի՞նչ օրինակներ գործածած ես։
10 Ի՞նչ օրինակ կրնաս գործածել, որ պզտիկիդ ցուցնես թէ Ստեղծիչ մը կայ։ Կրնաս անոր հետ կարկանդակ մը շինել, գործածելով թուղթի վրայ գրուած չափեր։ Անոր բացատրէ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ ճիշդ չափերուն հետեւիք։ Ետքը, անոր ձեռքը պտուղ մը տուր, թերեւս խնձոր մը, եւ հարցուր. «Գիտէի՞ր որ այս պտուղը ունի իր չափերը»։ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել գրքոյկին կարգ մը նկարները եւ օրինակները, էջ 10-20 (անգլերէն)։
Ետքը, խնձորը կիսէ եւ հունտ մը տուր իրեն։ Բացատրէ թէ խնձորին չափերը «գրուած են» հունտին մէջ, բայց շատ աւելի բարդ լեզուով մը, քան՝ կարկանդակին չափերը։ Կրնաս հարցնել. «Եթէ կարկանդակին չափերը մէ՛կը գրած է, լաւ ո՞վ գրեց խնձորին չափերը, որ շատ աւելի բարդ են»։ Եթէ զաւակդ քիչ մը մեծ է, կրնաս բացատրել թէ խնձորին չափերը,– նոյնիսկ խնձորի ծառին չափերը,– Տի.Էն.Էյ.–ին մէջն են։ Նաեւ կրնաս պզտիկներուդ ցուցնել11 Շատ մը ծնողներ իրենց պզտիկներուն հետ կը կարդան Զարթի՛ր–ի «Արդեօք պատահականութի՞ւն է» յօդուածաշարքը։ Եթէ զաւակները տակաւին մանուկ են, ծնողները կրնան տեղեկութիւնները շատ պարզ կերպով բացատրել։ Օրինակ՝ Դանիայի մէջ զոյգ մը օդանաւի օրինակը գործածեց։ Անոնք ըսին. «Օդանաւը թռչունի կը նմանի։ Բայց օդանաւը կրնա՞յ հաւկիթ ածել եւ հաւկիթէն պզտիկ օդանաւ ելլէ։ Պէտք կա՞յ թռչունին ըսելու թէ ո՛ւր կամ ինչպէ՛ս գետին պիտի իջնէ։ Ի՞նչ տարբերութիւն կայ օդանաւին ձայնին եւ թռչունին երգին միջեւ։ Ուրեմն, ո՞վ աւելի խելացի է. օդանաւ շինո՞ղը թէ ոչ թռչուն Ստեղծողը»։ Երբ պզտիկներուդ ըսես այսպիսի կէտեր եւ հարցումներ հարցնես, կ’օգնես որ իրենց մտածելու կարողութիւնը գործածեն եւ Եհովային հանդէպ իրենց հաւատքը զօրացնեն (Առ. 2։10-12)։
12. Օրինակները ինչպէ՞ս կրնան պզտիկներուն օգնել որ Սուրբ Գիրքին հաւատան։
12 Նաեւ կրնաս օրինակներ գործածել, որպէսզի պզտիկիդ սորվեցնես թէ ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՝ ճիշդ է։ Օրինակ՝ կրնաս կարդալ Յոբ 26։7–ն (կարդա՛)։ Պարզապէս մի՛ ըսեր որ այս տեղեկութիւնը Աստուծոյ կողմէ է։ Ասոր տեղ, օգնէ որ իր երեւակայութիւնը գործածէ։ Ըսէ թէ Յոբի ժամանակ հեռադիտակներ կամ տիեզերանաւեր չկային։ Պզտիկիդ դերը կ’ըլլայ որ ցուցնէ, թէ այդ ժամանակ շատ դժուար էր որ մէկը հաւատար թէ երկրին տակը պարապ է։ Ան կրնայ գործածել գնդակ մը կամ քար մը, որ բացատրէ թէ ծանրութիւն ունեցող բաները պէտք է բանի մը վրայ կեցած ըլլան։ Այսպիսի օրինակ մը կրնայ պզտիկդ համոզել, որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուածները Եհովային կողմէ են եւ մի՛շտ ճիշդ են, հակառակ որ շատոնց գրուած են (Նէ. 9։6)։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԷՔԸ ՑՈՒՑՈՒՐ
13, 14. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկներուն ցուցնել Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն արժէքը։
13 Շատ կարեւոր է որ պզտիկներդ տեսնեն Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն արժէքը (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3)։ Ասիկա կրնաս շատ մը կերպերով ընել։ Օրինակ՝ կրնաս պզտիկէդ խնդրել որ երեւակայէ, թէ հեռու կղզիի մը մէջ պիտի բնակի եւ պէտք է զատէ անձեր, որոնք իրեն հետ հոն պիտի ապրին։ Կրնաս հարցնել. «Ինչպիսի՞ մարդիկ կ’առնես հետդ, եթէ կ’ուզես որ բոլորը իրարու հետ համաձայն ըլլան»։ Ետքը կրնաս կարդալ Գաղատացիս 5։19-23–ը, որպէսզի ցուցնես թէ Եհովան ինչպիսի՛ մարդիկ կ’ուզէ նոր աշխարհին մէջ։
14 Այս կերպով, կրնաս երկու կարեւոր դասեր սորվեցնել պզտիկիդ։ Առաջին՝ Աստուծոյ չափանիշները կը ձգեն որ իրարու հետ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն վայելենք։ Երկրորդ՝ Եհովան մեզ հիմակուընէ կը պատրաստէ նոր աշխարհի կեանքին (Եսա. 54։13. Յովհ. 17։3)։ Նաեւ կրնաս մեր հրատարակութիւններէն փորձառութիւն մը պատմել անոր։ Օրինակ՝ կրնաս գործածել Դիտարան–ի «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքէն փորձառութիւն մը։ Կամ հրաւիրէ ժողովքէդ անձ մը, որ Եհովան հաճեցնելու համար մեծ փոփոխութիւններ ըրած է իր կեանքին մէջ, եւ թող պատմէ իր պատմութիւնը։ Այսպիսի օրինակներ կը ցուցնեն թէ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները որքա՜ն ազդու են (Եբ. 4։12)։
15. Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ պզտիկներուդ սորվեցնես։
15 Կէտը այս է. երբ պզտիկներուդ կը սորվեցնես, ռութինէն դուրս ել։ Փորձէ երեւակայութիւնդ գործածել։ Իրենց միտքը գրգռէ, նկատի առնելով տարիքնին։ Սորվեցուր այնպիսի կերպով մը, որ հաճելի է եւ հաւատք կը զօրացնէ։ Հայր մը ըսաւ. «Միշտ փորձէ նո՛ր կերպեր գործածել, երբ նոյն նիւթերը պիտի քննարկես»։
ՀԱՄԲԵՐԷ ԵՒ ՄԻՇՏ ԱՂՕԹԷ
16. Ինչո՞ւ պէտք է համբերող ըլլաս երբ պզտիկներուդ կը սորվեցնես. օրինակ մը տուր։
16 Սուրբ հոգիին օգնութեամբ պզտիկներդ կրնան զօրաւոր հաւատք ունենալ (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Հաւատքը պտուղի մը պէս ժամանակ կ’առնէ որ աճի։ Ասոր համար պէտք է համբերող ըլլաս եւ շարունակես իրենց սորվեցնել։ Ճափոնի մէջ հայր մը ըսաւ. «Կինս ու ես շատ հոգ տարինք մեր երկու զաւակներուն։ Երբ տակաւին շատ պզտիկ էին, ամէն օր 15 վայրկեան կը սերտէի իրենց հետ, բացի ժողովի օրերէն։ Մեզի կամ իրենց համար 15 վայրկեանը շատ չէր»։ Շրջանային տեսուչ մը գրեց. «Երբ պատանի էի, բոլոր հարցումներս կամ կասկածներս չէի արտայայտեր։ Ժամանակի ընթացքին, ատոնցմէ շատերուն պատասխանը առի ժողովներուն, ընտանեկան պաշտամունքին կամ անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Ասոր համար շատ կարեւոր է որ ծնողները շարունակեն սորվեցնել»։
17. ա) Ինչո՞ւ ծնողքին լաւ օրինակը կարեւոր է։ բ) Զոյգ մը ինչպէ՞ս լաւ օրինակ դարձած է իր աղջիկներուն։
17 Անշուշտ, քու զօրաւոր հաւատքդ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ։ Պզտիկներդ ըրածիդ պիտի նային եւ ասիկա իրենց վրայ լաւ ազդեցութիւն պիտի ձգէ։ Այս պատճառով, շարունակէ հաւատքդ զօրացնել։ Թող զաւակներդ տեսնեն թէ Եհովան որքա՛ն իրական է քեզի համար։ Նկատի առ Պերմուտայէն զոյգի մը օրինակը։ Երբ անոնք բանի մը վրայ մտահոգ ըլլան, իրենց աղջիկներուն հետ կ’աղօթեն, Եհովայէն խնդրելով որ զիրենք առաջնորդէ։ Անոնք նաեւ իրենց աղջիկները կը քաջալերեն որ առանձին աղօթեն նոյն հարցին շուրջ։ «Նաեւ մեր մեծ աղջիկին կ’ըսենք. ‘Լման վստահէ Եհովային, Թագաւորութեան ծառայութեամբ զբաղած մնա եւ շատ մի՛ մտահոգուիր’։ Երբ ան արդիւնքը կը տեսնէ, կ’անդրադառնայ որ Եհովան միշտ մեզի կ’օգնէ։ Ասիկա Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին հանդէպ իր հաւատքը շա՜տ զօրացուցած է»։
18. Ծնողները ի՞նչը պէտք է մտքերնին պահեն։
18 Անշուշտ, ի վերջոյ պզտիկները իրե՛նք իրենց հաւատքը պէտք է զօրացնեն։ Որպէս ծնողք, դուն կը ցանես եւ կը ջրես, բայց միայն Աստուած կրնայ աճեցնել (Ա. Կոր. 3։6)։ Ասոր համար, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ եւ շատ ջանք թափէ որ թանկագին զաւակներուդ սորվեցնես, վստահ ըլլալով որ Եհովան պիտի օրհնէ բոլոր ջանքերդ (Եփ. 6։4)։