Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ձեռքերդ թող չթուլնան»

«Ձեռքերդ թող չթուլնան»

«Ձեռքերդ թող չթուլնան» (ՍՈՓ. 3։16

ԵՐԳԵՐ. 81, 32

1, 2. ա) Շատեր այսօր ի՞նչ խնդիրներ ունին եւ ատոնց արդիւնքը ի՞նչ է։ բ) Եսայի 41։10, 13–ին մէջ ի՞նչ վստահելի յոյս մը կայ։

ՔՈՅՐ մը, որ կանոնաւոր ռահվիրայ է եւ որուն ամուսինը երէց է, կ’ըսէ. «Երկար տարիներէ ի վեր կը պայքարիմ մտահոգութեան դէմ, հակառակ որ կանոնաւորաբար կը մասնակցիմ հոգեւոր գործունէութիւններուն։ Ատիկա քունս կը խանգարէ, առողջութեանս կը վնասէ, ուրիշներուն հետ վարուելու կերպիս կ’ազդէ եւ կը ձգէ որ ատեններ ուզեմ յանձնուիլ եւ առանձնանալ»։

2 Կը հասկնա՞ս քրոջ զգացումները։ Ցաւօք սրտի, Սատանային այս չար աշխարհին մէջ կեանքը ճնշումներով լեցուն է, ինչ որ կրնայ մտահոգութիւն պատճառել եւ ձգել որ անհատը բեռնաւորուած զգայ։ Ասիկա կը նմանի նաւուն կապուած խարիսխին, որ չի ձգեր որ նաւը առաջ երթայ (Առ. 12։25)։ Ի՞նչ բան կրնայ պատճառել որ այդպէս զգաս։ Օրինակ՝ թերեւս կը փորձես գլուխ ելլել սիրելի մը կորսնցնելուն ցաւին հետ, լուրջ հիւանդութիւն մը ունիս, ընտանիքիդ պէտքերուն հոգ տանելու համար պատէ պատ կը զարնուիս, կամ հակառակութեան առջեւ ես։ Ասոնք կրնան զգացական ճնշում պատճառել եւ ժամանակի ընթացքին ուժդ տանիլ։ Նոյնիսկ թերեւս ուրախութիւնդ կորսնցնես։ Բայց կրնա՛ս վստահ ըլլալ որ Աստուած պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու քեզի (կարդա՛ Եսայի 41։10, 13

3, 4. ա) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ իմաստով կը գործածէ «ձեռքեր» բառը։ բ) Ի՞նչը կրնայ մեր ձեռքերը թուլցնել։

3 Սուրբ Գիրքը շատ անգամներ կը գործածէ մարդկային մարմնին անդամները, որպէսզի խօսի որոշ յատկութիւններու կամ արարքներու մասին։ Օրինակ՝ ձեռքը նշուած է հարիւրաւոր անգամներ։ «Մէկու մը ձեռքը ուժովցնել» կրնայ նշանակել՝ զինք քաջալերել, զօրացնել եւ կարող դարձնել որ բան մը ընէ (Ա. Թագ. 23։16. Եզր. 1։6, ստորանիշ)։ Ատիկա նաեւ կը հասկցնէ թէ անհատը այժմ դրական է եւ ապագային նկատմամբ յոյս ունի։

4 «Ձեռքերը թուլնալ» արտայայտութիւնը ատեններ գործածուած է նկարագրելու համար անհատ մը որ վհատած, յուսահատած կամ անյոյս է (Բ. Մն. 15։7. Եբ. 12։12)։ Սովորական է որ այս պարագային մէջ եղող անհատը յանձնուի։ Եթէ քու պարագաներդ ալ կը ճնշեն քեզ կամ կը ձգեն որ բեռնաւորուած զգաս՝ ֆիզիքապէս, զգացական գետնի վրայ կամ նոյնիսկ հոգեւորապէս, ինչպէ՞ս կրնաս պէտք եղած քաջութիւնը ստանալ։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզ մղել եւ զօրացնել որ տոկաս եւ ուրախութիւն ունենաս։

«ՏԷՐՈՋ ՁԵՌՔԸ ԿԱՐՃՑԱԾ ՉԷ՝ ՈՐ ՉԿԱՐԵՆԱՅ ՓՐԿԵԼ»

5. ա) Երբ խնդիրներ ունենանք, թերեւս ինչպէ՞ս զգանք, բայց ի՞նչ պէտք է յիշենք։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

5 Կարդա՛ Սոփոնիա 3։16, 17։ Պէտք չէ վախնանք եւ վհատինք, կամ մեր ձեռքերը թուլցնենք։ Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան մեզի կ’ըսէ որ ‘մեր ամէն հոգը իր վրայ ձգենք’ (Ա. Պետ. 5։7)։ Եհովան կը հոգայ մեզ, ճիշդ ինչպէս որ հոգաց իսրայէլացիները։ Ան ըսաւ անոնց. «Տէրոջ ձեռքը կարճցած չէ՝ որ չկարենայ փրկել»։ Ան միշտ պատրաստ է իր հաւատարիմ ծառաները փրկելու (Եսա. 59։1, ԱԾ)։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Աստուածաշունչի երեք հոյակապ օրինակներ, որոնք կը ցուցնեն թէ Եհովան ունի փափաք եւ կարողութիւն, որ իր ծառաները զօրացնէ իր կամքը կատարելու, հակառակ ծանր դժուարութիւններու։ Տե՛ս թէ այս օրինակները ինչպէ՛ս կրնան քեզ ալ զօրացնել։

6, 7. Ի՞նչ կարեւոր դասեր կը սորվինք իսրայէլացիներուն եւ ամաղեկացիներուն միջեւ եղած պատերազմէն։

6 Երբ իսրայէլացիները տակաւին նոր ազատագրուած էին Եգիպտոսէն, ամաղեկացիները յարձակեցան իրենց վրայ։ Մովսէս քաջ Յեսուին ըսաւ որ իսրայէլացիները առաջնորդէ դէպի ռազմադաշտ։ Մինչ այդ, Մովսէս Ահարոնը եւ Ովրը առնելով ելաւ բլուրի մը վրայ, ուր կրնային ռազմադաշտը տեսնել։ Արդեօք այս երեք մարդիկը վախնալով պատերազմէ՞ն կը փախչէին։ Անշուշտ ո՛չ։

7 Մովսէս դրաւ ծրագիր մը որ իսրայէլացիներուն օգնեց պատերազմը շահելու։ Ան ճշմարիտ Աստուծոյ գաւազանը առնելով իր ձեռքերը բարձրացուց ու վեր պահեց։ Այնքան ատեն որ Մովսէս այդպէս կը մնար, Եհովան իսրայէլացիներուն զօրութիւն կու տար որ յաջողապէս ամաղեկացիներուն դէմ պատերազմին։ Բայց երբ Մովսէսին ձեռքերը ծանրացան եւ թուլցան, ամաղեկացիները սկսան յաղթել։ Ահարոն եւ Ովր շուտով «քար մը առին եւ անոր տակ դրին, ու ինք անոր վրայ նստաւ. իսկ Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը՝ միւս կողմէն, անոր ձեռքերը վեր բռնեցին, եւ մինչեւ արեւին մայր մտնելը՝ անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին»։ Աստուծոյ հզօր ձեռքին շնորհիւ, իսրայէլացիները յաղթեցին (Ել. 17։8-13

8. ա) Ասա ի՞նչ ըրաւ երբ եթովպիացիները յարձակեցան Յուդային վրայ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Ասային պէս Եհովային վստահիլ։

8 Եհովան նաեւ օգնութեան ձեռք երկարեց Ասա թագաւորին օրերուն։ Սուրբ Գիրքին մէջ բազմաթիւ բանակներ նշուած են, բայց ամէնէն մեծը կը պատկանէր եթովպիացի Զարային, որ ունէր 1,000,000 փորձառու զինուորներ։ Եթովպիացիներուն բանակը Ասային բանակին գրեթէ երկու անգամն էր։ Ասա շատ դիւրութեամբ կրնար մտահոգուիլ ու վախնալ եւ իր ձեռքերը թուլցնել։ Բայց ան շուտով Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց։ Դուրսէն նայած, այնպէս մը կրնար երեւիլ որ անկարելի է եթովպիացիներուն յաղթել, բայց «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է» (Մատ. 19։26)։ Աստուած իր մեծ զօրութիւնը գործածելով «եթովպիացիները Ասային. . . առջեւ զարկաւ», որուն «սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը հետ կատարեալ էր» (Բ. Մն. 14։8-13. Գ. Թագ. 15։14

9. ա) Նէեմիան վհատեցա՞ւ երբ տեսաւ Երուսաղէմի պարիսպները. բացատրէ։ բ) Աստուած ինչպէ՞ս պատասխանեց Նէեմիայի աղօթքին։

9 Երեւակայէ թէ Նէեմիա ի՛նչ զգաց, երբ Երուսաղէմ հասաւ եւ տեսաւ որ քաղաքը պաշտպանութիւն չունէր եւ հրեաները վհատած էին։ Թշնամիները կը վախցնէին հրեաները եւ այս պատճառով անոնք կեցած էին Երուսաղէմի պարիսպները շինելէ։ Նէեմիա վհատելով իր ձեռքերը թուլցո՞ւց։ Ո՛չ։ Մովսէսի, Ասայի եւ ուրիշներու պէս, Նէեմիա սովորութիւն ունէր որ աղօթքով Եհովային վստահի։ Այս պարագային ալ ան Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց եւ Եհովան պատասխանեց։ Աստուած ‘իր մեծ ուժով ու զօրաւոր ձեռքով’ ուժովցուց հրեաներուն ձեռքը (կարդա՛ Նէեմիա 1։10. 2։17-20. 6։9)։ Կը հաւատա՞ս որ Եհովան այսօր ալ ‘իր մեծ ուժով ու զօրաւոր ձեռքով’ կ’ուժովցնէ իր ծառաները։

ԵՀՈՎԱՆ ՔՈՒ ՁԵՌՔԵՐԴ ՊԻՏԻ ԶՕՐԱՑՆԷ

10, 11. ա) Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեր ձեռքերը թուլցնել։ բ) Եհովան ի՞նչ կը գործածէ որ զօրութիւն տայ մեզի։ գ) Եհովային ցուցմունքներէն ինչպէ՞ս օգտուած ես։

10 Մեր միտքը պահենք որ Սատանան բնա՛ւ պիտի չթուլցնէ իր ձեռքերը։ Ան պիտի շարունակէ մեր վրայ յարձակիլ, փորձելով մեր քրիստոնէական գործունէութիւնները կեցնել։ Ան կը գործածէ կառավարութեան կողմէ սուտեր եւ սպառնալիքներ, կրօնական առաջնորդներն ու հաւատուրացները։ Լաւ, իր նպատակը ի՞նչ է։ Ան կ’ուզէ որ կենանք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելէ։ Բայց Եհովան կրնա՛յ եւ կ’ուզէ զօրութիւն տալ մեզի՝ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ (Ա. Մն. 29։12)։ Շատ կարեւոր է որ Աստուծոյ հոգին խնդրենք, որպէսզի կարենանք դէմ դնել Սատանային եւ իր չար աշխարհին (Սաղ. 18։39. Ա. Կոր. 10։13)։ Մենք շնորհակալ ենք Եհովայէն որ իր Խօսքը ունինք։ Նաեւ պահ մը մտածէ բոլոր այն բաներուն մասին որ մեր հրատարակութիւններէն կը սորվինք ամէն ամիս։ Զաքարիա 8։9, 13–ի խօսքերը ըսուած են, երբ Երուսաղէմի տաճարը կը վերաշինուէր, եւ ատոնք շատ օգտակար են մեզի այսօր (կարդա՛

11 Եհովան նաեւ մեզ կը զօրացնէ ցուցմունքներ տալով ժողովներուն, համաժողովներուն եւ աստուածպետական դպրոցներուն միջոցաւ։ Այդ ցուցմունքները մեզի կ’օգնեն որ ճիշդ շարժառիթներով ծառայենք Աստուծոյ, հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք եւ մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւններուն հոգ տանինք (Սաղ. 119։32)։ Ամբողջ սրտով կը փափաքի՞ս Եհովային ցուցմունքներուն միջոցաւ զօրութիւն առնել։

12. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնանք։

12 Եհովան իսրայէլացիներուն օգնեց որ ամաղեկացիներուն ու եթովպիացիներուն յաղթեն, եւ Նէեմիային ու հրեաներուն զօրութիւն տուաւ որ Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելը լմնցնեն։ Աստուած մեզի ալ զօրութիւն պիտի տայ որ շարունակենք քարոզել, հակառակ մեր մտահոգութիւններուն եւ մարդոց հակառակութիւններուն ու հետաքրքրուած չըլլալուն (Ա. Պետ. 5։10)։ Չենք ակնկալեր որ Եհովան մեզի համար հրաշքներ ընէ։ Փոխարէն, մեզի ինկածը պէտք է ընենք։ Ինչպէ՞ս։ Պէտք է Աստուծոյ Խօսքը կարդանք ամէն օր, պատրաստենք ժողովի նիւթերը եւ ներկայ ըլլանք ամէն շաբաթ, շարունակենք անձնական ուսումնասիրութիւն եւ ընտանեկան պաշտամունք ընել ու միշտ աղօթենք։ Բնա՛ւ թոյլ չտանք որ որեւէ բան հեռու պահէ մեզ այն բաներէն, որ Եհովան կը գործածէ մեզ քաջալերելու եւ զօրացնելու համար։ Եթէ կը զգաս թէ ձեռքդ թուլցած է այս մարզերէն մէկուն մէջ, Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ։ Ետքը պիտի տեսնես որ ան քեզի կու տայ «կամենալը ու ընելը» (Փլպ. 2։13)։ Լաւ, դո՛ւն քու կարգիդ ի՞նչ կրնաս ընել որ ուրիշներուն ձեռքը ուժովցնես։

ԹՈՒԼՆԱԼՈՒ ՎՐԱՅ ԵՂՈՂ ՁԵՌՔԵՐԸ ՈՒԺՈՎՑՈՒՐ

13, 14. ա) Եղբայր մը ինչպէ՞ս զօրացաւ իր կինը մահանալէն ետք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները զօրացնել։

13 Համայն աշխարհի մէջ, Եհովան մեզի կու տայ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք կրնան մեզ քաջալերել։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն» (Եբ. 12։12, 13)։ Առաջին քրիստոնեաներէն շատեր այս հոգեւոր քաջալերութիւնը ստացան։ Ներկայիս ալ նոյն պարագան կայ։ Օրինակ՝ եղբայր մը իր կինը մահանալէն եւ ուրիշ դժուարութիւններ ունենալէ ետք ըսաւ. «Սորվեցայ թէ չենք կրնար որոշել թէ ի՛նչ նեղութիւններ պիտի ունենանք, ե՛րբ պիտի ունենանք կամ որքա՛ն յաճախ պիտի ունենանք։ Աղօթքը եւ անձնական ուսումնասիրութիւնը կը նմանին փրկօղակին, որ գլուխս ջուրէն դուրս պահած է։ Եւ եղբայրներուս ու քոյրերուս տուած օգնութիւնը շատ մխիթարած է զիս։ Անդրադարձած եմ թէ կարեւոր է որ անձնական լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք Եհովային հետ առա՛ջ որ դժուար պարագաներ ծագին»։

Ժողովքին մէջ ամէն անձ կրնայ ուրիշները քաջալերել (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14 Ահարոն եւ Ովր բառացիօրէն ուժովցուցին Մովսէսի ձեռքերը պատերազմին ընթացքին։ Մենք ալ մեր կարգին կրնանք նայիլ թէ ինչպէ՛ս գործնական կերպով օգնենք ուրիշներուն։ Բայց որո՞նց։ Անոնց որոնք տարիքոտ են, առողջապահական խնդիրներ ունին, ընտանիքը իրենց կը հակառակի, միայնակ կը զգան կամ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Նաեւ կրնանք զօրացնել պատանիները, որոնք ճնշումի տակ են որ սխալ ընեն կամ այս դրութեան մէջ «յաջողութեան» ետեւէ ըլլան (Ա. Թես. 3։1-3. 5։11, 14)։ Նայէ թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս անկեղծօրէն հետաքրքրուիլ ուրիշներով Թագաւորութեան սրահին մէջ, ծառայութեան մէջ, միասին ուտելու ատեն կամ հեռաձայնով խօսելու ժամանակ։

15. Դրական խօսքերը ինչպէ՞ս կրնան ազդել եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

15 Ասային յաղթանակէն ետք, Ազարիա մարգարէն քաջալերեց զինք եւ ժողովուրդը, ըսելով. «Հիմա դուք զօրացէ՛ք ու ձեռքերնիդ չթուլնան. վասն զի ձեր գործին վարձք կայ» (Բ. Մն. 15։7)։ Ասիկա մղեց Ասան որ փոփոխութիւններ ընէ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատելու։ Քու դրական խօսքերդ ալ կրնան շատ ազդել ուրիշներուն եւ անոնց օգնել որ շարունակեն Եհովային ծառայել (Առ. 15։23)։ Եւ բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ թէ ինչ զօրաւոր ազդեցութիւն կրնաս ունենալ ուրիշներուն վրայ, երբ ժողովներուն ընթացքին ձեռքդ բարձրացնես եւ քաջալերական պատասխաններ տաս։

16. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Նէեմիային պէս ըլլալ։ բ) Օրինակ մը տուր թէ եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս անձնապէս քեզի օգնած են։

16 Եհովային օգնութեամբ, Նէեմիան եւ հրեաները իրենց ձեռքերը ուժովցուցին։ Անոնք 52 օրուան մէջ ամբողջացուցին Երուսաղէմի պարիսպները (Նէ. 2։18. 6։15, 16)։ Նէեմիան ձեռքը ծալելով չնստաւ. ան անձամբ օգնեց պարիսպները վերաշինելու (Նէ. 5։16)։ Շատ մը երէցներ Նէեմիային պէս կը մասնակցին աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու կամ կը մաքրեն ու կը նորոգեն իրենց սրահները։ Անոնք նաեւ կը զօրացնեն մտահոգ եղբայրներն ու քոյրերը, անոնց այցելելով եւ անոնց հետ ծառայութեան ելլելով (կարդա՛ Եսայի 35։3, 4

«ՁԵՌՔԵՐԴ ԹՈՂ ՉԹՈՒԼՆԱՆ»

17, 18. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ երբ խնդիրներ ունենանք կամ մտահոգ ըլլանք։

17 Երբ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ ուս–ուսի ծառայենք, մեր միութիւնը կը զօրանայ, մնայուն բարեկամութիւններ կը հաստատենք եւ աւելի վստահութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն վրայ։ Երբ ուրիշներուն ձեռքը կ’ուժովցնենք, անոնց կ’օգնենք որ դժուար պարագաներուն հետ գլուխ ելլեն եւ ապագային նկատմամբ դրական ըլլան։ Ասկէ զատ, ուրիշներուն օգնելը մե՛ր ձեռքը կ’ուժովցնէ եւ կ’օգնէ որ կեդրոնացած մնանք Աստուծոյ բերելիք ապագային վրայ։

18 Եհովային հանդէպ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը կ’աւելնայ, երբ նկատի կ’առնենք թէ ան անցեալին ինչպէ՛ս օգնեց եւ պաշտպանեց իր հաւատարիմ ծառաները։ Ուրեմն, երբ խնդիրներ ունենաս եւ ճնշումի տակ ըլլաս, «ձեռքերդ թող չթուլնան»։ Փոխարէն, աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, եւ պիտի տեսնես որ իր հզօր ձեռքով քեզ պիտի զօրացնէ եւ առաջնորդէ Թագաւորութեան օրհնութիւններուն (Սաղ. 73։23, 24