Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու առջեւ բարի լուրը պաշտպանել

Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու առջեւ բարի լուրը պաշտպանել

«ԱՆԻԿԱ ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն. . . առջեւ» (Գործք 9։15)։ Տէր Յիսուս այս խօսքը ըսաւ հրեայի մը մասին, որ նոր քրիստոնեայ դարձած էր եւ յետագային ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ։

Այդ «թագաւորներ»էն մէկը՝ հռոմայեցի Ներոն կայսրն էր։ Ի՞նչ կը զգայիր եթէ հաւատքդ պիտի պաշտպանէիր այսպիսի կառավարիչի մը առջեւ։ Իրականութեան մէջ, Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ Պօղոսը ընդօրինակենք (Ա. Կոր. 11։1)։ Կրնանք օգտուիլ նկատի առնելով Պօղոսի փորձառութիւնները իր ժամանակուան հեղինակութիւններուն հետ։

Մովսիսական օրէնքը Իսրայէլին օրէնքն էր, եւ նուիրուած հրեաները ուր որ ըլլային, ատոր բարոյական կանոններուն կը հետեւէին։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաները ստիպուած չէին Մովսիսական օրէնքը պահել (Գործք 15։28, 29. Գաղ. 4։9-11)։ Միեւնոյն ատեն, Պօղոս եւ ուրիշ քրիստոնեաներ յարգանքով կը խօսէին Օրէնքին մասին։ Այսպիսով, անոնք կրցան շատ մը հրեայ շրջանակներու մէջ քարոզել առանց խնդիր մը ելլելու (Ա. Կոր. 9։20)։ Պօղոս շատ անգամներ կ’երթար ժողովարաններ եւ կը վկայէր մարդոց, որոնք Աբրահամի Աստուածը կը ճանչնային, եւ որոնց հետ կրնար Եբրայերէն Գրութիւնները գործածելով տրամաբանել (Գործք 9։19, 20. 13։5, 14-16. 14։1. 17։1, 2

Առաքեալները որոշեցին որ Երուսաղէմէն ուղղուի քարոզչութիւնը։ Անոնք կանոնաւորաբար կը քարոզէին տաճարին մէջ (Գործք 1։4. 2։46. 5։20)։ Առիթով մը, Պօղոս Երուսաղէմ ճամբորդեց եւ ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ հոն։ Այսպիսով ան մէկ–մէկ կառավարիչներու առջեւ ելաւ եւ ի վերջոյ տարուեցաւ Հռոմ։

ՊՕՂՈՍ ԵՒ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Հռոմէական իշխանութիւնները ինչպէ՞ս պիտի նայէին Պօղոսի քարոզած հաւատալիքներուն։ Պատասխանը գիտնալու համար նախ տեսնենք թէ հռոմայեցիները ընդհանուր առմամբ ինչպէ՛ս կը նկատէին կրօնքները։ Անոնք կայսրութեան մէջ տարբեր կրօնքի պատկանող անհատները չէին ստիպեր որ իրենց կրօնքը փոխեն, բացի եթէ որոշ վտանգ ըլլար պետութեան կամ բարոյականութեան։

Հրեաները լայն իրաւունքներ ունէին Հռոմէական կայսրութեան մէջ։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Հրէականութիւնը յատուկ տեղ ունէր Հռոմէական կայսրութեան մէջ. . . Հրեաները կրնային ազատօրէն հետեւիլ իրենց կրօնքին, եւ ստիպուած չէին հռոմէական պետութեան չաստուածները պաշտել։ Անոնք կրնային իրենց օրէնքով կանոնաւորել իրենց համայնքները» (Backgrounds of Early Christianity)։ Անոնք նաեւ ստիպուած չէին զինուորութեան մասնակցիլ *։ Մինչ Պօղոս քրիստոնէութիւնը կը պաշտպանէր հռոմէական իշխանութիւններուն առջեւ, կ’օգտագործէր այն պաշտպանութիւնը որ հռոմէական օրէնքը կու տար հրէական հաւատքին։

Պօղոսին հակառակորդները շատ մը կերպերով փորձեցին իրեն դէմ հանել ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները (Գործք 13։50. 14։2, 18. 18։12, 13)։ Նկատի առ օրինակ մը։ Երուսաղէմի ժողովքի երէցները լսեցին թէ հրեաներուն մէջ կը տարածուէր այն տարաձայնութիւնը, թէ Պօղոս «Մովսէսին ապստամբիլ» կը քարոզէր։ Այսպիսի բան մը կրնար պատճառ դառնալ որ կարգ մը նորահաւատ հրեայ քրիստոնեաներ կարծեն, թէ Պօղոս չէր յարգեր Աստուծոյ կարգադրութիւնները։ Նաեւ Սենետրիոնը կրնար յայտարարել որ քրիստոնէութիւնը հրէականութենէն հաւատուրացութիւն մըն էր։ Եթէ ասիկա պատահէր, այն հրեաները որ քրիստոնեաներուն կ’ընկերակցէին, կրնային պատժուիլ։ Անոնք շրջանակէն դուրս պիտի վռնտուէին, եւ պիտի արգիլուէր որ տաճարին կամ ժողովարաններուն մէջ վկայութիւն տան։ Ասոր համար, ժողովքի երէցները Պօղոսէն խնդրեցին որ փաստէ թէ այս տարաձայնութիւնները սխալ են։ Անոնք ըսին որ տաճար երթայ եւ ընէ բան մը, որ Աստուած իրմէ չէ պահանջած՝ բայց միեւնոյն ատեն սխալ չէ (Գործք 21։18-27

Պօղոս այդպէս ընելով առիթներ ունեցաւ որ ‘բարի լուրը պաշտպանէ եւ օրինապէս հաստատէ’ (Փլպ. 1։7, ՆԱ)։ Տաճարին մէջ, հրեաները Պօղոսին դէմ ելան եւ ուզեցին զինք մեռցնել։ Հռոմայեցի հազարապետը հարցուփորձի քաշեց Պօղոսը։ Երբ ան մտրակուելու վրայ էր, յայտնեց թէ Հռոմի քաղաքացի մըն էր։ Ուստի, ան տարուեցաւ Կեսարիա, ուրկէ հռոմայեցիները կը ղեկավարէին Հրէաստանը։ Հոն, ան շատ աղուոր առիթներ ունեցաւ որ համարձակօրէն վկայէ իշխանութիւններուն։ Այսպիսով, անոնք որոնք թերեւս լաւ չէին գիտեր քրիստոնէութեան մասին, շատ աւելի գաղափար ունեցան։

Գործք 24–րդ գլուխը կը նկարագրէ թէ Պօղոս ինչպէ՛ս դատուեցաւ Փելիքսին առջեւ, որ Հրէաստանին հռոմայեցի կառավարիչն էր եւ արդէն որոշ գաղափար ունէր քրիստոնեաներուն հաւատալիքներուն մասին։ Հրեաները ըսին որ Պօղոս առնուազն երեք կերպերով բեկանած էր հռոմէական օրէնքը։ Անոնք ըսին որ ան խռովութիւններ հանած էր կայսրութեան չորս կողմը եղող հրեաներուն մէջ, վտանգաւոր աղանդի մը առաջնորդն էր եւ կը փորձէր տաճարը պղծել, որ այդ ժամանակ հռոմէական պաշտպանութեան տակն էր (Գործք 24։5, 6)։ Այս ամբաստանութիւնները կրնային պատճառ դառնալ որ ան մահուան դատապարտուի։

Լաւ կ’ըլլայ որ ներկայիս քրիստոնեաները նային, թէ Պօղոս ինչպէ՛ս գլուխ ելաւ այս սուտերուն հետ։ Ան հանդարտ մնաց եւ յարգանքը չկորսնցուց։ Ան նշեց Օրէնքը եւ Մարգարէները, եւ ըսաւ որ իրաւունք ունէր «իր հայրենի Աստուածը» պաշտելու։ Ասիկա հրեաներուն իրաւունքն էր հռոմէական օրէնքին տակ (Գործք 24։14)։ Ժամանակի ընթացքին, Պօղոս առիթը ունեցաւ որ իր հաւատքը պաշտպանէ Պորկիոս Փեստոս կառավարիչին եւ Հերովդէս Ագրիպպաս թագաւորին առջեւ։

Վերջապէս, Պօղոս ըսաւ. «Կայսրին կը բողոքեմ», որպէսզի իր դատը արդարութեամբ տեսնուի (Գործք 25։11)։ Կայսրը այդ ժամանակ ամէնէն զօրաւոր կառավարիչն էր։

ՊՕՂՈՍ ԿԱՅՍՐԻՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ ԿԸ ԴԱՏՈՒԻ

Յետագային, հրեշտակ մը Պօղոսին ըսաւ. «Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն» (Գործք 27։24)։ Հռոմայեցի Ներոն կայսրը իր իշխանութեան սկիզբը ըսած էր, որ ինք անձամբ պիտի չդատէր ամէն մէկ դատ։ Իր իշխանութեան առաջին ութ տարիներուն, ան ընդհանրապէս այս պարտականութիւնը կու տար ուրիշներուն։ Գիրք մը կ’ըսէ թէ երբ Ներոն ընդունէր քննել որոշ դատ մը, ատիկա տեղի կ’ունենար իր պալատին մէջ, ուր իրեն կ’օգնէին խումբ մը խրատ տուողներ, որոնք շատ փորձառութիւն եւ խօսք ունէին (The Life and Epistles of Saint Paul

Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Ներոն Պօղոսին դատը անձամբ տեսաւ կամ ո՛չ։ Ամէն պարագայի, Պօղոս շատ հաւանաբար բացատրեց թէ ինք կը պաշտէր հրեաներուն Աստուածը, եւ բոլոր մարդիկը կը քաջալերէր որ յարգեն կառավարութիւնը (Հռով. 13։1-7. Տիտ. 3։1, 2)։ Կայսրին ատեանը ազատ արձակեց Պօղոսը։ Ըստ երեւոյթին, ան յաջողեցաւ բարի լուրը պաշտպանել բարձրաստիճան պաշտօնեաներու առջեւ (Փլպ. 2։24. Փլմ. 22

ՊԷՏՔ Է ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար» (Մատ. 10։18)։ Առանձնաշնորհում է որ Յիսուսը ներկայացնենք իշխանութիւններուն առջեւ։ Թերեւս օրինական յաղթանակներ տանինք երբ բարի լուրը պաշտպանենք։ Անշուշտ, անկատար մարդոց որոշումները չեն կրնար լման կերպով ‘օրինապէս հաստատել’ բարի լուրը։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջնականապէս պիտի հանգստացնէ հակառակութենէն եւ անարդարութենէն (Ժող. 8։9. Եր. 10։23

Նոյնիսկ այսօր Եհովային անունը կրնայ փառաւորուիլ, երբ քրիստոնեաները իրենց հաւատքը պաշտպանեն։ Պէտք է փորձենք Պօղոսին պէս հանդարտ, անկեղծ եւ համոզիչ ըլլալ։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ պէտք պիտի չունենային որ ‘առաջուընէ մտածեն պատասխան տալու վրայով։ Վասն զի ինք իրենց բերան ու իմաստութիւն պիտի տար, որուն պիտի չկրնային դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ իրենց բոլոր հակառակորդները’ (Ղուկ. 21։14, 15. Բ. Տիմ. 3։12. Ա. Պետ. 3։15

Երբ քրիստոնեաները իրենց հաւատքը կը պաշտպանեն թագաւորներու, կառավարիչներու կամ ուրիշ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու առջեւ, վկայութիւն տուած կ’ըլլան այնպիսի մարդոց, որոնց դժուար է ուրիշ կերպով բարի լուրը հասցնել։ Կարգ մը դատական որոշումներու շնորհիւ աւելի լաւ օրէնքներ մէջտեղ եկած են, ինչ որ պաշտպանած է խօսքի եւ պաշտելու ազատութիւնը։ Բայց ի՛նչ ալ ըլլայ այս դատերուն արդիւնքը, Աստուած կ’ուրախանայ իր ծառաներուն քաջութիւնը տեսնելով։

Երբ մեր հաւատքը պաշտպանենք, Եհովայի անունը կը փառաւորուի

^ պարբ. 8 Հեղինակ Ճէյմս Փարքս կ’ըսէ. «Հրեաները. . . իրաւունք ունէին որ իրենց սովորութիւններուն հետեւէին։ Անոնց ունեցած այս առանձնաշնորհումները բացառութիւն մը չէին, քանի որ հռոմայեցիները արդէն սովորութիւն ունէին որ կարելի եղածին չափ թոյլատրեն ինքնավարութիւնը՝ իրենց կայսրութեան զանազան մասերուն մէջ»։