Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ պատանիներ, ձեր հաւատքը զօրացուցէք

Ո՛վ պատանիներ, ձեր հաւատքը զօրացուցէք

«Հաւատքը. . . չերեւցած բաներուն ապացոյցն է» (ԵԲ. 11։1

ԵՐԳԵՐ. 41, 69

1, 2. Եհովայի պատանի ծառաները թերեւս ի՞նչ մտածեն, եւ անոնք ի՞նչ քայլեր կրնան առնել։

«ԿԸ ԶԱՐՄԱՆԱՄ որ քեզի պէս խելացի մէկը Աստուծոյ կը հաւատայ», ըսաւ Բրիտանիոյ մէջ ապրող քրոջ մը դասընկերուհին։ Գերմանիոյ մէջ եղբայր մը գրեց. «Ուսուցիչներուս համար, Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած ստեղծագործութեան պատմութիւնը առասպել մըն է, եւ կ’ենթադրեն թէ աշակերտները բարեշրջութեան կը հաւատան»։ Ֆրանսայի մէջ պատանուհի քոյր մը ըսաւ. «Դպրոցիս մէջ կարգ մը ուսուցիչներ կը զարմանան որ տակաւին կա՛ն աշակերտներ որ ստեղծագործութեան կը հաւատան»։

2 Այսօր շատեր չեն հաւատար որ Աստուած ստեղծեց մեզ։ Եթէ Եհովան պաշտող պատանի ծառայ մըն ես կամ Եհովային մասին նոր կը սորվիս, թերեւս ատեններ կը մտածես թէ ինչպէ՛ս կրնաս փաստել որ ան մեր Ստեղծիչն է։ Կրնաս քայլեր առնել որ հաւատքդ զօրացնես ու զօրաւոր պահես։ Քայլերէն մէկն է՝ Աստուծոյ տուած մտածելու կարողութիւնը գործածել, որ «քեզ պիտի պահէ»։ Ատիկա քեզ պիտի պաշտպանէ փիլիսոփայութիւններէն, որոնք կրնան հաւատքդ քանդել (կարդա՛ Առակաց 2։10-12

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Որպէսզի Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը զօրաւոր ըլլայ, պէտք է զինք լաւ ճանչնանք (Ա. Տիմ. 2։4)։ Ուրեմն, երբ Սուրբ Գիրքը կամ մեր հրատարակութիւնները կը կարդաս, պարզապէս աչք մը մի՛ նետեր ատոնց վրայ։ Շատ կարեւոր է որ կենաս ու մտածես եւ հասկնաս գրուածը (Մատ. 13։23)։ Տեսնենք թէ ինչպէս եթէ այս կերպով սերտես, շատ փաստեր պիտի գտնես թէ Եհովան մեր Ստեղծիչն է եւ թէ Սուրբ Գիրքը իր կողմէն է (Եբ. 11։1

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՀԱՒԱՏՔԴ ԶՕՐԱՑՆԵԼ

4. ա) Բարեշրջութեան հաւատալը ի՞նչ կերպով կը նմանի ստեղծագործութեան հաւատալուն։ բ) Բոլորս ի՞նչ պէտք է ընենք։

4 Երբեք մէկը քեզի ըսա՞ծ է թէ բարեշրջութեան կը հաւատայ, քանի որ գիտութեան վրայ հիմնուած է, մինչ Ստեղծիչի հաւատալը հաւատքի վրայ հիմնուած է։ Շատեր այսպէս կը մտածեն։ Բայց լաւ է որ հետեւեալը մտքերնիս պահենք. Աստուծոյ հաւատալը եւ բարեշրջութեան հաւատալը՝ երկուքն ալ հաւատք կը պահանջեն։ Ինչպէ՞ս։ Ճիշդ է որ ո՛չ մէկս տեսած ենք Աստուած կամ դիտած ենք թէ ինչպէ՛ս բան մը կը ստեղծուի (Յովհ. 1։18)։ Բայց նոյնն է պարագան բարեշրջութեան հաւատացողներուն։ Անոնք ալ կը հաւատան բանի մը որ չեն տեսներ։ Չկայ գիտնական մը կամ ոեւէ մէկը որ տեսած է ինչպէ՛ս կեանքի տեսակ մը կը բարեշրջուի ուրիշ տեսակի մը։ Օրինակ՝ ո՛չ մէկը տեսած է որ սողուն մը կը բարեշրջուի ստնաւորի (Յոբ 38։1, 4)։ Ուրեմն, բոլորս պէտք է փաստերը նկատի առնենք եւ մեր մտածելու կարողութիւնը գործածենք, որ տրամաբանական արդիւնքի մը հասնինք։ Պօղոս առաքեալ ստեղծագործութեան մասին գրեց. «[Աստուծոյ] անտեսանելի բաները, այսինքն՝ իր յաւերժական զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը, կը տեսնուին աշխարհի արարչութենէն ի վեր ու կը հասկցուին անոր ստեղծածներով, որպէսզի անարդարանալի ըլլան» (Հռով. 1։20, ԱԾ

Փնտռտուքի գործիքները քեզի կ’օգնեն որ հաւատալիքներդ բացատրես ուրիշներուն (տե՛ս պարբերութիւն 5)

5. Փնտռտուքի ո՞ր գործիքները մեզի կ’օգնեն որ ստեղծագործութեան մասին աւելի գիտնանք։

5 Չի բաւեր որ միայն նայինք բնութեան. պէտք է նաեւ խորապէս մտածենք ատոր մասին, որպէսզի տեսնենք թէ ամէն բան հոյակապ կերպով շինուած է։ «Հաւատքով կ’իմանանք» թէ Ստեղծիչ մը կայ, հակառակ որ չենք տեսներ զինք։ Կ’անդրադառնանք թէ ան գեղեցիկ անձնաւորութիւն եւ մեծ իմաստութիւն ունի (Եբ. 11։3, 27)։ Կրնանք իր ստեղծած բաներուն մասին աւելի գիտնալ, կարդալով գիտնականներուն փաստածները։ Այդ տեղեկութիւններուն մէկ մասը կը գտնուի՝ Ստեղծագործութեան սքանչելիքները Աստուծոյ փառքը կը յայտնեն տեսաերիզին մէջ, հետեւեալ երկու գրքոյկներուն մէջ՝ Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ եւ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել, եւ հետեւեալ գիրքին մէջ՝ Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ (բոլորը՝ անգլերէն)։ Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ ատենը անգամ մը կը դրուին հարցազրոյցներ՝ գիտնականներու եւ ուրիշներու հետ, որոնք կը բացատրեն թէ ինչո՛ւ այլեւս Աստուծոյ կը հաւատան։ Եւ «Արդեօք պատահականութի՞ւն է» կոչուած յօդուածաշարքը կը նշէ մանրամասնութիւններ կենդանիներու եւ բնութեան մէջ ուրիշ բաներու մասին, եւ կ’ըսէ թէ գիտնականները ինչպէ՛ս փորձած են ատոնց գործած կերպը ընդօրինակել։

6. Փնտռտուքի գործիքները ինչպէ՞ս կրնան օգնական ըլլալ, եւ դուն ինչպէ՞ս օգտուած ես ատոնցմէ։

6 19 տարեկան եղբայր մը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ’ապրի, վերոնշեալ երկու գրքոյկներուն մասին ըսաւ. «Ասոնք ինծի համար անգին են։ Այս գրքոյկները շուրջ տասը անգամ սերտած եմ»։ Ֆրանսայի մէջ քոյր մը գրեց. «Կը հիանամ ‘Արդեօք պատահականութի՞ւն է’ յօդուածներուն վրայ։ Ատոնք կը ցուցնեն թէ ամենամեծ մեքենագէտները թերեւս ընդօրինակեն բնութեան բարդ ծրագիրները, բայց բնա՛ւ պիտի չկրնան ատոնց հաւասար բան մը ընել»։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ 15 տարեկան պատանուհիի մը ծնողքը ըսաւ. «Մեր աղջիկը Զարթի՛ր–ը ձեռքը առածին պէս կը կարդայ ‘Հարցազրոյց’ յօդուածը»։ Իսկ դո՞ւն։ Այս կարգադրութիւններէն լման կ’օգտուի՞ս։ Ատոնք կրնան օգնել որ հաւատքդ նմանի խոր արմատ ունեցող ծառի մը։ Այսպիսով պիտի կարենաս զօրաւոր հովերուն դէմ դնել, այսինքն՝ սխալ ուսուցումներուն (Եր. 17։5-8

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔԴ

7. Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէ որ տրամաբանելու կարողութիւնդ գործածես։

7 Սխա՞լ է որ մէկը Սուրբ Գիրքին մասին անկեղծ հարցումներ հարցնէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Եհովան չ’ուզեր որ բանի մը հաւատաս պարզապէս քանի որ ուրիշներ կը հաւատան ատոր։ Ան կ’ուզէ որ տրամաբանելու կարողութիւնդ գործածես որ ճշմարտութիւնը փաստես։ Ուրեմն մտածելու կարողութիւնդ գործածէ որ Աստուծոյ Խօսքէն գիտութիւնդ աւելցնես, եւ այսպիսով հաւատքդ պիտի զօրանայ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։1, 2. Ա. Տիմոթէոս 2։4)։ Օրինակ՝ ասիկա կրնաս ընել երբ կը սերտես մասնայատուկ նիւթեր, որոնց մասին կ’ուզես աւելին գիտնալ։

8, 9. ա) Ոմանք ի՞նչ կը սիրեն սերտել։ բ) Ոմանք ինչպէ՞ս օգտուեցան, երբ իրենց կարդացածին վրայ խոկացին։

8 Ոմանք կը սիրեն Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները սերտել։ Ուրիշներ թերեւս կը սիրեն Սուրբ Գիրքին պատմութիւնները բաղդատել պատմաբաններուն, գիտնականներուն կամ հնագէտներուն ըսածին հետ։ Օրինակ՝ նկատի առ Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը։ Ատիկա առաջինն է այն մարգարէութիւններուն, որոնք մեզի կ’օգնեն հասկնալու թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՛ս պիտի փաստէ, որ Աստուծոյ իշխելու կերպը լաւագոյնն է, եւ ինչպէ՛ս վերջ պիտի դնէ տառապանքին։ Ինչպէ՞ս կրնաս Ծննդոց 3։15–ը սերտել։ Կրնաս ցանկ մը պատրաստել այն համարներուն, որոնք մանրամասնութիւններ կու տան թէ այս մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր։ Ետքը, կը նայիս թէ այդ համարներուն ամէն մէկը ե՛րբ գրուած է, եւ զանոնք կը շարես ժամանակի կարգով։ Պիտի նկատես թէ հակառակ որ Սուրբ Գիրքը գրողները ապրեցան տարբեր ժամանակներ, բայց անոնց ամէն մէկուն գրածը աւելի յստակացուց մարգարէութիւնը։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ փաստես թէ սուրբ հոգին առաջնորդեց զիրենք (Բ. Պետ. 1։21

9 Գերմանիայէն եղբայր մը ըմբռնեց թէ Թագաւորութեան մասին մանրամասնութիւններ կան Սուրբ Գիրքին իւրաքանչիւր գիրքին մէջ։ Ան ըսաւ. «Ասիկա ճիշդ է, հակառակ որ շուրջ 40 հոգի գրեցին Սուրբ Գիրքը, եւ անոնցմէ շատեր տարբեր ժամանակներ ապրեցան եւ անձամբ իրար չէին ճանչնար»։ Աւստրալիոյ մէջ քոյր մը Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 2013 թիւին մէջ յօդուած մը սերտելով գիտցաւ, թէ Պասեքը ինչպէ՛ս կապուած է Ծննդոց 3։15–ին եւ Մեսիային հետ։ Ան գրեց. «Այդ ուսումնասիրութիւնը աչքերս բացաւ, որ տեսնեմ թէ Եհովան ի՜նչ հիանալի է։ Իսկապէս տպաւորուեցայ երբ անդրադարձայ որ մէկը այս կարգադրութիւնը դրաւ թէ՛ իսրայէլացիներուն համար, թէ ալ որպէսզի ատիկա Յիսուսին կիրարկուի։ Պահ մը կեցայ եւ խոկացի թէ Պասեքի այդ մարգարէական ընթրիքը որքա՜ն հոյակապ էր»։ Այս քոյրը ինչո՞ւ այսպէս զգաց։ Ան իր կարդացածին վրայ խորապէս մտածեց եւ զայն հասկցաւ։ Ասիկա իր հաւատքը զօրացուց եւ զինք Եհովային աւելի մօտեցուց (Մատ. 13։23

10. Սուրբ Գիրքը գրողներուն անկեղծութիւնը ինչպէ՞ս կը ձգէ որ իրենց գրածին աւելի հաւատանք։

10 Նաեւ մտածէ Սուրբ Գիրքը գրողներուն անկեղծութեան մասին։ Անոնք միշտ ճշմարտութիւնը կ’ըսէին առանց վախնալու, մինչդեռ այդ ժամանակուան գրողները ընդհանրապէս միայն լաւ բաներ կը գրէին իրենց երկրին եւ առաջնորդներուն մասին։ Բայց Եհովայի մարգարէները միայն լաւ բաները չգրեցին. անոնք իսրայէլացիներուն եւ իրենց թագաւորներուն ըրած գէշ բաներն ալ գրեցին (Բ. Մն. 16։9, 10. 24։18-22)։ Անոնք նոյնիսկ իրե՛նց ըրած եւ Աստուծոյ ուրիշ ծառաներուն ըրած սխալներն ալ նշեցին (Բ. Թագ. 12։1-14. Մար. 14։50)։ Բրիտանիոյ մէջ պատանի եղբայր մը ըսաւ. «Այսպիսի անկեղծութիւն մը շատ քիչ կը գտնուի, եւ ասիկա մեզի աւելի կը վստահեցնէ որ Սուրբ Գիրքը իրապէս Եհովային կողմէ է»։

11. Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան աւելի գնահատել Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն արժէքը։

11 Շատեր Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հետեւելով կը համոզուին որ ատիկա Աստուծոյ կողմէ է (կարդա՛ Սաղմոս 19։7-11)։ Ճափոնի մէջ պատանի քոյր մը գրեց. «Երբ ընտանիքս սկսաւ կիրարկել Սուրբ Գիրքին ուսուցումները, իրապէս ուրախ դարձանք եւ խաղաղութիւն, միութիւն ու սէր ունեցանք»։ Սուրբ Գիրքը շատերու օգնած է որ անդրադառնան, թէ իրենց հաւատացած կարգ մը բաները ճիշդ չեն (Սաղ. 115։3-8)։ Իսկ Աստուծոյ չհաւատալը կ’ազդէ՞ մարդոց վրայ։ Աստուծոյ չհաւատացողներէն ոմանք կ’ըսեն թէ մեր ապագան լման մեր ձեռքն է։ Բայց անոնց ըրածները ոչ մէկ յոյս կու տան ապագային նկատմամբ (Սաղ. 146։3, 4)։ Ուրիշներ որ բարեշրջութեան կը հաւատան, բնութիւնը Աստուծոյ տեղ կը դնեն եւ կ’ըսեն թէ ատիկա ունի շատ զօրաւոր ուժեր, մինչ իրականութեան մէջ այդ ուժերը միայն Եհովային կը պատկանին։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՏՐԱՄԱԲԱՆԵԼ

12, 13. Ինչպէ՞ս կրնանք ստեղծագործութեան կամ Սուրբ Գիրքին մասին խօսիլ ուրիշներուն։

12 Երբ ստեղծագործութեան կամ Սուրբ Գիրքին մասին կը խօսիս ուրիշներուն հետ, նախ գիտցիր թէ անոնք ճիշդ ինչի՛ կը հաւատան։ Մի՛ մոռնար որ բարեշրջութեան հաւատացողներէն ոմանք նաեւ կը հաւատան որ Աստուած կայ։ Անոնք կը կարծեն որ Աստուած բարեշրջութիւնը գործածեց, որ բոլոր ապրող էակները ստեղծէ։ Ուրիշներ բարեշրջութեան կը հաւատան քանի որ կը կարծեն թէ եթէ ատիկա իրողութիւն մը չըլլար, դպրոցին մէջ չէին սորվեցներ ատոր մասին։ Իսկ ոմանք կրօնքներէն յուսախաբ ըլլալով, այլեւս Աստուծոյ չեն հաւատար։ Ուրեմն, նախ անհատին հարցուր թէ ինչի՛ կը հաւատայ, եւ ինչո՛ւ կը հաւատայ ատոր։ Եթէ տրամաբանական ըլլաս եւ լաւ մտիկ ընես, թերեւս ան ալ պատրաստ ըլլայ քեզի մտիկ ընելու (Տիտ. 3։2

13 Եթէ մէկը ըսէ թէ դուն անմիտ ես որ Աստուծոյ կը հաւատաս, ինչպէ՞ս կրնաս պատասխանել։ Փափկանկատութեամբ դո՛ւն իրեն հարցուր թէ ըստ իրեն՝ կեանքը ինչպէ՛ս սկսաւ։ Կրնաս նշել թէ եթէ կեանքը բարեշրջուած է, առաջին ապրող էակը պէտք էր բազմանալու եւ իրմէ օրինակներ մէջտեղ բերելու կարողութիւն ունենար։ Քիմիագիտութեան փրոֆէսոր մը ըսաւ, որ պէտք եղած բաներէն են՝ 1) պաշտպանող մաշկ մը, 2) ոյժ ստանալու եւ զայն գործածելու կարողութիւն, 3) ծիներուն մէջ տեղեկութիւն եւ 4) այդ տեղեկութիւնը ընդօրինակելու կարողութիւն։ Ան աւելցուց. «Նոյնիսկ ամէնէն պարզ ապրող էակի մը բարդութիւնը շատ զարմանալի է»։

14. Ի՞նչ պարզ պատճառաբանութիւն մը կրնաս գործածել, երբ ստեղծագործութեան մասին կը խօսիս։

14 Եթէ կը զգաս թէ պատրաստ չես բարեշրջութեան կամ ստեղծագործութեան մասին խօսելու, կրնաս փորձել Պօղոս առաքեալին պատճառաբանութիւնը գործածել։ Ան գրեց. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է» (Եբ. 3։4)։ Տրամաբանական է որ մէկը շինէ տունը։ Ուրեմն ապրող էակները, որ շատ աւելի բարդ են, պէտք է որ մէկու մը կողմէ շինուած ըլլան։ Կրնաս նաեւ գործածել մեր հրատարակութիւնները։ Քոյր մը վերոնշեալ երկու գրքոյկները տուաւ երիտասարդի մը, որ Աստուծոյ չէր հաւատար։ Շուրջ մէկ շաբաթ ետք, երիտասարդը խոստովանեցաւ. «Այլեւս Աստուծոյ կը հաւատամ»։ Այսպիսով, ան սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ ետքը՝ մեր եղբայրներէն մէկը եղաւ։

15, 16. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք առաջ որ մէկու մը բացատրենք թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ է։ բ) Ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնանք։

15 Եթէ կը խօսիս անձի մը հետ որ կասկածներ ունի Սուրբ Գիրքին նկատմամբ, նոյն սկզբունքները գործածէ։ Նախ, գիտցիր թէ ինչի՛ կը հաւատայ եւ ի՛նչ նիւթերով հետաքրքրուած է (Առ. 18։13)։ Եթէ ան գիտութիւնով հետաքրքրուած է, Սուրբ Գիրքէն օրինակներ տուր, որոնք կը ցուցնեն թէ ի՛նչ որ գիտական բաներու մասին կ’ըսէ՝ մի՛շտ ճիշդ է։ Ոմանք կը տպաւորուին տեսնելով ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները եւ պատմութիւնները ճշգրիտ են։ Իսկ ուրիշներ քեզի մտիկ կ’ընեն, եթէ իրենց ցուցնես Սուրբ Գիրքին մէջ սկզբունք մը, որ իրենց կեանքը կը լաւացնէ, ինչպէս՝ Լերան քարոզին սկզբունքները։

16 Մի՛ մոռնար. նպատակդ պէտք է ըլլայ սրտերը շահիլ, եւ ոչ թէ՝ վիճաբանութիւնները։ Ուրեմն, լաւ մտիկ ըրէ, անկեղծ հարցումներ հարցուր եւ մեղմութեամբ ու յարգանքով արտայայտէ կարծիքդ, մանաւանդ երբ քեզմէ մեծի հետ կը խօսիս։ Այսպիսով, աւելի հաւանական է որ կարծիքդ յարգեն։ Անոնք նաեւ պիտի տեսնեն թէ հաւատալիքներդ լաւ մը քննած ես, ինչ որ շատ մը պատանիներ չեն ըներ։ Անշուշտ, միտքդ պահէ որ ստիպուած չես պատասխանել անոնց, որոնք միայն կ’ուզեն վիճաբանիլ կամ վրադ խնդալ (Առ. 26։4

ԽՈՐԱՑԻՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

17, 18. ա) Ի՞նչը քեզի կ’օգնէ որ ճշմարտութեան մէջ խորանաս։ բ) Ո՞ր հարցումը նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

17 Զօրաւոր հաւատք ունենալու համար, չի բաւեր Սուրբ Գիրքին հիմնական ուսուցումները գիտնալ։ Ասոր համար, Աստուծոյ Խօսքին խորը մտիր, ճիշդ ինչպէս որ գանձ կը փնտռես (Առ. 2։3-6)։ Գիտցած լեզուովդ մատչելի եղող փնտռտուքի գործիքները միշտ գործածէ, ինչպէս՝ DVD–ի վրայ Դիտարանի գրադարան, Դիտարանի առցանց գրադարան եւ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ կամ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար։ Նաեւ նպատակակէտ դիր որ ամբողջ Սուրբ Գիրքը կարդաս, թերեւս մէկ տարուան մէջ։ Աստուծոյ Խօսքը կարդալը լաւագոյն կերպերէն է որ մեր հաւատքը զօրացնենք։ Շրջանային տեսուչ մը իր պատանեկութեան մասին ըսաւ. «Ամբողջ Սուրբ Գիրքը կարդալը այն բաներէն մէկն է, որ ինծի օգնեց համոզուելու թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է։ Վերջապէս հասկցայ այն պատմութիւնները որ պզտիկուց կը սորվէի։ Ասիկա շատ օգնեց որ հոգեւորապէս աճիմ»։

18 Ո՛վ ծնողներ, դուք ամէնէն շատ կրնաք օգնել ձեր զաւակներուն որ հոգեւորապէս աճին։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաք անոնց օգնել որ զօրաւոր հաւատք ունենան։ Յաջորդ յօդուածը ասոր մասին պիտի խօսի։