Եհովան զինք իր «բարեկամ»ը կոչեց
«Ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւ իմ ընտրեալս Յակո՛բ, իմ սիրելիիս [«բարեկամիս», ՆԱ]՝ Աբրահամին՝ սերունդը» (ԵՍԱ. 41։8)։
1, 2. ա) Ուրկէ՞ գիտենք, թէ մարդիկ կրնան Աստուծոյ բարեկամները ըլլալ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
ՕՐՕՐՈՑԷՆ մինչեւ գերեզման, մեր մեծագոյն կարիքը սէրն է։ Մարդիկ սիրոյ պէտքը եւ կարօտը ունին,– եւ խօսքը միայն ռոմանթիկ սիրոյ մասին չէ։ Կը տենչանք մօտիկ եւ սիրալիր բարեկամներ ունենալ։ Բայց կայ սէր մը որուն ամենաշատը կը կարօտինք,– Եհովայի սէրը։ Շատեր չեն հաւատար որ մարդիկ կրնան Ամենակալ եւ անտեսանելի Աստուծոյ հետ մօտիկ եւ սիրալիր բարեկամութիւն մշակել։ Բայց մենք ճշմարտութիւնը գիտենք։
2 Աստուածաշունչը կը խօսի անկատար մարդոց մասին, որոնք Աստուծոյ բարեկամները դարձան։ Կ’արժէ անոնցմէ դասեր քաղել, քանի որ Աստուծոյ հետ ընկերութիւն ընելը ամէնէն արժէքաւոր նպատակն է, որ կրնանք դնել մեր կեանքին մէջ։ Այդպիսի բարեկամութիւն կերտելու հիանալի օրինակ մըն էր Աբրահամը (կարդա՛ Յակոբոս 2։23)։ Ան ինչպէ՞ս կրցաւ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ Այդ բարեկամութեան գլխաւոր բաղադրատարրը հաւատքն էր։ Եւ Աստուածաշունչին մէջ, Աբրահամը ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ կոչուած է (Հռով. 4։11)։ Ուստի տեսնենք թէ հաւատքը ինչպէ՛ս Աբրահամին օգնեց, որ Աստուծոյ հետ այդքան մտերմանայ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ ընդօրինակել Աբրահամի հաւատքը եւ Եհովային հետ աւելի բարեկամանալ’։
ԱԲՐԱՀԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՀՈՎԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԵՂԱՒ
3, 4. ա) Նկարագրէ՛ Աբրահամի հաւատքին թերեւս ամէնէն մեծ փորձութիւնը։ բ) Աբրահամ ինչո՞ւ յօժար էր Իսահակը զոհելու։
3 Պատկերացուր ծերուկ մարդ մը, որ քալելով լեռ կը մագլցի։ Թերեւս ասիկա իր կեանքի ամէնէն դժուար ճամբորդութիւնն է, բայց պատճառը տարիքը չէ։ Աբրահամ մօտ 125 տարեկան է, եւ տակաւին իր ուժը տեղն է [1]։ Վառելիք փայտեր շալկած երիտասարդը, որ իր ետեւէն կը քալէ, իր տղան՝ Իսահակն է, որ մօտ 25 տարեկան է։ Աբրահամ ունի դանակ մը եւ կրակ վառելու միջոց մը։ Եհովան ծերունիէն խնդրած է որ իր իսկ տղան զոհէ (Ծն. 22։1-8)։
4 Ասիկա իր հաւատքին թերեւս ամէնէն մեծ փորձութիւնն էր։ Ոմանք կ’ըսեն թէ Աստուած դաժան գտնուեցաւ՝ Աբրահամէն խնդրելով որ իր տղան իբրեւ ողջակէզ մատուցանէ։ Իսկ ուրիշներ կը խորհին որ Աբրահամ յօժար էր Աստուծոյ հնազանդելու, քանի որ իր տղան չէր սիրեր։ Մարդիկ այսպիսի բաներ կ’ըսեն, քանի որ անհաւատ են եւ չեն գիտեր թէ իսկական հաւատքը ի՛նչ է եւ ինչպէ՛ս կը գործէ (Ա. Կոր. 2։14-16)։ Աբրահամ ոչ թէ կուրօրէն հաւատաց Աստուծոյ, հապա՝ տեսնելով։ Հաւատքի աչքերով, ան տեսաւ թէ իր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, իր հաւատարիմ ծառաներէն բնաւ չի խնդրեր բան մը, որ կրնայ իրենց մնայուն կերպով վնասել։ Աբրահամ գիտէր որ եթէ Եհովային մտիկ ընէր, թէ՛ ինք եւ թէ իր սիրելի տղան պիտի օրհնուէին։ Ուստի գիտութիւնը եւ փորձառութիւնն էին, որ իրեն հիմ մը տուին այդպիսի մեծ հաւատք ունենալու։
5. ա) Աբրահամ թերեւս ինչպէ՞ս սորված էր Եհովայի մասին։ բ) Այդ գիտութիւնը ինչպէ՞ս իրեն ազդեց։
5 Գիտութիւն։ Կռապաշտ քաղդէացիներու Ուր քաղաքին մէջ մեծցած ըլլալով հանդերձ, Աբրահամ գիտցաւ թէ Եհովան ո՛վ է։ Բայց ինչպէ՞ս. . . մանաւանդ որ իր հայրը՝ Թարա, կուռքեր կը պաշտէր (Յես. 24։2)։ Աստուածաշունչէն կ’իմանանք, թէ Նոյի տղան՝ Սէմը, Աբրահամի ազգականներէն մէկն էր։ Մինչեւ Աբրահամի 150–րդ տարին, Սէմ ողջ էր։ Վստահ չենք եթէ Աբրահամ ուղղակի Սէմէն սորվեցաւ Եհովայի մասին, սակայն կարելի է ենթադրել, որ Սէմ իր ընտանիքի անդամներուն փոխանցեց ինչ որ սորված էր Եհովայի մասին։ Այդ գիտելիքները ձեւով մը Աբրահամին հասան եւ իր սրտին դպան։ Ան իր ճանչցած Աստուածը սկսաւ սիրել եւ այդ գիտութիւնը իրեն օգնեց հաւատք կերտելու։
6, 7. Աբրահամի փորձառութիւնները ինչպէ՞ս զօրացուցին իր հաւատքը։
6 Փորձառութիւն։ Ի՞նչ փորձառութիւններ Աբրահամին օգնեցին որ Եհովայի հանդէպ իր հաւատքը զօրացնէ։ Կ’ըսուի թէ մտքերը զգացումներու կ’առաջնորդեն, իսկ զգացումները՝ արարքներու։ Մինչ Աբրահամ Եհովայի մասին կը սորվէր, իր սիրտը սկսաւ երկիւղով եւ յարգանքով լեցուիլ այն Աստուծոյն հանդէպ, որ «երկնքի ու երկրի տէրը եղող Բարձրեալ»ն է (Ծն. 14։22)։ Սուրբ Գիրքը այս զգացումը կը կոչէ՝ «աստուածավախութիւն»,– շատ կարեւոր յատկութիւն մը՝ Աստուծոյ հետ մօտիկ բարեկամութիւն մշակելու համար (Եբ. 5։7, ՆԱ. Սաղ. 25։14)։ Աստուածավախութիւնն էր որ Աբրահամը մղեց գործելու։
7 Երբ Աբրահամ եւ Սառա տարիքով յառաջացած էին, Աստուած իրենց ըսաւ որ Ուր քաղաքը լքեն եւ օտար երկիր մը երթան։ Անոնք մինչեւ վերջ վրաններու մէջ պիտի ապրէին։ Թէեւ Աբրահամ Ծն. 12։10-20. 20։2-7, 10-12, 17, 18)։ Այդ փորձառութիւնները Աբրահամին հաւատքը զօրացուցին։
քաջատեղեակ էր որ բազմաթիւ վտանգներու պիտի հանդիպէին, սակայն վճռած էր Եհովային հնազանդիլ. այս պատճառով Աստուծոյ կողմէ օրհնուեցաւ ու պաշտպանուեցաւ։ Օրինակի համար, Եհովան մէկ անգամէ աւելի հրաշքով միջամտեց եւ զիրենք պաշտպանեց (8. Եհովայի մօտիկ բարեկամները ըլլալու համար, ի՞նչ տեսակ գիտութիւն եւ փորձառութիւն պէտք է ձեռք ձգենք, եւ ինչպէ՞ս։
8 Իսկ մենք կրնա՞նք Աստուծոյ ընկերը ըլլալ։ Այո, կրնա՛նք։ Հարկ եղած գիտութիւնն ու փորձառութիւնը արդէն մատչելի են մեզի։ Աբրահամ Աստուածաշունչի ներկայիս ունեցած հազարաւոր իմաստուն խօսքերէն միայն քանի մը հատը գիտէր (Դան. 12։4. Հռով. 11։33)։ Աստուծոյ Խօսքը լեցուած է այնպիսի գանձերով, որոնց միջոցով կրնանք «երկնքի ու երկրի տէր»ը աւելի ճանչնալ, յարգել ու սիրել։ Յարգանքէ ու սէրէ մղուած, կը հնազանդինք Եհովային եւ առ ի արդիւնք, կը տեսնենք թէ ան ինչպէ՛ս մեզ կը պաշտպանէ եւ կ’օրհնէ,– ասիկա մեզի փորձառութիւն կու տայ։ Երբ կը սորվինք ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել, գոհունակ, խաղաղ եւ երջանիկ կը զգանք (Սաղ. 34։8. Առ. 10։22)։ Եւ երբ մեր այս գիտութիւնն ու փորձառութիւնը աւելնայ, Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը աւելի կը զօրանայ եւ աւելի կը մտերմանանք իրեն հետ։
ԱԲՐԱՀԱՄ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԸԼԼԱԼ
9, 10. ա) Բարեկամութիւն մը որպէսզի զօրանայ, ի՞նչ բանի պէտք ունի։ բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Աբրահամ Աստուծոյ հետ իր բարեկամութեան վրայ գուրգուրաց եւ զայն զօրացուց։
9 Բարեկամութիւնը թանկագին գանձ մըն է (կարդա՛ Առակաց 17։17)։ Սակայն, ատիկա չի նմանիր անկենդան առարկայի մը, որ խանութէն կը գնենք եւ վերի պահարանը կը դնենք մինչեւ որ վրան փոշի հաւաքուի։ Բարեկամութիւնը կը նմանի շնչաւոր բանի մը, որ միշտ հոգատարութեան պէտք ունի որ գոյատեւէ։ Աբրահամ Աստուծոյ հետ իր բարեկամութեան վրայ գուրգուրաց։ Ինչպէ՞ս կրցաւ զայն պահպանել։
10 Ան բնաւ չխորհեցաւ թէ այնքան աստուածավախ եւ հնազանդ գտնուած էր, որ այժմ կրնար զիջումներ ընել։ Մինչ իր մեծ ընտանիքով դէպի Քանան կը ճամբորդէր, Աբրահամ շարունակեց մեծ կամ պզտիկ որոշումներ առնելէ առաջ Եհովային առաջնորդութիւնը փնտռել։ Իսահակի ծնունդէն տարի մը առաջ, երբ Աբրահամ 99 տարեկան էր, Եհովան պատուէր տուաւ որ Աբրահամի տան բոլոր արուները թլփատուին։ Արդեօք Աբրահամ այս պատուէրը հարցականի տակ դրա՞ւ, կամ միջոց մը փնտռե՞ց անկէ խոյս տալու համար։ Ո՛չ։ Ան Աստուծոյ վստահեցաւ եւ «նոյն օրը» հնազանդեցաւ (Ծն. 17։10-14, 23)։
11. ա) Աբրահամ ինչո՞ւ մտահոգ էր Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքներու վրայով։ բ) Եհովան իրեն ինչպէ՞ս օգնեց։
11 Քանի որ Աբրահամ նոյնիսկ պզտիկ Ծն. 18։22-33)։
բաներու մէջ միշտ Եհովային մտիկ ըրաւ, իրենց միջեւ եղած բարեկամութիւնը զօրացաւ։ Ան ազատ կը զգար իր սիրտը Եհովային առջեւ բանալու, զինք մտահոգող դժուար հարցումները ուղղելով իրեն։ Օրինակի համար, երբ ան գիտցաւ թէ Աստուած Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները պիտի կործանէր, հոգ ըրաւ այն արդար մարդոց մասին, որոնք կրնային չարերուն հետ կորսուիլ։ Աբրահամ թերեւս մտահոգուած էր իր եղբօրը տղուն՝ Ղովտին ու անոր ընտանիքին մասին, որոնք Սոդոմի մէջ կը բնակէին։ Նահապետը կը վստահէր «բոլոր երկրի Դատաւոր»ին՝ Եհովա Աստուծոյ. ուստի ամենայն խոնարհութեամբ յայտնեց իր մտահոգութիւնները իրեն։ Եհովան, իր կարգին, համբերատարութեամբ Աբրահամին սորվեցուց Իր ողորմութեան մասին. . . թէ ինչպէ՛ս բոլոր սրտերը կը քննէ եւ նոյնիսկ դատաստանի ժամանակ կը փնտռէ թէ ո՛վ արդար է եւ անոնց կեանքը կը պահէ (12, 13. ա) Աբրահամի գիտութիւնն ու փորձառութիւնը ինչպէ՞ս յետագային օգնեցին իրեն։ բ) Ինչէ՞ն գիտենք թէ Աբրահամ Եհովային վստահեցաւ։
12 Աբրահամ ինչպէ՞ս կրցաւ շարունակ Եհովայի ջերմ բարեկամը ըլլալ. անկասկած՝ իր հաւաքած բոլոր գիտելիքներուն ու փորձառութիւններուն շնորհիւ։ Յետագային, երբ Եհովան իրմէ խնդրեց որ իր տղան զոհէ, Աբրահամ կրցաւ յիշել թէ իր երկնաւոր Բարեկամը ինչպիսի Անձ է։ Ուստի վերադառնանք այն տեսարանին, երբ այս հաւատքի տէր մարդը Մօրիա լեռը կը մագլցէր։ Արդեօք ան մտածե՞ց թէ Եհովան յանկարծ փոխուեր է եւ անգութ ու բիրտ դարձեր է։ Անկարելի է որ ան այդպէս խորհէր։ Ուրկէ՞ գիտենք։
13 Ընկերակցող ծառաներէն հեռանալէ առաջ, Աբրահամ ըսաւ. «Դուք իշուն հետ հոս կեցէք եւ ես ու տղան մինչեւ հոն երթանք ու երկրպագութիւն ընենք եւ նորէն ձեզի դառնանք» (Ծն. 22։5)։ Արդեօք ան սո՞ւտ խօսեցաւ, երբ ըսաւ որ Իսահակին հետ պիտի վերադառնար, գիտնալով որ Իսահակը պիտի զոհուէր։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ իր մտքին մէջ ի՛նչ կար երբ ասիկա ըսաւ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։19)։ Աբրահամ «կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել»։ Այո, Աբրահամ յարութեան կը հաւատար։ Ան քաջ գիտէր թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր եւ իր կնոջ սեռային անդամները վերակենդանացուց (Եբ. 11։11, 12, 18)։ Ան գիտակից էր, որ Եհովային քով անկարելի բան մը չկայ։ Ուստի վստահ էր որ ի՛նչ ալ պատահէր այդ դժուար պահուն, իր սիրելի տղան պիտի վերակենդանանար, որպէսզի Եհովայի բոլոր խոստումները կարենային կատարուիլ։ Ահա՛ թէ ինչու Աբրահամ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ կոչուած է։
14. ա) Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՞նչ դժուարութիւններ կ’ունենաս։ բ) Աբրահամի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել։
14 Ի՞նչ ըսենք մեր մասին։ Ճիշդ է որ այսօր Աստուած մեզի չի պատուիրեր որ մեր զաւակները զոհենք, սակայն կը պահանջէ որ իրեն հնազանդինք, նո՛յնիսկ եթէ չհասկնանք թէ ինչու որոշ պատուէր մը Ել. 23։2. Ա. Թես. 2։2)։ Կը զգա՞ս ինչ որ Աբրահամ զգաց Մօրիա լեռը մագլցելու ատեն, թէ կարողութենէդ վեր եղող փորձէ մը կ’անցնիս։ Եթէ այո, քաջալերուէ՛ նայելով Աբրահամին եւ անոր հաւատքին։ Մինչ կը խոկանք հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու ձգած օրինակներուն վրայ, պիտի մղուինք զիրենք ընդօրինակելու եւ մեր Բարեկամին՝ Եհովային մօտենալու (Եբ. 12։1, 2)։
կու տայ կամ նոյնիսկ եթէ պատուէրը կատարելը մեր աչքին դժուար թուի։ Մտքիդ մէջ կա՞յ բան մը, որ Եհովան քեզմէ պահանջած է բայց դուն զայն ընելը դժուար կը գտնես։ Ոմանք թերեւս «Քարոզչութիւնը» ըսեն։ Թերեւս անոնք ամչկոտ են, եւ կը քաշուին անծանօթ մարդոց մօտենալով բարի լուրին մասին խօսելէ։ Ոմանք ալ թերեւս կը վախնան ուրիշներէ տարբեր ըլլալ, թերեւս դպրոցին մէջ կամ աշխատավայրին մէջ (ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
15. Ինչո՞ւ կրնանք վստահօրէն ըսել, թէ Աբրահամ բնաւ չզղջաց իր հաւատարիմ ընթացքին վրայ։
15 Կը կարծե՞ս թէ Աբրահամ պահ մը զղջաց որ Եհովային հաւատարմաբար մտիկ ըրած է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աբրահամ՝ լա՛ւ ալեւորութեան մէջ, ծերացած եւ իր օրերէն կշտացած, շունչը տալով՝ մեռաւ» (Ծն. 25։8, ԱԾ)։ 175 տարեկանին, ան ի վերջոյ ուժասպառ եղաւ, բայց կրնայ ըսուիլ որ աղէկ կեանք մը ապրեցաւ,– կեանք մը որ կեդրոնացաւ Եհովա Աստուծոյ բարեկամութեան վրայ։ Իսկ երբ կը կարդանք թէ «իր օրերէն կշտացած» էր, չեզրակացնենք թէ ան փափաք չունէր ապագային ապրելու։
16. Աբրահամ ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելէ Դրախտին մէջ։
16 Սուրբ Գիրքը Աբրահամին մասին կ’ըսէ. «Ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է» (Եբ. 11։10)։ Աբրահամ կը հաւատար որ օրին մէկը պիտի տեսնէ որ այդ քաղաքը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, երկրի վրայ կ’իշխէ,– եւ իրա՛ւ պիտի տեսնէ։ Կրնա՞ս Աբրահամին ուրախութիւնը երեւակայել, երբ դրախտային երկրի վրայ ապրի եւ շարունակէ Եհովայի հետ իր բարեկամութիւնը զօրացնել։ Ան որքա՜ն պիտի տպաւորուի, գիտնալով որ իր հաւատքի արձանագրութիւնը իր մահէն ետք հազարաւոր տարիներ շարունակ օգնած է Եհովայի ծառաներուն։ Դրախտին մէջ, ան նոյնիսկ պիտի գիտնայ թէ Մօրիա լերան վրայ իր ըրածը շատ աւելի մեծ բան մը կը պատկերացնէր (Եբ. 11։19)։ Ան նաեւ պիտի գիտնայ, թէ Եհովայի միլիոնաւոր ծառաներ ինչպէ՛ս իրեն ու Իսահակի հետ եղած դէպքերէն կրցած են հասկնալ Եհովա Աստուծոյ ցաւը, երբ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը զոհեց մեզ փրկագնելու համար (Յովհ. 3։16)։ Աբրահամի օրինակին շնորհիւ, բոլորս կրցած ենք ա՛լ աւելի գնահատել փրկանքը, որ սիրոյ մեծագոյն արտայայտութիւնը եղած է ամբողջ պատմութեան մէջ։
17. Ի՞նչ վճռած ես ընել, եւ ի՞նչ պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
17 Թող որ իւրաքանչիւրս վճռենք Աբրահամի հաւատքը ընդօրինակել։ Մենք ալ իրեն պէս գիտութեան եւ փորձառութեան պէտք ունինք։ Մինչ Եհովայի մասին մեր գիտութիւնը կ’աւելցնենք եւ իրեն կը հնազանդինք, պիտի տեսնենք թէ ան ինչպէ՛ս մեզ պիտի օրհնէ ու պաշտպանէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։10-12)։ Թող Եհովան մեր Բարեկամը ըլլայ յաւիտեա՛ն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք յաւելեալ երեք հաւատարիմ անհատներու մասին, որոնք Աստուծոյ մտերիմ ընկերները դարձան։
^ [1] (պարբերութիւն 3) Այս մարդն ու իր կինը նախապէս՝ Աբրամ եւ Սարա կոչուած էին, բայց այս յօդուածին մէջ զանոնք պիտի կոչենք ինչպէս որ Եհովան յետագային զիրենք անուանեց՝ Աբրահամ եւ Սառա։