Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սորվէ՛ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն

Սորվէ՛ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն

«Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն [«հաւատարմութիւն», ՆԱ] սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել» (ՄԻՔ. 6։8

ԵՐԳԵՐ. 63, 43

1, 2. Դաւիթ ինչպէ՞ս փաստեց թէ հաւատարիմ էր Աստուծոյ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ մութին, Դաւիթ եւ Աբեսսա առանց ձայնի կը մտնեն բանակատեղի մը, ուր 3000 զինուորներ քնացած են։ Բանակատեղիին ճիշդ մէջտեղը կը գտնեն Սաւուղ թագաւորը, որ խորունկ քունի անցած է։ Թագաւորը Յուդայի անապատը եկեր է որպէսզի ինք Դաւիթը գտնէ ու սպաննէ։ Աբեսսա Դաւիթի ականջին կ’ըսէ. «Թող տուր, որ նիզակով մէկ անգամէն գետինը ցցեմ [Սաւուղը] ու չկրկնեմ հարուածը»։ Բայց Դաւիթ ապշեցուցիչ կերպով կը պատասխանէ. «Զանիկա մի՛ մեռցներ. քանզի Տէրոջը օծեալին ո՞վ կրնայ ձեռք երկնցնել ու անպարտ ըլլալ. . . Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ» (Ա. Թագ. 26։8-12

2 Դաւիթ հասկցաւ թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու համար։ Ան բնաւ չէր մտադրած Սաւուղին վնասել։ Եւ ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Սաւուղ Աստուծոյ օծեալ թագաւորն էր իսրայէլի վրայ։ Ինչպէս որ էր անցեալին, ներկայիս ալ Եհովան իր բոլոր ծառաներէն կ’ակնկալէ որ իրեն հաւատարիմ ըլլան եւ յարգեն զանոնք, որոնց ինք հեղինակութիւն տուած է (կարդա՛ Միքիա 6։8

3. Աբեսսա ինչպէ՞ս հաւատարիմ էր Դաւիթին։

3 Աբեսսա ինչո՞ւ յարգեց Դաւիթը։ Որովհետեւ գիտէր թէ Աստուած Դաւիթը ընտրած էր յաջորդ թագաւորը ըլլալու։ Բայց այդ թագադրութենէն ետք, Դաւիթ լուրջ մեղք մը գործեց։ Թագաւորը Ուրիայի կնոջ հետ շնութիւն ըրաւ եւ ապա Յովաբին ըսաւ որ այնպէս մը ընէ, որ Ուրիան ճակատամարտին մէջ սպաննուի (Բ. Թագ. 11։2-4, 14, 15. Ա. Մն. 2։16)։ Յովաբ Աբեսսայի եղբայրն էր, ուստի Աբեսսա լսած ըլլալու էր այս մասին։ Ասով հանդերձ, ան շարունակեց Դաւիթը յարգել։ Ասկէ զատ, Աբեսսան իսրայէլի զօրքին մէկ հրամանատարն էր եւ կրնար իր դիրքէն օգտուելով ինքզինք թագաւոր հռչակել։ Բայց ան բնաւ այդպէս չըրաւ, հապա՝ Դաւիթին ծառայեց եւ պաշտպանեց զինք դաւաճաններէ եւ ա՛յլ թշնամիներէ (Բ. Թագ. 10։10. 20։6. 21։15-17

4. ա) Ուրկէ՞ գիտենք թէ Դաւիթ Աստուծոյ հաւատարիմ էր։ բ) Ուրիշ որո՞նց օրինակները պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։

4 Դաւիթ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան հաւատարիմ մնաց Եհովային։ Պատանի տարիքին, ան յաղթեց այն հսկայ Գողիաթին, որ «կենդանի Աստուծոյն զօրքերը կը նախատէ[ր]» (Ա. Թագ. 17։23, 26, 48-51)։ Երբ ան թագադրուեցաւ եւ ապա լուրջ մեղքեր գործեց,– շնութիւն եւ մարդասպանութիւն,– Եհովայի Նաթան մարգարէն եկաւ որ զինք յանդիմանէ։ Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ. ընդունե՛ց որ մեղանչած է եւ զղջաց իր ըրածներուն վրայ (Բ. Թագ. 12։1-5, 13)։ Իր ծերութեան տարիներուն, Դաւիթ բազմաթիւ արժէքաւոր նուիրատուութիւններ ըրաւ, որպէսզի Եհովայի տաճարի շինարարութեան թիկունք կանգնի (Ա. Մն. 29։1-5)։ Յստակ է ուրեմն, որ իր կեանքին մէջ լուրջ սխալներ ընելով հանդերձ, Դաւիթ բնաւ չդադրեցաւ «սուրբ» կամ հաւատարիմ ըլլալէ Եհովային (Սաղ. 51։4, 10. 86։2)։ Մինչ Դաւիթի եւ իր օրերուն ապրած ա՛յլ մարդոց օրինակները կը քննարկենք, փորձենք հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել. հաւատարիմ գտնուելու առնչութեամբ՝ նախապատուութիւնը որո՞ւն պէտք է տանք։ Հաւատարիմ ըլլալու համար ո՞ր յատկութիւններուն կարիք ունինք։

ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ՏԱՍ

5. Աբեսսայի սխալէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

5 Աբեսսա ինչո՞ւ ուզեց Սաւուղը սպաննել. քանի որ կը փորձէր Դաւիթին հաւատարիմ ըլլալ։ Բայց Դաւիթ չարտօնեց իրեն որ թագաւորը սպաննէ, քաջատեղեակ ըլլալով որ «Տէրոջը օծեալին» դէմ ձեռք վերցնելը սխալ է (Ա. Թագ. 26։8-11)։ Այս դէպքէն կարեւոր դաս մը կը սորվինք. թէեւ կրնանք շատերու հաւատարիմ ըլլալ, բայց մեր նախապատուութեան ցանկը ճիշդ կերպով պէտք է շարքաւորենք. եւ ասիկա կրնանք ընել մտածելով թէ տուեալ պարագային Աստուածաշունչի ո՛ր սկզբունքները կը կիրարկուին։

6. Թէեւ բնական է որ մեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հաւատարիմ ըլլանք, սակայն ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։

6 Բնական է որ ուզենք հաւատարիմ ըլլալ մեր սիրելիներուն, ինչպէս՝ ընտանիքի անդամներուն կամ բարեկամներուն։ Բայց հաւատարմութիւնը սրտէն կը բխի, եւ մեր անկատար սիրտը կրնայ մեզ խաբել (Եր. 17։9)։ Ուստի եթէ մեր սիրելիներէն մէկը գէշ բաներ կ’ընէ կամ որոշեց ճշմարտութիւնը ձգել, պէտք չէ մոռնանք որ հաւատարմութիւն ցոյց տալու կողմանէ՝ նախապատուութիւնը Եհովային պէտք է տանք (կարդա՛ Մատթէոս 22։37

7. Քոյր մը ինչպէ՞ս Եհովային հաւատարիմ մնաց դժուար պարագայի մը մէջ։

7 Եթէ ընտանիքէդ մէկը ժողովքէն վտարուած է, կրնաս ցոյց տալ թէ Եհովային հաւատարիմ ես։ Օր մը, զոր օրինակ, Էն [1] անունով քոյր մը հեռաձայն ստացաւ իր վտարուած մօրմէն։ Մայրը ըսաւ թէ կ’ուզէ իրեն այցելել եւ թէ շատ տխրած է, քանի որ ընտանիքի անդամները իրեն հետ չեն խօսիր։ Էնը այս աղաչանքէն խորապէս ազդուեցաւ եւ խոստացաւ նամակով պատասխանել։ Նախքան գրելը, ան Աստուածաշունչի սկզբունքները աչքէ անցուց (Ա. Կոր. 5։11. Բ. Յովհ. 9-11)։ Իր պատասխանին մէջ, Էն ազնուօրէն յիշեցուց, թէ մայրն էր որ ինքզինք ընտանիքէն հեռացուցած էր սխալը գործելով եւ չզղջալով։ «Միակ ձեւը որ ցաւէդ ազատիս, Եհովային վերադառնալն է», գրեց Էնը (Յակ. 4։8

8. Ո՞ր յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալու։

8 Դաւիթի օրերուն ապրած՝ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները նաեւ խոնարհ, ազնիւ եւ խիզախ էին։ Տեսնենք թէ այս երեք յատկութիւնները ինչպէ՛ս կրնան մեզի օգնել Եհովային հաւատարիմ ըլլալու։

ՊԷՏՔ Է ԽՈՆԱՐՀ ԸԼԼԱՆՔ

9. Աբեններ ինչո՞ւ փորձեց Դաւիթը սպաննել։

9 Երբ Դաւիթ Գողիաթին գլուխը բռնած՝ Սաւուղ թագաւորին հետ կը խօսէր, առնուազն ուրիշ երկու մարդիկ կեցած էին հոն,– մէկը Սաւուղի տղան՝ Յովնաթանն էր, որ Դաւիթին հետ բարեկամութեան ուխտ մը ըրաւ, իսկ միւսը՝ Իսրայէլի զօրքին հրամանատարն էր՝ Աբեններ (Ա. Թագ. 17։57–18։3)։ Յետագային, երբ Սաւուղ ջանաց Դաւիթը սպաննել, Աբեններ թագաւորին թիկունք կանգնեցաւ։ «Բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս», գրեց Դաւիթ (Սաղ. 54։3. Ա. Թագ. 26։1-5)։ Յովնաթան ինչո՞ւ Աբեններէն բոլորովին տարբեր կարծիք ունէր Դաւիթի մասին։ Աբեններ Յովնաթանին պէս քաջատեղեակ էր, թէ Աստուած Դաւիթը ընտրած էր որ իսրայէլի վրայ թագաւորէ։ Բայց Սաւուղի մահէն ետք, ան ո՛չ խոնարհութիւն ցուցուց, ոչ ալ՝ հաւատարմութիւն Աստուծոյ հանդէպ, քանի որ Դաւիթի փոխարէն, Սաւուղի տղուն՝ Յեբուսթէին թիկունք կանգնեցաւ։ Յետագային, երբ Աբեններ Սաւուղ թագաւորի հարճին հետ յարաբերութիւն ըրաւ, հաւանական է որ գահը խլելու նպատակ ունէր (Բ. Թագ. 2։8-10. 3։6-11

10. Աբիսողոմ ինչո՞ւ Աստուծոյ հաւատարիմ չեղաւ։

10 Դաւիթի տղան՝ Աբիսողոմ, նոյնպէս հաւատարիմ չեղաւ Աստուծոյ, իր խոնարհութիւն չունենալուն պատճառով։ Ան այնքան հպարտ էր, որ «իրեն համար կառքեր եւ ձիեր պատրաստեց, նաեւ իր առջեւէն վազող յիսուն մարդ» (Բ. Թագ. 15։1)։ Աբիսողոմ ժողովուրդին հաւատարմութիւնն ալ գողցաւ։ Ան Աբենների պէս աշխատեցաւ Դաւիթը սպաննել, հակառակ որ քաջ գիտէր, թէ Եհովա՛ն Դաւիթը նշանակած էր որպէս Իսրայէլի թագաւոր (Բ. Թագ. 15։13, 14. 17։1-4

11. Ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել Աբեններէն, Աբիսողոմէն եւ Բարուքէն։

11 Ան որ խոնարհ չէ եւ կ’ուզէ աւելի իշխանութիւն ձեռք ձգել, չի կրնար դիւրութեամբ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ։ Անշուշտ, Եհովան կը սիրենք, եւ չենք ուզեր Աբեններին ու Աբիսողոմին պէս անձնասէր եւ չար ըլլալ։ Բայց ուշադիր ըլլանք, որ չսկսինք շատ դրամ ցանկալ կամ մեզ անուանի դարձնող գործ մը ուզել, ինչ որ կրնայ մեր հոգեւորութեան վնաս հասցնել։ Երեմիայի քարտուղարը՝ Բարուք, ատեն մը իր չունեցած մէկ բանը ցանկաց եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իր ուրախութիւնը կորսնցուց։ Եհովան Երեմիայի բերնով իրեն ըսաւ. «Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը։ Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր» (Եր. 45։4, 5)։ Բարուք ընդունեց այդ սրբագրումը։ Եւ որքա՜ն իմաստութիւն է Աստուծոյ այդ խօսքերը ի մտի ունենալ, մինչ այս չար աշխարհի կործանումին կը սպասենք։

12. Բացատրէ թէ անձնասէր մէկը ինչո՛ւ չի կրնար Եհովային հաւատարիմ ըլլալ։

12 Մեքսիքայի մէջ ապրող եղբայր մը՝ Դանիէլ, պիտի ընտրէր որո՛ւն հաւատարմութիւն ցոյց տալ։ Ան կ’ուզէր Եհովան չպաշտող աղջկայ մը հետ ամուսնանալ։ Դանիէլ կ’ըսէ. «Նոյնիսկ ռահվիրայ ըլլալէս ետք, շարունակեցի իրեն նամակներ գրել»։ Բայց ետքը ան անդրադարձաւ որ ըրածը անձնասիրութիւն էր եւ ոչ թէ հաւատարմութիւն Եհովային հանդէպ։ Ուստի իր անձը խոնարհեցուց եւ փորձառու երէցի մը պատմեց այդ աղջկան մասին։ Դանիէլ կը բացատրէ. «Երէցը ինծի օգնեց որ գիտակցիմ, որ եթէ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի ըլլամ, պէտք է դադրիմ աղջկան նամակ գրելէ։ Շատ աղօթքներէ եւ շատ արցունք թափելէ ետք, ես ճիշդ այդպէս ըրի։ Շուտով, ծառայութեան մէջ իմ ուրախութիւնս աւելցաւ»։ Դանիէլ այժմ ամուսնացած է Եհովան սիրող կնոջ մը հետ, եւ կը ծառայէ որպէս շրջանային տեսուչ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸԼԼԱԼԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ԱԶՆԻՒ ԸԼԼԱԼՈՒ

Եթէ գիտնաս թէ քեզի մօտիկ հաւատակից մը լուրջ սխալի մէջ է, հաւատարմօրէն պիտի խնդրե՞ս իրմէ, որ երէցներու հոգեւոր օգնութեան դիմէ (տե՛ս պարբերութիւն 14)

13. Նաթան ի՞նչ ըրաւ, որպէսզի թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ Դաւիթին հաւատարիմ մնար, մինչ Դաւիթ մեղանչած էր։

13 Եհովային հաւատարիմ եղող անհատը կրնայ ուրիշներու ալ հաւատարիմ ըլլալ եւ լաւագոյն օգնութիւնը տալ անոնց։ Նաթան մարգարէն միեւնոյն ատեն հաւատարիմ մնաց թէ՛ Եհովային եւ թէ Դաւիթին։ Երբ Դաւիթ Ուրիայի կնոջ հետ շնութիւն գործեց եւ կարգադրեց որ Ուրիան պատերազմին մէջ մեռնի, Եհովան Նաթանը ղրկեց զայն յանդիմանելու համար։ Ճիշդ է որ Նաթան խիզախ էր եւ Եհովային հաւատարիմ, սակայն ան նաեւ իմաստուն գտնուեցաւ եւ ազնիւ կերպով խօսեցաւ Դաւիթին։ Ան ուզեց թագաւորին օգնել, որ մեղքերուն լրջութիւնը տեսնէ։ Ուստի պատմութեան ձեւով ըսաւ, թէ հարուստ մարդ մը կար, որ աղքատ մարդու մը միակ գառնուկը առաւ։ Այս խօսքին վրայ, Դաւիթին սիրտը բորբոքեցաւ եւ շատ զայրացաւ հարուստ մարդուն դէմ։ Նաթան ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես»։ Դաւիթ կէտը հասկցաւ (Բ. Թագ. 12։1-7, 13

14. Ինչպէ՞ս կրնաս թէ՛ Եհովային եւ թէ բարեկամիդ կամ ազգականիդ հաւատարիմ ըլլալ։

14 Դուն ալ կրնաս հաւատարիմ ըլլալ նա՛խ Եհովային եւ ետքը ուրիշներուն, եթէ ազնիւ ըլլաս։ Օրինակի համար, թերեւս ձեռքդ փաստ ունիս, թէ եղբայր մը լուրջ մեղք գործած է։ Հաւանաբար կ’ուզես իրեն հաւատարիմ մնալ, մա՛նաւանդ եթէ քու մօտիկ բարեկամդ կամ ազգականդ է։ Բայց նաեւ կը գիտակցիս, թէ Եհովային հաւատարիմ մնալը անկէ աւելի կարեւոր է։ Ուստի Նաթանին պէս, Եհովային հնազանդէ, բայց՝ եղբօրդ հանդէպ ազնիւ եղիր։ Ըսէ՛ իրեն, որ պէտք է անձամբ երէցներէն օգնութիւն խնդրէ կարելի եղածին չափ շուտ։ Իսկ եթէ այդպէս չընէ, դո՛ւն պէտք է երէցներուն ըսես։ Այսպիսով Եհովային հաւատարիմ կը մնաս. եւ միաժամանակ՝ ազնիւ կը գտնուիս եղբօրդ հանդէպ, որովհետեւ երէցները կրնան հեզութեան հոգիով իրեն օգնել, որ Եհովայի հետ անգամ մը եւս լաւ փոխյարաբերութեան մէջ մտնէ (կարդա՛ Ղեւտացւոց 5։1. Գաղատացիս 6։1

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼԸ ԽԻԶԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

15, 16. Քուսի ինչո՞ւ խիզախութեան պէտք ունէր, որպէսզի Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլար։

15 Քուսի Դաւիթ թագաւորի հաւատարիմ բարեկամներէն մէկն էր։ Երբ ժողովուրդը ուզեց Աբիսողոմը թագադրել, Քուսի խիզախութեան պէտք ունէր որ Աստուծոյ եւ Դաւիթին հաւատարիմ մնար։ Ան գիտէր թէ Աբիսողոմ իր զինուորներով Երուսաղէմ մտած էր, իսկ Դաւիթ փախած էր (Բ. Թագ. 15։13. 16։15)։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Դաւաճանե՞ց Դաւիթին՝ Աբիսողոմին թիկունք կանգնելով։ Ո՛չ։ Թէեւ Դաւիթ ծերացած էր եւ շատեր կ’ուզէին զինք սպաննել, բայց Քուսի հաւատարիմ մնաց իրեն, քանի որ Եհովա՛ն էր որ զինք թագաւոր նշանակած էր։ Հետեւաբար, Քուսի Ձիթենեաց լեռը ելաւ Դաւիթը դիմաւորելու համար (Բ. Թագ. 15։30, 32

16 Դաւիթ Քուսիէն խնդրեց որ Երուսաղէմ վերադառնայ ու ձեւացնէ թէ Աբիսողոմի բարեկամն է, որպէսզի զինք համոզէ որ Աքիտոփէլին խրատը մերժէ։ Այսպէս, Քուսի իր կեանքը վտանգեց, որպէսզի Եհովային հաւատարիմ մնայ եւ Դաւիթի խնդրանքը կատարէ։ Դաւիթ Քուսիի համար աղօթք ըրաւ եւ Եհովան անոր օգնեց,– Աբիսողոմ Քուսիին խրատը աւելի հաւնեցաւ քան Աքիտոփէլինը (Բ. Թագ. 15։31. 17։14

17. Ինչո՞ւ խիզախութեան պէտք ունինք, որպէսզի հաւատարիմ մնանք։

17 Եհովային հաւատարիմ մնալը խիզախ ըլլալ կը պահանջէ։ Մեզմէ շատեր քաջաբար դիմադրած են ընտանիքի անդամներու, գործընկերներու եւ կառավարական պաշտօնեաներու, որպէսզի Աստուծոյ հաւատարիմ մնան։ Ճափոնի մէջ, զոր օրինակ, Թարօ անունով երիտասարդ մը իր մանկութենէն ի վեր, իր ամէն կարելին կ’ընէր իր ծնողքին ուրախութիւն պատճառելու համար։ Անոնց հաւատարմաբար կը հնազանդէր, ոչ թէ քանի որ ստիպուած էր, այլ՝ քանի որ կը սիրէր զիրենք։ Բայց երբ սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ սերտել, ծնողքը դէմ կեցաւ իրեն։ Թարոն ասկէ շատ տխրեցաւ, եւ իրեն համար շատ դժուար էր ծնողներուն ըսել, թէ որոշած է ժողովներուն երթալ։ Ան կ’ըսէ. «Անոնք ա՛յնքան բարկացան, որ տարիներով չձգեցին որ տունը իրենց այցելեմ։ Աստուծմէ քաջութիւն խնդրեցի, որ որոշումիս վրայ մնամ։ Իսկ այժմ, ծնողքիս սիրտը կակուղցած է եւ կրնամ կանոնաւորաբար իրենց այցելել» (կարդա՛ Առակաց 29։25

18. Այս դասէն ի՞նչ օգուտներ քաղեցիր։

18 Թող որ մենք ալ գոհունակ զգանք, Դաւիթին, Յովնաթանին, Նաթանին եւ Քուսիին պէս Եհովային հաւատարիմ մնալով։ Ասկէ զատ, թող որ դաս մը քաղենք Աբենների եւ Աբիսողոմի անհաւատարմութենէն։ Վստահաբար կ’ուզենք Դաւիթին պէս Եհովային յարիլ։ Ճիշդ է որ անկատար ենք, եւ կրնանք սխալիլ, բայց թող որ փաստենք, թէ նա՛խ Եհովային հաւատարիմ ենք։

^ [1] (պարբերութիւն 7) Կարգ մը անուններ փոխուած են։