Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

Միլիոնաւորներ կը ճանչնային բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժը

Միլիոնաւորներ կը ճանչնային բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժը

«Պրազիլի մէջ Տէրոջը ծառայութեան համար միայն մէկ ինքնաշարժ կայ, որ բարձրախօսով օժտուած է եւ միլիոնաւորներ կը ճանչնան զայն։ Ատիկա ‘Բարձրախօսով օժտուած՝ Դիտարանի ինքնաշարժն’ է» (Նաթանիէլ Ա. Եուլ, 1938)։

ՊՐԱԶԻԼԻ մէջ, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը դանդաղ կ’ընթանար 1930–ականներուն սկիզբը։ Բայց 1935–ին, ռահվիրայ զոյգ մը՝ Նաթանիէլ եւ Մոտ Եուլ, նամակ գրեցին քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնող՝ եղբայր Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտին։ Անոնք նշեցին թէ կ’ուզեն կամաւորաբար ծառայել եւ «ուրախութեամբ որեւէ տեղ» կրնան երթալ։

Այդ ժամանակ, Նաթանիէլ՝ նախկին երկրաչափ, 62 տարեկան էր։ Ան Եհովայի վկաներու մէկ ժողովքին ծառայութեան ղեկավարը եղած էր Սան Ֆրանսիսգոյի մէջ, Քալիֆորնիա (ԱՄՆ)։ Հոն, եղբայրը կազմակերպած էր քարոզչութեան գործը եւ ձայնային սարքեր գործածած էր բարի լուրը տարածելու համար։ Իր փորձառութիւնն ու կամաւոր հոգին օրհնութիւն մը եղան իր նոր նշանակումին մէջ,– ծառայել իբրեւ մասնաճիւղի ծառայ՝ ընդարձակ եւ բազմալեզու թաղամասի մը մէջ. Պրազի՛լ։

1936–ին, Նաթանիէլ, Մոտ եւ իրենց ընկերակցող ռահվիրայ եւ թարգման՝ Անթոնիօ Փ. Անտրատի, հասան Պրազիլ։ Իրենց հետ թանկարժէք ապրանքներ բերին,– 35 ֆոնոկրաֆներ եւ բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժ մը։ Պրազիլը, որ մեծագոյն հողատարածք ունեցող հինգերորդ երկիրն է աշխարհին մէջ, այդ ատեն միայն շուրջ 60 հրատարակիչներ ունէր։ Բայց ձայնի այս գործիքները անոնց պիտի օգնէին որ քանի մը տարուան մէջ միլիոնաւորներու քարոզեն։

Եուլ ընտանիքին հասնելէն մէկ ամիս ետք, մասնաճիւղը Պրազիլի առաջին ծառայութեան համաժողովը կազմակերպեց, որ տեղի ունեցաւ Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ։ Քոյր Մոտը ակներեւաբար վարեց ինքնաշարժը, եւ հանրային դասախօսութեան ծանուցումը հնչեց բարձրախօսներէն. առ ի արդիւնք՝ 110 հոգի ներկայ գտնուեցան դասախօսութեան։ Համաժողովի յայտագիրը բարձրացուց հրատարակիչներուն տրամադրութիւնը, որոնք մղուեցան աւելի շատ ծառայելու։ Անոնք սորվեցան ինչպէ՛ս քարոզել՝ գործածելով հրատարակութիւններ, վկայութեան քարտեր, եւ ֆոնոկրաֆներ, որոնց ձայնագրութիւնները մատչելի էին անգլերէնով, գերմաներէնով, լեհերէնով, հունգարերէնով, սպաներէնով եւ ետքը՝ փորթուգալերէնով։

Բարձրախօսով օժտուած այս ինքնաշարժին շնորհիւ, Պրազիլի մէջ բարի լուրը միլիոնաւորներու ականջին հասաւ

1937–ին, ծառայութեան համաժողովներ տեղի ունեցան Սան Փաուլոյի մէջ, Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ եւ Գուրիդիպայի մէջ։ Այդ երեք համաժողովները նոր թափ մը տուին աւետարանչական գործին։ Համաժողովի ներկաները դռնէ դուռ քարոզելու ատեն, ինքնաշարժն ալ իրենց կ’ընկերակցէր։ Անոնցմէ մէկը Ժուզէ Մակլովսքի անունով տղեկ մըն էր, որ յետագային գրեց. «Մեր սուրբգրային հրատարակութիւնները սեղանի մը վրայ կը շարէինք եւ մինչ ինքնաշարժին բարձրախօսներէն կը հնչէր ձայնագրուած պատգամը, կը խօսէինք անոնց հետ, որոնք իրենց տուներէն դուրս կ’ելլէին եղածը տեսնելու համար»։

Մկրտութիւնը եղաւ գետերու մէջ, որոնց քովերը մարդիկ արեւի լոգանք կ’առնէին։ Բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժը պատեհութեան մեծ դռներ բացաւ բարի լուրը քարոզելու։ Եղբայր Ռատըրֆորտի ներկայացուցած մկրտութեան դասախօսութիւնը կը թնդար բարձրախօսներէն։ Հետաքրքրասէր մարդիկ հաւաքուեցան ինքնաշարժին շուրջը եւ սկսան մտիկ ընել՝ մինչ դասախօսութիւնը փորթուգալերէնով կը թարգմանուէր։ Ետքը, մինչ թեկնածուները կը մկրտուէին, լեհերէնով ձայնագրուած Թագաւորութեան երգեր լսուեցան։ Եղբայրներն ու քոյրերը տարբեր լեզուներով երգին միացան։ «Ասիկա անոնց յիշեցուց, թէ Պէնտէկոստէին ինչպէ՛ս ամէն անձ իր իսկ լեզուով կը հասկնար», տեղեկագրեց 1938–ի Տարեգիրք–ը։

Համաժողովներէն ետք, ամէն կիրակի, օդը անձրեւոտ ըլլար կամ արեւոտ, ինքնաշարժը սուրբգրային դասախօսութիւններ կը հաղորդէր՝ Սան Փաուլոյի կեդրոնի եւ մօտակայ գիւղաքաղաքներու զբօսայգիներու մէջ, բնակելի եւ աշխատանքային թաղամասերու մէջ։ Բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժը ամէն ամիս յայտագիր մը կը ներկայացնէր 3000 բնակիչներէ բաղկացած բորոտներու գաղութի մը մէջ, որ Սան Փաուլոյէն 97 քմ. հիւսիս–արեւմուտք կը գտնուէր։ Ժամանակի ընթացքին, ուռճացող ժողովք մը կազմուեցաւ։ Հակառակ իրենց քաշած ցաւոտ հիւանդութեան, Թագաւորութեան այդ հրատարակիչները արտօնութիւն առին բորոտներու ուրիշ գաղութ մը այցելելու եւ Սուրբ Գիրքի մխիթարիչ պատգամը քարոզելու։

Վերջապէս, 1938–ի վերջերը, Թագաւորութեան ձայնագրութիւնները մատչելի դարձան փորթուգալերէնով։ Ամենայն Մեռելոցի օրը, ինքնաշարժը գերեզմանատունէ գերեզմանատուն պտըտեցաւ՝ հնչեցնելով հետեւեալ ձայնագրութիւնները. «Ո՞ւր են մեռելները», «Եհովա» եւ «Հարստութիւն»։ Պատգամը աւելի քան 40,000 սգաւորներու հասաւ։

Զայրացած կղերականները դժգոհ էին, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները հանրապէս կը ծանուցանուէին. անոնք յաճախ տեղական իշխանութիւնները կը ճնշէին որ ինքնաշարժին ձայնը կտրեն։ Քոյր Եուլը յիշեց դէպք մը, ուր տեղացի քահանայ մը հաւաքեց խումբ մը մարդիկ, որպէսզի ինքնաշարժը շրջապատեն։ Բայց քաղաքապետը եւ կարգ մը ոստիկաններ հասան ու ամբողջ յայտագիրը ունկնդրեցին։ Քաղաքապետը նոյնիսկ հրատարակութիւններ առնելով գնաց, եւ որեւէ խռովութիւն չեղաւ այդ օրը։ Այդպիսի հակառակութեամբ հանդերձ, 1939 թուականը Պրազիլի «լաւագոյն տարին էր՝ Մեծ Աստուածպետին ծառայելու եւ իր անունը ծանուցանելու համար», տեղեկագրեց 1940–ի Տարեգիրք–ը։

«Բարձրախօսով օժտուած՝ Դիտարանի ինքնաշարժը» արդարեւ դարձակէտ մը եղաւ Պրազիլի քարոզչութեան մէջ։ Ասիկա շատ կարեւոր դեր մը խաղցաւ, որ միլիոնաւորներ Թագաւորութեան պատգամը լսեն։ Թէեւ այս հռչակաւոր ինքնաշարժը 1941–ին ծախուեցաւ, բայց բազմաթիւ Եհովայի վկաներ շարունակած են բարեսիրտ մարդոց հռչակել բարի լուրը Պրազիլի հսկայածաւալ թաղամասին մէջ (Պրազիլի մեր արխիւէն