ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եհովան զիս յաջողցուցած է իր ծառայութեան մէջ
Սպային ըսի թէ արդէն մէկ անգամ բանտ մտած եմ չպատերազմելու համար։ Իրեն հարցուցի. «Զիս պիտի մղե՞ս նոյն բանը կրկնելու»։ Այս խօսակցութիւնը եղաւ, երբ երկրորդ անգամ կանչուեցայ Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ ծառայելու։
ԾՆԱԾ եմ 1926 թուականին, Գրուքսվիլի մէջ, Օհայօ (ԱՄՆ)։ Հայրս ու մայրս կրօնասէր չէին, բայց մեզի՝ ութ զաւակներուս, կ’ըսէին որ եկեղեցի երթանք։ Սկսայ մեթոտական եկեղեցին յաճախել։ Երբ 14 տարեկան էի, քահանան զիս պարգեւատրեց, քանի որ լման տարի մը չէի բացակայած կիրակնօրեայ ծառայութիւններէն։
Այդ օրերուն, Եհովայի վկայ դրացուհի մը ունէինք Մարկրէթ Ուօքըր անունով, որ սկսաւ մօրս այցելել եւ իրեն հետ Սուրբ Գիրքի մասին խօսիլ։ Օր մը, որոշեցի իրենց հետ նստիլ։ Բայց մայրս խորհեցաւ որ դասը պիտի խանգարեմ, ուստի ըսաւ որ տունէն դուրս ելլեմ։ Բայց ես շարունակ փորձեցի իրենց քննարկութիւնները մտիկ ընել։ Քանի մը այցելութիւններէ ետք, Մարկրէթ հարցուց ինծի. «Գիտե՞ս թէ Աստուծոյ անունը ի՛նչ է»։ Պատասխանեցի. «Ամէն մարդ գիտէ,– Աստուած»։ Ան ըսաւ. «Սուրբ Գիրքդ բեր եւ բաց Սաղմոս 83։18»։ Բացի ու տեսայ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Անմիջապէս ընկերներուս քով գացի եւ ըսի. «Երբ գիշերը տուն երթաք, Սուրբ Գիրքին մէջ բացէք Սաղմոս 83։18–ը եւ տեսէ՛ք թէ Աստուծոյ անունը ինչ է»։ Կրնաս ըսել թէ արդէն սկսած էի վկայել։
Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրեցի ու 1941–ին մկրտուեցայ։ Շատ չանցած, նշանակում ստացայ ժողովքի գրքի ուսումնասիրութիւն մը վարելու։ Մայրս, քոյրերս եւ եղբայրներս քաջալերեցի որ գան ժողովին, եւ բոլորն ալ սկսան իմ վարած գրքի ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուիլ։ Սակայն հայրս հետաքրքրուած չէր։
ՏՈՒՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱԿԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ
Ժողովքին մէջ իմ պատասխանատուութիւններս շատցան եւ աստուածպետական գրադարան մը պատրաստեցի։ Օր մը, պապաս գիրքերս մատնանշելով ըսաւ. «Ասոնք կը տեսնե՞ս։ Կ’ուզեմ այս բոլորը տունէն դուրս հանես, եւ դուն ալ կրնաս դուրս ելլել»։ Ճիշդ է որ տունը ձգեցի եւ բնակեցայ մօտակայ Զէյնզվիլի մէջ, Օհայօ, սակայն ընտանիքիս յաճախ կ’այցելէի՝ զիրենք քաջալերելու համար։
Պապաս կը փորձէր մօրս արգելք ըլլալ ժողովներուն երթալու։ Երբեմն, ան ճամբուն վրայ մայրս կը հետապնդէր, եւ զինք քաշքշելով տուն կը բերէր։ Բայց մայրս տունին միւս դռնէն կը փախչէր եւ ժողովին կ’երթար։ Մօրս ըսի. «Մի՛ մտահոգուիր։ Ուշ կամ կանուխ, ան պիտի ձանձրանայ ետեւէդ վազելէ»։ Ժամանակի ընթացքին, հայրս յանձնուեցաւ եւ ա՛լ արգելք չէր ըլլար, ու մայրս առանց պայքարի կ’երթար ժողովներուն։
1943–ին, ժողովքս սկսաւ ունենալ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը եւ ես սկսայ աշակերտական բաժիններ ներկայացնել։ Այդ բաժիններէս ետք ստացած խրատներուս շնորհիւ, խօսելու կարողութիւնս բարելաւուեցաւ։
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՉԷԶՈՔՈՒԹԻՒՆ
Այդ թուականներուն, ազգերը Բ. Աշխարհամարտին մէջ մխրճուած էին։ 1944–ին, զինուորական ծառայութեան կանչուեցայ։ Ինքզինքս ներկայացուցի Ֆորթ Հէյզ զօրակայանը Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ, ֆիզիքական քննութենէ անցայ եւ կարգ մը թուղթեր լեցուցի։ Նաեւ, պաշտօնեաներուն ըսի թէ զինուոր պիտի չըլլամ։ Անոնք արտօնեցին որ հոնկէ երթամ։ Բայց քանի մը օր ետք, սպայ մը դուռս զարկաւ եւ ինծի ըսաւ. «Գորուըն Ռապիսըն, քեզ ձերբակալելու հրամանագիր ունիմ»։
Երկու շաբաթ ետք, դատավարութեան ընթացքին, դատախազը ըսաւ. «Եթէ որոշումը ձեռքս ըլլար, քեզ ցմա՛հ կը բանտարկէի։ Լաւ, ըսելիք մը ունի՞ս»։ Պատասխանեցի. «Պարո՛ն դատաւոր, ես պէտք է կրօնական ծառաներու շարքին դասուէի։ Իւրաքանչիւր դրան աստիճան իմ ամպիոնս է։ Եւ ես Թագաւորութեան բարի լուրը շատերու քարոզած եմ»։ Դատախազը երդուեալներուն ըսաւ. «Դուք հոս չէք նստած որոշելու թէ այս մարդը կրօնական ծառայ է կամ ոչ։ Դուք եկած էք որոշելու թէ ան զօրակոչին ընդառաջած է կամ ոչ»։ Կէս ժամ չանցած, երդուեալները յանցաւոր ըլլալուս վճիռը տուին։ Դատախազը զիս հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտեց Քընթաքիի Աշլէնտ քաղաքի դաշնակցային բանտին մէջ։
ԵՀՈՎԱՆ ԶԻՍ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ
Բանտարկութեանս առաջին երկու շաբաթները Օհայոյի Գոլըմպըս քաղաքի մէկ բանտին մէջ անցուցի եւ առաջին օրը խուցէս դուրս չելայ։ Եհովային աղօթեցի. «Չեմ կրնար հինգ տարի խուցին մէջ անցընել։ Չեմ գիտեր ի՛նչ ընեմ»։
Յաջորդ օրը, պահակները զիս դուրս հանեցին, եւ բարձրահասակ, յաղթանդամ բանտարկեալի մը մօտեցայ։ Երկուքս հոն կեցած՝ պատուհանէն դուրս կը նայէինք, երբ ան հարցուց. «Դո՛ւն ինչո՞ւ հոս ես, կարճուկ»։
Ըսի. «Ես Եհովայի վկայ եմ»։ Ան ըսաւ. «Իրա՞ւ։ Լաւ, ինչո՞ւ հոս ես»։ Ըսի. «Եհովայի վկաները չեն պատերազմիր եւ մարդ չեն սպաններ»։ Ան ըսաւ. «Մարդ կը սպաննես, բանտ կը մտնես, մարդ չես սպաններ, բանտ կը մտնես։ Ասիկա խելքիդ կը պառկի՞»։ Ըսի. «Ո՛չ, չի պառկիր»։Ետքը ան ըսաւ. «15 տարիի չափ ուրիշ բանտի մը մէջ էի, ուր ձեր կարգ մը հրատարակութիւններէն կարդացի»։ Աղօթք ըրի ըսելով. «Եհո՛վա, օգնէ ինծի որ այս մարդը կողմս քաշեմ»։ Նոյն պահուն, Փոլ,– անունը այդպէս էր,– ըսաւ. «Եթէ այս տղաներէն մէկը քեզի դպնայ, պարզապէս պոռա՛ եւ ես ատոնց ընելիքս գիտեմ»։ Եւ պատահեցաւ որ խնդիր չունեցայ այդ բաժինին 50 բանտարկեալներուն հետ։
Երբ բանտի պաշտօնեաները զիս Աշլէնտ փոխադրեցին, տեսայ թէ հոն արդէն քանի մը հասուն եղբայրներ կային։ Անոնց հետ ընկերակցիլը ինծի եւ ուրիշներու օգնեց, որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնանք։ Այդ եղբայրները ամէն շաբաթ մեզի Սուրբ Գիրքէն մաս մը կը նշանակէին որ կարդանք։ «Աստուածաշունչի մեղուներ» անունով ժողովներ կ’ունենայինք, որոնց համար հարցումներ եւ պատասխաններ կը նախապատրաստէինք։ Ասկէ զատ, ունէինք եղբայր մը որ թաղամասի ծառայ նշանակուած էր։ Մեր եղած տեղը հսկայ ննջասրահ մըն էր, որուն պատերուն կցուած շատ մը անկողիններ կային։ Եւ թաղամասի ծառան ինծի կ’ըսէր. «Ռապիսը՛ն, դուն այսինչ անկողինին պատասխանատու ես։ Ամէն ո՛վ որ այդ անկողինին վրայ պառկի, կ’ըլլայ քու թաղամասդ։ Հոգ տար, որ իրեն վկայես առաջ որ մեկնի»։ Եւ այս կերպով էր որ կազմակերպուած քարոզչութիւն կը կատարէինք։
ԻՆՉ ՈՐ ԲԱՆՏԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳՏԱՅ
Բ. Աշխարհամարտը վերջ գտաւ 1945 թուականին, բայց ես որոշ ժամանակ մը եւս բանտ մնացի։ Մտահոգ էի ընտանիքովս, քանի որ հայրս ինծի ըսած էր. «Եթէ կարենամ քեզմէ ձերբազատուիլ, միւսներուն ճարին նայիլը դիւրին է»։ Ազատ արձակուելէս ետք, հաճելի անակնկալ մը եղաւ ինծի, երբ տեսայ թէ պապայիս հակառակութեամբ հանդերձ, ընտանիքէս եօթը հոգի ժողովներու կ’երթային եւ քոյրերէս մէկը մկրտուած էր։
1950–ին, երբ Քորէական պատերազմը սկսաւ, անգամ մը եւս կանչուեցայ որ բանակ մտնեմ եւ ներկայացայ Ֆորթ Հէյզ։ Ունակութիւններս ստուգելէ ետք, սպայ մը ինծի ըսաւ. «Խումբին մէջ ամէնէն բարձր նիշ առնողներէն ես»։ Իսկ ես ըսի. «Շատ լաւ է, բայց ես բանակին պիտի չմիանամ»։ Մէջբերեցի Բ. Տիմոթէոս 2։3–ի խօսքերը ու ըսի. «Ես արդէն Քրիստոսի զինուոր եմ»։ Երկար լռութենէ մը ետք, սպան ըսաւ. «Կրնաս երթալ»։
Շատ չանցած, Օհայոյի Սինսինաթի քաղաքին մէջ կայացած համաժողովին ընթացքին, Բեթէլի վերաբերեալ ժողովին ներկայ եղայ։ Եղբայր Միլթըն Հէնչըլ մեզի ըսաւ որ եթէ եղբայր մը կ’ուզէ Թագաւորութեան համար ծանր աշխատիլ, կազմակերպութիւնը կրնայ զինք գործածել Բեթէլի մէջ։ Ուստի Բեթէլի ծառայութեան դիմեցի, ընդունուեցայ եւ օգոստոս 1954–ին ներկայացայ Պրուքլինի Բեթէլ։ Մինչեւ հիմա Բեթէլի մէջ եմ։
Բնաւ չէ պատահած որ Բեթէլի մէջ գործ չունենամ։ Տարիներ շարունակ աշխատցուցած եմ տպարանի եւ գրասենեկային շէնքերուն ջեռուցիչները, մեքենագործութիւն ըրած եմ եւ կղպանքներ նորոգած եմ։ Նաեւ աշխատած եմ Նիւ Եորք Սիթիի համաժողովի սրահներէն ոմանց մէջ։
Կը սիրեմ Բեթէլի յայտագիրները, ինչպէս՝ առաւօտեան պաշտամունքը եւ Դիտարան–ի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ժողովքին հետ ծառայութեան մասնակցիլը։ Եթէ պահ մը մտածես, բոլոր Եհովայի վկաները իրենց ընտանիքներով պէտք է ունենան այս յայտագիրները։ Երբ ծնողներ ու զաւակներ միասին նկատի կ’առնեն օրուան համարը, կանոնաւորաբար կ’ընեն ընտանեկան պաշտամունքը, ժողովներուն ներկայ կը գտնուին եւ բարի լուրը նախանձախնդրութեամբ կը քարոզեն, շատ հաւանական է որ ընտանիքի բոլոր անդամները հոգեւորապէս առողջ ըլլան։
Շատ մը բարեկամներ գտած եմ Բեթէլին եւ ժողովքին մէջ։ Անոնցմէ ոմանք օծեալ էին եւ արդէն ստացած են իրենց երկնային վարձատրութիւնը, մինչ ուրիշներ՝ օծեալ չէին։ Բայց Եհովայի բոլոր ծառաները,– ներառեալ՝ բեթէլականները,– անկատար են։ Երբ իմ եւ եղբօր մը միջեւ բախում ըլլայ, միշտ կը ջանամ խաղաղութիւնը պահել։ Միտքս կը բերեմ Մատթէոս 5։23, 24–ի խօսքերը, եւ կը մտածեմ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք որ անհամաձայնութիւնները լուծենք։ Ճիշդ է որ ներողութիւն խնդրելը դիւրին չէ, բայց երբ բարեկամի մը կ’ըսեմ՝ «Կը ներես», խնդիրները ընդհանրապէս կը լուծուին։
ԼԱՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵՆԷՍ
Թէպէտ տարիքս ա՛լ չի ներեր որ յաճախ դռնէ դուռ քարոզեմ, սակայն ձեռնթափ չեմ եղած։ Որոշ չափով չինարէն–մանտարին սորված եմ եւ կ’ուրախանամ փողոցի ծառայութեամբ չինացիներուն վկայելով։ Երբեմն,
առտուները 30–էն 40 պարբերաթերթ կը բաժնեմ հետաքրքրուած անհատներուն։Մինչեւ իսկ Չինաստանին մէջ վերայցելութիւն մը ըրի։ Օր մը, զուարթ երիտասարդուհի մը ինծի ժպտաց, մինչ պտղասեղանի մը ծանուցումները կը բաժնէր։ Ես ալ իրեն ժպտացի եւ չինարէն Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը առաջարկեցի։ Երիտասարդուհին առաւ զանոնք եւ ինծի իր անունը ըսաւ՝ Քէյթի։ Ատկէ ետք, ամէն անգամ որ զիս տեսնէր, քովս կու գար որ միասին խօսինք։ Ես իրեն պտուղներու ու բանջարեղէններու անուններ կը սորվեցնէի անգլերէնով, եւ ան իմ ետեւէս կը կրկնէր բառերը։ Ասկէ զատ, իրեն նաեւ բացատրեցի Աստուածաշունչի որոշ համարներ եւ ան Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ընդունեց ինձմէ։ Բայց շաբաթներ ետք, աղջիկը յանկարծ անհետացաւ։
Ամիսներ անցան, եւ ծանուցում բաժնող ուրիշ աղջիկ մը առաջարկած պարբերաթերթերս առաւ։ Շաբաթ մը ետք, ինծի իր բջիջային հեռաձայնը տուաւ եւ ըսաւ. «Դուն Չինաստան խօսէ»։ Ես ըսի. «Չինաստանի մէջ մէկը չեմ ճանչնար»։ Բայց աղջիկը պնդեց, ուստի հեռաձայնը առի եւ ըսի. «Բարեւ, ես Ռապիսընն եմ»։ Հեռաձայնէն լսուեցաւ. «Ռապի, ես Քէյթին եմ։ Չինաստան վերադարձայ»։ Ըսի. «Չինաստա՞ն»։ Պատասխանեց. «Այո։ Ռապի՛, ձեռքդ հեռաձայն տուող աղջիկը գիտե՞ս ո՛վ է։ Քոյրիկս է։ Ինծի շատ աղուոր բաներ սորվեցուցիր։ Հաճիս իրեն ալ նոյն ձեւով սորվեցուր»։ Ըսի. «Քէյթի, պիտի փորձեմ լաւագոյնս ընել։ Շնորհակալ եմ որ ինծի ըսիր թէ հիմա ո՛ւր ես»։ Ատկէ շատ չանցած, վերջին անգամ ըլլալով խօսեցայ Քէյթիի քոյրիկին հետ։ Կը յուսամ որ այդ երկու աղջիկները Եհովայի մասին աւելին սորվին, ո՛ւր որ ալ ըլլան։
73 տարիէ Եհովային կը ծառայեմ, եւ ուրախ եմ որ ինծի օգնեց բանտին մէջ չէզոք ու հաւատարիմ մնալու։ Աւելին, եղբայրներս ու քոյրերս ինծի կ’ըսեն թէ ոյժ առին, երբ չյանձնուեցայ հօրս հակառակութեան դիմաց։ Քոյրերէս ու եղբայրներէս վեց հոգի եւ մայրս ի վերջոյ մկրտուեցան։ Մինչեւ իսկ պապայիս սիրտը կակուղցաւ ու նախքան իր մահանալը՝ քանի մը ժողովներու ներկայ եղաւ։
Եթէ Աստուած կամի, ննջած հարազատներս ու բարեկամներս յարութիւն պիտի առնեն նոր աշխարհին մէջ։ Երեւակայէ մեր ուրախութիւնը, երբ յաւիտեանս յաւիտենից Եհովան պաշտենք մեր սիրելիներուն հետ *։
^ պարբ. 32 Մինչ այս յօդուածը հրատարակուելու կը պատրաստուէր, եղբայր Գորուըն Ռապիսընը Եհովային հաւատարիմ մեռաւ։