Շարունակէ՛ ուրախութեամբ ծառայել Եհովային
ԿԵԱՆՔԻԴ ամէնէն ուրախ օրը ե՞րբ էր։ Երբ ամուսնացա՞ր կամ առաջին զաւա՞կդ ունեցար, թէ ոչ երբ Եհովային ըրած նուիրումդ խորհրդանշեցիր ջուրի մկրտութեամբ։ Շատ հաւանական է որ մկրտութեան օրդ ամէնէն կարեւոր եւ երջանիկ օրդ էր կեանքիդ մէջ։ Եւ հաւատակիցներդ որքա՜ն ուրախացան, երբ բոլորին առջեւ յայտնեցիր թէ ամբողջ սրտովդ, հոգիովդ, մտքովդ եւ զօրութիւնովդ Աստուած կը սիրես (Մար. 12։30)։
Շատ հաւանական է որ մկրտութենէն ի վեր մեծապէս ուրախացած ես Եհովային ծառայելով։ Բայց հրատարակիչներէն ոմանք ժամանակի ընթացքին սկսած են կորսնցնել իրենց ուրախութիւնը։ Ինչո՞ւ համար։ Ի՞նչ պատճառներ ունինք, որ շարունակենք ուրախութեամբ ծառայել Եհովային։
ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ԻՐԵՆՑ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆ
Թագաւորութեան պատգամը մեզի մեծ ուրախութիւն կու տայ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Եհովան խոստացած է որ այդ Թագաւորութեան միջոցով վերջ պիտի դնէ այս չար աշխարհին եւ իր նոր աշխարհը պիտի հաստատէ։ Սոփոնիա 1։14–ը մեզի կ’ըսէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ Բայց երբ մեր ակնկալածէն աւելի երկար կը սպասենք այդ օրուան, ասիկա կրնայ մեր նախկին ուրախութիւնը խլել՝ պատճառելով որ սկսինք տնտնալ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ (Առ. 13։12)։
Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ժամանակ կ’անցընենք, կը քաջալերուինք ու կը շարունակենք ուրախութեամբ Եհովային ծառայել։ Եհովայի ժողովուրդին բարի վարքն էր, հաւանաբար, որ մեզ ճշմարիտ պաշտամունքին քաշեց եւ օգնեց, որ սկսինք ուրախութեամբ Աստուծոյ ծառայել (Ա. Պետ. 2։12)։ Բայց ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ հաւատակից մը Աստուծոյ պատուէրը զանց ընէ եւ ետքը յանդիմանուի։ Ժողովքին մէջ ոմանք այս պարագային սկսած են վհատիլ եւ իրենց ուրախութիւնը կորսնցնել։
Նիւթապաշտութիւնն ալ կրնայ մեր ուրախութիւնը խլել։ Ինչպէ՞ս։ Սատանայի աշխարհը կը փորձէ մեզ համոզել, որ մեզի անհրաժեշտ չեղող բաները կարեւոր սեպենք ու գնենք։ Բայց լաւ կ’ըլլայ որ չմոռնանք Յիսուսի այս խօսքերը. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (Մատ. 6։24)։ Չենք կրնար ուրախութեամբ Եհովային ծառայել, եթէ նոյն ատեն կը փորձենք այս աշխարհէն լաւագոյնս օգտուիլ։
«ՓՐԿՈՒԹԵԱՆՍ ԱՍՏՈՒԾՄՈՎԸ ՊԻՏԻ ՈՒՐԱԽԱՆԱՄ»
Աստուածասէր անհատին համար բեռ մը չէ Եհովային ծառայելը (Ա. Յովհ. 5։3)։ Յիշէ ինչ որ Յիսուս ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատ. 11։28-30)։ Ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալը թարմացուցիչ եւ ուրախացուցիչ բան մըն է։ Կասկած չկայ, թէ ‘մեր փրկութեան Աստուծմովը ուրախանալու’ լաւ պատճառներ ունինք։ Նկատի առնենք ատոնցմէ ոմանք (Ամբ. 3։18)։
Մենք մեր կեանքի Աղբիւրին՝ ուրախ Աստուծոյն կը ծառայենք (Գործք 17։28. Ա. Տիմ. 1։11)։ Կը գիտակցինք, որ մեր կեանքը կը պարտինք Ստեղծիչին։ Ուստի շարունակենք իրեն ուրախութեամբ ծառայել, նոյնիսկ եթէ մեր մկրտութեան վրայ երկար տարիներ անցած են։
Նկատի առ եղբայր Իքթորը, որ 40 տարի Եհովային ծառայեց որպէս շրջագայող տեսուչ։ Ան «ծերութեան ատեն ալ» պտուղ կու տայ (Սաղ. 92։12-14)։ Ճիշդ է որ իր ծառայութիւնը պակսած է իր կնոջ հիւանդութեան պատճառով, բայց ասիկա իր ուրախութիւնը չի խլեր իրմէ։ Իքթոր կ’ըսէ. «Թէեւ կը տխրիմ տեսնելով թէ կնոջս առողջութիւնը ինչպէ՛ս աստիճանաբար ետեւ կ’երթայ եւ թէեւ իրեն հոգ տանիլը դժուար եղած է ինծի, բայց ես չեմ արտօնած որ ասիկա ուրախութիւնս խլէ ճշմարիտ Աստուծոյն ծառայելուն մէջ։ Արդէն կը բաւէ գիտնալ, որ ինծի շունչ տուողը Եհովան է, եւ թէ ան մարդը որոշ նպատակով մը ստեղծած է, որ շարունակեմ զինք շատ սիրել եւ լման սրտով իրեն ծառայել։ Կը ջանամ քարոզչութեան մէջ գործունեայ մնալ եւ կը փորձեմ Թագաւորութեան յոյսս մտքիս մէջ վառ պահել, որպէսզի ուրախութիւնս ձեռքէս չերթայ»։
Եհովան փրկանքը հայթայթած է, որպէսզի կարենանք ուրախ կեանք մը վայելել։ Արդարեւ, «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Այո, կրնա՛նք մեր մեղքերէն թողութիւն ստանալ եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել, երբ Աստուծոյ սիրալիր նուէրին՝ Յիսուսի փրկանքին, հաւատք ընծայենք։ Ասիկա ինքնին հոյակապ պատճառ մը չէ՞ երախտապարտ ըլլալու։ Միթէ փրկանքին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը մեզ չի՞ մղեր ուրախութեամբ Եհովային ծառայելու։
Մեքսիքայի մէջ, Խեսուս անունով եղբայր մը ըսաւ. «Ես գործիս ստրուկը եղած էի. երբեմն հինգ հերթափոխ կ’աշխատէի, նոյնիսկ որ ասիկա
պարտադրուած չէր։ Ես պարզապէս կ’աշխատէի աւելի դրամ շահելու համար։ Բայց ետքը Եհովայի մասին սորվեցայ եւ գիտցայ թէ ան ինչպէ՛ս իր սիրելի Որդին մարդկութեան համար տուաւ։ Մէջս ուժգին փափաք մը արթնցաւ իրեն ծառայելու։ Ուստի կեանքս Եհովային նուիրեցի ու որոշեցի 28 տարի աշխատած գործս ձգել եւ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել»։ Ասիկա Եհովային ծառայելու իր ուրախ տարիներուն սկիզբն էր։Բարոյապէս մաքուր կեանք մը կ’ապրինք, ինչ որ մեզի ուրախութիւն կը բերէ։ Կը յիշե՞ս թէ ի՛նչ տեսակ կեանք մը ունէիր, առաջ որ Եհովան ճանչնաս։ Պօղոս առաքեալ Հռոմի քրիստոնեաներուն յիշեցուց, որ ատեն մը «մեղքի ծառայ» էին, բայց ետքը «արդարութեան ծառայ» եղան։ Որո՛վհետեւ մաքուր կեանք մը կ’ապրէին, կրնային յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալ (Հռով. 6։17-22)։ Մենք ալ Եհովայի չափանիշներուն հետեւելով՝ չունինք այս աշխարհի վայրագ եւ անբարոյ ապրելակերպը, ինչ որ ե՛ւս ուրախութեան պատճառ մըն է մեզի։
Նկատի առ Խայմէի պարագան։ Ան անաստուած եւ բարեշրջական մարդ մըն էր, եւ կռփամարտի կը մասնակցէր։ Ետքը սկսաւ քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ այդտեղի սիրոյ մթնոլորտէն շատ ազդուեցաւ։ Որպէսզի կարենար իր նախկին ապրելակերպը ձգել, Խայմէ պէտք էր Եհովայէն օգնութիւն խնդրէր՝ իրեն հաւատք ընծայելու համար։ «Կամաց–կամաց սկսայ սիրալիր Հօր մը եւ ողորմած Աստուծոյ մը գոյութեան փաստերը տեսնել», կ’ըսէ ան։ «Եհովայի արդար չափանիշները պահելը պաշտպանութիւն մը եղած է ինծի։ Եթէ կեանքս չփոխէի, թերեւս մեռած ըլլայի, ինչպէս որ կռփամարտի նախկին ընկերներէս ոմանք իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Եհովային ծառայած տարիներս կեանքիս ամէնէն ուրախ տարիները եղած են»։
ԲՆԱՒ ՄԻ՛ ՅԱՆՁՆՈՒԻՐ
Ի՞նչ պէտք է ըլլան մեր զգացումները, մինչ այս չար աշխարհի կործանումին կը սպասենք։ Յիշէ որ «Հոգիին կը սերման[ենք]» եւ «յաւիտենական կեանք պիտի հնձ[ենք]»։ Ուստի «բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք» (Գաղ. 6։8, 9)։ Եհովայի օգնութեամբ, թող որ դիմանանք, ջանք թափենք ‘մեծ նեղութենէն’ վերապրելու անհրաժեշտ յատկութիւնները մշակելու եւ շարունակենք ուրախութեամբ Եհովային ծառայել, նոյնիսկ փորձութիւններու դիմաց (Յայտ. 7։9, 13, 14. Յակ. 1։2-4)։
Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեր տոկունութեան դիմաց մեզ պիտի վարձատրէ, քանի որ շատ լաւ գիտէ մեր գործը եւ սէրը իրեն ու իր անուան համար։ Եթէ շարունակենք ուրախութեամբ Եհովային ծառայել, ընդօրինակած պիտի ըլլանք սաղմոսերգու Դաւիթը, որ ըսաւ. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։ Ասոր համար սիրտս ուրախ եղաւ ու փառքս բերկրեցաւ ու մարմինս ալ յոյսով պիտի հանգստանայ» (Սաղ. 16։8, 9)։