Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ցոյց տուր թէ Եհովային հաւատարիմ ես

Ցոյց տուր թէ Եհովային հաւատարիմ ես

«Տէրը իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ սերունդիս ու քու սերունդիդ մէջտեղ վկայ ըլլայ մինչեւ յաւիտեան» (Ա. ԹԱԳ. 20։42

ԵՐԳԵՐ. 125, 62

1, 2. Ինչո՞ւ կը տպաւորուինք, նկատի առնելով թէ Յովնաթան Դաւիթի մօտիկ բարեկամը եղաւ եւ անոր հաւատարիմ մնաց։

ՅՈՎՆԱԹԱՆ ապշած ըլլալու էր, երբ տեսաւ թէ պատանի Դաւիթ ինչպէ՛ս հսկայ Գողիաթին դիմադրեց, եւ ետքը Սաւուղ թագաւորի առջեւ կեցաւ՝ «Փղշտացիին գլուխը [իր] ձեռքը» բռնած (Ա. Թագ. 17։57)։ Հաւանաբար Դաւիթի քաջութիւնն էր որ Յովնաթանը շատ տպաւորեց։ Յստակ էր որ Աստուած Դաւիթին հետ էր, եւ «Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ»։ Անոնք մինչեւ իսկ ուխտ ըրին, որ միշտ իրարու հաւատարիմ պիտի մնան (Ա. Թագ. 18։1-3)։ Յովնաթան իր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ հաւատարիմ եղաւ Դաւիթին։

2 Յովնաթան Դաւիթին հաւատարիմ մնաց, թէեւ գիտէր թէ Եհովան Դաւիթը ընտրած էր որ Սաւուղին յաջորդէ։ Իսկ երբ Սաւուղ ջանաց Դաւիթը սպաննել, Յովնաթան մտահոգուեցաւ իր բարեկամով։ Ան Հորեշի կողմերը՝ անապատ գնաց, որ իր բարեկամը քաջալերէ։ Ան Դաւիթին «ձեռքը Աստուծմով զօրացուց», ըսելով. «Մի՛ վախնար. . . Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ» (Ա. Թագ. 23։16, 17

3. Յովնաթանին համար, ի՞նչ բան Դաւիթին հաւատարիմ մնալէն աւելի կարեւոր էր, եւ ուրկէ՞ գիտենք (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Սովորաբար կը սիրենք հաւատարիմ եղողները։ Բայց ինչո՞ւ կը տպաւորուինք Յովնաթանի օրինակով։ Արդեօք միայն քանի որ Դաւիթի՞ն հաւատարիմ մնաց։ Ո՛չ։ Իր կեանքին կարեւորագոյն բանը Աստուծո՛յ հաւատարիմ մնալն էր։ Եւ այդ պատճառով էր, որ Յովնաթան Դաւիթին հաւատարիմ եղաւ եւ չնախանձեցաւ, նոյնիսկ որ իր տեղը Դաւիթ պիտի թագաւորէր։ Յովնաթան մինչեւ իսկ Դաւիթին օգնեց որ Եհովային ապաւինի։ Երկուքն ալ Եհովային եւ իրարու հաւատարիմ մնացին։ Անոնք իրենց այս ուխտը պահեցին. «Տէրը իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ սերունդիս ու քու սերունդիդ մէջտեղ վկայ ըլլայ մինչեւ յաւիտեան» (Ա. Թագ. 20։42

4. ա) Եթէ ի՞նչ բան ընենք, իսկապէս երջանիկ եւ գոհունակ կ’ըլլանք։ բ) Այս յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

4 Մենք ալ պէտք է հաւատարիմ ըլլանք մեր ընտանիքին, բարեկամներուն, եւ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն (Ա. Թես. 2։10-12)։ Բայց գլխաւո՛ր Անձը, որուն հաւատարիմ պէտք է մնանք, մեր կեանքի Աղբիւրն է՝ Եհովան (Յայտ. 4։10բ)։ Եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք, իսկապէս երջանիկ եւ գոհունակ կ’ըլլանք։ Բայց պէտք է կառչինք իրեն՝ նոյնիսկ դժուար ժամանակներու մէջ։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ Յովնաթանի օրինակը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել, որ փաստենք թէ Եհովային հաւատարիմ ենք հետեւեալ չորս պարագաներուն մէջ. 1) երբ թուի թէ որոշ հեղինակաւոր անձ մը արժանի չէ մեր յարգանքին, 2) երբ պիտի ընտրենք որո՛ւն հաւատարիմ ըլլալ, 3) երբ մարդիկ մեզ սխալ հասկնան կամ մեզի հետ անարդար կերպով վարուին, եւ 4) երբ զգանք թէ խոստում մը յարգելը դժուար է։

ԵՐԲ ԹՈՒԻ ԹԷ ՈՐՈՇ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ԱՆՁ ՄԸ ԱՐԺԱՆԻ ՉԷ ՄԵՐ ՅԱՐԳԱՆՔԻՆ

5. Մինչ Սաւուղ կը թագաւորէր, Աստուծոյ հաւատարիմ մնալը ինչո՞ւ դժուար էր իսրայէլացիներուն համար։

5 Յովնաթան եւ միւս իսրայէլացիները դժուար կացութեան մէջ էին։ Իր հայրը՝ Սաւուղ թագաւոր, անհնազանդ գտնուած էր եւ Եհովան մերժած էր զինք (Ա. Թագ. 15։17-23)։ Ասով հանդերձ, Աստուած թոյլ կու տար որ Սաւուղ երկար տարիներ թագաւորէր։ Ուստի ժողովուրդին համար դժուար էր Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ, մինչ «Տէրոջը աթոռին վրայ» նստող իրենց թագաւորը գէշ բաներ կ’ընէր (Ա. Մն. 29։23

6. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Յովնաթան Եհովային հաւատարիմ մնաց։

6 Յովնաթան Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Պահ մը մտածէ թէ ան ի՛նչ ըրաւ, երբ Սաւուղ սկսաւ Աստուծոյ չհնազանդիլ (Ա. Թագ. 13։13, 14)։ Փղշտացիներու հսկայ բանակ մը եկաւ, 30,000 կառքերով, որ իսրայէլին վրայ յարձակի։ Սաւուղ ընդամէնը 600 զինուոր ունէր,– եւ միակ զինուած անձերը ինքն ու Յովնաթանն էին։ Բայց Յովնաթան չվախցաւ, հապա յիշեց Սամուէլ մարգարէին այս խօսքը. «Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր» (Ա. Թագ. 12։22)։ Ան իր զինուորներէն մէկուն ըսաւ, որ «շատ մարդով կամ քիչ մարդով ազատելու կողմէ արգելք մը չկայ Տէրոջը առջեւ»։ Ուստի ինք եւ այդ զինուորը խումբ մը փղշտացիներու վրայ ելան եւ անոնցմէ մօտ 20 հոգի սպաննեցին։ Յովնաթան Եհովային կը հաւատար, որուն շնորհիւ Աստուծմէ օրհնուեցաւ։ Եհովան երկրաշարժ մը հանեց եւ փղշտացիները վախէն ազդուելով՝ սկսան իրարու վրայ յարձակիլ եւ մէկզմէկ սպաննել. արդ՝ իսրայէլացիները յաղթական դուրս եկան (Ա. Թագ. 13։5, 15, 22. 14։1, 2, 6, 14, 15, 20

7. Յովնաթան ինչպէ՞ս վարուեցաւ իր հօրը հետ։

7 Թէեւ Սաւուղ շարունակեց Եհովային խօսքը մտիկ չընել, բայց իր տղան տակաւին հնազանդեցաւ իրեն, երբ որ կարելի էր։ Օրինակի համար, անոնք միասին պատերազմեցան Եհովայի ժողովուրդը պաշտպանելու համար (Ա. Թագ. 31։1, 2

8, 9. Հեղինակութիւններուն յարգանք ցոյց տալը ինչպէ՞ս կը փաստէ թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ենք։

8 Մենք ալ Յովնաթանին պէս կրնանք Եհովային հաւատարիմ մնալ՝ հնազանդելով երկրի կառավարութեան, երբ որ կարելի է։ Եհովան այս «իշխանութիւններուն» թոյլ կու տայ որ մեր վրայ իշխեն, եւ մեզմէ կը պահանջէ որ զիրենք յարգենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 13։1, 2)։ Այս պատճառով է որ պէտք է յարգալից կերպով վարուինք կառավարական պաշտօնեայի մը հետ, նոյնիսկ եթէ պարկեշտ չըլլայ եւ թուի թէ մեր յարգանքին արժանի չէ։ Խորքին մէջ, պէտք է յարգանք ցոյց տանք բոլոր անոնց, որոնք Եհովայի կողմէ հեղինակութիւն ստացած են (Ա. Կոր. 11։3. Եբ. 13։17

Եհովային հաւատարիմ մնալու կերպերէն մէկն է՝ յարգանքով վարուիլ մեր կողակիցին հետ, նոյնիսկ եթէ Եհովային չի ծառայեր (տե՛ս պարբերութիւն 9)

9 Հարաւային Ամերիկայի մէջ, Օլկա [1] անունով քոյր մը փաստեց թէ Աստուծոյ հաւատարիմ է, երբ շարունակեց իր ամուսինը յարգել, նոյնիսկ փորձիչ պարագաներու տակ։ Տարիներ շարունակ, ամուսինը իրեն հետ կա՛մ չէր խօսեր, կամ ալ գէշ խօսքեր կ’ըսէր՝ Եհովայի վկայ ըլլալուն համար։ Ան Օլկային նոյնիսկ ըսաւ, որ երեխաները իրեն հետ պիտի առնէր ու իրմէ հեռանար։ Բայց քոյրը «չարութեան փոխարէն. . . չարութիւն» չհատուցանեց, հապա կարելի եղածին չափ լաւ տանտիկին մը եղաւ՝ իր ամուսինին ճաշ եփելով, հագուստները լուալով եւ անոր ընտանիքին հոգ տանելով (Հռով. 12։17)։ Իսկ երբ պայմանները ներէին, ան իր ամուսինին հետ կ’ընկերակցէր հարազատներու եւ բարեկամներու այցելելու ատեն։ Օրինակի համար, երբ ամուսինը ուզեց իր հօր թաղումին համար ուրիշ քաղաք ճամբորդել, Օլկան զաւակներով միասին պատրաստուեցաւ եւ ճամբորդութեան անհրաժեշտ բոլոր բաները ըրաւ։ Եւ ետքը, քոյրը եկեղեցիին դրան քով իրեն սպասեց, մինչեւ որ թաղման արարողութիւնը վերջացաւ։ Տարիներ ետք, իր ամուսինը զգաց իր կնոջ համբերութիւնն ու յարգանքը, եւ սկսաւ իրեն հետ լաւ կերպով վարուիլ։ Այժմ, ան անձամբ զինք Թագաւորութեան սրահ կը տանի, կը քաջալերէ որ ժողովներէն չբացակայի եւ ատեն–ատեն ինքն ալ ներկայ կը գտնուի (Ա. Պետ. 3։1

ԵՐԲ ՊԻՏԻ ԸՆՏՐԵՆՔ ՈՐՈ՛ՒՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸԼԼԱԼ

10. Յովնաթան ինչպէ՞ս գիտցաւ թէ որո՛ւ պէտք էր հաւատարիմ ըլլար։

10 Երբ Սաւուղ ըսաւ թէ նպատակ դրած է Դաւիթը սպաննելու, Յովնաթան դժուար որոշումի առջեւ կեցաւ։ Ան չէր ուզեր իր հօրը անհաւատարիմ ըլլալ, ոչ ալ կ’ուզէր Դաւիթի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը կորսնցնել։ Ի՞նչ որոշեց ընել։ Ան կը գիտակցէր որ Աստուած Դաւիթին հետ էր եւ ոչ թէ Սաւուղին, ուստի որոշեց Դաւիթին հաւատարիմ մնալ։ Ան իր բարեկամը զգուշացուց Սաւուղի ծրագրին մասին, յորդորեց որ թագաւորէն պահուըտի, իսկ Սաւուղին ալ պատմեց թէ Դաւիթ ինչո՛ւ պէտք չէ սպաննուի (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 19։1-6

11, 12. Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ իրեն հաւատարիմ մնալու։

11 Աւստրալիոյ մէջ, Ալիս անունով քոյր մը պիտի ընտրէր որո՛ւն հաւատարիմ մնալ։ Սուրբ Գիրքը սերտած ատեն, ան իր սորվածները ընտանիքի անդամներուն կը պատմէր։ Ետքը, ան իր ընտանիքին ըսաւ թէ Սուրբ Ծնունդի ընտանեկան տօնակատարութեան պիտի չմասնակցի, եւ պատճառն ալ բացատրեց։ Ընտանիքի անդամները սկիզբը նեղուեցան, բայց ետքը զայրացան իր վրայ՝ զգալով որ Ալիս իրենց կռնակ դարձուցած էր։ Քոյրը կ’ըսէ. «Մայրս վերջաւորութեան ըսաւ թէ ա՛լ իր աղջիկը չեմ։ Որովհետեւ ընտանիքս շատ կը սիրէի, այս խօսքը զիս ցնցեց ու խորունկ վէրքեր պատճառեց։ Ասով հանդերձ, վճռեցի Եհովան եւ իր Որդին սրտիս մէջ առաջին տեղը դնել, եւ յաջորդ համաժողովին մկրտուեցայ» (Մատ. 10։37

12 Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնայ ըլլալ որ աւելի հաւատարիմ գտնուինք ազգի մը, դպրոցի մը կամ մարզախումբի մը, քան՝ Եհովային։ Հենրի, զոր օրինակ, կը սիրէ ճատրակ խաղալ։ Իր դպրոցը սովորաբար ճատրակի ախոյեանութիւնը կը շահէր եւ ինք կ’ուզէր իր լաւագոյն ջանքերը թափել։ Բայց ետքը ըսաւ. «Կամաց–կամաց սկսայ աւելի հաւատարմութիւն ցոյց տալ դպրոցին, քան թէ՝ Աստուծոյ։ Շաբաթավերջերուն այնքան զբաղած կ’ըլլայի ճատրակի մրցոյթներով, որ չէի կրնար Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցիլ։ Ուստի որոշեցի ճատրակի խումբէն դուրս ելլել» (Մատ. 6։33

13. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որոշելու թէ ի՛նչ ընենք, երբ ընտանեկան խնդիրներ ունենանք։

13 Երբեմն, թերեւս դժուարանանք միեւնոյն ատեն հաւատարիմ ըլլալ ընտանիքի տարբեր անդամներու։ Գեն, զոր օրինակ, կ’ըսէ. «Կ’ուզէի տարեց մօրս կանոնաւորաբար այցելել եւ ատենը մէյ մը զինք մեր տունը բերել։ Սակայն մայրս եւ կինս իրարու հետ լեզու չէին գտներ։ Սկիզբը երկընտրանքի մէջ էի, քանի որ չէի կրնար մէկը հաճեցնել, իսկ միւսը՝ ոչ։ Բայց ետքը անդրադարձայ որ նման պարագայի ներքեւ, հաւատարմութիւնս նա՛խ կնոջս կը տրուի։ Ուստի իր աչքին հաճելի եւ դիւրաթեք լուծում մը գտայ»։ Քանի որ Գեն Աստուծոյ հաւատարիմ էր եւ կը յարգէր Աստուածաշունչի սկզբունքները, կրցաւ քաջաբար իր կնոջ բացատրել թէ ինչո՛ւ իր մայրը անոր ազնուութեան արժանի է։ Գեն իր մօրն ալ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ իր կինը անոր յարգանքին արժանի է (կարդա՛ Ծննդոց 2։24. Ա. Կորնթացիս 13։4, 5

ԵՐԲ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ ՄԵԶ ՍԽԱԼ ՀԱՍԿՆԱՅ ԿԱՄ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԱՆԱՐԴԱՐ ԿԵՐՊՈՎ ՎԱՐՈՒԻ

14. Սաւուղ ինչպէ՞ս վարուեցաւ Յովնաթանի հետ։

14 Եհովային նաեւ կրնա՛նք հաւատարիմ մնալ, երբ առաջնորդութիւն առած եղբայր մը մեզի հետ անարդար կերպով վարուի։ Սաւուղ թագաւոր Աստուծմէ նշանակուած էր, բայց իր տղուն հետ գէշ կերպով վարուեցաւ։ Ան չհասկցաւ թէ Յովնաթան ինչո՛ւ Դաւիթը կը սիրէր։ Այս իսկ պատճառով, երբ Յովնաթան փորձեց Դաւիթին օգնել, թագաւորը կատղեցաւ եւ շատերու աչքին առջեւ խայտառակեց զինք։ Ասով հանդերձ, Յովնաթան շարունակե՛ց յարգել իր հայրը, եւ միաժամանակ հաւատարիմ մնաց Եհովային եւ Դաւիթին, որ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր յաջորդ թագաւորը ըլլալու (Ա. Թագ. 20։30-41

15. Եթէ եղբայր մը անարդար կերպով վարուի մեզի հետ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

15 Եհովայի այժմու ժողովքներուն մէջ, առաջնորդութիւն առնող եղբայրները կը ջանան բոլորին հետ արդարութեամբ վարուիլ։ Բայց անոնք անկատար են, եւ այս պատճառով թերեւս սխալ հասկնան մեզ (Ա. Թագ. 1։13-17)։ Ուստի, եթէ պատահի որ թիւրիմացութեան զոհը երթանք կամ անարդար վերաբերմունք ստանանք, չդադրինք Եհովային հաւատարիմ մնալէ։

ԵՐԲ ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ ՅԱՐԳԵԼԸ ՇԱՏ ԴԺՈՒԱՐ ԸԼԼԱՅ

16. Ի՞նչ պարագաներու տակ պէտք չէ անձնասէր ըլլանք, այլ՝ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլանք։

16 Սաւուղ կ’ուզէր որ Յովնաթանը զինք յաջորդէր (Ա. Թագ. 20։31)։ Բայց Յովնաթան Եհովան կը սիրէր եւ անոր հաւատարիմ էր։ Ուստի իր անձին շահը չփնտռեց, հապա Դաւիթին հետ բարեկամութեան ուխտ մը ըրաւ։ Իրականութեան մէջ, ոեւէ անձ որ Եհովան կը սիրէ եւ անոր հաւատարիմ կը մնայ, «երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար» (Սաղ. 15։4)։ Յովնաթան Դաւիթի հետ ըրած իր ուխտը պահեց։ Մենք ալ որ Եհովային հաւատարիմ ենք, պիտի ուզենք միշտ մեր խօսքին տէրը ըլլալ։ Օրինակի համար, եթէ գործի համաձայնութիւն մը ըրած ենք, կարելի եղածին չափ կը կառչինք այդ համաձայնութեան, նոյնիսկ եթէ դժուար ըլլայ մեզի։ Իսկ եթէ ամուսնական խնդիրներ ունինք, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը պիտի փաստենք, մեր ամուսինին կամ կնոջ հաւատարիմ մնալով (կարդա՛ Մաղաքիա 2։13-16

Եթէ գործի համաձայնութիւն մը ընենք, մեր համաձայնութեան վրայ պիտի մնանք, որովհետեւ հաւատարիմ ենք Աստուծոյ (տե՛ս պարբերութիւն 16)

17. Այս ուսումնասիրութիւնը քեզի ինչպէ՞ս օգնեց։

17 Կ’ուզենք Յովնաթանը ընդօրինակել, իրեն պէս անձնուրաց եւ Աստուծոյ հաւատարիմ գտնուելով։ Ուստի շարունակե՛նք հաւատարիմ ըլլալ մեր հաւատակիցներուն, նոյնիսկ երբ մեզ յուսախաբ ընեն. եւ մնա՛նք հաւատարիմ Եհովային, նոյնիսկ եթէ դժուար պարագաներէ անցնինք։ Այսպիսով Եհովայի սիրտը ուրախացուցած պիտի ըլլանք, ինչ որ մեր սիրտը պիտի ցնծացնէ (Առ. 27։11)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան միշտ մեր բարիքին համար պիտի գործէ եւ հոգ պիտի տանի մեզի։ Յաջորդ յօդուածին մէջ դասեր պիտի քաղենք Դաւիթի օրերուն ապրած կարգ մը հաւատարիմ եւ անհաւատարիմ մարդոցմէ։

^ [1] (պարբերութիւն 9) Կարգ մը անուններ փոխուած են։