Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Պօղոս առաքեալ գրեց թէ Եհովան «ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք» (Ա. Կոր. 10։13)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովան առաջուընէ նկատի կ’առնէ թէ ո՛ր փորձութիւններուն կրնանք դիմանալ, եւ ատոր հիման վրայ կը զատէ այն փորձութիւնը որ պիտի դիմագրաւենք։

Պահ մը մտածէ թէ եթէ ասիկա ճիշդ ըլլար, մեր կեանքին ինչպէ՛ս պիտի ազդէր։ Օրինակ, եղբայր մը, որուն տղան անձնասպան եղաւ, հարցուց. «Արդեօք Եհովան առաջուընէ՞ տեսաւ, թէ կինս ու ես կրնանք դիմանալ մեր զաւակին անձնասպանութեան, եւ ատոր համար ասիկա պատահեցաւ»։ Այս դրութեան մէջ, մեզմէ շատերու հետ գէշ բաներ պիտի պատահին։ Լաւ, պէ՞տք է հաւատանք, որ Եհովան մասնայատուկ կերպերով կ’ուղղէ դէպքերը մեր կեանքին մէջ։

Մինչ նկատի կ’առնենք Ա. Կորնթացիս 10։13–ը, պիտի տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքը չի տար այն գաղափարը, որ Եհովան առաջուընէ կը տեսնէ թէ ինչի՛ն կրնանք դիմանալ, եւ ատոր հիման վրայ կ’որոշէ թէ ի՛նչ փորձութիւններ պիտի դիմագրաւենք։ Քննենք չորս պատճառներ, թէ ինչո՛ւ այսպէս կ’ըսենք։

Առաջին, Եհովան մարդոց տուած է ազատ կամքի պարգեւը։ Ան կ’ուզէ որ մեր որոշումները անձամբ առնենք (Բ. Օր. 30։19, 20. Յես. 24։15)։ Երբ առնենք որոշումներ որ Եհովան կը հաճեցնեն, կրնանք իրմէ ակնկալել որ մեզ առաջնորդէ (Առ. 16։9)։ Բայց երբ գէշ որոշումներ առնենք, հետեւանքները պիտի կրենք (Գաղ. 6։7, 8)։ Ուրեմն, եթէ Եհովան ընտրէ թէ ինչ փորձութիւններ պիտի պատահին մեզի, ազատ կամքը ո՞ւր կը մնայ։

Երկրորդ, Եհովան մեզ չի պաշտպաներ ‘ժամանակէն ու դիպուածէն’ (Ժող. 9։11)։ Ցաւալի դէպքեր կրնան պատահիլ մէկու մը հետ, պարզապէս քանի որ սխալ ժամանակին՝ սխալ տեղ կը գտնուի։ Յիսուս խօսեցաւ դէպքի մը մասին, ուր 18 հոգիներ մահացան երբ աշտարակ մը ինկաւ իրենց վրայ։ Ան յստակացուց թէ անոնց մահուան պատճառը Աստուած չէր (Ղուկ. 13։1-5)։ Տրամաբանակա՞ն է մտածել որ Աստուած նախապէս կ’որոշէ թէ ո՛վ պիտի ապրի եւ ո՛վ պիտի մեռնի դիպուածներու պատճառաւ։

Երրորդ, իւրաքանչիւրս պէտք է Եհովային հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։ Յիշէ թէ Սատանան ըսած էր որ Եհովային ծառաները իրեն կը ծառայեն իրենց անձնական շահերուն համար։ Ան նաեւ ըսած էր որ եթէ փորձութիւններու հանդիպինք, հաւատարիմ պիտի չմնանք Եհովային (Յոբ 1։9-11. 2։4. Յայտ. 12։10)։ Եթէ Եհովան որոշ փորձութիւններ մեզմէ հեռու պահէ, ասիկա պիտի չփաստէ՞ թէ Սատանային ըսածը ճիշդ է։

Չորրորդ, Եհովան պէտք չունի առաջուընէ գիտնալու ամէ՛ն ինչ որ մեզի հետ պիտի պատահի։ Անշուշտ, եթէ Եհովան ուզէ՝ կրնայ գիտնալ թէ ապագային ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ (Եսա. 46։10)։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ ան չ’ընտրեր գիտնալ ամէ՛ն ինչ որ ապագային պիտի պատահի (Ծն. 18։20, 21. 22։12)։ Եհովան սիրալիր ու արդար ըլլալով՝ կը յարգէ մեր ազատ կամքը որ անձնական որոշումներ առնենք (Բ. Օր. 32։4. Բ. Կոր. 3։17

Լաւ, Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Աստուած. . . ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք»։ Ան հոս կը բացատրէր թէ Եհովան ի՛նչ կ’ընէ փորձութիւններու ընթացքին, եւ ոչ թէ ատոնցմէ առաջ։ Առաքեալին ըսածը մեզի կը վստահեցնէ թէ ի՛նչ փորձութեան ալ հանդիպինք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ եթէ իրեն վստահինք (Սաղ. 55։22)։ Հիմա պիտի տեսնենք թէ Պօղոսին մխիթարիչ խօսքերը ի՛նչ երկու ճշմարտութիւններու վրայ հիմնուած են։

Առաջին, մեր դիմագրաւածը «մարդկային փորձութիւն» է։ Մեր փորձութիւնները ընդհանուր մարդկութեան պատահող բաներ են։ Կրնա՛նք այսպիսի փորձութիւններու դիմանալ, պայմանաւ որ Աստուծոյ վստահինք (Ա. Պետ. 5։8, 9Ա. Կորնթացիս 10–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս կը նշէ կարգ մը փորձութիւններ որ իսրայէլացիները դիմագրաւեցին անապատին մէջ (Ա. Կոր. 10։6-11)։ Այդ փորձութիւններէն ո՛չ մէկը մարդկային փորձառութենէն դուրս էր կամ հաւատարիմ իսրայէլացիներուն կարողութենէն վեր էր։ Բայց կարգ մը իսրայէլացիներ Եհովային անհնազանդ գտնուեցան։ Անոնք հաւատարիմ չմնացին քանի որ իրեն չապաւինեցան։

Երկրորդ, «Աստուած հաւատարիմ է»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ նայինք թէ Եհովան պատմութեան ընթացքին ինչպէ՛ս հոգ տարած է իր ծառաներուն, կը տեսնենք թէ ան հաւատարմօրէն կ’օգնէ «զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն» (Բ. Օր. 7։9)։ Նաեւ կը տեսնենք թէ ան միշտ իր խոստումներուն տէրն է (Յես. 23։14)։ Եթէ Եհովան կը սիրենք եւ իրեն կը հնազանդինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ՝ 1) ան բնա՛ւ թոյլ պիտի չտայ որ որեւէ փորձութիւն այնքան դժուարանայ որ դիմանալը անկարելի ըլլայ, եւ 2) «ազատութեան միջոց մը» պիտի տայ մեզի։

Եհովան «մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»

Լաւ, Եհովան ինչպէ՞ս «ազատութեան միջոց մը» կու տայ անոնց որ իրեն կ’ապաւինին։ Անշուշտ, ան կրնայ պարզապէս փորձութիւնը վերցնել։ Բայց յիշէ Պօղոսին ըսածը. «[Եհովան] փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։ Ուրեմն, շատ մը պարագաներու մէջ, ան ազատութեան միջոց մը կու տայ մեզի՝ մեզ զօրացնելով որ կարենանք հաւատարիմ մնալ։ Նկատի առնենք կարգ մը կերպեր որ Եհովան կը գործածէ մեզ զօրացնելու։

  • Ան «մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Ան մեր միտքը, մեր սիրտը եւ մեր յուզումները կը հանդարտեցնէ իր Խօսքին, սուրբ հոգիին եւ հաւատարիմ ծառային միջոցաւ (Մատ. 24։45. Յովհ. 14։16. Հռով. 15։4

  • Ան կրնայ մեզ առաջնորդել իր սուրբ հոգիին միջոցաւ (Յովհ. 14։26)։ Երբ փորձութիւններ ծագին, սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել որ աստուածաշնչական պատմութիւններ եւ սկզբունքներ յիշենք, որպէսզի իմաստուն որոշումներ առնենք։

  • Ան կրնայ իր հրեշտակները գործածել մեզի օգնելու (Եբ. 1։14

  • Ան կրնայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ մեզի օգնել։ Անոնք կրնան իրենց խօսքերով եւ գործերով մխիթարել կամ զօրացնել մեզ (Կող. 4։11

Լաւ, ի՞նչ սորվեցանք Ա. Կորնթացիս 10։13–ին մէջ Պօղոսի խօսքէն։ Եհովան չի զատեր այն փորձութիւնները որ պիտի դիմագրաւենք։ Բայց երբ փորձութիւններ ծագին մեր կեանքին մէջ, կրնանք այս բանէն վստահ ըլլալ. եթէ լման վստահինք Եհովային, ան բնա՛ւ պիտի չձգէ որ մեր փորձութիւնները այնքան սաստկանան որ դիմանալը անկարելի դառնայ, եւ ան միշտ ազատութեան միջոց մը պիտի տայ մեզի որպէսզի տոկանք։ Ասիկա որքա՜ն կը մխիթարէ մեզ։