Դաւիթն ու Գողիաթը իրապէս կռուեցա՞ն
Ոմանք կը հարցնեն թէ արդեօք Դաւիթին ու Գողիաթին պատմութիւնը իրակա՛ն է թէ ոչ առասպել։ Այս կասկածը միտքէդ անցա՞ւ մինչ նախորդ յօդուածը կը կարդայիր։ Եթէ այո՛, հաճիս նկատի առ այս երեք հարցումները։
1 | Մարդ մը կրնա՞յ իրապէս շուրջ 2,9 մեթր ըլլալ։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Գողիաթին հասակը «վեց կանգուն ու մէկ թիզ» էր (Ա. Թագաւորաց 17։4)։ Այս նշուած կանգունը 44,5 սանթիմեթր էր, իսկ թիզը՝ 22,2 սանթիմեթր։ Եթէ հաշուենք, հասակը կ’ելլէ շուրջ 2,9 մեթր։ Ոմանք կը պնդեն որ չի կրնար ըլլալ որ Գողիաթ այդքան երկար ըլլար, բայց ասիկա նկատի առ. մեր օրերուն, արձանագրուած ամէնէն երկար մարդուն հասակն էր՝ աւելի քան 2,7 մեթր։ Իրապէս անկարելի՞ է որ Գողիաթ իրմէ շուրջ 20 սանթիմեթր աւելի երկար ըլլար։ Ան ռափայիններու ցեղէն էր, որոնք ճանչցուած էին իրենց անսովոր մեծութեամբ։ Ք.Ա. 13–րդ դարէն եղող եգիպտական փաստաթուղթ մը կը նշէ, թէ Քանանի շրջանին մէջ կարգ մը սարսափելի պատերազմիկներ աւելի քան 2,4 մեթր էին։ Ուրեմն անկարելի չէ որ Գողիաթ այս հասակը ունենար, հակառակ որ ասիկա անսովոր է։
2 | Դաւիթ իրակա՞ն անձ մըն էր։
Կար ժամանակ մը, երբ կարգ մը ուսումնականներ փորձեցին փաստել թէ Դաւիթ թագաւորը առասպել է, բայց ի վերջոյ չկրցան յաջողիլ։ Հնագէտները գտած են հին արձանագրութիւն մը, որ կը նշէ «Դաւիթի տունը» արտայայտութիւնը։ Ասկէ զատ, Յիսուս Քրիստոս Դաւիթին մասին խօսեցաւ որպէս իրական անձ (Մատթէոս 12։3. 22։43-45)։ Յիսուսին Մեսիա ըլլալը փաստող երկու մանրամասն ծննդաբանութիւններ կը ցուցնեն, թէ ինք եկած էր Դաւիթ թագաւորին սերունդէն (Մատթէոս 1։6-16. Ղուկաս 3։23-31)։ Յստակ է որ Դաւիթ իրական անձ մըն էր։
3 | Պատմութեան մէջի դէպքերը իրակա՞ն տեղ մը պատահեցան։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ պատերազմը եղաւ Էլայի հովիտին մէջ, բայց աւելի մասնայատուկ բան մըն ալ կը նշէ. փղշտացիները բանակեցան Սոքով եւ Ազեկա քաղաքներուն միջեւ գտնուող բլուրի մը վրայ։ Իսկ իսրայէլացիները բանակեցան հովիտին միւս կողմը եղող բլուրին վրայ։ Ասոնք իրակա՞ն տեղեր էին։
Նկատի առ թէ այդ շրջանը այցելած անհատ մը ի՛նչ կ’ըսէ. «Մեր առաջնորդը, որ կրօնասէր մարդ մը չէր, մեզ տարաւ Էլայի հովիտը։ Զառիվեր մը ելանք ու հասանք բլուրի մը գագաթը։ Մինչ դէպի հովիտը կը նայէինք, մեզի կարդալ տուաւ Ա. Թագաւորաց 17։1-3–ը։ Ետքը, մատով ցուցուց տեղ մը ու ըսաւ. ‘Հոն, ձեր ձախին, կը տեսնէք Սոքովի աւերակները’։ Ան դարձաւ ու ըսաւ. ‘Իսկ հոն, ձեր աջին, կը տեսնէք Ազեկայի աւերակները։ Փղշտացիները բանակեցան այդ քաղաքներուն միջեւ, ձեր դիմացը եղող բլուրին վրայ տեղ մը։ Ուրեմն թերեւս մենք կեցած ենք իսրայէլացիներուն բանակած տեղը’։ Երեւակայեցի որ Սաւուղ ու Դաւիթ իմ տեղս կեցած էին։ Ետքը, իջանք եւ հովիտը կտրեցինք գրեթէ չորցած գետի մը վրայէն, որ լեցուն էր քարերով։ Մէկ կտոր երեւակայեցի թէ Դաւիթ ինչպէ՛ս հոս ծռեցաւ եւ հինգ տափակ քարեր վերցուց, որոնցմէ մէկը մեռցուց Գողիաթը»։ Շատ մը ուրիշ մարդոց պէս, այս այցելուն խորապէս տպաւորուեցաւ Սուրբ Գիրքին փաստուած մանրամասնութիւններով։
Պատճառ չկայ որ մէկը կասկածի թէ այս պատմութիւնը ճիշդ է։ Ատիկա կը խօսի իրական մարդոց եւ իրական տեղերու մասին։ Աւելի կարեւորը, ատիկա Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքին մաս կը կազմէ։ Ուրեմն, ատիկա ճշմարտութեան Աստուծոյ՝ «անսուտն» Աստուծոյ կողմէ է (Տիտոս 1։2. Բ. Տիմոթէոս 3։16)։