Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը ամուր բռնել առանց թեւերու եւ ձեռքերու

Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը ամուր բռնել առանց թեւերու եւ ձեռքերու

Երբ մարդիկ անապահով զգան, կ’ուզեն բանի մը բռնուիլ։ Ես չեմ կրնար ասիկա ընել, քանի որ ո՛չ ձեռք ունիմ ոչ ալ թեւ։ Եօթը տարեկան էի երբ թեւերս կտրեցին որպէսզի կեանքս ազատեն։

Ծնած եմ 1960–ին, երբ մայրս 17 տարեկան էր։ Առաջ որ ծնիմ, հայրս մեզ ձգեց գնաց։ Մայրս ու ես սկսանք ապրիլ մեծ հօրս ու մեծ մօրս հետ Պուրկի մէջ,– գիւղաքաղաք մը՝ նախկին Գերմանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան կամ Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ։ Ծնողքս շատերու պէս անաստուած էր։ Աստուած մեր կեանքին մէջ տեղ չունէր։

Մեծ հայրս շատ կը հետաքրքրուէր ինձմով մինչ կը մեծնայի։ Ան շատ մը բաներ ընել կու տար ինծի, ինչպէս՝ ծառին վրայ ելլելով ճիւղերը կտրել։ Պզտիկ էի եւ կը սիրէի այս բաները ընել։ Կեանքս հանգիստ եւ ուրախ էր։

ԱՐԿԱԾՈՎ ՄԸ ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽՈՒԵՑԱՒ

Եօթը տարեկանիս շատ գէշ բան մը պատահեցաւ։ Դպրոցական երկրորդ տարիս տակաւին նոր սկսած էր։ Օր մը, երբ տուն կը վերադառնայի, մագլցեցայ ելեկտրականութեան սիւնի մը վրայ։ Երբ 8 մեթր բարձրացած էի, ելեկտրակամարի կայծ մը զիս հարուածեց։ Հիւանդանոցին մէջ արթնցայ, բայց թեւերս չէի զգար։ Ատոնք շատ ծանր այրած էին եւ վէրքերը այնքա՛ն գէշ էին որ պէտք էր զանոնք կտրէին, որպէսզի արեան թունաւորում չըլլայ։ Կրնաք երեւակայել որ մայրս եւ մեծ մայրս ու մեծ հայրս ի՜նչ վիճակի մէջ էին. եթէ դանակ զարնէիր՝ արիւն չէր գար։ Բայց քանի որ պզտիկ էի, լման չէի գիտեր թէ թեւ չունենալը ինչպէ՛ս կրնար կեանքիս ազդել։

Երբ հիւանդանոցէն ելայ, դարձեալ սկսայ դպրոց երթալ։ Պզտիկները վրաս կը խնդային, զիս կը հրէին եւ վրաս բաներ կը նետէին, քանի որ չէի կրնար ինքզինքս պաշտպանել։ Իրենց անգութ եւ ինքնահաւան խօսքերը զիս կը վիրաւորէին։ Ի վերջոյ, ղրկուեցայ Անկարողներու Պիրքէնվէրտեր դպրոցը, որ գիշերօթիկի պէս էր։ Մայրս եւ մեծ հայրս ու մեծ մայրս դրամական կարողութիւն չունէին որ ինծի այցելեն, քանի որ դպրոցը տունէն շատ հեռու էր։ Զանոնք կը տեսնէի միայն արձակուրդներուն։ Առանց անոնց մեծցայ յաջորդ տասը տարիներուն։

ԱՌԱՆՑ ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՈՒ ԹԵՒԵՐՈՒ ՄԵԾՑԱՅ

Սորվեցայ ոտքերովս շատ մը բաներ ընել։ Կրնա՞ս երեւակայել ոտքի մատներովդ պատառաքաղ կամ դգալ բռնած ճաշ կ’ուտես։ Ձեւով մը այդ ձիրքը զարգացուցի։ Նաեւ սորվեցայ ոտքերովս ակռաներս վրձինել եւ մազերս սանտրել։ Նաեւ սկսայ ոտքերովս շարժուձեւեր ընել մինչ կը խօսիմ ուրիշին հետ։ Իրապէս, ոտքերս ձեռքերուս տեղը անցան։

Երբ պատանի եղայ, կը սիրէի գիտաերեւակայական գիրքեր կարդալ։ Ատեններ կ’երեւակայէի որ արհեստագիտական ձեռքեր ունիմ եւ ամէն բան կրնամ ընել։ 14 տարեկանիս սկսայ ծխել։ Կը զգայի թէ ատիկա ինքնավստահութիւն կու տար ինծի եւ կը զգացնէր որ միւսներէն տարբեր չեմ։ Այդպիսով կարծես թէ կ’ըսէի. «Այո՛, ատիկա ալ կրնամ ընել։ Ծխողները չափահաս են, ձեռք ունենա՛ն կամ ոչ»։

Ինքզինքս զբաղած կը պահէի եւ ընկերային գործունէութիւններու կը մասնակցէի։ Ազատ գերմանացի երիտասարդներու միութեան (FDJ) մէկ անդամը դարձայ, որ պետութեան կողմէ կ’առաջնորդուէր։ Կը ծառայէի որպէս քարտուղար, ինչ որ պատասխանատու դիրք մըն էր տեղական անդամներուն մէջ։ Նաեւ մասնակցեցայ երգելու ակումբի մը, բանաստեղծութեան նիստեր ըրի եւ անկարողներու մարզանքի մասնակցեցայ։ Մարզուելէ ետք սկսայ աշխատիլ մեր գիւղաքաղաքին մէկ հաստատութեան մէջ։ Երթալէն աւելի կը հագուէի շինծու թեւերս, քանի որ կ’ուզէի լման մարդ ըլլալ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԵՑԻ

Օր մը, երբ շոգեկառքին կը սպասէի որ գործի երթամ, մարդ մը մօտեցաւ ինծի։ Ան ինծի հարցուց որ արդեօք կրնա՞մ երեւակայել որ Աստուած երկու ձեռքերս կրնայ վերադարձնել։ Շուարեցայ։ Անշո՛ւշտ կ’ուզէի ձեռքեր ունենալ, բայց ինծի համար այդ գաղափարը շատ հեռու եւ անկարելի էր։ Անաստուած ըլլալով համոզուած էի որ Աստուած գոյութիւն չունի։ Այդ օրուընէ ետք, կը փորձէի այդ մարդուն չհանդիպիլ։

Ժամանակ մը ետք, գործակիցներէս մէկը զիս հրաւիրեց որ իր ընտանիքին այցելեմ։ Սուրճ խմելու ատեն, աղջիկին ծնողքը սկսաւ Աստուծոյ մասին խօսիլ,– Եհովա Աստուծոյ։ Առաջին անգամ ըլլալով լսեցի որ Աստուած անուն մը ունի (Սաղմոս 83։18)։ Բայց մէջէս ըսի. «Չի կրնար ըլլալ որ Աստուած կայ, ի՛նչ ալ ըլլայ իր անունը։ Պիտի փաստեմ որ իրենց ըսածը սխալ է»։ Համաձայնեցայ որ Սուրբ Գիրքին մասին քննարկենք, վստահ ըլլալով որ կարծիքս ճիշդ է։ Բայց ընդհակառակը, չկրցայ փաստել թէ Աստուած գոյութիւն չունի։

Մինչ Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները նկատի կ’առնէինք, կամաց–կամաց Աստուծոյ գոյութեան մասին միտքս կը փոխէի։ Շատ մը մարգարէութիւններ իրականացած են, հակառակ որ հարիւրաւոր կամ նոյնիսկ հազարաւոր տարիներ առաջ գրուած են։ Անգամ մը, աշխարհի հիմակուան վիճակները բաղդատեցինք Մատթէոս 24, Ղուկաս 21 եւ Բ. Տիմոթէոս 3–ի մարգարէութիւններուն հետ։ Ճիշդ ինչպէս որ հիւանդութեան մը նշանները բժիշկին կ’օգնեն որ գիտնայ թէ անհատը ի՛նչ հիւանդութիւն ունի, այդ մարգարէութիւններուն նշած դէպքերուն ամբողջութիւնը ինծի օգնեց որ անդրադառնամ թէ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ *։ Օդէն ինկայ։ Այդ մարգարէութիւնները աչքիս առջեւ կը կատարուէին։

Համոզուած էի որ սորվածս ճշմարտութիւնն էր։ Սկսայ Եհովային աղօթել եւ ծխելը ձգեցի, հակառակ որ շատ կը ծխէի աւելի քան տասը տարիէ ի վեր։ Շուրջ մէկ տարի շարունակեցի Սուրբ Գիրքը սերտել։ 27 ապրիլ 1986–ին, գաղտնօրէն մկրտուեցայ բաղնիքի մը մէջ, քանի որ այդ ժամանակ Վկաներուն գործը արգիլումի տակ էր Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՏԱԼ

Քանի որ արգիլումի տակ էինք, պզտիկ խումբերով կը հաւաքուէինք տուներու մէջ եւ միայն քանի մը հաւատակիցներ կը ճանչնայի։ Իշխանութիւնները անակնկալօրէն արտօնեցին ինծի որ Արեւմտեան Գերմանիա ճամբորդեմ, ուր մեր գործը արգիլումի տակ չէր։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով կրցայ համաժողովներու երթալ եւ հազարաւոր եղբայրներ ու քոյրեր տեսնել։ Ատիկա յատուկ փորձառութիւն մըն էր։

Պերլինի պատը փլելէ ետք, Եհովայի վկաներուն գործին արգիլումը վերցուեցաւ։ Վերջապէս կրնայինք ազատօրէն պաշտել Եհովա Աստուած։ Ուզեցի ա՛լ աւելի քարոզել, բայց կը վախնայի օտար մարդոց հետ շփման մէջ գալու։ Ինքզինքս միւսներէն աւելի ցած կը զգայի անկարողութեանս պատճառով եւ քանի որ մանկութիւնս գրեթէ անցուցի անկարողներու յատուկ վայրի մը մէջ։ Բայց 1992–ին, փորձեցի մէկ ամսուան մէջ 60 ժամ քարոզել։ Յաջողեցայ եւ շատ ուրախացայ։ Այսպիսով որոշեցի որ ամէն ամիս նոյնը ընեմ եւ կրցայ շուրջ երեք տարի այսպէս շարունակել։

Միշտ միտքս կը բերեմ Սուրբ Գիրքին այս խօսքը. «Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար» (Բ. Կորնթացիս 11։29)։ Հակառակ անկարողութիւններուս, տակաւին խելք եւ ձայն ունիմ ու կը փորձեմ լաւագոյնս ընել որ ուրիշներուն օգնեմ։ Որովհետեւ թեւ չունիմ, լման կրնամ կարեկցիլ անկարողութիւններ ունեցողներու։ Գիտեմ ի՛նչ ըսել է շատ փափաքիս բան մը ընել, բայց չես կրնար ընել։ Կը փորձեմ այսպիսի զգացումներ ունեցողները քաջալերել եւ ասիկա ինծի ուրախութիւն կու տայ։

Կ’ուրախանամ երբ բարի լուրը կու տամ ուրիշներուն

ԵՀՈՎԱՆ ԱՄԷՆ ՕՐ ԻՆԾԻ Կ’ՕԳՆԷ

Կը խոստովանիմ որ ատեններ անտրամադիր կը զգամ։ Պարզապէս կ’ուզեմ լման մարդ ըլլալ։ Շատ մը ամէնօրեայ գործեր կրնամ ընել, բայց ատոնք սովորականէն շատ աւելի ժամանակ, ջանք ու կորով կը պահանջեն։ Իւրաքանչիւր օրուան նշանաբանս է. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13)։ Ամէն օր, Եհովան ինծի պէտք եղած ուժը կու տայ որ «սովորական» գործերը կատարեմ։ Գիտեմ որ Եհովան յոյսը չէ կտրած ինձմէ, եւ այս պատճառով բնա՛ւ չեմ ուզեր յոյսս կտրել իրմէ։

Եհովան զիս օրհնած է. ան ինծի տուած է ընտանիք մը, ինչ որ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս ատեն չունէի։ Հոյակապ կին մը ունիմ՝ Էլքա, որ սիրալիր եւ կարեկից է։ Ասկէ զատ, միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ դարձած են իմ հոգեւոր եղբայրներս ու քոյրերս, եւ ահա ունիմ համաշխարհային ընտանիք մը։

Սիրելի կնոջս հետ՝ Էլքա

Զիս կը մխիթարէ նաեւ Եհովային խոստումը որ ապագային Դրախտ պիտի ըլլայ եւ «ամէն բաները նոր» պիտի ընէ, մէջը ըլլալով թեւերս (Յայտնութիւն 21։5)։ Այս խոստումը աւելի կը հասկնամ՝ խոկալով Յիսուսին ըրածներուն վրայ երբ երկրի վրայ էր։ Ան վայրկեանական բժշկեց անկարող ձեռքերն ու ոտքերը եւ նոյնիսկ տեղը դարձուց անհատի մը կտրուած ականջը (Մատթէոս 12։13. Ղուկաս 22։50, 51)։ Եհովային խոստումները եւ Յիսուսին հրաշքները զիս համոզած են որ մօտ ատենէն լման մարդ պիտի դառնամ։

Բայց ինծի համար ամէնէն մեծ օրհնութիւնն է որ առիթը ունեցած եմ որ Եհովա Աստուածը ճանչնամ։ Ան եղած է իմ հայրս ու բարեկամս, իմ մխիթարիչս ու զօրութիւնս։ Ճիշդ Դաւիթ թագաւորին պէս կը զգամ, որ գրեց. «Տէրը զօրութիւնս [է]. . . ես օգնութիւն գտայ։ Ուստի սիրտս ուրախացաւ» (Սաղմոս 28։7)։ Կ’ուզեմ որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին այս հոյակապ ճշմարտութեան կառչիմ։ Զայն ամուր կը բռնեմ նոյնիսկ առանց ձեռքերու եւ թեւերու։

^ պարբ. 17 Որպէսզի մանրամասն տեղեկութիւն առնես վերջին օրերուն նշանին մասին, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 9–րդ գլուխը՝ «Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք», հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ, եւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.pr418.com/hy-latn։